ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • ՀՅԴ Արցախ

Հ.Յ.Դ. Ար­ցա­խի կա­ռոյ­ցը ու­նի վճռա­կա­նու­թիւ­նը եւ իր պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան չա­փա­բա­ժի­նը յա­ջո­ղու­թիւն­ներ ար­ձա­նագ­րե­լու

13 Նոյեմբեր 2019 5 եւ 6 ­­Նո­յեմ­բե­րին Ա­թէնք գտնո­ւե­ցաւ Ար­ցա­խի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի պատ­գա­մա­ւոր եւ Հ.Յ.Դ. Ար­ցա­խի ­­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­­Դա­ւիթ Իշ­խա­նեան, ո­րուն հետ «Ա­զատ Օր» ու­նե­ցաւ շա­հե­կան հար­ցազ­րոյց մը Ար­ցա­խի մասին։ Ս­տո­րեւ կը ներ­կա­յաց­նենք ամ­բող­ջա­կան զրոյ­ցը։

-Ո՞րն է ներ­կա­յիս Ար­ցա­խի հիմ­նա­հար­ցի ի­րա­վի­ճա­կը եւ ո­րո՞նք են ա­նոր կար­գա­ւոր­ման հե­ռան­կար­նե­րը:

-Ար­ցա­խի հիմ­նա­հար­ցի մա­սին խօ­սե­լու հա­մար, պէտք չէ շրջան­ցել Ապ­րիլ 2016ի ու ա­նոր յա­ջոր­դած ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը: ­­Կան քա­նի մը հանգ­րո­ւան­ներ, ո­րոնց մա­սին մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն եւ մեր ըն­թեր­ցող­նե­րուն յի­շո­ղու­թիւ­նը պէտք է վե­րա­թար­մաց­նել:

2016ի Ապ­րի­լին, Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ ձեռ­նար­կո­ւած յար­ձա­կու­մը ­­Ղա­րա­բա­ղի ճա­կա­տին վրայ, բնա­կա­նա­բար չի կա­րո­ղա­նա­լով ստա­նալ ռազ­մա­կան այդ յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րը, որ Ատր­պէյ­ճան կը փա­փա­քէր, փոր­ձեց ան­գամ մը եւս, ինչ­պէս նա­խորդ 20 տա­րի­նե­րու ժա­մա­նա­կա­հա­տո­ւա­ծին, դի­ւա­նա­գի­տա­կան նոր ար­շաւ սկսիլ եւ նոր մի­ջոց­ներ ձեռ­նար­կել: ­­Մենք, ­­Սանկդ ­­Փե­թերս­պուր­կի եւ ­­Վիէն­նա­յի մէջ ձեռք­բե­րո­ւած պայ­մա­նա­ւո­րո­ւա­ծու­թիւն­նե­րը Ատր­պէյ­ճա­նի հետ կա­րող էինք լիար­ժէք օգ­տա­գոր­ծել, յատ­կա­պէս ­­Ղա­րա­բաղ-Ատր­պէյ­ճան սահ­մա­նին վրայ մեր անվ­տան­գու­թեան հա­մա­կար­գի ու­ժե­ղաց­ման ա­ռու­մով, բայց 2018ին ­­Հա­յաս­տա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու պատ­ճա­ռով, ո­րո­շա­կի նոր ի­րա­վի­ճակ մը ստեղ­ծո­ւե­ցաւ ­­Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նա­հար­ցի բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցին վրայ: Ի հար­կէ, այդ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը օգ­տա­գոր­ծո­ւե­ցան եւ ան­գամ մը եւս օ­րա­կար­գի վրայ ար­ձա­նագ­րո­ւե­ցաւ Ար­ցա­խի՝ որ­պէս բա­նակ­ցու­թեանց մէջ մաս­նա­կի­ցի լիի­րաւ ան­դա­մի վե­րա­կանգ­ման եւ բա­նակ­ցա­յին սե­ղա­նին մօ­տե­նա­լու հար­ցը, ե­ռա­կողմ ձե­ւա­չա­փի վե­րա­կանգ­ման հար­ցը։ Այ­նու­հան­դերձ, մենք այ­սօր չու­նինք ո­րո­շա­կի տե­ղա­շարժ, բա­ցի տար­բեր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րէ եւ տար­բեր տե­սա­կէտ­նե­րու յայտ­նու­մէն։ ­­Թե­րեւս, մենք ա­կա­նա­տես ենք հիմ­նա­հար­ցի ա­ռու­մով ո­րո­շա­կի փա­կու­ղա­յին ի­րա­վի­ճա­կի մը։ ­­Բա­ցի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու տա­րա­ծաշրջա­նին մէջ կա­տա­րո­ւող այ­ցե­լու­թիւն­նե­րէն, ու­նինք ­­Հա­յաս­տա­նի ­­Հան­րա­պե­տու­թեան եւ Ատր­պէյ­ճա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու մա­կար­դա­կով հան­դի­պում­ներ եւ ո­րո­շա­կի քննար­կում­ներ, ո­րոնք կա­րե­լի չէ հա­մա­րել բա­նակ­ցու­թիւն­ներ, ինչ­պէս նաեւ՝ ­­Հա­յաս­տա­նի ­­Հան­րա­պե­տու­թեան վար­չա­պե­տի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գա­հի մի­ջեւ տե­ղի ու­նե­ցող հան­դի­պում­նե­րը այս կամ այն գա­գաթ­նա­ժո­ղո­վի կամ մի­ջազ­գա­յին ա­տեան­նե­րուն՝ միջ­նորդ­նե­րու կող­մէ ձեռ­նար­կո­ւած հան­դի­պում­նե­րու ար­դիւնք­նե­րով:
Ամ­փո­փե­լով հար­ցը, պի­տի ար­ձա­նագ­րեմ, որ մենք թե­րեւս կը գտնո­ւինք փա­կու­ղա­յին ի­րա­վի­ճա­կի մէջ. բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թաց որ­պէս այդ­պի­սին չկայ, ­­Ղա­րա­բա­ղը որ­պէս բա­նակ­ցա­յին կողմ ո­րե­ւէ ա­ռու­մով վե­րա­դառ­նա­լու եւ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն մաս­նակ­ցե­լու հա­մար, ո՛չ միայն Ատր­պէյ­ճա­նի հա­ւա­նու­թիւ­նը չէ ստա­ցած, այ­լեւ միջ­նոր­դա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւն ի­րա­կա­նաց­նող եր­կիր­նե­րու կող­մէ ո­րե­ւէ ե­րաշ­խիք-յայ­տա­րա­րու­թիւն չէ ստա­ցո­ւած։ Ատրպէյ­ճան չի հրա­ժա­րիր իր ռազ­մա­կան յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րէն եւ պա­տե­րազ­մի մի­ջո­ցով ­­Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նա­հար­ցը լու­ծե­լու իր տար­բե­րա­կը ի­րա­կա­նաց­նե­լէ: Այս է ընդ­հա­նուր կա­ցու­թիւ­նը եւ ի­րա­վի­ճա­կը:
Ա­սոնց կող­քին, պի­տի ար­ձա­նագ­րեմ, որ Ար­ցա­խի ­­Հան­րա­պե­տու­թեան իշ­խա­նու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը, թէ՛ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը եւ թէ՛ նա­խա­գա­հի մա­կար­դա­կով, ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մէջ կը փոր­ձեն նոր շեշ­տադ­րում­ներ կա­տա­րել։ Այդ շեշ­տադ­րում­նե­րը կ­­՚ար­տա­ցո­լան Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման հե­ռան­կար­նե­րով եւ Ար­ցա­խի ­­Հան­րա­պե­տու­թեան ճա­նա­չե­լիու­թիւ­նը նոր հանգ­րո­ւա­նի մը հասց­նե­լու ա­ռու­մով:

-Ար­ցա­խի ներ­քին կեան­քին ան­դրա­դառ­նա­լով, պի­տի խնդրենք նկա­րագ­րել քա­ղա­քա­կան կեան­քը այ­սօր, ի մաս­նա­ւո­րի՝ 2020ի նա­խա­գա­հա­կան եւ ե­րես­փո­խա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րու կա­պակ­ցու­թեամբ:

-Ինչ­պէս ա­մէն երկ­րի մէջ, հա­մա­պե­տա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րէն ա­ռաջ, ո­րոշ ժա­մա­նակ մը եր­կի­րը կը ներ­քա­շո­ւի ներ­քին քա­ղա­քա­կան կեան­քին մէջ եւ ա­ռա­ւել կը կեդ­րո­նա­նայ ընտ­րու­թիւն­նե­րուն վրայ, նոյ­նը կը պա­տա­հի նաեւ Ար­ցա­խի մէջ: ­­Կը գտնո­ւինք 2020 թո­ւա­կա­նի հա­մա­պե­տա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րու նա­խա­շէ­մին, իսկ այդ ընտ­րու­թիւն­նե­րը պի­տի ըլ­լան նոր սահ­մա­նադ­րու­թեամբ, մէկ օ­րո­ւան մէջ՝ նա­խա­գա­հի եւ խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­ներ. սահ­մա­նադ­րու­թեան ա­ռա­ջար­կած այդ պայ­ման­նե­րը նոր ի­րա­վի­ճակ մը ստեղ­ծած են Ար­ցա­խի յա­ռա­ջի­կայ հա­մա­պե­տա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն հա­մար: ­­Միւս կող­մէն, ­­Հա­յաս­տա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած իշ­խա­նա­փո­խու­թե­նէն եւ զար­գա­ցում­նե­րէն ետք, նաեւ Ար­ցա­խի ներ­քին քա­ղա­քա­կան կեան­քին մէջ ո­րո­շա­կի տե­ղա­շար­ժեր տե­ղի ու­նե­ցած են եւ ակն­կա­լիք­ներ կան մեր հա­սա­րա­կու­թեան ո­րոշ հա­տո­ւա­ծին մօտ, թէ Ար­ցա­խի մէջ եւս պէտք է տե­ղի ու­նե­նայ այս­պէս ը­սո­ւած իշ­խա­նա­փո­խու­թիւն: Ան­շուշտ, այս այլ նիւթ մըն է, եւ մենք ա­կա­նա­տես ե­ղանք անցնող մէկ տա­րո­ւան ըն­թաց­քին, թէ ո՛ր քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րու եւ ո՛ր քա­ղա­քա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րու կող­մէ այդ բո­լո­րը կը փոր­ձո­ւի դարձն­ցել օ­րա­կար­գա­յին հարց, երկ­րի ներ­քին կա­յու­նու­թեան մէջ ո­րո­շա­կի նոր շեշ­տադ­րում­ներ մտցնե­լու ա­ռու­մով:

­­Մենք, որ­պէս Ար­ցա­խի քա­ղա­քա­կան դաշ­տին մէջ դե­րա­կա­տար կու­սակ­ցու­թիւն, խորհր­դա­րա­նին մէջ ու­նե­նա­լով նաեւ մեր դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը, իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն հետ ու­նե­նա­լով մեր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բնա­կա­նոն դաշ­տը, բա­ւա­կան ծան­րակ­շիռ եւ պա­տաս­խա­նա­տու կե­ցո­ւածք որ­դեգ­րե­ցինք անց­նող մէկ տա­րո­ւան ըն­թաց­քին եւ յա­նուն Ար­ցա­խի ա­պա­գա­յին եւ յա­նուն երկ­րի ներ­քին կա­յու­նու­թեան եւ մեր անվ­տան­գա­յին հա­մա­կար­գին, կա­րո­ղա­ցանք Ար­ցա­խի ներ­քին կեան­քը դուրս եւ հե­ռու պա­հել ընդ­հա­նուր ներ­քին ցնցում­նե­րէ, ո­րը կա­րող էր բա­ւա­կա­նին ծանր հե­տե­ւանք­ներ ու­նե­նալ, չը­սեմ ճա­կա­տագ­րա­կան ըլ­լալ, բայց եւ այն­պէս՝ հե­ռու պա­հել ցնցում­նե­րէ, ներ­քին կա­յու­նու­թիւ­նը դարձ­նե­լով հա­մա­կար­գի կա­ռա­վար­ման հիմ­նա­կան ե­րաշ­խի­քը:

