«Հայրենիք»-ի Խմբագրական. Ազերիական Ժահր
28 Փետրվար 2020 Աշխարհ իրարանցումի մէջ է։ Անտեսանելի, անզսպելի եւ անթափանցելի սատանայական հիւանդութիւն մը՝ Աշխարհ իրարանցումի մէջ է։ Անտեսանելի, անզսպելի եւ անթափանցելի սատանայական հիւանդութիւն մը՝ «Քորոնա» ժահրը աւերներ կը գործէ ամէնուրեք, բանուկ քաղաքներէն մինչեւ հեռաւոր, բնութեան գիրկին մէջ բազմած գիւղերը։Գրեթէ ամիսէ մը ի վեր երեւան ելած է այս ժահրը, որուն դարմանումին ի խնդիր որեւէ յառաջխաղացք արձանագրուած չէ ցարդ։ Բնականաբար, Հայաստանն ալ ազդուած է այս վարակիչ ժահրէն, մինչդեռ դրացի թշնամիին՝ Ատրպէյճանի պարագային, տարուան այս օրերուն, աւելի քան քսան տարիէ ի վեր այլ ժահր մը դարձած է կարեւորագոյն կիզակէտըՔորոնա» ժահրը աւերներ կը գործէ ամէնուրեք, բանուկ քաղաքներէն մինչեւ հեռաւոր, բնութեան գիրկին մէջ բազմած գիւղերը։

Գրեթէ ամիսէ մը ի վեր երեւան ելած է այս ժահրը, որուն դարմանումին ի խնդիր որեւէ յառաջխաղացք արձանագրուած չէ ցարդ։ Բնականաբար, Հայաստանն ալ ազդուած է այս վարակիչ ժահրէն, մինչդեռ դրացի թշնամիին՝ Ատրպէյճանի պարագային, տարուան այս օրերուն, աւելի քան քսան տարիէ ի վեր այլ ժահր մը դարձած է կարեւորագոյն կիզակէտը։ Այդ ալ Խոճալուի սպանդն է։ Երկու խօսքով, ըստ Պաքուի, 1992 թուականի Փետրուար 25-էն 26 լուսցող գիշերուան ընթացքին, հայերը՝ հսկելու համար Ստեփանակերտ–Ասկերան ճանապարհը, յարձակում կատարած են ռազմավարական կարեւոր նշանակութիւն ունեցող Խոճալու աւանին վրայ եւ սպաննած են տեղւոյն բնակիչները։ Թիւին մասին կարելի է երկար ցանկ մը պատրաստել։ Զոհերուն թիւը սկսաւ քանի մը հարիւրով, ապա հասաւ վեց հարիւրի եւ մինչեւ հազարի։
Վիճակագրութեան մէջ մասնագիտացած ընկերութիւն մը կրնայ ստուգել, թէ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը որքա՞ն մսխած է այս աղաւաղուած եւ միակողմանի ձեւով ներկայացուած պատահարը, եւ դեռ աւելին՝ սպանդ, ապա ջարդ եւ, վերջին տարիներուն, ցեղասպանութիւն որակումը ցոյց կու տայ, թէ ո՞ւր հասած է ազերիական քարոզչական մեքենան։ Հաստափոր գիրքեր, երկար-բարակ մանրամասնութիւններով եւ կիսատ-պռատ բացատրողականներով, նաեւ վաւերագրականներ պատրաստուած են Խոճալուին դէպքը վերածելու հայկական «ֆաշիզմ»-ի եւ ցեղապաշտութեան։
Իսկ վերջին տարիներուն, քայլ պահելով արդիականացած մետիային հետ, հաւանաբար բազմաթիւ դեսպանատուներու եւ հիւպատոսներու ե-նամակներու հասցէին այս գծով ղրկուած են լսատեսողական պատրաստութիւններ ու թղթածրարներ։
Նոյնիսկ աշխարհի մեծագոյն քաղաքներու բանուկ ճամբաներու վրայ պաստառներ կը վարձուին եւ խեղաթիւրուած ձեւով կը ներկայացուի օգտագործող ու չարչարող հայ տիպարը՝ ընդդէմ օգտագործուող ու չարչարուող ազերիին։ Իսկ դեռ աւելին, 2016-ին ազերիական փեթրոտոլարներով սնած ֆրանսացի երաժիշտ մը պատրաստած էր երաժշտական «Խոճալու 613» գործը, որուն ելոյթը Փարիզի մէջ կարելի եղաւ ջնջել, շնորհիւ հայ երիտասարդութեան ցոյցերուն։
Մէկդի դնենք Պաքուի գործօն շահագործումը՝ հակահայ քարոզչութիւն կատարելու համար, եւ վերադառնանք դէպքին։ Արդարեւ, ո՛չ միայն հայրենի մամուլը, այլ ազերի ընդդիմադիր մետիան յստակօրէն կը տեղեկացնեն, թէ մութ ծալքեր թաքնուած են դէպքին ետին։ Յստակ է, թէ հայկական կողմը դիտմամբ միջանցք մը հսկումի տակ առած էր, որպէսզի անմեղ բնակչութիւնը, որուն մեծամասնութիւնը Ուզպէքիստանէն գաղթած մեսխեթցիներ էին, կարենար փախչիլ։ Այդպէս ալ եղաւ, սակայն դէպի հիւսիս-արեւելք խոյս տալու ժամանակ, դիմացէն տեղւոյն ազերի ուժեր անխղճօրէն կրակեցին բնակչութեան վրայ: Այսպիսով, անոնք ամէն գնով պիտի դիւրացնէին օրուան նախագահ Մութալիպովի հեռացումը իր պաշտօնէն։ Այդպէս ալ եղաւ եւ դեռ աւելի՛ն. այս շինծու սպանդը ցայսօր կը մնայ խաղաքարտ մը, քանի մը տարի առաջ այդ միեւնոյն օրերուն կատարուած Պաքուի եւ Սումկայիթի ջարդերուն եւ նոյնիսկ Արցախեան շարժման հերթական տարեդարձին։
Իսկ ինչպէ՞ս մեկնաբանել ներկայ նախագահին հօր՝ Հայտար Ալիեւի մէկ նենգամիտ արտայայտութիւնը․ «Խոճալուի արիւնահեղութիւնը մեր օգտին է: Հետեւաբար, մենք երբեք պէտք չէ որ միջամտենք․․․»:
hairenikweekly.com