Ակնարկ. Թէ՛ Մասնագէտ, Թէ՛ Քաղաքագէտ
24 Դեկտեմբեր 2019 Վարչապետի նշանակումը կամ նախատօնական փուլը տակաւին լաւատեսութիւն չեն հաղորդած լիբանանցի ժողովուրդին, որ ընդամէնը ճգնաժամի ընթացքի մէջ դադարի (թայմ աութ) իրականութեան առջեւ գտնուելու համոզումը ունի:Նշանակուած վարչապետը ճիգի մէջ է սեղմ ժամանակի մէջ սեղմ կազմով կառավարութիւն ձեւաւորելու: Իր պատկերացումին համաձայն անիկա պիտի ըլլայ փոքրաթիւ եւ անկախ:
Եթէ փոքրաթիւի սահմանները կարելի է պատկերացնել, ապա անկախ բնութագիրի ընկալումն ու իրականացումը նոյնքան պարզ չեն: Քաղաքական գործընթացներու մէջ անհատական թէ պետական առումներով անկախ յղացքը շատ յարաբերական է, երբ գերտէրութիւններէ եւ ներպետական հասկացողութեամբ հիմնական ուժերէ կախեալութեան աստիճանաչափեր կան շեշտակիօրէն զգալի:

Բացայայտ է, որ Լիբանանը տնտեսական շրջափակման ենթարկուած է: Պաշտօնական Ուաշինկթընի պատուիրակը բացայայտօրէն կը յայտարարէ, որ իր պետութեան դիրքորոշումը կախեալ է կազմուելիք կառավարութեան բովանդակութենէն:
Փոխանցուող պատկերացումը` կառավարութեան բովանդակութեան, պաշտօնապէս կը վերաբերի վարչակառավարման համակարգին, այլ խօսքով` Ուաշինկթընի կողմէ հրապարակ նետուող կարգախօսներուն` թափանցիկութիւն, հակափտածութիւն, մասնագիտացուած մարդուժի ներառում: Ըստ էութեան, սակայն Միացեալ Նահանգներ կ՛ուզեն նոր կառավարութեան մէջ տեսնել առնուազն իրենց արտաքին քաղաքականութեան չհակադրուած ուժերու ներկայացուցիչներ: Ենթաթեքսթը հետեւաբար նախ եւ առաջ իրանամէտ ուժի` Հըզպալլայի ներկայացուցչութեան բացառումն է:
Դիւանագիտական, անուղղակի ըսելաձեւեր կ՛օգտագործուին ենթաթեքսթի շրջանցման համար: Սեղմ, անկախ, մասնագիտացուած: Խորքին մէջ սակայն Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին կողմէ ուղղակի պահանջուածը եւ այժմ յատուկ պատուիրակին անուղղակի ըսածը իրար կը համապատասխանեն: «Ահաբեկչական» կազմակերպութեան բացառման պահանջը եւ կառավարութեան կազմին դիմաց դիրքորոշում ճշդելու յայտարարութիւնը իրար լրացնող բաժիններ են եւ հաշտ` Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան, աւելի ճիշդը միջին արեւելեան տարածաշրջանին մէջ կիրարկուած վարքագիծին:
Տնտեսական շրջափակումը ճեղքելու համար լիբանանեան կողմը կը փորձէ առաձգականութիւն ցոյց տալ: Խոչընդոտներ վերացնելու միտուած յայտարարութիւնները ուղերձ ունին միջազգային ընտանիքին վերջ տալու շրջափակումին:
Քաղաքական իրատեսութիւնը կը յուշէ սակայն, որ նոյնիսկ վարչակառավարման նորարար գործելաձեւերու որդեգրումը կամ մասնագիտացուած մարդուժի ներառումը մոգական գաւազանի դեր չեն կրնար կատարել իրավիճակի կտրուկ փոփոխութիւն բերելու առումով:
Բայց որ վարչակառավարման արդիական համակարգի մօտեցումը պարտադիր հրամայական դարձած է, վիճարկելի չէ որեւէ կողմի համար: Խնդիրը առաւելաբար կը վերաբերի որեւէ բեկումնային կացութիւն ստեղծելու համար զանգուածային յենարան ունենալուն:
Նոյնիսկ ապակուսակցական, մասնագէտի համբաւ ունեցող որեւէ նախարար նոր հուն ստեղծող կամ շօշափելի արդիւնք ձեռք ձգող գործողութիւններ կազմակերպելու համար անհրաժեշտութիւնը ունի զգալու ժողովրդային յենարանը:
Ապահամայնքային համակարգի անցումը միանգամայն տեղի չ՛ունենար իրատեսօրէն: Հանգրուանային անցումը տարբեր փուլերէ կ՛անցնի: Համատեղման եւ անցնցում գործընթացներ ապահովելու բանաձեւումը լաւագոյնս տուած է Հայկական երեսփոխանական պլոքին անունով կատարուած յայտարարութիւնը, երբ կ՛ըսէ, որ ունի թէ՛ մասնագէտ, եւ թէ՛ քաղաքագէտ թեկնածուներ կազմելի կառավարութեան համար:
Ժողովրդային յենարան ունեցող մասնագէտներու եւ քաղաքագէտներու համատեղումն է, որ ստեղծուած փապուղիին մէջ հեռուէն լոյսի նշոյլներ տեսնելու կարելիութիւններ կ՛ընձեռէ:
«Ա.»
aztagdaily.com