ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Պատասխան Նամակ Մը Ստացաւ Ծերակուտական Մենենտեզէն
17 Հունվար 2020 ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ պատասխան նամակ մը ստացաւ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի անդամ Ռապըրթ Մենենտեզէն:Մարմինը 13 դեկտեմբեր 2019-ին նամակ մը յղած էր ծերակուտական Մենենտեզին` գնահատելով Ծերակոյտին կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 150 բանաձեւին որդեգրումը եւ պատմական այդ քայլին ապահովման համար ծերակուտականին թափած ջանքերը:

Ծերակուտական Մենենտեզ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինին յղած իր նամակին մէջ շնորհակալութիւն կը յայտնէ մարմինին կողմէ թիւ 150 բանաձեւի զօրակցութեան եւ իր ջանքերը գնահատելու կեցուածքին համար:
Մենենտեզ նաեւ կը նշէ, թէ որդեգրուած բանաձեւը կ՛արտայայտէ Ծերակոյտին այն համոզումը, թէ Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութիւնը Հայոց ցեղասպանութիւնը պաշտօնական ճանաչումով եւ յիշատակումով ոգեկոչելն է:
aztagdaily.com