Զօրակցութիւն Լիբանահայութեան Ընդդէմ Թրքական Հայատեացութեան Վերջին Արտայայտութիւններուն
19 Հունիս 2020 Լիբանան կը գտնուի տնտեսական ու ելեւմտական խոր տագնապի մը մէջ, ինչ որ իր խոր ժխտական ազդեցութիւնը ունի տեղւոյն հայ համայնքին վրայ: Քաղաքացիական պատերազմի ամէնէն դժուար տարիներուն (1975-1990) իսկ, համայնքային հաստատութիւնները չեն գտնուած իրենց դռները փակելու սպառնալիքին դէմ յանդիման: «Քորոնա» ժահրի համավարակի պայմաններուն մէջ համայնքը շատ արագ կազմակերպեց հայկական թաղամասերու բժշկական, պարէնային եւ այլ ամէն ձեւի օժանդակութիւն հասցնելու աշխատանք: Համայնքի քաղաքական եւ կրօնական ղեկավարութիւնը դիմած է սփիւռքին` խնդրելով անոր օժանդակութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ դիմակայել օրհասական այս կացութիւնը:
Ասոր զուգահեռ, անցեալ 10 եւ 11 յունիսին համայնքը թիրախ եղաւ նոր եւ շատ լուրջ սպառնալիքի մը: Հայ հաղորդավար, լրագրող Նշան Տէր Յարութիւնեան, «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանի իր յայտագիրին ընթացքին «Թուիթըր»-ի ճամբով ստացաւ հայհոյանքներ, որոնց շարքին զինք «գաղթական» համարումը: Հաղորդավարը ուղղակիօրէն պատասխանեց այդ յարձակումներուն եւ ամբաստանութեան մատը յղեց դէպի Թուրքիա եւ նախագահ Էրտողան: Լրագրողին ելոյթին յաջորդեց հայատեացութեան արտայայտութիւններու ամբողջ տարափ մը, որոնց մեծ մասը ոչ լիբանանեան աղբիւրներէ կու գային: Այդ արտայայտութիւնները կ՛արդարացնէին Ցեղասպանութիւնը` ըսելով, որ «հայերը արժանի էին ջարդուելու»: Տեղի ունեցաւ թրքական դրօշակներով ցոյց` նոյն հայատեաց արտայայտութիւններով, որոնց հեղինակները իրենք զիրենք կը համարԵն օսմանցիներու ժառանգորդներ եւ Էրտողանի հետեւորդներ: Լիբանանի մէջ Մերտինցիներու արաբական միութեան նախագահ Մունիր Հասան օսմանցիները անուանեց իր «նախահայրերը» եւ ըսաւ, որ «լաւ գործ ըրին հայերը ջարդելով»: Ան հայերը կոչեց «յիմարներ, դաւաճաններ, վատեր եւ անյարգալիցներ»:
Բարեբախտաբար, լիբանանեան քաղաքական բոլոր շրջանակները իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին հայ համայնքին: Լիբանանի մէջ գործող հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւնները միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակեցին` դատապարտելով այս երեւոյթը եւ ինքնազսպումի կոչ ըրին հայ համայնքի զաւակներուն: ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի կոչ ուղղեց` զուսպ մնալու եւ գրգռութեանց տեղի չտալու: Հայկական երեսփոխանական պլոքը եւ խումբ մը հայ ու օտար փաստաբաններ դատական հարց յարուցեցին Մունիր Հասանի եւ Մերտինցիներու արաբական լիբանանեան միութեան դէմ: Նամակներ յղուած են Պէյրութի մէջ հաւատարմագրուած դեսպանութիւններուն` զգուշացնելով հայատեացութեան այս նորագոյն արտայայտութեան դէմ:
Արժանթինի Հայ համայնքի հաստատութիւնները այսու կու գան համայնքին ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնելու Լիբանանի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն: Հայատեացութեան այս արտայայտութիւնները ինքնաբուխ չեն, այլ մղուած եւ կազմակերպուած Անգարայի կողմէ: Համահունչ են Միջին Արեւելքի մէջ Թուրքիոյ ժխտողականութեան եւ նորօսմանական քաղաքականութեան: Սուրիոյ հիւսիսն ու Լիպիա իր զինուորական միջամտութենէն ետք, Էրտողանի վարչակարգը իր գործակալները եւ իր երաշխաւորած ու ֆինանսաւորած ծայրայեղական խմբակցութիւնները աշխուժացուցած է Լիբանանի մէջ եւս: Երկրի այս տագնապալի կացութենէն օգտուելով, Թուրքիա կը ջանայ հարուածել միջհամայնքային համակեցութիւնը եւ թիրախաւորել հայութիւնը այնպէս, ինչպէս թիրախաւորեց քիւրտերը Սուրիոյ մէջ:
Որպէս արժանթինցի քաղաքացիներ, մեր կառավարութեան ուշադրութեանը կը յանձնենք թրքական հայատեացութեան այս նոր դրսեւորումը լիբանանահայութեան դէմ եւ միջազգային բեմին վրայ արժանթինեան դիւանագիտութենէն կ՛ակնկալենք ցեղապաշտական այս քաղաքականութեան դէմ յստակ յանձնառութիւն: