ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Անդրանիկ (Օզանյան, 1866-1927). Հայոց Ազատամարտի անպարտելի Արծիվը

30 Օգոստոս 2018

30 Օ­գոս­տո­սի այս օ­րը, 91 տա­րի ա­ռաջ, Մ. Նա­հանգ­նե­րու ­Քա­լի­ֆոր­նիա նա­հան­գի Ֆ­րեզ­նօ քա­ղա­քին մէջ, բո­ցա­վառ իր աչ­քե­րը յա­ւի­տե­նա­պէս փա­կեց հայ ժո­ղո­վուր­դի նոր ժա­մա­նակ­նե­րու ա­ռաս­պե­լա­տիպ ­Քաջն ու Հե­րո­սը՝ ԱՆԴՐԱՆԻԿ։

Շատ է գրո­ւած ժա­մա­նա­կա­կից հա­յոց պատ­մու­թեան ե­զա­կի ու ար­ծո­ւեթ­ռիչ այս Հս­կա­յին մա­սին, որ 1890ա­կան­նե­րու վեր­ջե­րուն Սաս­նոյ լեռ­նե­րէն սկսաւ սա­ւառ­նիլ հա­յոց երկ­նա­կա­մա­րին վրայ, ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս խորհր­դան­շեց հայ ժո­ղո­վուր­դին մար­տա­կան ցայ­տուն ար­ժա­նիք­նե­րը՝ քա­ջու­թիւնն ու խի­զա­խու­թիւ­նը, յանդգ­նու­թիւնն ու անձ­նա­զո­հու­թիւ­նը, ռազ­մու­նա­կու­թիւնն ու տո­կու­նու­թիւ­նը, քսա­նե­րորդ դա­րու ա­ռա­ջին քսա­նա­մեա­կի հա­յոց դա­րա­կազ­միկ բո­լոր վե­րի­վայ­րում­նե­րուն վրայ դրաւ իր անջն­ջե­լի դրոշ­մը եւ… ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան նո­ւա­ճու­մէն ետք հե­ռա­ցաւ ­Հա­յաս­տան Աշ­խար­հէն՝ հե­ռա­ւոր Ֆ­րեզ­նո­յի ցուրտ հո­ղին մէջ իր վերջ­նա­կան ան­դոր­րը գտնե­լու հա­մար…

Վախ­ճա­նե­ցաւ՝ «­Գործս կէս մնաց»… տրտուն­ջը շրթնե­րուն։

Շատ է գրո­ւած եւ տա­կա­ւին շատ ու շատ պի­տի գրո­ւի ­Հա­յոց Ա­զա­տա­մար­տի ան­պար­տե­լի Ար­ծի­ւին մա­սին, որ անլ­ռե­լի երգ դար­ձաւ նախ նոյ­նինքն հայ ժո­ղո­վուր­դի բո­լոր խա­ւե­րու շրթնե­րուն։ ­Բա­նաս­տեղծ­նե­րէն ա­ռաջ ժո­ղովր­դա­յին մեր ա­շուղ­նե­րը վանկ առ վանկ հիւ­սե­ցին փառ­քը քաջ ֆե­տա­յիի, անձ­նու­րաց յե­ղա­փո­խա­կա­նի եւ հա­մազ­գա­յին հե­րո­սի ինք­նա­տիպ մարմ­նա­ւո­րու­մը հան­դի­սա­ցած այս մեծ Դաշ­նակ­ցա­կա­նին, որ ինչ­պէս Ա­ւե­տիս Ա­հա­րո­նեան պի­տի ընդգ­ծէր ան­զու­գա­կան հայ­դու­կա­պե­տին ու ան­վի­ճե­լի զօ­րա­վա­րին մա­հո­ւան ա­ռի­թով գրո­ւած իր մե­նագ­րու­թեան մէջ՝

«Անդ­րա­նիկ հայ ժո­ղովր­դի հա­մար ան­հատ չէ, այլ մարմ­նա­ցումն է մի հզօր ու ան­սա­սան գա­ղա­փա­րի։ Եւ իբ­րեւ այդ­պի­սին՝ նա ժո­ղովր­դի ե­րե­ւա­կա­յու­թեան մէջ ա­նանձ­նա­ցած, դիւ­ցազ­նա­կան է։ ­Կուռք է Անդ­րա­նի­կը, զոր մեր ժո­ղո­վուրդն է կռել, կո­փել ու քան­դա­կել հա­մա­պա­տաս­խան իր դա­րա­ւոր իղ­ձե­րի, ձգտում­նե­րի, ամ­բողջ իր ի­տէա­լին, ար­դա­րու­թեան եւ ի­րա­ւուն­քի ծա­րաւ իր հո­գու պա­հանջ­նե­րին։

