«Հայրենիք»-ի խմբագրական. Էրտողանեան Ներխուժումներ
07 Մարտ 2020 Յատուկ բացատրութեան կը կարօտին Անգարայի սուլթանամէտ ղեկավար՝ Էրտողանի կազմակերպած ներխուժումները:Առաջին ներխուժումը, Սուրիոյ սահմանին մօտակայքը, Իտլիպի շրջանին վրայ կատարուած յարձակումն է Թուրքիոյ բանակին կողմէ: Յարձակում մը, որ ըստ նոյնինքն Էրտողանին, իր երկրի հարաւ-արեւմտեան սահմանին շուրջ ապահովութիւն ստեղծելու նպատակով կատարուած է:
Իսկ երկրորդը՝ դէպի արեւմուտք ներխուժումն է, որ կը կատարեն Թուրքիա փախուստ տուած հազարաւոր գաղթականներ: Արեւմուտք ըսելով, խօսքը սահմանակից Յունաստանի մասին է, որ ահաւոր վիճակի տակ կը գտնուի:

Եթէ առաջինի պարագային յարձակողը Թուրքիոյ բանակն է, բան մը որ տրամաբանական կարելի է նկատել մանաւանդ, որ կը ցոլացնէ Էրտողանի որդեգրած ծաւալապաշտ գործելաձեւը, վերոնշեալ երկրորդ ներխուժումն է, որ իսկապէս հարցադրումի տակ կ՛առնէ սուլթան Էրտողանին նենգամիտ ու սնոտի ընթացքը:
Կրկին անգամ նշենք, որ Սուրիոյ վրայ յարձակողները…Թուրքիոյ տարածաշրջանի պաշտպանութեան համար հրահանգի ենթարկուող զինուորներն են: Այս մէկն ալ հասկնալի է, մանաւանդ երբ պահ մը նկատի ունենանք, որ անոնք իսկապէս համոզուած են իրենց վստահուած պարտականութեան կամ աւելի ճիշդը՝ ուղեղալուացքի ենթարկուած են:
Սակայն, ինչպէ՞ս բացատրել Եւրոպայի վրայ ներխուժումը, որուն համար ո՛չ մէկ թուրք բանակային գործուղղուած է, այլ անմեղ գաղթականներ, ըլլան անոնք ալեհեր, երիտասարդ, պատանի կամ նոյնիսկ նորածին: Ահաւասիկ իւրայատուկ օրինակ մը ռազմական բնագաւառէն ներս outsourcing-ի, որ բոլորովին հեռու է օտար լեգէոնական ըլլալու կամ նոյնիսկ վարձկան զինուոր ըլլալու գաղափարէն:
Արդեօք տրամաբանակա՞ն է վայրկեան մը երեւակայել, թէ անզէն եւ նոյնիսկ անօթի գաղթականը հրահանգ ստացած է ներխուժելու, յաչս Թուրքիոյ պաշտպանութեան կամ աւելի ճիշդը՝ Անգարայի նախագահական Սպիտակ Տան բնակիչի մութ հաշիւներուն:
Բնականաբար, այս հազարաւոր անմեղներուն մէջ, դիտմամբ ներմուծուած են նաեւ մեղաւորներ, չըսելու համար պատրաստուած ահաբեկիչներ, միշտ ալ Անգարայի հայեցողութեամբ:
Թրքական իշխանութիւններու փոխադրակառքերով եւ նաւերով, այս գաղթականները կը հասնին սահման, ուր այս անգամ կը թուի թէ Եւրոպան միասնաբար գործի լծուած է դէմ դնելու:
Դեռ անցեալ Օգոստոսին էր, երբ Էրտողան քեմալական շարժման եւ Իզմիրի աղէտին մասին նուիրուած ձեռնարկի մը ընթացքին, լուսանկարուած էր քարտէսով մը, ուր Թուրքիոյ տարածութենէն ներս, նկատի առնուած էին նաեւ Եգէական ծովու գրեթէ կէսը, անոր արեւելեան եւ միջին մասերու յունական կղզիները, նայնիսկ Կրետէի արեւելեան ծովային մասը։
Եւ դեռ արտայայտուիլ, զրուցել ու բանակցիլ Թուրքիան Եւրոմիութեան անդամակցելու նիւթին առնչութեամբ…:
Արեւելեան ճակատը հանդարտ չի թուիր ըլլալ, հետեւաբար արեւմտեան ճակատէն ներս կը սպասուի, որ Անգարա լայն բանայ սահմանի դռները, գաղթականներու ճամբով, քաոս ստեղծելով:
hairenikweekly.com