Անին ծախուեցաւ, Շուշին ալ ծախուեցաւ. Իսկ հիմա… Լիլիթ Մակունցը Ուաշինկթընի մէջ դեսպա՞ն
20 Փետրվար 2021
Եռեւեփումի մէջ է ոչ միայն Հայաստանը,այլ նաեւ ամբողջ հայութիւնը, Ազգը։
Եռեւեփումի մէջ է ամբողջ Հարաւային Կովկասը, ուր Արեւմուտքի (Մ. Նահանգներ եւ Եւրոպական միութիւն), Իրանի, Ռուսիոյ (ներառեալ ԵԱՏՄի), Թուրքիոյ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի աշխարհաքաղաքական շահերը բախումնային կացութեան մէջ են։
Թէեւ տակաւին կանուխ է Պայտընի վարչակազմին հարաւկովկասեան քաղաքականութիւնը բնորոշելու, յստակ է մէկ բան, որ ան էապէս պիտի տարբերի Թրամփի օրերու վարքագիծէն։
Այս կացութեան մէջ, հրամայական կը դառայ Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի այնպիսի՛ դեսպանի մը նշանակումը, որ խորութեամբ ըմբռնէ այս ամբողջ իրադրութեան լրջութիւնը եւ լաւագոյնս ներկայացնէ, բացատրէ, պաշտպանէ ու հետապնդէ Հայաստանի շահերը Ուաշինկթընի մէջ, ըլլա՛յ Պետական քարտուղարութեան, ըլլա՛յ Սպիտակ տան մէջ։
Յանկարծ, քանի մը շաբաթ առաջ հայաստանեան մամուլին մէջ կը հաղորդուի, որ Ուաշինկթընի մէջ ՀՀ այժմու դեսպան Վարուժան Ներսիսեանը փոխարինելու համար, այդ պաշտօնին նկատի առնուած է… Լիլիթ Մակունցը, որ փաստօրէն ցարդ ոչ մէկ կապ ունեցած է դիւանագիտական ասպարէզին հետ։ Ինք ոչ մէկ կապ ունեցած էր նոյնիսկ քաղաքականութեա՛ն հետ, մինչեւ 2018ի իշխանափոխութիւնը։ Իր նշանակման լուրին յաջորդած օրերուն, տիկին Մակունց չխորշեցաւ ինքագովազդէ, պնդելով, որ ինք «լաւ անգլերէն գիտի», իսկ մնացեալը՝ «փորձառութեամբ» ինքնաբերաբար կու գայ։ Գրեթէ այս միտքով (չակերտներու մէջ իր իսկ բառերն են)։ Նոյն Մակունցն էր, որ երբ մշակոյթի նախարար նշանակուեցաւ 2018ին, նոյնպէս չխորշեցաւ ինքնագովասանքէ՝ երբ յայտարարեց, թէ «մշակոյթը իմ մէջ է»։ Ու տեսանք, թէ այն իշխանութիւնը, որուն մաս կը կազմէր Մակունցը, չվարանեցաւ լուծարքի ենթարկելէ թէ՛ մշակոյթի, թէ՛ գիւղատնտեսութեան եւ թէ՛ Սփիւռքի նախարարութիւնները։
Փակագիծ.- Նման պարագաներու դժուար է հեռու մնալ «ցինիզմ»է, աւելցնելու համար, որ եթէ այդպէս է, կրնանք «հին լեզուներու մասնագէտ»ն ալ Ասորեստան ուղակել իբրեւ դեսպան…
Հոս կարեւոր է հաստատել մէկ բան։ Հայաստանի անկախութենէն ի վեր, իրարայաջորդ բոլո՛ր վարչակազմերն ալ, Լ. Տ. Պետրոսեանէն սկսեալ, շատ լուրջի առած էին Ուաշինկթընի մէջ ՀՀ դեսպանութեան թէ՛ աշխատանքը, եւ թէ՛ զայն ղեկավարող դեսպանին որակները։
Վերջին հաշուով, Ուաշինկթըն ոչ միայն մայրաքաղաքն է գեր-տէրութեան մը, այլեւ ուժի այն համաշխարհային կեդրոնն է, որ ըսելիք ունի նաե՛ւ Հարաւային Կովկասի մէջ։ Այս տարածաշրջանին մէջ կան Արեւմուտքի ուժանիւթային եւ աշխարհաքաղաքական շահերը, ու այս շահերուն սերտօրէն առնչուած են Արցախի հարցը ու իբրեւ այդպիսին, ինքնաբերաբար նաեւ՝ Հայաստանը։ Ուաշինթընի մէջ Հայաստանի շահերու առաջ մղումին մէջ դերակատար է նաեւ ամերիկահայութիւնը՝ իր քաղաքական այն կշիռով որ ունի, հետեւաբար ՀՀ դեսպանութեան եւ դեսպանին առաքելութեան կարեւորութիւնը աւելիո՛վ կ՚ընդգծուի հայկական կողմին առաւելութիւն տուող այս ազդակով եւս։
Աւելորդ է ըսելը, որ դեսպանի պաշտօնին առաջադրուած այս տիկնոջ քաղաքական տեսադաշտն ու աշխարհընկալումը բացարձակապէս կապ չունին տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքական բուռն զարգացումներու ներքին «տինամիզմին» հետ։ Օրինակ մը տալու համար, Մակունց ի՛նքն էր, որ 44օրեայ պատերազմէն քանի մը շաբաթ առաջ կը յայտարարէր, թէ Թուրքիան միջամուխ չէ Արցախի հարցին, հաւանական պատերազմի մը պարագային։ Այս քաղաքական տհասութիւնը նաե՛ւ ցուցանիշն է Հայաստանի ղեկին ամուր կառչած այն իշխանութեան, որ տեսանք, թէ ինչպէս երկիրը դրաւ կործանումի ընթացքին մէջ՝ պատերազմէն շատ առաջ իսկ։