«- Անդ­րա­նիկ գե­րա­զան­ցօ­րէն յե­ղա­փո­խա­կան էր։ Ըմ­բոս­տա­ցած հո­ղի ցա­սումն ու ընդվ­զու­մը։
«Եւ հէնց դրա հա­մար է, որ հո­ղի ու քրտին­քի մար­դիկ այն­պէս պինդ սի­րե­ցին նրան։
«Ա­ռաջ­նորդ, շէֆ էր ծնո­ւած Անդ­րա­նիկ։ Ա­մէն տեղ ու ա­մէն պա­րա­գա­նե­րում Անդ­րա­նիկ մնում էր տի­րա­կան, իշ­խող ու հրա­մա­յող։

«- ­Կու­սակ­ցու­թեան չէր կա­րող տո­կալ Անդ­րա­նիկ, թէեւ ոտ­քից գլու­խը դաշ­նակ­ցա­կան էր։ Ա­ւե­լի՛ն կ’ա­սեմ. նա կու­սակ­ցու­թիւն բնաւ չէր էլ հաս­կա­նում, ա­ւե­լի եւս՝ պե­տա­կա­նու­թիւն, ո­րի մա­սին շատ թիւր ըմբռ­նում ու­նէր»…
Շատ է գրո­ւած նաեւ ու մա­նա­ւանդ ­Դաշ­նակ­ցու­թե­նէն «խռո­ված» բաժ­նո­ւե­լու եւ իբ­րեւ այդ­պի­սին աչ­քե­րը փա­կե­լու Անդ­րա­նի­կի վեր­ջին տա­րի­նե­րու ող­բեր­գու­թեան մա­սին։

«­Քաջ Անդ­րա­նիկ»ի մա­հո­ւան 91ա­մեա­կին նո­ւի­րո­ւած յու­շա­տետ­րի այս է­ջով հարկ չկայ վե­րա­բա­նա­լու այդ դառն թղթած­րա­րը, ո­րով­հե­տեւ՝

— ­Նախ՝ ինչ­պէս Հ­րաչ ­Տաս­նա­պե­տեան կ­’ընդգ­ծէ, ­Դաշ­նակ­ցու­թե­նէն ան­դին՝ «­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան օ­րե­րուն ան­հա­մա­ձայ­նու­թիւն­ներ կ­’ու­նե­նայ Հան­րա­պե­տու­թեան կա­ռա­վա­րու­թեան հետ եւ կ’անց­նի ար­տա­սահ­ման»…

— Ա­պա՝ ինչ­պէս ­Գաբ­րիէլ ­Լա­զեան կը վկա­յէ, «Անդ­րա­նիկ խռո­ված մե­ռաւ Դաշ­նակ­ցու­թեան հետ։ ­Վեր­ջի­նը չպա­տաս­խա­նեց Անդ­րա­նի­կի կող­մէ ե­ղած վի­րա­ւո­րանք­նե­րուն եւ միշտ պա­հեց իր գուր­գու­րան­քը հե­րո­սին հան­դէպ։ Անդ­րա­նի­կի ամ­բողջ կեան­քը ան­քակ­տե­լի կա­պե­րով միա­ցած է ­Դաշ­նակ­ցու­թեան պատ­մու­թեան հետ»։

— ­Վեր­ջա­պէս եւ ա­մէ­նէն կա­րե­ւո­րը, ինչ­պէս որ ­Շա­ւարշ ­Մի­սա­քեան պի­տի նշէր 1928ի Յու­նո­ւար 29ին, «­Յա­ռաջ»ի է­ջե­րուն, Անդ­րա­նի­կի ա­ճիւն­նե­րուն Ֆ­րան­սա տե­ղա­փո­խու­թեան եւ ­Փէր ­Լա­շէ­զի մէջ թաղ­ման ա­ռի­թով՝ «­Հե­րո­սը որ կը թա­ղո­ւի այ­սօր, օ­տար հո­ղի վրայ, ու­նե­ցաւ փառ­քի եւ դառ­նու­թեան օ­րեր։

«­Փառք՝ ­Հա­յաս­տա­նի լեռ­նե­րուն վրայ, «իբ­րեւ ար­ծիւ»։ ­Դառ­նու­թիւն՝ քա­ղա­քի մէջ, իբ­րեւ զէն­քը վար դրած մարդ, որ ակ­ռայ կը կրճտէ, գոր­ծը կի­սատ մնա­լուն հա­մար։

«… ­Զին­քը չհասկ­ցող­նե­րը ու­զե­ցին իբ­րեւ դրա­մագ­լուխ ծա­ռա­յեց­նել իր վրի­պում­նե­րը։ Մին­չեւ այ­սօր ալ, այդ լպրծուն գետ­նին վրայ կե­ցեր են, ա­ռանց ըմբռ­նե­լու որ ա­տով ոչ թէ կը բարձ­րաց­նեն, այլ կը փոք­րաց­նեն հե­րո­սը»…։

