Լիբանանի Խորհրդարանին Ներկայացուեցաւ Ապրիլ 24-ը Իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Եւ Ասորիներու Ու Քաղդէացիներու Ջարդերը Ոգեկոչելու Ազգային Սգատօն Հռչակելու Օրինագիծը
24 Հուլիս 2020 Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Էլիաս Հանքաշ երէկ յայտնեց, որ խորհրդարան ներկայացուցած են օրինագիծ մը, որուն հիման վրայ կը պահանջեն 24 ապրիլը վերածել Հայոց ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ ասորիներու եւ քաղդէացիներու ջարդերը ոգեկոչելու ազգային սգատօնի, որպէսզի լիբանանցի նորահաս սերունդներուն ու ուսանողներուն մօտ ցեղապաշտութեան վտանգներուն նկատմամբ գիտակցութիւն արթնցուի, ինչպէս նաեւ ընդգծուի մարդկային իրաւունքները յարգելու կարեւորութիւնը:Հանքաշ մաղթեց, որ խորհրդարանը վաւերացնէ այդ օրինագիծը:
Օրինագիծը ստորագրեցին խումբ մը երեսփոխաններ, որոնց շարքին` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:
Նշենք, որ Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի իր կարգին ստորագրած էր օրինագիծը, սակայն աւելի ուշ յետս կոչեց զայն` անոր վրայ բանեցուած ճնշումներուն պատճառով:

Հոս աւելցնենք, որ 11 յունուար 2019-ին, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ, ընկերակցութեամբ կուսակցութեան մէկ պատուիրակութեան, այցելեց «Շաղզոյեան» կեդրոն, ուր հանդիպում մը ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին հետ եւ անոր առաջարկեց օրինագիծ մը, որ Փաղանգաւոր կուսակցութեան պլոքը կը փափաքէր ներկայացնել խորհրդարան:
«Օրինագիծին հիման վրայ Ապրիլ 24-ը Լիբանանի մէջ պիտի հռչակուի Ցեղասպանութեան յիշատակումի օր, որուն ընթացքին կը յիշուին Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ Լեռնալիբանանի սովը, որոնց ենթարկուեցան հայ, ասորի, քաղդէացի, մարոնի եւ շիի փոքրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնք, որոնք հալածանքի ենթարկուեցան Լիբանանի դիմագրաւած այդ դժուար ժամանակաշրջանին ընթացքին», շեշտած էր Ժեմայէլ:
Ան աւելցուցած էր, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ողջունած է օրինագիծը` հաստատելով, որ օրինագիծին գծով նկատի պիտի առնուին երեսփոխան Յ. Բագրատունիի առաջարկած բարեփոխումները:
«Օրինագիծը միասնաբար ստորագրելէ ետք պիտի ներկայացնենք խորհրդարան եւ այդ իմաստով պիտի գործակցինք ու խորհրդակցութիւնները շարունակենք ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին ու քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ` ապահովելու համար անոր շուրջ խորհրդարանին համախոհութիւնը, որովհետեւ Լիբանանը բաղկացնող տարրերը փոքրամասնութիւններն են, եւ բոլոր այս փոքրամասնութիւններն ու համայնքները, որոնք հալածուած են ու անիրաւուած` հիմնած են Լիբանանը եւ անոնք այս երկրին մէջ եղած են նախքան Մեծն Լիբանանի յայտարարութիւնը: Անոնց շնորհիւ է, որ կերտուած է Լիբանանն ու պետութիւնը, հետեւաբար լիբանանեան պետութիւնը պէտք է ընդունի եւ ճանչնայ այդ փոքրամասնութիւններուն նահատակութիւնը, զոհողութիւնները եւ անոնց շնորհէ իրենց իրաւունքը: Իրաւունքը` ունենալու Ազգային օր մը, որուն ընթացքին յիշատակուին բոլոր նահատակներն ու Լիբանանի պատմութեան ընթացքին այդ համայնքներուն մատուցած զոհողութիւնները», եզրափակած էր Ժեմայէլ:
aztagdaily.com