Ֆրանսայի Դեսպան Ֆուշէ Այցելեց Երեսփոխան Բագրատունիի
05 Նոյեմբեր 2019 Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէ Լիբանանի քաղաքական կողմերուն հետ հանդիպումներու ծիրին մէջ, մէկ ժամ տեւողութեամբ այցելութիւն մը տուաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի:
Լիբանանի հայութեան եւ դերակատարութեան շուրջ ընդհանուր ակնարկէ մը ետք, լայնօրէն քննարկումի նիւթ դարձան Լիբանանի ներկայ կացութիւնը եւ անոր շարունակութեան պարագային աննախատեսելի հետեւանքները:
Թէ՛ դեսպանը եւ թէ՛ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը անհրաժեշտ նկատեցին, որ ներկայ ճգնաժամէն դուրս գալու լաւագոյն ձեւը երկխօսութեամբ եւ կառավարութեան արագ կազմութեամբ գոհացում տալն է ժողովրդային պահանջներուն` ստեղծելով վստահութեան դաշտ, առաջքը առնելու համար յաւելեալ փլուզումի:
aztagdaily.com