Ա­մէն պա­րա­գա­յի, Անդ­րա­նիկ վե­րապ­րե­ցաւ Ա­զա­տու­թեան ­Ճա­նա­պար­հին իր դի­մագ­րա­ւած բո­լոր վտանգ­նե­րէն, օր­հա­սա­կան ճա­կա­տում­նե­րէն եւ մա­հո­ւան հետ ա­նո­ղոք «հան­դի­պում­նե­րէն», բայց ա­հա այդ­պէ՛ս, սու­րը ետ պա­տեա­նին մէջ դրած եւ Հա­յաս­տան ղրկած՝ ա­ռաս­պե­լա­կան հե­րոս­նե­րու տիե­զե­րա­կան օ­րի­նա­կով, իր կար­գին մա­հո­ւան յանձ­նո­ւե­ցաւ ռազ­մի դաշ­տե­րէն հե­ռու, այ­լեւ՝ հայ­րե­նի հո­ղէն հե­ռու եւ շա՜տ հե­ռու…

1866ին ­Շա­պին ­Գա­րա­հի­սար, հա­մեստ ա­տաղ­ձա­գոր­ծի մը ըն­տա­նե­կան յար­կին տակ ծնած Անդ­րա­նիկ Օ­զա­նեա­նը ծնուն­դով ճա­կա­տագ­րո­ւած էր, կար­ծէք, մարմ­նա­ւո­րե­լու հայ ժո­ղո­վուր­դին ար­դի ժա­մա­նակ­ներ մուտք գոր­ծե­լու խո­յան­քը։ Ու­նե­ցաւ հա­մեստ ծա­գում, ապ­րե­ցաւ պարզ հա­յու կեան­քով, ու­զեց ար­դար վաս­տա­կով ա­պա­հո­վել իր օ­րա­ւուր հա­ցը, բայց շա­րու­նա­կա­բար դէմ յան­դի­ման գտնո­ւե­ցաւ թրքա­կան բռնա­տի­րու­թեան եւ կե­ղե­քու­մին, հա­յա­ջինջ խոր­շա­կին եւ թրքա­մոլ խա­ւա­րամ­տու­թեան։

Հա­զիւ ե­րի­տա­սարդ էր, 18 տա­րե­կան, երբ հա­յոց ա­ւան­դա­կան օ­րէն­քով ա­մուս­նա­ցաւ, բայց դժբախ­տու­թիւ­նը ու­նե­ցաւ կորսնց­նե­լու իր կի­նը եւ, այ­նու­հե­տեւ, ամ­բող­ջո­վին կա­պո­ւե­ցաւ իր ազ­գին։