­­Մենք կա­րո­ղա­ցանք այդ ընտ­րու­թիւն­նե­րը նոյն­պէս կա­տա­րել ներ­քին ժո­ղովր­դա­կան սկզբունք­նե­րուն հա­մա­ձայն, ա­ռանց լուրջ ցնցում­նե­րու, քա­ղա­քա­կան հա­մա­խո­հու­թեան մթնո­լոր­տով, եւ հի­մա բո­լոր քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րը նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­ներ կը տա­նին 2020 թո­ւա­կա­նի հա­ւա­նա­բար ­­Մար­տին կա­յա­նա­լիք նա­խա­գա­հա­կան եւ խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն հա­մար:

Ընտ­րու­թիւն­նե­րու նա­խա­պատ­րաս­տա­կան փու­լին մէջ, նկա­տե­լի է Ար­ցա­խի մէջ քա­ղա­քա­կան դաշ­տին վրայ ո­րո­շա­կի աշ­խու­ժու­թիւն եւ նոր կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու ստեղ­ծում: ­­Զար­մա­նա­լի թող չթո­ւի, բայց այդ 150.000 բնակ­չու­թիւն ու­նե­ցող Ար­ցա­խին մէջ 20է ա­ւե­լի գրան­ցո­ւած կու­սակ­ցու­թիւն­ներ կան. վեր­ջին մէկ տա­րո­ւան ըն­թաց­քին ար­դէն 10-12 կու­սակ­ցու­թիւն­ներ գրան­ցո­ւած են, ան­շուշտ տրա­մա­բա­նա­կան է ընտ­րու­թիւն­նե­րու նա­խա­շէ­մին նոր վե­րա­դա­սա­ւո­րում­նե­րու ա­ռու­մով, բայց միւս կող­մէն անտ­րա­մա­բա­նա­կան է այն­պի­սի հիմ­նախն­դիր­ներ ու­նե­ցող հա­տո­ւա­ծի մը մէջ, ինչ­պի­սին է Ար­ցա­խի հան­րա­պե­տու­թեան մէջ այդ­քան քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րու ար­ձա­նագ­րու­մը:

-Ս­տեղ­ծո­ւած ներ­կայ քա­ղա­քա­կան ի­րա­վի­ճա­կին մէջ, ո՞րն է ­­Հայ ­­Յե­ղա­փո­խա­կան ­­Դաշ­նակ­ցու­թեան դիր­քո­րո­շու­մը այս եր­կու ընտ­րու­թիւն­նե­րու առն­չու­թեամբ:

-Այդ ա­ռու­մով, կար­ծեմ եր­կու պա­տաս­խա­նա­տու օ­ղակ­ներ կան, մէ­կը՝ Ար­ցա­խի իշ­խա­նու­թիւն­ներն են, որ պէտք է ա­մե­նայն պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեամբ վե­րա­բե­րո­ւին ա­պա­գայ ընտ­րու­թիւն­նե­րուն եւ յա­ռա­ջի­կայ քա­ղա­քա­կան զար­գա­ցում­նե­րուն, միւ­սը՝ քա­ղա­քա­կան ու­ժերն են, ի­րենց կու­սակ­ցու­թիւն­ներն են, որ պէտք է այդ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան գի­տակ­ցու­թիւ­նը ու­նե­նան, որ­պէս­զի, չի տա­րո­ւին ներ­քին կու­սակ­ցա­կան շա­հե­րէ, ինչ­պէս նաեւ անձ­նա­կան յա­ւակ­նու­թիւն­նե­րէ: Այդ ա­մէ­նը պէտք չէ ա­ռաջ­նոր­դեն քա­ղա­քա­կան դաշ­տի մաս­նա­հատ­ման, հա­կադ­րու­թիւն­նե­րու ստեղծ­ման, ո­ր կրնայ վե­րա­ծո­ւիլ ներ­քին թշնա­ման­քի եւ քա­ղա­քա­կան դաշ­տի փո­շիաց­ման: Այս ա­ռու­մով, ­­Դաշ­նակ­ցու­թեան Ար­ցա­խի կա­ռոյ­ցը իր զուսպ կե­ցո­ւած­քը ցու­ցա­բե­րե­լով հան­դերձ, ի տար­բե­րու­թիւն ո­րոշ քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րու՝ նաեւ քա­ղա­քա­կան դէմ­քե­րու, կա­րո­ղա­ցաւ վեր­ջին 7-8 ա­միս­նե­րուն շատ ծան­րակ­շիռ եւ պա­տաս­խա­նա­տու ո­րո­շում­նե­րով եւ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով հան­դէս գալ եւ ա­պա­գայ ընտ­րու­թիւն­նե­րու հա­մար ո­րո­շա­կի ա­ռա­ջարկ ներ­կա­յաց­նել:

Այս ա­ռա­ջար­կը բաղ­կա­ցած է եր­կու բա­ղադ­րիչ­նե­րէ, նկա­տի առ­նե­լով միաս­նա­կան օ­րա­կար­գի ձե­ւա­ւոր­մամբ հա­մա­ձայ­նո­ւած թեկ­նա­ծու ու­նե­նա­լու հան­քա­ման­քը:

­­Շա­տե­րու մօտ հա­մա­ձայ­նո­ւած թեկ­նա­ծու հաս­կա­ցո­ղու­թիւ­նը այն պատ­կե­րա­ցում­ներն էին, երբ 2007 թո­ւա­կա­նին չորս քա­ղա­քա­կան ու­ժեր հա­մախմբո­ւե­ցան եւ ա­ռա­ջար­կե­ցին մէկ միաս­նա­կան թեկ­նա­ծու: ­­Միաս­նա­կան թեկ­նա­ծու եւ հա­մա­ձայ­նո­ւած թեկ­նա­ծու եր­կու տար­բեր հաս­կա­ցո­ղու­թիւն­ներ են: Ե­թէ 2007 թո­ւա­կա­նին մենք միաս­նա­կան թեկ­նա­ծուի շուրջ հա­մախմ­բո­ւե­լով կա­րո­ղա­ցանք յա­ջող ընտ­րու­թիւն­ներ ու­նե­նալ եւ ան­կէ ետք ձե­ւա­ւո­րել մեր օ­րա­կար­գը, ստեղ­ծե­լով հա­մա­խո­հու­թեան մթնո­լորտ, այ­սօր մենք կ­­՚ա­ռա­ջար­կենք նախ ձե­ւա­ւո­րել օ­րա­կար­գը, իսկ այդ օ­րա­կար­գը թե­լադ­րե­լի է մեր հիմ­նախն­դիր­նե­րէն եւ մեր առ­ջեւ ծա­ռա­ցած մար­տահ­րա­ւէր­նե­րէն, ա­պա ան­կէ ետք, փոր­ձել ու­նե­նալ ընդ­հա­նուր հա­մա­ձայ­նե­ցո­ւած թեկ­նա­ծու:

­­Մենք ա­ռա­ջին փու­լը ա­ւար­տած ենք եւ ո­րո­շա­կի ար­ձա­նագ­րում­ներ ու­նինք: Ա­նոնք հե­տե­ւեալն են՝ կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու մօտ ու­նե­նալ ընդ­հա­նուր ըն­կա­լում, պատ­կե­րա­ցու­մը ընդ­հա­նուր օ­րա­կարգ ձե­ւա­ւո­րե­լու, նոյն մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը, ինչ որ ու­նի Հ.Յ.Դ. Ար­ցա­խի կա­ռոյ­ցը, բայց այս ա­մէ­նը դե­ռեւս բա­ւա­րար չէ այդ օ­րա­կար­գի շուրջ հա­մախմ­բո­ւե­լու եւ հա­մա­ձայ­նո­ւած թեկ­նա­ծու ու­նե­նա­լու: Ո­րով­հե­տեւ, տար­բեր քա­ղա­քա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­ներ ի­րենց պատ­կե­րա­ցում­նե­րուն մէջ ու­նին ի­րենց թեկ­նա­ծուն եւ ի­րենց թեկ­նա­ծո­ւին շուր­ջը կ­­՚ու­զեն այդ ա­մէ­նը կա­ռու­ցել: Այ­նու­հան­դերձ, մենք մին­չեւ ­­Նո­յեմ­բե­րի երկ­րորդ կէ­սին պի­տի փոր­ձենք ամ­բող­ջա­կա­նացնել մեր քա­ղա­քա­կան խորհր­դա­տո­ւու­թիւն­նե­րը եւ փոր­ձել հան­րու­թիւ­նը տե­ղե­կաց­նել մէ­կու­կէս ամ­սո­ւան մեր քա­ղա­քա­կան յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րուն մա­սին:

Հ.Յ.Դ. Ար­ցա­խի կա­ռոյ­ցը ու­նի վճռա­կա­նու­թիւ­նը եւ իր պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան չա­փա­բա­ժի­նը յա­ջո­ղու­թիւն­ներ ար­ձա­նագ­րե­լու ու հե­ռան­կար­ներ տես­նե­լու: Իսկ ե­թէ ոչ, այ­լա­պէս մեր ար­տա­կարգ ժո­ղո­վին մէջ, որ ­­Նո­յեմ­բեր 20էն ետք տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ, պար­տա­ւո­րո­ւած պի­տի ըլ­լանք առ­նել մեր սե­փա­կան թեկ­նա­ծուն ու­նե­նա­լու ո­րո­շու­մը եւ ա­ռաջ­նոր­դո­ւե­լու այդ ո­րո­շու­մով:

-2016ի Ապ­րի­լը ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին հանգ­րուան մըն էր Ար­ցա­խի հա­մար, ո­րով­հե­տեւ ու­նե­ցանք պա­տե­րազ­մա­կան լուրջ գոր­ծո­ղու­թիւն մը, ո­րուն նմա­նը չէր ե­ղած Ար­ցա­խի ան­կա­խա­ցու­մէն ետք. ա­նի­կա նոյ­նիսկ ազ­դեց Ար­ցա­խի կեան­քին վրայ՝ նաե՛ւ պա­տե­րազ­մէն ետք: ­­Պի­տի ու­զէինք գիտ­նալ, թէ ինչ­պէ՞ս է այ­սօր մեր ժո­ղո­վուր­դի հո­գե­վի­ճա­կը։

-Շատ դի­պուկ է ձեր հար­ցադ­րու­մը, մա­նա­ւանդ սահ­մա­նա­զա­տե­լով 2016ի նա­խոր­դած եւ յա­ջոր­դած ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը: 1995ի զի­նա­դա­դա­րի եւ նոր պայ­ման­նե­րու ա­ռա­ջադ­րու­մէն ետք Ար­ցա­խը փոր­ձեց իր բնա­կա­նոն կեան­քին մէջ մտնել, հիմ­նա­կա­նին մէջ վե­րաց­նե­լով պա­տե­րազ­մի հե­տե­ւանք­նե­րը: ­­Նաեւ, Ար­ցա­խը զար­գա­ցուց իր ամ­բողջ տնտե­սու­թիւ­նը, ներ­քին կեան­քը, ըն­կե­րա­յին եւ մշա­կու­թա­յին ամ­բողջ կեան­քը, զա­նոնք կա­ռու­ցե­լով մեր յետ­պա­տե­րազ­մեան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին եւ պա­տե­րազ­մա­կան հե­տե­ւանք­նե­րու վե­րաց­ման ընդ­հա­նուր հո­գե­բա­նու­թեան մթնո­լոր­տի մը մէջ: ­­Մօտ եր­կու տաս­նա­մեա­կի ըն­թաց­քին, Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դին մէջ կար­ծես թէ վե­րա­ցած էր այդ տե­սա­կէ­տը, թէ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ լսո­ւող այդ ռազ­մա­տենչ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը օր մը կա­րե­լի էր վե­րա­ծո­ւին պա­տե­րազ­մի: Ի հար­կէ՝ կա­յին ճիշդ մտա­ծող­ներ եւ ի­րա­վի­ճա­կը ճիշդ գնա­հա­տող­ներ, որ պա­տե­րազ­մի վտան­գը միշտ շատ մօտ կը տես­նէին: Եւ այդ ա­մէ­նով հան­դերձ, մեր ամ­բողջ տնտե­սու­թիւ­նը եւ կեան­քը, նաեւ պե­տա­կան կա­ռա­վար­ման հա­մա­կար­գը կը փոր­ձէին կա­ռու­ցել այդ մտայ­նու­թեամբ: 2016ի Ապ­րի­լը ե­կաւ մէկ ան­գամ եւս փաս­տե­լու, որ մենք պար­տա­ւո­րո­ւած ենք մեր ամ­բողջ պե­տա­կան հա­մա­կար­գը ու տնտե­սու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ մեր ա­ռօ­րեայ կեան­քը կա­ռու­ցել այդ մտայ­նու­թեամբ, որ Ատր­պէյ­ճա­նը ցան­կա­ցած պա­հու մը, կա­րող է ռազ­մա­կան իր գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը վերսկ­սիլ եւ այդ ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րով փոր­ձել յաղ­թել այն անվ­տան­գու­թեան հա­մա­կար­գը, որ յա­ջո­ղած ենք 25 տա­րի­նե­րու ըն­տաց­քին ստեղ­ծել:

Ան­շուշտ, բա­ւա­կան փո­խո­ւած է 2016ի Ապ­րի­լէն ետք մեր ընդ­հա­նուր անվ­տան­գու­թեան հա­մա­կար­գը, ա­ռա­ւել զօ­րաց­նե­լով եւ նոր պայ­ման­ներ ստեղ­ծե­լով: Ե­թէ 2016ի նա­խոր­դած շրջա­նին մենք ա­կա­նա­տեսն էինք Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ ա­նընդ­հատ յար­ձա­կո­ղա­կան փոքր ծա­ւա­լի գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու, 2016ի հե­տե­ւանք­նե­րը վե­րաց­նե­լու եւ մեր ու­նե­ցած բա­ցե­րը լրաց­նե­լու ա­ռու­մով, մեզ յա­ջո­ղո­ւե­ցաւ ստեղ­ծե­լ նոր պայ­ման­ներ՝ Ատր­պէյ­ճա­նի հա­ւա­նա­կան յար­ձա­կում­նե­րը կան­խե­լու ա­ռու­մով:

-Ո­րո՞նք են Ար­ցա­խի զար­գաց­ման հե­ռան­կար­նե­րը. Ինչ­պէ՞ս կը տես­նէք այս ամ­բողջ հո­լո­վոյ­թը եւ ըն­թաց­քը:

-Պէտք է անդ­րա­դառ­նալ այն ցու­ցա­նիշ­նե­րուն, որ մենք ար­ձա­նագ­րած էինք նա­խորդ տաս­նա­մեակ­նե­րու ըն­թաց­քին. ա­սոնք կը վե­րա­բե­րին տնտե­սա­կան յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րուն: Ան­շուշտ, մենք պէտք է ար­ժա­նին մա­տու­ցենք, յատ­կա­պէս 2007էն իշ­խա­նու­թեան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը ստանձ­նած քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վա­րու­թեան, որ նոր եւ ռիս­քա­յին տնտե­սա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն մտցնե­լով մեր երկ­րի ներ­քին կեան­քին մէջ, կա­րո­ղա­ցաւ ա­ւան­դա­կան մեր գիւ­ղե­րու տնտե­սու­թե­նէն զատ, նաեւ ի յայտ բե­րել նոր հան­քար­դիւ­նա­բե­րու­թիւն­ներ, ու­ժանիւ­թի հա­մա­կար­գի զար­գա­ցում, գիւ­ղատն­տե­սա­կան մթերք­նե­րու վե­րամ­շակ­ման ար­տադ­րու­թիւն, թէ­կուզ թէ անն­շան, ինչ­պէս նաեւ՝ հիւ­սո­ւա­ծա­կան ար­դիւ­նա­բե­րու­թեան զար­գա­ցում եւ նոր ցու­ցա­նիշ­նե­րու նո­ւա­ճում: Այդ ա­մէ­նը ար­տա­ցո­լած են նաեւ՝ ո՛չ միայն մեր պե­տա­կան պիւտ­ճէին, այ­լեւ հա­մա­խառն ներ­քին ար­դիւն­քի ցու­ցա­նիշ­նե­րուն վրայ: Իւ­րա­քան­չիւր տա­րո­ւայ 9-11 տո­կոս տնտե­սա­կան ա­ճը եւ ցու­ցա­նիշ­նե­րը կը փաս­տեն, որ այն տնտե­սա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը, որ որ­դեգ­րո­ւած է ան­ցեալ տաս­նա­մեա­կի ըն­թաց­քին, տո­ւած է իր ար­դիւնք­նե­րը եւ իր պտուղ­նե­րը:

Ես կը կար­ծեմ, թէ իւ­րա­քան­չիւր անձ, այ­ցե­լե­լով Ար­ցախ, այդ ա­մէ­նը կա­րող է իր սե­փա­կան աչ­քե­րով տես­նել եւ հա­մո­զո­ւիլ յա­ռա­ջըն­թա­ցի ար­դիւնք­նե­րով: Այ­սու­հան­դերձ, դե­ռեւս բա­ւա­րար չեն այն ցու­ցա­նիշ­նե­րը, որ այ­սօր գո­յու­թիւն ու­նին Ար­ցա­խի մէջ, նոր ճիւ­ղե­րու զար­գաց­ման եւ նոր ար­հես­տա­գի­տու­թեան տե­ղա­կայ­ման ա­ռու­մով. մեր ջրա­յին աղ­բիւր­նե­րու օգ­տա­գործ­ման հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը ա­ւե­լի են քան մենք ու­նինք այ­սօր: Ես կը կար­ծեմ, որ վեր­ջին մէկ տա­րո­ւան ըն­թաց­քին, ներ­քին մեր քա­ղա­քա­կան կեան­քին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ո­րոշ ան­ցու­դարձ­նե­րը, ի­րենց կան­խար­գե­լիչ եւ տնտե­սա­կան ցու­ցա­նիշ­նե­րու ա­ռու­մով, բա­ցա­սա­կան դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­ցած են, բայց 2020 թո­ւա­կա­նի ընտրու­թիւն­նե­րը եւ ա­նոնց յա­ջոր­դող շրջա­նը վստահ, որ պէտք է նոր հե­ռան­կար մը եւ նոր հանգ­րո­ւան մը բա­նայ:

