Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Բերիոյ Թեմի Առաջնորդն Ու Ազգային Իշխանութեան Ներկայացուցիչները
29 Նոյեմբեր 2019 Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Բերիոյ թեմը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ առաջնորդ սրբազան Մասիս եպս. Զօպուեանի, եւ հանդիպում մը ունեցաւ վեհափառ հայրապետին հետ: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամներէն Հրաչ Յակոբեան:
Աւելի քան երկու ժամ տեւած հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ քննարկելու սուրիահայութեան առնչուած բազմաթիւ հարցեր: Առաջնորդ սրբազանն ու Ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչները զեկուցեցին թեմի վարչական, տնտեսական, ընկերային, շինարարական, յարաբերական եւ այլ բնագաւառներու առնչուած աշխատանքներուն ու մտահոգութիւններուն մասին: Անոնք նաեւ անդրադարձան առանձնաբար Հալէպի, Դամասկոսի, Գամիշլիի, Քեսապի, Լաթաքիոյ եւ վերջերս Թուրքիոյ կողմէ ներխուժումի ենթարկուած Սուրիոյ հիւսիսային շրջանի հայկական գիւղերուն հետ աղերս ունեցող տեղական խնդիրներու ու մտահոգութիւններու:
Վեհափառ հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց թեմին կողմէ կատարուող բազմաբնոյթ աշխատանքներուն` շեշտելով, որ անոնց նպատակը պէտք է ըլլայ Սուրիոյ հայութեան վերականգնումը:
aztagdaily.com