Բագրատունի Ընդունեց ՌԱԿ-ի Ատենապետ Սեւակ Յակոբեանը
29 Նոյեմբեր 2019 ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական Երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի «Շաղզոյեան» կեդրոնի երեսփոխանական գրասենեակին մէջ ընդունեց Ռամկավար ազատական կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սեւակ Յակոբեանը:
Հանդիպումը առիթ մը եղաւ քննարկելու վերջին ժամանակաշրջանին Լիբանանի մէջ կատարուող անցուդարձերը` շեշտելով ժողովրդային պահանջներու արդարացիութիւնը եւ արագօրէն ծանրացող խնդիրներուն լուծում գտնելու անհրաժեշտութիւնը:
Արծարծուեցան նաեւ Լիբանանի հայութեան տագնապները ու ներկայ փուլին մեր ժողովուրդին միասնութիւնը պահպանելու հրամայականը:
aztagdaily.com