Ար­ցա­խը կը շա­րու­նա­կէ մնալ որ­պէս հրա­պու­րիչ մի­ջա­վայր գոր­ծառ­նու­թիւն­ներ զար­գաց­նե­լու։ Ա­նոնց հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րու ա­ռու­մով, պար­զա­պէս պէտք է այդ ա­մէ­նը կա­րո­ղա­նալ ճիշդ եւ նպա­տա­կա­յին օգ­տա­գոր­ծել, ի հար­կէ մեր չա­փո­րո­շիչ­նե­րը քիչ մը սահ­մա­նա­փա­կել եւ դէ­պի նոր շու­կա­ներ դուրս գալ: ­­Մեր ար­տադ­րան­քի մաք­րու­թիւ­նը եւ բնա­կան ըլ­լա­լու հան­գա­ման­քը այ­սօր ու­նի իր պա­հան­ջը մի­ջազ­գա­յին տար­բեր շու­կա­նե­րու մէջ:

­­-Պի­տի ու­զէինք անդ­րա­դառ­նալ Հ.Յ.Դ. ­­Հայ դա­տի աշ­խար­հաս­փիւռ յանձ­նա­խում­բե­րու տա­րած աշ­խա­տան­քին, որ թէ՛ եւ­րո­պա­կան ցա­մա­քա­մա­սէն, նա­­՛եւ ա­մե­րի­կեան ցա­մա­քա­մա­սէն, նոյ­նիսկ հե­ռա­ւոր Աւստ­րա­լիա­յէն յա­ջո­ղած են ա­պա­հո­վել Ար­ցախ այ­ցե­լող պե­տա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու կա­րե­ւոր թիւ մը, ո­րոնք ի­րենց գործ­նա­կան զօ­րակ­ցու­թիւ­նը կը յայտ­նեն Ար­ցա­խին: Ա­ռա­ւել, ու­նե­ցանք Ար­ցա­խի բա­րե­կամ­նե­րու խորհր­դա­ժո­ղո­վը: ­­Տե­սանք վեր­ջերս ­­Մա­յիս ­­Մա­յի­լեա­նի այ­ցե­լու­թիւ­նը ­­Միա­ցեալ ­­Նա­հանգ­ներ, մա­նա­ւանդ այն օ­րե­րուն՝ երբ այդ երկ­րի ­­Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու տու­նը քո­ւէար­կեց ի նպաստ ­­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման։ Ատր­պէյ­ճա­նը ինչ­պէ՞ս կը հա­կազ­դէ այս բո­լոր ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն դի­մաց։

-Ար­ցա­խի ­­Հան­րա­պե­տու­թեան ճանչ­ցո­ւած չըլ­լա­լու հան­գա­ման­քը բա­ւա­կան դժո­ւա­րու­թիւն­ներ կը ստեղ­ծէ մեր ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հա­մար: Ա­ռիթ չի տար լիար­ժէք օգ­տա­գոր­ծել այդ դի­ւա­նա­գի­տա­կան հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը, որ մենք ու­նինք որ­պէս ա­ռան­ձին եւ ան­կախ գոր­ծող հան­րա­պե­տու­թիւն: ­­Թե­րեւս, ա­ռան­ձին-ա­ռան­ձին մենք ա­կա­նա­տեսն էին տաս­նա­մեակ­նե­րու, տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին տար­բեր աշ­խար­հա­մա­սե­րուն մեր խորհր­դա­րա­նա­կան դի­ւա­նա­գի­տու­թեան ջան­քե­րու հե­տե­ւան­քով յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ձե­ւա­ւոր­ման, յատ­կա­պէս ­­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բե­րու տա­րած աշ­խա­տանք­նե­րու առն­չու­թեամբ եւ ա­նոնց որ­պէս հե­տե­ւանք՝ ճա­նա­չո­ղա­կան այ­ցե­լու­թիւն­նե­րը Ար­ցախ: Անց­նող տա­րի­նե­րուն, մենք ա­կա­նա­տես ե­ղանք նոր յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րու՝ Ար­ցա­խի ճա­նաչ­ման եւ մեր ժո­ղո­վուր­դի ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւունք­նե­րու ճա­նաչ­ման կա­պակ­ցու­թեամբ։

Ես նկա­տի ու­նիմ Ա­մե­րի­կա­յի ­­Միա­ցեալ ­­Նա­հանգ­նե­րու նա­հան­գա­յին մա­կար­դա­կով ճա­նա­չում­նե­րը, Աւստ­րա­լիոյ հա­րա­ւա­յին Ո­ւել­սի նա­հան­գա­յին մա­կար­դա­կով ճա­նա­չու­մը, շարք մը բա­րե­կա­մա­կան խում­բե­րու ձե­ւա­ւո­րու­մը, Ար­ցա­խի խորհր­դա­րա­նի բա­րե­կա­մա­կան խում­բե­րու ձե­ւա­ւո­րու­մը, Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նի, Ֆ­րան­սա­յի հետ բա­րե­կա­մա­կան խումբ, ­­Լի­թո­ւա­յի հետ բա­րե­կա­մա­կան խումբ, նաեւ փո­խայ­ցե­լու­թիւն­նե­րը տար­բեր մա­կար­տակ­նե­րով, ինչ­պէս նաեւ՝ քոյր քա­ղաք­նե­րու յու­շագ­րե­րու եւ հա­մա­պա­տաս­խան փաս­տա­թուղ­թե­րու ստո­րագ­րու­մը Ար­ցա­խի քա­ղաք­նե­րու եւ Ֆ­րան­սա­յի, Ա­մե­րի­կա­յի, Աւստ­րա­լիա­յի տար­բեր քա­ղաք­նե­րու մի­ջեւ:

Այս ա­մէ­նը նոր հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ եւ նոր հե­ռան­կար­ներ բա­ցած են Ար­ցա­խի մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման գոր­ծին եւ ինք­նին ձե­ւա­ւո­րո­ւած է նաեւ տար­բեր աշ­խար­հա­մա­սե­րու Ար­ցա­խի բա­րե­կամ­նե­րու խում­բեր, ո­րոնք մէ­կը միւ­սին հա­ղոր­դա­կից չէին:

