ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ընդունեց Ժոմպլաթի Կողմէ Գործուղուած Ռամի Ռայէսը
03 Հունիս 2020 ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի խորհրդատու Ռամի Ռայէսը, որ Ժոմպլաթի կողմէ գործուղուած էր:Հանդիպումին, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Յակոբ Հաւաթեան եւ տոքթ. Էլի Թաշճեան, Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Ռայէս երեսփոխան Յ. Բագրատունիի փոխանցեց Ժոմպլաթի ողջոյնները` աւելցնելով, որ ան յանձնառու կը մնայ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան եւ ՀՅ Դաշնակցութեան միջեւ հինէն եկող երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդման:
Ռայէս ընդգծեց, որ կան լիբանանեան ազգային շարք մը հարցեր, որոնց գծով զոյգ կուսակցութիւնները նոյնանման տեսակէտներ կը բաժնեն:
Յ. Բագրատունի բարձր գնահատեց Ժոմպլաթի նախաձեռնութիւնը, իր կարգին հաստատելով, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն նախանձախնդիր կը մնայ լիբանանեան ազգային մակարդակի վրայ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան հետ խորհրդակցութիւններն ու համագործակցութիւնը շարունակելու, յատկապէս տիրող դժուար պայմաններուն ընթացքին:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային իրավիճակը` լիբանանեան ներքին կացութեան վատթարացման իբրեւ հետեւանք բազմացող վտանգներուն լոյսին տակ:
Ռայէս ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին ներկայացուց երկիրը յուզող տնտեսական տագնապէն դուրս գալու Ուալիտ Ժոմպլաթի պատկերացումը` նկատի ունենալով բարեկարգումի այն առաջարկները, որոնք նախապէս տնտեսական ծրագիրով յայտարարուած էին:
aztagdaily.com