Հանդիպում Գանատա-Հայաստան Խորհրդարանական խմբակցութեան նախագահ Պրայըն Մէյի հետ
05 Փետրվար 2020 Յունուար ամսուան աւարտին, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակի վարիչ գործավար Սեւակ Պէլեան շարք մը հանդիպումներ ունեցաւ դաշնակցային երեսփոխաններու եւ պետական պաշտօնատարներու հետ:
Յատուկ հանդիպումներ կայացան Գանատա-Հայաստան Խորհրդարանական խմբակցութեան նախագահ Պրայըն Մէյի, խմբակցութեան փոխ-ատենապետ եւ Նոր Ժողովրդավարական Կուսակցութեան փոխ նախագահ երեսփոխան Ալէքսանտր Պուլէրիսի, երեսփոխան Մայքըլ Քուբըրի եւ շարք մը այլ պետական պաշտօնատարներու հետ:
Հանդիպուներու ընթացքին քննարկուեցան Գանատա-Հայաստան խորհրդարանական խմբակցութեան գործունէութեան, երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման, Արցախեան հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորման հարցերը:
horizonweekly.ca