Հա­յոց յե­ղա­փո­խա­կան զար­թօն­քը վա­րա­կած էր նաեւ ­Շա­պին ­Գա­րա­հի­սա­րի հա­յու­թիւ­նը եւ Անդ­րա­նիկ փա­րե­ցաւ տեղ­ւոյն Վ­ռամ­շա­պուհ քա­հա­նա­յի (որ հե­տա­գա­յին պի­տի դառ­նար ­Փա­րի­զի հա­յոց ա­ռաջ­նորդ) կազ­մած յե­ղա­փո­խա­կան գաղտ­նի խմբա­կին։ Մատ­նու­թեան մը հե­տե­ւան­քով խմբա­կը գաղտ­նա­զեր­ծո­ւե­ցաւ, իսկ ան­դամ­նե­րը ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցան։ Ե­րի­տա­սարդ Անդ­րա­նիկ կար­ճա­տեւ բան­տար­կու­թե­նէ ետք ա­զատ ար­ձա­կո­ւե­ցաւ, ան­ցաւ ­Պո­լիս, ուր ա­տաղ­ձա­գոր­ծի աշ­խա­տան­քով իր կեան­քը կ­’ա­պա­հո­վէր եւ, միա­ժա­մա­նակ, պան­դուխտ հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու մօտ, ազ­գա­յին-յե­ղա­փո­խա­կան շուն­չով ինք­նա­կազ­մա­կերպ­ման աշ­խա­տանք կը ծա­ւա­լէր։ Այդ­պէ՛ս մաս­նակ­ցե­ցաւ 1895ի ­Պա­պը Ա­լիի մեծ ցոյ­ցին, ո­րուն ան­փա­ռու­նակ վախ­ճա­նէն ետք ան­ցաւ ­Կով­կաս, ծա­նօ­թա­ցաւ եւ ան­դա­մագ­րո­ւե­ցաւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան։ Եր­կիր մտնե­լու եւ յե­ղա­փո­խա­կան բուն գոր­ծին նո­ւի­րո­ւե­լու կրա­կով կ­’այ­րէր նաեւ Անդ­րա­նիկ, որ 1897ի Յու­լի­սին, պարս­կա­կան սահ­մա­նէն ­Վան անց­նող ­Վազ­գէ­նի եւ ­Գուր­գէ­նի խում­բին հետ, իբ­րեւ պարզ զի­նո­ւոր մտաւ Եր­կիր, ան­ցաւ ­Սա­սուն եւ իր ճա­կա­տա­գի­րը կա­պեց ­Տա­րօն Աշ­խար­հին։
Շատ կարճ ժա­մա­նա­կի մէջ հաս­տա­տո­ւե­ցաւ Անդ­րա­նի­կի հռչա­կը՝ իբ­րեւ քաջ ֆե­տա­յի, խի­զախ մար­տիկ եւ յան­դուգն ռազ­միկ, որ թէ՛ կազ­մա­կեր­պա­կան բնա­տուր տա­ղանդ ու­նէր, թէ՛ ռազ­մա­կան վտան­գա­ւոր պա­հե­րը դի­մագ­րա­ւե­լու բա­ցա­ռիկ ըն­դու­նա­կու­թիւն։ Իսկ ժո­ղո­վուր­դի զա­ւա­կի իր նկա­րագ­րով, ըն­կե­րա­յին բնա­ւո­րու­թեամբ եւ պար­զու­թեամբ՝ Անդ­րա­նիկ ան­մի­ջա­պէս դար­ձաւ սա­սուն­ցի թէ ­Հա­յաս­տան Աշ­խար­հի տար­բեր շրջան­նե­րէն ­Սա­սուն փու­թա­ցած հայ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րու սի­րե­լին ու վստա­հե­լին։
Սե­րոբ Աղ­բիւ­րի մատ­նու­թե­նէն եւ ա­նարգ գլխա­տու­մէն ետք, Անդ­րա­նիկ իր ըն­կեր­նե­րով լու­ծեց ­Սե­րո­բի վրէ­ժը, գլխա­տեց Պ­շա­րա ­Խա­լի­լը եւ, այ­նու­հե­տեւ, ­Սաս­նոյ յե­ղա­փո­խա­կան կազ­մա­կերպ­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ՝ ­Վա­հա­նի, Հ­րայր Դ­ժոխ­քի, Գուր­գէ­նի, ­Գէորգ ­Չա­ւու­շի եւ ա­նո­ւա­նի հայ ֆե­տա­յի­նե­րու կող­քին, Անդ­րա­նիկ մեծ ներդ­րում ու­նե­ցաւ, յատ­կա­պէս Ա­ռա­քե­լոց ­Վան­քի պատ­մա­կան կռո­ւին հե­րո­սու­թեան իր հռչա­կը նո­ւի­րա­գոր­ծե­լով։
Սաս­նոյ երկ­րորդ ապս­տամ­բու­թեան, Անդ­րա­նիկ ընտ­րո­ւե­ցաւ զի­նո­ւո­րա­կան ընդ­հա­նուր հրա­մա­նա­տար եւ ամ­բող­ջա­պէս ար­դա­րա­ցուց ի­րեն հան­դէպ ցու­ցա­բե­րո­ւած վստա­հու­թիւ­նը։ Ոչ միայն հրաշք­ներ գոր­ծեց կռիւ­նե­րու ըն­թաց­քին, այ­լեւ մեծ ռազ­մա­գէ­տի հնա­րամ­տու­թեամբ ղե­կա­վա­րեց ֆե­տա­յի­նե­րու ­Սա­սու­նէն հե­ռա­ցու­մը դէ­պի Վան եւ պարս­կա­կան սահ­ման, երբ նա­հան­ջի ո­րո­շու­մը կա­յա­ցու­ցին ­Տա­րօ­նի եւ Վաս­պու­րա­կա­նի յե­ղա­փո­խա­կան շարժ­ման ղե­կա­վար­նե­րը, Աղ­թա­մար կղզիի վրայ ի­րենց մեծ խորհր­դակ­ցու­թեան ժա­մա­նակ։
Այ­նու­հե­տեւ հայ ժո­ղո­վուր­դի աս­տան­դա­կան կեան­քին բաժ­նե­կի­ցը դար­ձաւ Անդ­րա­նիկ, ո­րուն ա­նունն ու քա­ջա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը ա­ռաս­պե­լա­կա­նա­ցու­ցած էին ար­դէն հայ ա­շուղ­ներն ու գրող­նե­րը։ ­Հայ ժո­ղո­վուր­դի աչ­քին Անդ­րա­նիկ մարմ­նա­ւո­րեց հա­յոց Ա­զա­տա­մար­տը եւ այդ հռչա­կով ու դափ­նեպ­սա­կով՝ ո՛ւր որ ալ գնաց, Ե­գիպ­տոս, ­Ժը­նեւ թէ ­Պուլ­կա­րիա, ա­մէ­նուր Անդ­րա­նիկ ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս տէր կանգ­նե­ցաւ հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման մար­տա­կան ղե­կա­վա­րի՝ դաշ­նակ­ցա­կան հայ­դու­կա­պե­տի իր կո­չու­մին։
Իբ­րեւ այդ­պի­սին մաս­նակ­ցե­ցաւ Հ.Յ.Դ. 4րդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վին եւ մեծ ներդ­րում ու­նե­ցաւ հայ ա­զա­տագ­րա­կան շար­ժու­մը ա­րեւմ­տա­հա­յու եւ ա­րե­ւե­լա­հա­յու պա­ռակ­տու­մէն փրկե­լու եւ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ա­ւե­լիով միա­կամ ու հզօր վե­րա­կանգ­նե­լու դժո­ւա­րին գոր­ծին յա­ջո­ղու­թեամբ պսա­կու­մին մէջ։ Իբ­րեւ այդ­պի­սին իր ղե­կա­վար մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ նաեւ ­Պուլ­կա­րիոյ մէջ Հ.Յ.Դ. ­Զի­նո­ւո­րա­կան վար­ժա­րա­նի ստեղծ­ման ու կազ­մա­կերպ­ման մէջ՝ Ռոս­տո­մի կող­քին։

