Ատրպէյճանը, Թուրքիոյ աջակցութեամբ ոչ մէկ գութ կը ցուցաբերէ Արցախի խաղաղ բնակիչներուն նկատմամբ. Գանատայի խորհրդարանի անդամ Ֆայսալ Էլ Խուրի
29 Սեպտեմբեր 2020
Գանատայի Ազատական կուսակցութեան անդամ եւ խորհրդարանի անդամ Ֆայսալ էլ Խուրի ընկերային ցանցերու վրայ յատուկ գրառումով դատապարտեց Հայաստանի դէմ ուղղուած ատրպէյճանական յարձակումը: Իր գրառման մէջ ան յատկապէս շեշտեց, որ յարձակումները դիտաւորեալ թիրախ ընտրած են անմեղ քաղաքացիներ (երեխաներ, կանայք …), նշելով, որ Ատրպէյճանը, Թուրքիոյ անմիջական աջակցութեամբ բացարձակապէս ոչ մէկ գութ կը ցուցաբերէ Արցախի խաղաղ բնակիչներուն նկատմամբ և չի յարգեր միջազգային իրաւունքի հիմնական սկզբունքները։
horizonweekly.ca