Շնորհաւորական նամակներ՝ Արթուր Թովմասեանին եւ Վահրամ Բալայեանին
27 Մայիս 2020 ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան շնորհաւորական նամակ մը յղեց Արթուր Թովմասեանին, Արցախի Հանրապետության Ազգային ժողովի նախագահ ընտրուելու առիթով, ինչպէս նաեւ Վահրամ Բալայեանին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ ընտրուելու առիթով:
Իր ուղերձին մէջ Կարապետեան յաջողութիւն եւ նորանոր ձեռքբերումներ մաղթեց վերոնշեալ երկու նորընտիր անձնաւորութիւններուն, յայտնելով Եւրոպայի Հայդատի գրասենեակին եւ եւրոպական 13 երկիրներու մէջ գործող Հայ դատի յանձնախմբերուն անվերապահ պատրաստակամութիւնը շարունակելու իրենց աջակցութիւնը ցուցաբերել Արցախի ժողովուրդին , անոր ազատ ինքնորոշման եւ մարդկային իրաւունքներուն պահպանման աշխատանքներուն մէջ , արտաքին դաշտի վրայ եւ մանաւանդ Եւրոպական Միութեան մէջ:
«Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը մեծ նշանակութիւն կու տայ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներուն, ինչպէս նաեւ Եւրոպական խորհրդարանին եւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին միջեւ խորհրդարանական դիւանագիտութեան զարգացմանը եւ իր գործունէութեան կարեւոր մասը կ’ուղղէ այս նպատակին» նշեց Կարապետեան: