Հայաստանի Դեսպանը Ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի Եւ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչները
12 Դեկտեմբեր 2019
11 դեկտեմբերին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին հետ:
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան լիբանանահայութեան ընթացիկ իրավիճակին եւ Հայաստան-սփիւռք համագործակցութեան հեռանկարներուն վերաբերող հարցեր:
aztagdaily.com