Պատերազմը ընթացաւ ու մեզի համար վերջ գտաւ աղէտալի պայմաններու մէջ, ու բազմաթիւ հարցականներով։ Չենք ուզեր կրկնել այն բոլոր անհասկնալի (երբեմն ալ իրենց «անհասկնալիութեամբ»… հասկնալի) դէպքերը, որոնք յանգեցան այս՝ մեզի համար աղէտալի ելքին։ Ամենամեծ հարցականներէն մէկը, բնականաբար, Շուշիի անկումն էր, որ մեզմէ շատերուն միտքին մէջ արթնցուց հազարամեակ մը առաջ տեղի ունեցած ուրի՛շ ողբերգական պարագայ մը, որ կ՚առնչուէր հայոց մայրաքաղաք Անիին։ Արդարեւ, Անիի անկումը եւս սերտօրէն առնչուած է դաւաճանական արարքի մը ու այդ մասով ալ՝ երկու անուններուն՝ Վեստ Սարգիս եւ Պետրոս Գետադարձ կաթողիկոս։
ՀՀ ներկայ իշխանութիւնները, մեծ ու փոքր վեստ սարգիսներով, Մակունցի նման՝ քաղաքական աշխարհընկալումէ ամբողջովին զուրկ մարդոց կոյտ մըն է, որ նուազագոյն լրջութիւնն իսկ չունի խորաչափելու համար Մ. Նահանգներու մէջ մեր երկրի դեսպանութեան խաղալիք դերին կարեւորութիւնը։ Անընդունելի է Մակունցը Ուաշինթընի մէջ դեսպան նշանակելու փաշինեանական այս մտագարութիւնը, յատկապէս այս օրերուն, երբ Մ. Նահանգներու նոր վարչակազմը կը պատրաստուի վերադառնալու Հարաւայի Կովկաս՝ նոր օրակարգով մը, որուն ծալքերը ըմբռնելու համար, անհրաժեշտ է դիւանագիտական բարձր ունակութիւններով օժտուած արհեստավարժ դեսպանի մը ներկայութիւնը, այլ ոչ թէ մէկը, որուն միակ «առաւելութիւնը» իր անգլերէն գիտնալն է… կարծէք այդ լեզուին իմացութիւնը աշխարհի վրայ մատի վրայ հաշուող քանի մը անհատներու մենաշնորհն է…
Իսկ ի՞նչ պիտի ըսեն Ուաշինթընի մէջ Պետական բաժանմունքին ու Սպիտակ տան «հին գայլերը», ի՞նչ պիտի ըլլայ անոնց հակազդեցութիւնն ու վերաբերումը, երբ թղթատեն իբրեւ դեսպան Լիլիթ Մակունցի թղթածրարը, որ բնականաբար զուրկ է քաղաքական-դիւանագիտական որեւէ որակէ։ Դժուար չէ պատերացնել այն պահը, երբ ըսենք, Էնթընի Պլինքըն (կամ իր, ըսենք… չորրորդ, կամ հինգերորդ տեղակալը) իր գրասենեակին մէջ ընդունի ՀՀ դեսպան Մակունցը ու ստիպուի նոյն նախադասութիւնը քանի մը անգամ կրկնելու, որպէսզի դիմացինը սկսի հասկնալու, թէ ինչի՞ մասին է խօսքը…
Մեր երկիրը կործանումի ընթացքի մէջ կը գտնուի այս ապաշնորհ իշխանութիւներուն վարած նոյնքան ապաշնորհ քաղաքականութեան հետեւանքով։ Ու փոխանակ մտածելու, որ հմուտ, փորձառու եւ արհեստավարժ դիւանագէտ մը առաքուի Ուաշինկթըն՝ դեսպանի պաշտօնին, որպէսզի կարելի ըլլայ գէթ «բան մը» փրկել, ահաւասիկ մեզի կը հրամցուի ապաշնորհ իշխանութեան նոյնքան ապաշնորհ ներկայացուցիչ մը։ Քանի մը տարի առաջ, Սերժ Սարգսեանի նախագահութեան օրերուն, նման իրադրութիւն մը ստեղծուեցաւ Լոս Անճելըսի մէջ, երբ գլխաւոր հիւպատոս նշանակուեցաւ Ս. Սարգիսովը, մէկը որ դարձեալ հեռու էր քաղաքական-դիւանագիտական աշխարհէն ու պարզապէս յաջողակ գործարար մըն էր Ռուսիոյ մէջ։ Սարգիսով ինքն ալ, Մակունցին նման, «անգլերէն գիտէր»… Հիմա, Սերժը «մերժողները» կը կրկնեն նոյն սխալները, միայն թէ աւելի ծանրակշիռ տարողութեամբ ու Հայաստանի համար շատ աւելի լուրջ կարեւորութիւն ունցող դրուագով մը, երբ խնդրոյ առարկայ է ոչ թէ գլխաւոր հիւպատոսի մը, այլ՝ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ ՀՀ նոր դեսպանի մը նշանակումը։
Պարոնայք իշխանաւորներ, երկիր ղեկավարելը ձեր գործը չէ։ Դուք երկիրը կործանումի ընթացքին մէջ դրած էք։ Հեռացէք այլեւս, ձեր փաշինեաններով ու մակունցներով։
ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
Լոս Անճելըս
20 Փետրուար 2021