1908ի Օս­մա­նեան ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան նկատ­մամբ թե­րա­հա­ւա­տու­թեան դրօշ պար­զող ա­ռա­ջին դաշ­նակ­ցա­կան­նե­րէն ե­ղաւ Անդ­րա­նիկ, որ ի տես Իթ­թի­հա­տի հետ Դաշ­նակ­ցու­թեան սկզբնա­կան գոր­ծակ­ցու­թեան՝ նաեւ հրա­պա­րա­կաւ ու ցու­ցադ­րա­կա­նօ­րէն ­Դաշ­նակ­ցու­թե­նէն հե­ռա­ցաւ, բայց միայն ժա­մա­նա­կա­ւո­րա­պէս, ո­րով­հե­տեւ երբ 1913ի ­Պալ­քա­նեան ­Պա­տե­րազ­մին ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը դի­մեց իր հայ­դու­կա­պե­տին, Անդ­րա­նիկ ան­վե­րա­պա­հօ­րէն լծուե­ցաւ հայ­կա­կան գուն­դի կազ­մու­թեան՝ պուլ­կար­նե­րու կող­քին պա­տե­րազ­մի դաշտ իջ­նե­լու եւ ան­վի­ճե­լի զօ­րահ­րա­մա­նա­տա­րի իր կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը վերջ­նա­կա­նա­պէս նո­ւի­րա­գոր­ծե­լու հա­մար։

Այ­նու­հե­տեւ զօ­րահ­րա­մա­նա­տա­րի աս­պա­րէզ մը ե­ղաւ Անդ­րա­նի­կի կեան­քը։ Դաշ­նակ­ցու­թեան հետ գա­ղա­փա­րա­կան իր պոր­տա­կա­պը անխ­զե­լի պա­հե­լով հան­դերձ՝ Անդ­րա­նի­կի մէջ զօ­րահ­րա­մա­նա­տար գոր­ծի­չը շա­րու­նակ բախ­ման մէջ ե­ղաւ դաշ­նակ­ցա­կան կազ­մա­կեր­պա­կան գոր­ծի­չին հետ. հա­կադ­րուե­ցաւ օ­րո­ւան մար­մին­նե­րու քա­ղա­քա­կան ո­րո­շում­նե­րուն եւ կազ­մա­կեր­պա­կան տնօ­րի­նում­նե­րուն. ընդ­հան­րա­պէս թե­րա­հա­ւա­տու­թեամբ եւ վե­րա­պա­հու­թեամբ մօ­տե­ցաւ ­Թիֆ­լիս կեդ­րո­նա­ցած ղե­կա­վա­րու­թեան քայ­լե­րուն եւ կար­գադ­րու­թիւն­նե­րուն։ ­Բայց երբ Հ.Յ.Դ. Բիւ­րոն պաշ­տօ­նա­պէս դի­մեց ար­դէն ազ­գա­յին հե­րոս Անդ­րա­նի­կին, ո­պէս­զի իր ղե­կա­վար դե­րը ստանձ­նէ 1915ին ­Հայ ­Կա­մա­ւո­րա­կան ­Շարժ­ման կազ­մա­կերպ­ման մէջ, Անդ­րա­նիկ ան­վա­րան ըն­դա­ռա­ջեց եւ ստանձ­նեց ­Կա­մա­ւո­րա­կան Ա­ռա­ջին ­Գուն­դի հրա­մա­նա­տա­րու­թիւ­նը։

Մեծ ­Զօ­րա­վա­րի գոր­ծու­նէու­թեան տա­րի­ներ ե­ղան, մին­չեւ 1920 թո­ւա­կա­նը եւ Հա­յաս­տա­նէն վերջ­նա­կան հե­ռա­ցու­մը, Անդ­րա­նի­կի ո­գո­րում­նե­րը ռազ­մա­դաշ­տե­րուն վրայ։ ­Յատ­կա­պէս ­Դիլ­մա­նի ճա­կա­տա­մար­տը պատ­մա­կան նշա­նա­կու­թեամբ դափ­նեպ­սակ կազ­մեց Անդ­րա­նիկ ­Զօ­րա­վա­րի զի­նո­ւո­րա­կան կեան­քին մէջ՝ դաշ­նակ­ցա­կան ֆե­տա­յին եւ հա­յոց ազ­գա­յին հե­րո­սը ար­ժա­նաց­նե­լով ցա­րա­կան բա­նա­կի սպա­յա­կոյ­տին բարձ­րա­գոյն գնա­հա­տան­քին։

