Նորա Արիսյանը մանրամասներ է հաղորդում Հայոց ցեղասպանությունը ճանաչող բանաձեւի քննարկման ընթացքից
13 Փետրվար 2020 Հինգշաբթի, 13 փետրուար 2020-ին, Սուրիոյ Խորհրդարանը միաձայնութեամբ ճանչցաւ եւ դատապարտեց 20-րդ դարու ամենասոսկալի իրադարձութիւններէն մէկուն՝ ողջ մարդկութեան դէմ իրականցուած յանցագործութեան իրենց հայրենիքի մէջ 1.5 միլիոն հայերու ցեղասպանութիւնը Օսմանեան կայսրութեան կողմէ:Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի նախագիծի հեղինակն է «Սուրիա-Հայաստան բարեկամական խորհրդարանական յանձնաժողով»-ը, որ կը նախագահէ դոկտ. Նորա Արիսեանը:
20 յունուար 2020-ին, վերոնշեալ Յանձնաժողովը, գումարեց իր արտահերթ նիստը, ուր Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը լայն քննարկման առարկայ դարձաւ: Այնուհետեւ, նիստի տեղեկագիրը ներկայացուեցաւ Խորհրդարանի նախագահութեան, որպէսզի Խորհրդարանական ժողովի օրակարգի կէտ դառնայ:

Արդարեւ, 13 փետրուար 2020-ին, Սուրիոյ Խորհրդարանի նիստին օրակարգի վրայ տեղ գտաւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին բանաձեւը, որմէ ետք, աւելի քան մէկ ժամ տեւած ելոյթներուն մէջ սուրիացի երեսփոխանները արտայայտեցին իրենց թեզերը եւ զօրակցութիւն յայտնեցին բանաձեւին:
Նշեմ, որ բանաձեւին մէջ յստակօրէն կ’օգտագործուի «Հայոց ցեղասպանութիւն» բառեզրը եւ զայն դատապարտելու ու ճանչնալու հանգամանքը:
Բանաձեւի մէջ մասնաւորապէս կը նշուի. «Հիմնուելով պատմական իրականութեան վրայ, որ կը հաստատէ Արեւմտեան Հայաստանի տարածքի վրայ 1915-1923-ի միջեւ հայ ժողովուրդի բնաջնջումը,
«Նկատի առնելով, որ ըստ սուրիական աղբիւրներուն՝ Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանին Հայոց ցեղասպանութեան ու ջարդերու մեծ մասը տեղի ունեցաւ սուրիական հողատարածքին վրայ: Արդ, սուրիացի ժողովուրդը դարձաւ ականատեսը այս ոճիրին, ուր 19-րդ դարու վերջին եւ 20-րդ դարասկիզբին թուրք-օսմանցիներու հրամանով տեղի ունեցաւ 1.5 միլիոն հայերու կանխամտածուած ցեղասպանութիւնը,
«Սուրիոյ խորհրդարանը կը դատապարտէ եւ կը ճանչնայ հայերու ցեղասպանութեան ոճիրը, եւ իր խոր զօրակցութիւնը կը յայտնէ եղբայրական հայ ժողովուրդին, ան նաեւ կը դատապարտէ պատմական իրողութիւնը ժխտող եւ խեղաթիւրող, որեւէ փորձ, զայն համարելով մարդկութեան դէմ ամենածանր ոճիրներէն մէկը:
«Խորհրդարանը կը հաստատէ, որ հայերը, ասորիները, եւ սուրիացի ժողովուրդի այլ մասնիկները զոհ դարձան այդ ժամանակաշրջանին թուրք-օսմանցիներու ձեռքով իրականացուած ջարդերու եւ ցեղային զտումին, եւ կոչ կ’ուղղէ աշխարհի խորհրդարաններուն եւ միջազգային հանրութեան զայն ճանչնալու եւ դատապարտելու»:
Խորհրդարանի պատգամաւորները բուռն ու յոտնկայս ծափողջիւններով ողջունեցին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը:
Նշենք, որ Սուրիոյ խորհրդարանէն ներս սոյն նստաշրջանին՝ 2016-էն ի վեր քանի մը անգամ տարբեր առիթներով հնչած էր Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը կարգ մը երեսփոխաններէ, ինչպէս՝ դոկտ. Նորա Արիսեանի, Նիտալ Հըմետիի, Սամիր Հաժժարի, Ալան Պաքըրի եւ Օմար Աարուպի կողմէ:
Վերջապէս, շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Խորհրդարանի գործընկերներուս, որոնք չորս տարուան Խորհրդարանական նստաշրջանի ընթացքին զօրակցութիւն ու աջակցութիւն ցուցաբերեցին Հայ դատին ու յատկապէս Հայոց ցեղասպանութեան մասին քուէարկուած բանաձեւին համար:
Հոս կ’ուզեմ մեծ շնորհակալութիւնս ու երախտագիտութիւնս յայտնել Սուրիոյ Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահ Պաշշար ալ-Ասատին, իր ցուցաբերած նախ անսահման վստահութեան համար, ինչպէս նաեւ իր զօրաւոր հաւատքին՝ մարդկային իրաւունքի արժէքներու, մարդկային արդարութեան, բարութեան նկատմամբ ու մանաւանդ հայ ժողովուրդի տառապանքին, դառնութեան ու անիրաւուած իրաւունքները պաշտպանելուն համար:
Դամասկոս,
Հինգշաբթի, 13 փետրուար 2020
Սուրիոյ Խորհրդարանի երեսփոխան՝ դոկտ. Նորա Արիսեան,
Նախագահ՝ Սուրիա-Հայաստան բարեկամական խորհրդարանական յանձնաժողովի