­­Վեր­ջա­պէս, մենք ա­կա­նա­տես ենք նաեւ այն հա­կազ­դե­ցու­թեան, որ Ատր­պէյ­ճա­նը կը փոր­ձէ իր ար­տա­քին գե­րա­տես­չու­թեան մի­ջո­ցով, իր դես­պա­նա­տու­նե­րու մի­ջո­ցով այն ճնշում­նե­րը գոր­ծադ­րել այս կամ այն երկ­րի քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­նե­րու, ին­չու չէ նաեւ քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րու վրայ, նաեւ պե­տա­կան շրջա­նակ­նե­րու վրայ, հե­ռու պա­հե­լու հա­մար ա­նոնց Ար­ցա­խի հիմ­նա­հար­ցի ճշմար­տա­ցի ի­րա­զե­կու­թեան ա­ռու­մով: ­­Մենք ա­կա­նա­տես ենք, թէ ինչ­պէս Ատր­պէյ­ճա­նը ա­պա­տե­ղե­կա­տո­ւու­թեամբ կը փոր­ձէ Ար­ցա­խը ներ­կա­յաց­նել որ­պէս իր տա­րած­քը, Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դի ինք­նո­րոշ­ման հա­մար պայ­քա­րը կը ներ­կա­յաց­նէ որ­պէս ակ­րե­սիա­յի պայ­քար։ Այդ ա­ռու­մով, շատ կա­րե­ւոր էր ­­Հայ դա­տի գրա­սե­նեակ­նե­րու, յանձ­նա­խում­բե­րու եւ ընդ­հան­րա­պէս ­­Հայ ­­Յե­ղա­փո­խա­կան ­­Դաշ­նակ­ցու­թեան աշ­խար­հաս­փիւռ կա­ռոյ­ցի եւ Ար­ցա­խի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը, ու այդ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան որ­պէս ար­դիւնք՝ 10-13 ­­Հոկ­տեմ­բե­րին Ար­ցա­խի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած Ար­ցա­խի բա­րե­կամ­նե­րու ֆո­րու­մը:

­­Ներ­կա­յիս, Ար­ցա­խի բա­րե­կամ­նե­րու ֆո­րու­մին մի­ջո­ցով եւ Ար­ցա­խի բա­րե­կամ­նե­րու Ար­ցա­խի մէջ միա­ժա­մա­նակ միաս­նա­բար հա­մախմ­բո­ւե­լու եւ մէկ հա­մա­ժո­ղով ը­նե­լու փաս­տը վստա­հա­բար՝ նոր սկիզբ կրնայ ըլ­լալ Ար­ցա­խի մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման հե­ռան­կար­նե­րու ա­ռու­մով:

­­Մենք ա­կա­նա­տես ե­ղանք ինչ­պի­սի ե­լոյթ­նե­րով եւ ինչ­պի­սի պատ­րաս­տա­կա­մու­թեամբ, ինչ­պի­սի հե­ռան­կար­նե­րով եւ տես­լա­կան­նե­րով տար­բեր շրջան­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ կա­րո­ղա­ցան ի­րենց քա­ղա­քա­կան յստակ կե­ցո­ւած­քը եւ խօս­քը փո­խան­ցել՝ ո՛չ միայն Ար­ցա­խի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն եւ ժո­ղո­վուր­դին, այլ նաեւ աշ­խար­հի տար­բեր եր­կիր­նե­րուն. յատ­կա­պէս Ար­ցա­խի հիմ­նա­հար­ցով շա­հագր­գիռ այդ բո­լոր կող­մե­րուն, ո­րոնք կը փոր­ձեն Ար­ցա­խի հիմ­նա­հար­ցին կար­գա­ւոր­ման հա­մար ա­պա­տե­ղե­կա­տո­ւու­թիւն ներ­կա­յաց­նել եւ շե­ղել հա­մաշ­խար­հա­յին հան­րու­թեան ու­շադ­րու­թե­նէն: Վս­տա­հա­բար, ֆո­րու­մը ու­նե­ցաւ իր ար­դիւն­քը: ­­Ֆո­րու­մը պէտք է դի­տար­կել որ­պէս սկիզբ մեր ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մէջ, նկա­տել որ­պէս այդ ցան­ցի ձե­ւա­ւոր­ման կա­րե­ւոր հանգ­րո­ւան մը, որ պէտք է ու­նե­նայ մշտա­կան գոր­ծու­նէու­թիւն, որ պէտք է ու­նե­նայ պար­բե­րա­բար ի­րա­կա­նա­ցո­ւող նոր հա­մա­ժո­ղով­ներ, ո­րոնց ար­դիւն­քով բնա­կա­նա­բար պէտք է հա­մաշ­խար­հա­յին հան­րու­թեան տե­ղե­կա­ցո­ւին Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դի ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քի եւ հան­րա­պե­տու­թեան ճա­նա­չե­լիու­թեան հար­ցե­րը:

-Ո՞րն է ձեր խօս­քը յու­նա­հայ հա­մայն­քի ժո­ղո­վուր­դին:

-Յու­նա­հայ հա­մայն­քը, ինչ­պէս 1990ա­կան թո­ւա­կան­նե­րուն եւ ա­նոր յա­ջոր­դած շրջա­նին, միշտ նե­ցուկ ե­ղած է Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դին եւ Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թեան: Ան­շուշտ, ես պար­տա­ւոր եմ բարձ­րա­ձայ­նե­լու ­­Յու­նաս­տա­նի ­­Հայ ­­Կա­պոյտ ­­Խա­չի դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը Ար­ցա­խի նոր սե­րուն­դի դաս­տիա­րակ­ման գոր­ծին մէջ՝ «­­Սօ­սէ» ման­կա­պար­տէզ­նե­րու ցան­ցի ստեղծ­ման եւ ա­նոր մէջ ու­նե­ցած իր ներդրու­մին ճամ­բով: ­­Նաեւ, ես պէտք է փոր­ձեմ ար­ձա­նագ­րել այս 20-21 տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին Ար­ցա­խի մա­նուկ­նե­րուն հա­մար կազ­մա­կեր­պո­ւած ճամ­բար­նե­րը ­­Սի­րոս կղզիին մէջ, ո­րոնք ա­մէն տա­րի կ­’ի­րա­կա­նա­ցուին ձեր հա­մայն­քի ջան­քե­րով եւ նիւ­թա­կան մի­ջոց­նե­րով։