Բայց 1917ի ­Պոլ­շե­ւի­կեան յե­ղա­փո­խու­թեամբ սկսած ռուս-թրքա­կան ռազ­մա­ճա­կա­տի ընդ­հա­նուր փլու­զու­մը իր ծան­րա­գոյն անդ­րա­դար­ձը ու­նե­ցաւ ինչ­պէս ­Հա­յաս­տա­նի ու հայ ժո­ղո­վուր­դի, նոյն­պէս եւ Անդ­րա­նի­կի ազ­գա­նո­ւէր գոր­ծու­նէու­թեան վրայ։ Յատ­կա­պէս ­Կար­նոյ մէջ իր ռազ­մա­կան ձա­խո­ղու­թե­նէն եւ քա­ղա­քի պար­պու­մէն ետք, Անդ­րա­նիկ մատ­նո­ւե­ցաւ ներ­քին ան­դո­հան­քի, որ շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ մին­չեւ իր մա­հը՝ հա­կա­սու­թիւն­նե­րու, ինք­նա­հաս­տատ­ման եւ ինք­նաժխ­տու­մի ծանր պա­հեր ստեղ­ծե­լով անն­ման Անդ­րա­նի­կի կեան­քի վեր­ջա­լոյ­սին։

Բ­նաւ չըն­դու­նեց ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հռչա­կու­մը. ­Հա­յաս­տա­նի ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան ստեղ­ծու­մը «թուր­քե­րու նո­ւէ­րը» հռչա­կող­նե­րէն ե­ղաւ. նոյ­նիսկ Ե­րե­ւա­նի վրայ յար­ձա­կե­լու սպառ­նա­լիք ալ ը­րաւ… ­Բայց մին­չեւ ­Հա­յաս­տա­նէն վերջ­նա­կան հե­ռա­ցու­մը, որ ի դէպ ­Դաշ­նա­կից­նե­րու՝ անգ­լիա­կան բա­նա­կի հրա­մա­նա­տա­րու­թեան ցուց­մուն­քով կա­տա­րո­ւե­ցաւ, Անդ­րա­նիկ իր կա­մա­ւոր­նե­րով փու­թաց հոն, ուր թրքա­կան վտանգ կար։ ­Զան­գե­զու­րը, իբ­րեւ այդ­պի­սին, հան­դի­սա­ցաւ թրքա­կան զօր­քի դէմ հա­յոց պաշտ­պա­նու­թեան վեր­ջին ռազ­մա­ճա­կա­տը Անդ­րա­նի­կի եր­կա­րա­մեայ գոր­ծու­նէու­թեան ըն­թաց­քին։

Ար­տա­սահ­ման անց­նե­լով՝ Անդ­րա­նիկ ամ­բող­ջա­պէս շրջա­պա­տո­ւե­ցաւ հայ ու­նե­ւոր եւ պահ­պա­նո­ղա­կան խա­ւին կող­մէ։ ­Պօ­ղոս ­Նու­պար փա­շա­յի կնքա­հայ­րու­թեամբ ա­մուս­նա­ցաւ ալ։ Գ­րեց եւ խօ­սե­ցաւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան դէմ, որ սա­կայն եր­բեք հան­դէս չե­կաւ ան­վի­ճե­լի իր զաւ­կին դէմ, ընդ­հա­կա­ռակն՝ միայն հաս­կա­ցո­ղու­թեամբ ու նե­րո­ղամ­տու­թեամբ հետեւեցաւ ա­նոր ներ­քին տո­ւայ­տան­քին, ո­րով­հե­տեւ հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան ա­նո­ղոք ճա­կա­տագ­րին հա­րա­զատ ու դառ­նա­գոյն ցո­լա­ցումն էր Անդ­րա­նի­կի կեան­քի վեր­ջա­լոյ­սին վրայ իշ­խող այդ ամ­բողջ ան­դո­հան­քը։

