Արտօնուեցաւ Կազմել Նոր Կառավարութիւն
13 Սեպտեմբեր 2021
Եւ վերջապէս, տրուեցաւ որոշումը, կազմուեցաւ նոր կառավարութիւն:
13 ամսուան անձկալի սպասումէ ետք, 2 նշանակեալ վարչապետներու հրաժարումէն ետք, Նեժիպ Միքաթի կազմեց կառավարութիւն մը, որ նուազագոյն ակնկալութեամբ համեստ յոյսեր պիտի ներշնչէ բազմաչարչար լիբանանցի քաղաքացիին:
Անկախ ներքին, ներլիբանանեան պարանաձգութենէն, իրաւասութիւններու քաշկռտուքէն, բարձր առաստաղներու պահանջէն եւ յատկանիշներու ճշդումէն, փաստօրէն Լիբանանին արտօնուեցաւ արտաքին ուժերու կողմէ արգելքներու վերացումով եւ ազդանշանի փոխանցումով, որ կարելի է կառավարութիւն ունենալ:
Եւ ահա նոր կառավարութիւն մը:
Անկախ նախարարնե՞ր, ոչ կուսակցական նախարարնե՞ր, մասնագէտնե՞ր, քաղաքական կողմերու ներկայացուցիչնե՞ր, մէկ երրո՞րդ, աւելի կամ պակա՞ս, փաստօրէն այսօր ունինք կառավարութիւն մը, որ սկզբունքով պէտք է ապրի մինչեւ յառաջիկայ մայիսի խորհրդարանական ընտրութիւններ:
Ի՞նչ կը սպասէ ժողովուրդը այս կառավարութենէն:
Քաղաքացին հասաւ տեղ մը, (աւելի ճիշդ` զինք հասցուցին), ուր այլեւս բնական իրաւունքներու ձեռքբերումը վերածուեցաւ նուաճումի, յաղթանակի, ուրախութեան եւ ինքնագոհութեան:
Քիչ մը աւելի ելեկտրականութիւն, քիչ մը նուազ սպասում վառելանիւթի կայարաններուն դիմաց, 1 ծրար աւելի հաց, տոլարի սակի համեմատական նուազում, դեղորայքի դիւրին ձեռքբերում եւ այսքան:
Մնացեալը` մոռացումի տալու ձգտում, եթէ ոչ պահանջ:
Ո՞վ կը յիշէ այսօր, թէ ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս ծայր առաւ 17 հոկտեմբերի ժողովրդային ցասումը: Ո՞վ կը յիշէ փտածութեան վերացման, պետական գանձի յափշտակման, այլ խօսքով` գողութեան, դրամատուներու «սնանկացման», քաղաքական, դրամատնային հեղինակութեանց, բարձրաստիճան պաշտօնեաներու, մեծ գործատէրերու, նոյնիսկ կրօնական եւ տեղեկատուական անհպելի անձնաւորութիւններու դրամատնային գումարները արտահանելու յանցանքները:
Ո՞վ կը յիշէ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետքերը որոնելու եւ պատասխանատուները պատժելու պարտաւորութիւնը (բացի ժողովրդահաճոյ արտայայտութիւններէն եւ նահատակներու պարագաներէն):
Ո՞վ կը յիշէ վարչական, ընկերային, կենցաղային, ելեւմտական եւ տնտեսական բարեկարգումներու անյետաձգելի պահանջը:
Ո՞վ կը յիշէ իրաւական հետաքննութիւն կատարելու որոշումն ու անհրաժեշտութիւնը` ճշդելու գողերու եւ աւազակներու անունները:
Այս բոլորը մոռացումի տրուած են, եւ կը սպասենք լաւ օրերու` նոր կառավարութեան կազմութեամբ, որուն հիմնական նպատակը պիտի ըլլայ նուազեցնել ժողովուրդին աղէտալի տառապանքը:
Մինչ այս սակայն, քաղաքական պարկեշտութեամբ կարելի չէ մոռնալ մեկնող կառավարութեան աշխատանքները:
Ըստ էութեան, իր կազմութեան առաջին օրէն իսկ, որոշուած էր ձախողութեան մատնել Հասսան Տիապի կառավարութիւնը: Հետեւողական ճիգով ինք ու իր գործակիցները մղուեցան մխրճուելու լիբանանեան ճահճահուտին մէջ: Տնտեսական տագնապ, «Քորոնա», նաւահանգիստի աղէտ, արաբական ու միջազգային շրջափակում եւ դեռ ներքին ճղճիմ հաշիւներ ու ցաւցնող հարուածներ փաստօրէն շունչ չտուին կառավարութեան:
Այս բոլորին մէջ, անհրաժեշտ է ընդունիլ, որ Հասսան Տիապի սկզբունքայնութիւնն ու ժողովուրդին հոկտեմբեր 17-ի պոռթկումին պահանջները գէթ մասամբ իրականացնելու ձգտումը անուրանալի է, որ նաեւ վնաս հասցուցին իր անձին եւ իր կառավարութեան:
Տիապի կառավարութեան մէջ հայ համայնքի ներկայացուցիչ Վարդինէ Օհանեան, ո՛չ միայն իբրեւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար, այլեւ իր ընկերային հարցերու քաջածանօթութեամբ, յաջողեցաւ լիբանանեան ընդհանուր շահերու պաշտպանութեան առընթեր կատարել իրեն վստահուած պատասխանատուութիւնը եւ լաւագոյնս պաշտպանել մեր համայնքի շահերը, կեցուածքներն ու նպաստել ընդհանրական աշխատանքներուն:
Ապահովական ամէնէն դժուարին պայմաններուն մէջ, կենցաղային, ընկերային, առողջապահական, տնտեսական-ելեւմտական, ժողովրդային ցասումի եւ յարձակումներու վտանգաւոր փուլերուն ան եղաւ մեր հետ, մեր ժողովուրդին հետ եւ պատուով ու ճակատաբաց իրեն վստահուած գործը կը յանձնէ վաղուան` միշտ մնալով մեր համայնքին ու մեզի հետ: Իբրեւ լիբանանցի հայ քաղաքացի անվարան պարտինք ըսել` վարձքը կատա՛ր:
Իսկ հիմա, պարտինք սպասել կառավարութեան ծրագիրին: Պարտինք համբերել, առանց մեծ ակնկալութեանց, սպասել համեստ փոքրաքայլ բարելաւումի:
Ու սպասել մինչեւ 8 մայիս 2022` խորհրդարանական ընտրութիւններ:
Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ
aztagdaily.com