­­Պարտք կը հա­մա­րեմ նշել այն քա­ղա­քա­կան դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը, ո­րուն հա­մա­ձայն հայ հա­մայն­քը տար­բեր ա­ռիթ­նե­րով կը կա­րո­ղա­նայ իր վճռո­րոշ խօս­քը ու­նե­նալ ­­Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նա­հար­ցի զար­գաց­ման՝ այս կամ այն հանգ­րո­ւա­նին: Ես շատ լաւ կը յի­շեմ, որ երբ Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ Ա­լիե­ւը այ­ցե­լեց ­­Յու­նաս­տան, ի՛նչ դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­ցաւ յու­նա­հայ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը եւ այս­տե­ղի յու­նա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը: ­­Մենք ա­կա­նա­տես ենք նաեւ ­­Յու­նաս­տա­նի պաշ­տօ­նա­կան շրջա­նակ­նե­րու, յատ­կա­պէս ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան հետ ու­նե­ցած յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն: ­­Նաեւ՝ զի­նուո­րա­կան մաս­նա­գէտ­նե­րու վե­րա­պատ­րաստ­ման, հայ-յու­նա­կան ռազ­մա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան մաս­նա­գի­տա­կան ո­րոշ կա­րո­ղու­թիւն­նե­րու եւ ո­րա­կա­կան չա­փո­րո­շիչ­նե­րու բարձ­րաց­ման ա­ռու­մով: Ան­շուշտ, պէտք է նշել, թէ յու­նա­հայ հա­մայն­քը միշտ պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն յայտ­նած է մշա­կու­թա­յին կա­պե­րու ամ­րապնդ­ման եւ մշա­կու­թա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման:
Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն կը փո­խան­ցեմ յու­նա­հայ հա­մայն­քին՝ տաս­նա­մեակ­նե­րու ըն­թաց­քին տար­բեր բարձ­րաս­տի­ճան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու այ­ցե­լու­թիւն­նե­րու կազ­մա­կերպ­ման եւ ա­նոնց ըն­դու­նե­լու­թեան հա­մար:

azator.gr

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Մայիսի 9-ի խորհուրդը և նշանակությունը

«Մեր ժողվուրդը տեսավ 2020 թվականի 44-օրյա ճակատարամարտի հետևանքները, Արցախի

09 Մայիս 2025
Խրոխտ Շուշիի Ազատագրման Յիշատակին

«Շուշին եւ ազատագրուած տարածքը կը ներկայանան իբրեւ հայ ազգային ռազմավարութեան

09 Մայիս 2025
Շուշին ազգային վերազարթոնքի խորհրդանիշ

Արցախում Եռատոն է, հպարտության եւ հաղթանակի տոն։ 1992-ին Շուշիի հաղթական ազատա

09 Մայիս 2025
Միջոցառում՝ «Շուշի. վերադարձ լինելու է

Մայիսի 8-ին «Անի Պլազա» հյուրանոցի «Անի» սրահում տեղի ունեցավ Շուշիի ազատագրմա

09 Մայիս 2025
33 Տարի Առաջ` Այսօր. Հերոսական Սխրանքն

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Մայիս 9-ը եռատօն է, նուիրուած` համաշխարհային երկրորդ պատերա

09 Մայիս 2025
Խմբագրական. Եռատօնի Վերաիմաստաւորման Հ

Եռատօնը խորհրդանշող օրուան նշումը նորագոյն հանգամանքներով բոլորովին նոր խորհրդ

08 Մայիս 2025
Շուշին հանդիսանում է հայ ժողովրդի քաղա

ՀՀ ԳԱԱ Պատմության ինստիտուտի Արցախի պատմամշակութային ժառանգության և արդի քաղաք

08 Մայիս 2025
Դիվանագետների համահայկական խորհրդի հայ

Մայիսյան եռատոնը հայ ժողովրդի նորագույն պատմության պանծալի էջերից է, հայկական

08 Մայիս 2025
Այն ինչ այսօր կատարվում է ժամանակավոր

«Շատ բարդ է ինձ համար այսօր խոսելը։ Մի քանի բան ուզում եմ փոխանցել ՝մեկը պատմա

08 Մայիս 2025
Ամեն ինչ անելու ենք, որ, այո՛, այդ վեր

«Շատ կարևոր է այսօր վերաիմաստավորել, արժևորել Շուշիի ազատագրման օրը և խորհուրդ

08 Մայիս 2025
Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սատ Շրջանի Քաղաքապետակ

Երեքշաբթի, 6 մայիսին «Շաղզոյեան» կեդրոն այցելեցին Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սատ շրջանի ք

08 Մայիս 2025
Պատասխան ես տալու ամեն բառիդ, ամեն քայ

Փորձեմ առանց էմոցիայի Հերթական անգամ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավորները

08 Մայիս 2025
Ուաշինկթընի Քաղաքային Խորհուրդը Ընդուն

Մայիս 6-ին, Ուաշինկթընի քաղաքային խորհուրդը միաձայնութեամբ ընդունեց >բանաձեւ մ

08 Մայիս 2025
Մեր համազգային պահանջատիրութեան յետքայ

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 110-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ԱՌԻԹՈՎ Եթէ պէտք է իրերն իրենց անւամբ կ

08 Մայիս 2025
Ցաւակցագիր

ՀՅԴ Բիւրօն խոր վիշտով իմացաւ ընկ. Նազարէթ Սապունճեանի մահուան գոյժը։ Այս տխ

07 Մայիս 2025
ԱՄՆ-Իրան բանակցութիւններու դժուար ընթա

Օմանի միջնորդութեամբ տեղի ունեցող բանակցութիւնները ԱՄՆ-ի և Իրանի միջև այժմ կը

07 Մայիս 2025
էժան միջոցներով չեն կարող մեզ շեղել

Այն ենթադրությունը, թե պետք է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանին անվստահություն հայտ

07 Մայիս 2025
Կառավարությունից պահանջում ենք միջոցնե

Արցախցիների իրավունքների պաշտպանության խորհուրդը Արցախի մշակութային ժառանգությ

07 Մայիս 2025
Օգտակար խորհուրդ Հայաստանի Հանրապետութ

Վերջերս Հայաստանի Հանրապետությունն անսովոր որոշում կայացրեց՝ վարձելով ամերիկյա

06 Մայիս 2025
Համիլթընի մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղաս

Կազմակերպութեամբ Համիլթընի Ս. Մարիամ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ եւ ՀՅԴ

06 Մայիս 2025
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company