Ա­հա այդ­պէ՛ս Անդ­րա­նիկ ի­րեն նուի­րո­ւած մե­ծահռ­չակ «­Սու­րը» նո­ւի­րեց ­Հա­յաս­տա­նի խորհր­դա­յին կա­ռա­վա­րու­թեան, լծո­ւե­ցաւ ­Հայ­րե­նի­քի օգ­նու­թեան հաս­նե­լու եւ ար­տերկ­րի հայ տա­րա­գիր­նե­րու կեան­քի դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը յաղ­թա­հա­րե­լու գոր­ծին։ Ան­ցաւ ու հաս­տա­տո­ւե­ցաւ Ֆ­րեզ­նօ, ուր եւ չդի­մա­ցաւ այ­լեւս տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին զինք տա­ռա­պե­ցու­ցած սուր յօ­դա­ցա­ւե­րուն։
Հա­զիւ 61 տա­րե­կան էր ­Դաշ­նակ­ցա­կան ­Ֆե­տա­յին, ­Հա­յոց ­Զօ­րա­վարն ու Ազ­գա­յին ­Հե­րո­սը, երբ 30 Օ­գոս­տոս 1927ին առ­յա­ւէտ փա­կեց իր աչ­քե­րը։ Ֆ­րեզ­նո­յի ցուրտ հո­ղէն իր ա­ճիւն­նե­րը փո­խադ­րո­ւե­ցան ­Փա­րիզ եւ ազ­գա­յին մեծ շու­քով ամ­փո­փո­ւե­ցան ­Փէր Լա­շէ­զի գե­րեզ­մա­նա­տու­նը։ ­Հա­կա­ռակ հայ­րե­նի­քի մէջ թա­ղո­ւե­լու Անդ­րա­նի­կի կտա­կին՝ ա­տե­նին ­Խորհր­դա­յին ­Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը չու­զե­ցին կա­տա­րել Անկրկ­նե­լի Հա­յուն կտա­կը եւ միայն 2000ին, վե­րան­կա­խա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան օ­րով, Անդ­րա­նիկ իր ար­ժա­նի տեղն ու վերջ­նա­կան հան­գիս­տը գտաւ Ե­ռաբլու­րի մէջ։

Հա­յոց Ա­զա­տա­մար­տի ան­պար­տե­լի Ար­ծի­ւին յի­շա­տա­կին՝ այ­սօր չենք կրնար չյի­շել յատ­կա­պէս ­Սիա­ման­թո­յի «­Հա­յոր­դի­նե­րը» շար­քին Անդ­րա­նի­կի նո­ւի­րո­ւած դի­պուկ պատ­գա­մը.

«­Խօ­սե­ցաւ ին­ծի ան եւ իր բա­ռե­րը ի­րա­րու ե­տե­ւէ եւ կարգ առ կարգ
Խիստ էին եւ քաղցր եւ ճշմա­րիտ եւ քի­նա­խոյզ եւ առ­նա­կան…
«Ոտ­քի՛ կե­ցի՛ր այն ա­տեն, եղ­բայ­րա­ցի՛ր խում­բե­րուս եւ մրրկո­ւէ՛ ա­նոնց հետ,
Ո­րով­հե­տեւ գիտ­ցիր որ այս զո­հա­բե­րու­մի, ընդվ­զու­մի եւ յոյ­սի օ­րե­րուն
Մեր ա­մէն մէ­կուն հա­մար ան­կող­նի մէջ հո­գի տա­լը վա­տու­թիւնն է վա­տու­թիւն­նե­րուն»…
Ան­զու­գա­կան Անդ­րա­նիկ այդ­պի­սի՛ վա­տա­գոյն վախ­ճան ու­նե­ցաւ, ո­րով­հե­տեւ ռազ­մի դաշ­տէն չհե­ռա­ցաւ վա­հա­նով կամ վա­հա­նի վրայ, այլ հե­ռա­ւոր Ֆ­րեզ­նո­յի մէջ եւ փա­փուկ սնա­րի վրայ իր ան­զօր կա­տա­ղու­թեամբ մա­շե­ցաւ, հան­գե­ցաւ ու ­Փէր ­Լա­շէ­զի պան­թէո­նին մէջ Ազ­գա­յին ­Հե­րո­սի փառ­քով… դամ­բա­րան ու­նե­ցաւ։

Դար­ձեալ ­Շա­ւարշ ­Մի­սա­քեա­նի բա­ռե­րով՝ «Անդ­րա­նի­կը թա­ղե­լով ­Փէր ­Լա­շէ­զի մէջ, կաղ­նե­փայ­տէ սնտու­կով, մեր ուխ­տը պի­տի ըլ­լայ ոչ թէ ցու­ցադ­րել զայն իբ­րեւ հին փառ­քի ա­մուլ յի­շա­տա­կա­րան մը, ինչ­պէս ­Լե­ւոն ­Լու­սի­նեա­նը, այլ իբ­րեւ կեն­դա­նի մա­սունք մը, որ ուժ եւ հա­ւատք պի­տի կա­թեց­նէ թմրու­թեան դա­տա­պար­տո­ւած հո­գի­նե­րուն մէջ։

«Իր դամ­բա­րա­նը պէտք է դառ­նայ ներշն­չա­րան մը, որ­պէս­զի ա­ւե­լի ա­մուր քա­լենք դէ­պի Անդ­րա­նիկ­նե­րու ե­րա­զը,- դէ­պի հայ­րե­նի­քի եւ ժո­ղո­վուր­դի ա­զա­տու­թիւ­նը»։

Այ­սօր ար­դէն իր պաշ­տած ­Հա­յաս­տան Աշ­խար­հին գիր­կը վե­րա­դար­ձած է 30 Օ­գոս­տոս 1927ին վախ­ճա­նած ­Սաս­նոյ Ար­ծի­ւը, որ իր սե­րուն­դին հետ մարմ­նա­ւո­րեց ե­րա­զը ամ­բող­ջա­կան ­Հա­յաս­տա­նի ու ամ­բող­ջա­կան հա­յու­թեան ա­զա­տու­թեան եւ ան­կա­խու­թեան:

Ե­րազ՝ ո­րուն հաս­նե­լու եր­թը կը շա­րու­նա­կո­ւի։
Պի­տի՛ շա­րու­նա­կո­ւի։

Ն.

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրնական վարչութեան յայտարար

Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը խոր մտահոգութեամբ կը հետեւի Հայա

16 Հունիս 2025
Հայկական Գաղութները Միջին Արեւելքի Մէջ

1- Հայկական գաղութները Միջին Արեւելքի մէջ` պատմական շարունակականութիւն եւ ներկ

16 Հունիս 2025
ՀՅԴ Հայաստանի կազմակերպության 28-րդ Գե

ՀՅԴ Հայաստանի կազմակերպության 28-րդ Գերագույն ժողովը գումարվեց Հայաստանի Հանրա

16 Հունիս 2025
Ակնարկ.- Իրանի վրայ յարձակումին յայտար

Աշխարհը արդէն սկսած է հաշուել Իրանի վրայ Իսրայէլի յարձակման եւ Իրանի ինքնապաշտ

16 Հունիս 2025
Ավարտվել է ՀՅԴ Հայաստանի կազմակերպությ

Հունիսի 15-ին Հայաստանում իր աշխատանքներն է ավարտել ՀՅԴ Հայաստանի կազմակերպութ

15 Հունիս 2025
Թեհրանի ռմբակոծությունից վնասվել է հայ

Իրանում, իհարկե, փաստացի պատերազմական իրավիճակ է, բոլորը սպասողական վիճակում ե

15 Հունիս 2025
ՀՅԴ Բյուրոյի հայտարարությունը

Հունիսի լույս 13-ի գիշերը Իսրայելի ռազմաօդային ուժերը զանգվածային հարվածներ են

14 Հունիս 2025
Սարգիս Ազնաւորեանի Նահատակութեան 40-Ամ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէին, ուրբաթ, 6 յունիս 2025-ի երեկոյեա

13 Հունիս 2025
Իրանում հայեր չեն տուժել, զոհեր և վիրա

Իսրայելի կողմից Իրանին հասցված հարվածներն ունեցել են կոնկրետ թիրախային բնույթ,

13 Հունիս 2025
Իրանը լուրջ պատասխան է պատրաստում

Իսրայելն այս գիշեր հարվածներ է հասցրել Իրանին: Կան բազմաթիվ զոհեր և վիրավորներ

13 Հունիս 2025
Եթե ԱՄՆ–ն չզսպի Իսրայելին, ռիսկային վի

Հերթական անգամ փորձում են հարվածել Իրանին. վիճակը դեռ անորոշ է, այս պահին հնար

13 Հունիս 2025
ՀՕՄ-ը հաստատ քայլերով կը շարունակէ իր

Ամեակներու նշումը վերանորոգումի, ՀՕՄ-ի հիմքերը ամրացնելու եւ նոր ուժերով շարու

13 Հունիս 2025
Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական

Նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, երեքշաբթի, 10 յունիս 2025-ին սկսան

13 Հունիս 2025
«Ռազմիկ» Կը Շարունակէ Մնալ Երիտասարդու

Այսօր մեզի համախմբողը «Ռազմիկ» պաշտօնաթերթն է: Հաւաքուած ենք այսօր հաղորդակից

12 Հունիս 2025
Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Նուիր

Ահաւասիկ քանի մը տարիներու տպագիր ձեւաչափով բացակայութենէն ետք, այս տարի տպագի

12 Հունիս 2025
Տեղի կունենա ՀՅԴ Հայաստանի 28-րդ Գեր

2025 թվականի հունիսի 13-15-ը տեղի է ունենալու ՀՅԴ Հայաստանի 28-րդ Գերագույն ժո

12 Հունիս 2025
Խմբագրական. Պատերազմ, որում պէտք է յաղ

Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցու եւ նրա սպասաւորների դէմ ՀՀ վարչապետի աթ

12 Հունիս 2025
Ակնարկ. Նախաձեռնութիւնը Եւ Հետագայ Միա

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին անվստահութիւն յայտնելու կամ պաշտօնանկ ընել

12 Հունիս 2025
Հետեւողական Եւ Կազմակերպուած Պայքարի Դ

Ազգը այն հաւաքականութիւնն է, որ կը բնորոշուի` իր պատմական միասնական զարգացումո

11 Հունիս 2025
Ֆրանսիայի Հայկական Կազմակերպություններ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կրկնվող հարձակումները Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի դեմ, ն

11 Հունիս 2025
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company