ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Համազգային
  • Ելույթներ

Մկրտիչ Մկրտիչյանի ելույթը՝ «Իմ ընկեր» երգի շնորհանդեսին

25 Սեպտեմբեր 2021

Սեպտեմբերի 24-ին Խնկո-Ապոր գրադարանում Համազգային Հայ Կրթական և Մշակութային Միության երևանյան գրասենյակի նախաձեռնությամբ տեղի է ունեցել «Իմ ընկեր» երգի շնորհանդեսը։

Շնորհանդեսին ելույթով հանդես է եկել Համազգային հայ կրթական և մշակութային միության կենտրոնական վարչության ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչյանը:

Ստորեւ ներկայցնում ենք Մկրտիչ Մկրտիչյանի ելույթը․

Ազգային երգը եւ անոր հասարակական կարեւորութիւնը

(Վարդան Պետրոսեանի և Մարգարիտ Սարգսյանի «Իմ ընկեր» երգի ներկայացման առիթով)

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը այսօր համահայկական հասարակութեան հպարտութեամբ կը յանձնէ յօրինող, Երեւանի երաժշտանոցի դասախօս՝ Փրոֆեսոր Մարգարիտա Սարգսեանի երաժշտական դաշնաւորումով «Իմ ընկեր» երգը, որ հիմնուած է ԵՊՀի դասախօս Փրոֆեսոր Վարդան Պետրոսեանի նոյնանուն բանաստեղծութեան վրայ: Առաջին կատարողն է օփերայի երգիչ Անդրանիկ Մալխասեանը:

Բանաստեղծութիւնը ներշնչուած է 2020ի սեպտեմբեր 27ին Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ Հայաստանի դէմ շղթայազերծած 44օրեայ պատերազմէն, որ աղէտալի հետեւանքներ ունեցաւ համայն հայութեան համար. պատերազմ՝ որուն հետեւանքները ծանր կը կշռեն հաւաքական գիտակցութեան տէր ամէն հայուն վրայ, անկախաբար իւրաքանչիւրին ունեցած անհատական կորուստէն: Այնքան ցնցուած են մարդիկ, որ գէթ մինչեւ այսօր դժուարութիւն կայ այս կացութենէն հայանպաստ ելք մը գտնելու. ինչ որ բոլորս ա՛լ աւելի ողբերգական վիճակներու կրնայ առաջնորդել:

Արդ՝ բանաստեղծութիւնը, ընդհանրապէս գրականութիւնը, երաժշտութիւնը իր բոլոր տեսակներով, առհասարակ գեղարուեստն ու ոգեկան արտադրութիւնը, կամ ասոնց որակաւոր, ներդաշնակ ու յաջող համադրութիւնը մեծ ազդեցութիւն կրնան գործել մարդկային մտքի ու հոգեկան աշխարհին վրայ: Գեղարուեստական ազդու գործի արտադրութեան մեքանիզմը միշտ նոյնն է. իրականութիւնը կ’ազդէ գիտակցական աշխարհի յայտնի, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւրին անգիտակիցին մէջ թաքնուած զգայարանքներուն վրայ, կը պատրաստէ գրութեան ատաղձը, որ տաղանդով ու աշխատանքով նախ ինքը կը վերածուի արուեստի գործի. ատկէ ազդուող զգայուն երաժիշտը գրութեան կը հագցնէ երաժշտական յարմարագոյն ու վայելուչ հագուստը. վերջաւորութեան արդիւնքը կը ներկայացուի հանրութեան դատաստանին: Այսպէս չէ՞, որ երգը, թատրոնն ու առհասարակ արուեստը նպաստած են զանգուածներու, ցեղախումբերու, ժողովուրդներու եւ կազմաւորուած ազգերու մտաւոր ու հոգեկան յառաջդիմութեան: Իսկ երբ երգը, ընդհանրապէս արուեստը, կ’ազդէ մտքերու եւ հոգիներու վրայ, ան կը կատարէ կատարելութեան հասնող կրթական ու դաստիարակչական աշխատանք՝ անհատական ու հաւաքական ոլորտներուն մէջ միաժամանակ:

Այս ուղղութեամբ Յունաստանի օրինակը ներկայացուցչական է եւ ուսանելի: Յոյն ժողովուրդը օսմանեան տիրակալութեան դէմ ըմբոստացաւ 1821-ին եւ ինը տարի ետք ներկայ Յունաստանի հարաւային մասով եւ Եգէական ծովու որոշ կղզիներով հիմը դրուեցաւ արդի ժամանակներու յունական պետականութեան՝ իբրեւ ազգ-պետութեան գաղափարին առաջին գործնականացում: Պալքանեան երկու եւ Առաջին համաշխարհային պատերազմներէն ետք Յունաստան ստացաւ ներկայի իր աշխարհագրական տեսքը, բացի հարաւարեւելքը գտնուող Երկոտասնեայ կղզիներէն, որոնք Յունաստանին միացան Երկրորդ աշխարհամարտէն ետք: Անոր ազգային պայքարը կը տեւէ մինչեւ այսօր՝ վերիվայրումներով լի: Այս տարի Յունաստան կը նշէ ազգային ապստամբութեան եւ իր վերածնունդի 200-ամեակը:

Պետական կեանքի երկու դարերը լեցուն են յուսախափութիւններով, օսմանեան տիրապետութեան ընթացքին ծաղկած փտածութեան երեւոյթներով, պետական սնանկութեան մէկէ աւելի պարագաներով, հասարակութեան պառակտումի ժամանակաշրջաններով (թագաւորականներ ու հանրապետականներ կամ աջեր ու ձախեր), բայց նաեւ՝ ազնիւ հպարտութիւն առթող յաղթանակներով:

Երկրորդ աշխարհամարտէն ետք երկիրը ապրեցաւ քաղաքացիական արիւնալի ընդհարումներու ժամանակաշրջան մը, որուն ժխտական հետեւանքները հասարակութեան վրայ զգալի էին ամբողջ քառորդ դար: Իսկ ժողովրդավարական ընդունուած հասարակակարգը առաւելաբար ձեւական էր: Եօթնամեայ զինուորական բռնատիրութեան շրջանի աւարտին՝ 1974-ի ամրան Կիպրոսի մասնակի կորուստէն ետք, ճամբան բացուեցաւ դէպի իսկական ժողովրդավարութիւն:

Կիպրոսի մասնակի կորուստին պատասխանատուները ստացան իրենց արժանի պատիժը, քաղաքացիական պատերազմի քէնի ու փոխադարձ ոխի մթնոլորտը փարատեցաւ, տեղի ունեցաւ ներազգային հաշտութիւն եւ յուլիսեան առաւօտ մը յոյները արթցան տեսնելու համար, որ ժողովրդավարութիւնը ամրօրէն հաստատուած է իրենց հայրենիքէն ներս:
Ինչպէ՞ս պատահած էր այդ հրաշքը: Պարզապէս քաղաքացիական պատերազմէն ետք տեղի ունեցած էր մշակութային չյայտարարուած յեղափոխութիւն մը:

Արդարեւ՝ երկու համաշխարհային պատերազմներու միջեւ ժամանակաշրջանին զարգացած էր բանաստեղծներու, գրագէտներու խումբ մը, որ ատենուայ ձախակողմեան, ընկերային արդարութեան առնչուող գաղափարաբանութիւն մը որդեգրելով հանդերձ, խորքային կերպով կնքուած էր յունական ազգային գաղափարներու հանդէպ արհաւական հաւատքով:

Հետագային այդ տաղանդաւոր սերունդը փայլեցաւ միջազգային հարթակներու վրայ. օրինակ՝ Ոդիսեւս Էլիթիսը, Գէորգիոս Սեֆերիսը դարձան գրականութեան Նոպելեան մրցանակի դափնեկիր, Եանիս Րիցոսը արժանացաւ Լենինեան մրցանակին:
Ասոնց եւ այլոց բանաստեղծական գործերէն ոմանք երգի վերածուեցան վերջերս իր մահկանացուն կնքած Միքիս Թէոտորաքիսի եւ իր նմաններուն կողմէ: Այս ձեւով յունական երգը շատ արագ կերպով արձանագրեց որակային աննախընթաց, դէպի առաջ ու դէպի վեր, ոստում մը: Խօսքը քանի մը երգերու մասին չէ, այլ՝ հարիւրաւոր, հազարաւոր, եթէ նկատի առնուին նաեւ նոյն նիւթերը շօշափող, բայց այլ աղբիւրներէ յառաջացող հոսանքները:

Այդ հոսանքներու հասարակաց ակունքը արեւմտեան Փոքր Ասիայէն Յունաստանի մայր ցամաքամաս, Եգէական ծովու կղզիներ ու մինչեւ հեռաւոր ամերիկաները ապաստան գտած յոյն գաղթականութիւնն էր, որ իր հետ բերած էր նաեւ իր երաժշտութիւնն ու երգը՝ տխուր, բողոք արտայայտող, սէրը փառաբանող, արդարութեան ճիչը բարձրացնող ժողովրդային ինքնուրոյն, բիւզանդական մշակոյթի տարրերը կրող ենթամշակութային երաժշտութիւնն ու երգը: Հետեւաբար յունական երգի ուժգնութեան գաղտնիքը ժողովրդային՝ շատերու կողմէ արհամարուած ենթամշակութային երաժշտութեան ու երգի, արուեստագէտի տաղանդի ու ճաշակի որակային պատուաստումով արագօրէն բազմաթիւ սանդղամատեր մագլցած երգին մէջ պէտք է փնտռել:

Այսպէս, արդէն նախորդ դարու վաթսունական թուականներուն, Միքիս Թէոտորաքիս եւ, պէտք է անգամ մը եւս ընդգծել, անոր արժանաւոր ժամանակակից մրցակիցները սկսած էին գրաւել ոչ միայն իրենց անմիջական հասարակութեան հոգիները, այլ տիրացած՝ միջազգային համբաւի: Բոլոր յոյն երաժիշտները, բայց մանաւանդ՝ Միքիս Թէոտորաքիս, իրենց նուագախումբերով ու երգիչներով, յատկապէս ամառնային բացօդեայ համերգներով, քաղաքէ քաղաք ու գիւղէ գիւղ արշաւելով, իրենց հոյակապ գործերով մրճահարեցին ժողովրդական խաւերու միտքերն ու հոգիները, կրկնելով ու կրկնելով արդարութեան պահանջը, շեշտելով ազգային արժանանպատւութեան պաշտպանութեան եւ հպարտութեան կարեւորութիւնը, իր հողն ու ջուրը շահագործող օտար ուժեղ պետութիւններու առջեւ չխոնարհելու հրամայականը: Այս ձեւով յոյն ժողովուրդը իր ընկերային-քաղաքական դաստիարակութիւնը ստացաւ առաւելաբար իր մշակոյթէն՝ երգելով ու պարելով: Այդ երգերը այսօր մաս կը կազմեն ժողովրդային ու ազգային ժառանգութեան եւ անպակաս են նոյնիսկ մանուկ դպրոցականներու երգացանկերէն:

Ահա՛ նմուշ մը այդ երգերէն.
«Քեզի շատ սուտեր խօսեցան,
Այսօր կրկին սուտեր կ’ըսեն.
Վաղը կրկին սուտեր պիտի խօսին.
Սուտեր կ’ըսեն թշնամիներդ,
Իսկ բարեկամներդ ալ իրականութիւնը կը թաքցնեն քեզմէ:

Կեղծ փառք կը խոստանան քեզի թշնամիներդ,
Բայց բարեկամներդ ալ սուտ իրականութիւններով կը քնացնեն քեզ:

Ո՞ւր կ’երթաս սուտ երազներով.
Ո՞ւր կ’երթաս սուտ երազներով:

Ժամանակն է կանգ առնելու,
Ժամանակն է երգելու,
Ժամանակն է լալու եւ ցաւելու,
Ժամանակն է տեսնելու:»

Յունաստանը այսօր, հակառակ զինք պատուհասած տնտեսական շուրջ տասնամեայ ճգնաժամին, անսասան կերպով կառչած կը մնայ իսկական ժողովրդավարութեան սկզբունքներուն. այնքա՛ն ուժեղ եղաւ ժողովուրդին երգով փոխանցուած պատգամը: Իր արտասանած դամբանականով երկրի նախագահուհին Միքիս Թէոտորակիսին շնորհեց «ազգի մանկավարժ«ի տիտղոսը. աւելի պարզ խօսքով՝ «հանրութեան դաստիարակ»ի:

Ի՞նչը կը մղէ մեզ խորապէս ազգային պարունակութեամբ հայկական երգի մը հրապարակման առիթով այսքան խօսիլ Յունաստանին վերաբերող խնդիրի մը մասին: Պատասխանը պարզ է. առանց աւելորդ խօսքերու՝ միայն ու միայն նախանձը. բարի՛ նախանձը: Յաջող օրինակը մեր տրամադրութեան տակ է. կը բաւէ զայն ընդօրինակել: Համապատասխան տաղանդը չկա՞յ հայ ժողովուրդի ծոցին մէջ. չենք կարծեր, որ չկայ. կը պակսի, կ’երեւի, կամքն ու ճիգը: Դիւրին չէր Թեոտորաքիսներու կտրած ճամբան. հալածանք, բանտ, աքսոր, նախատինք, զրկանք. բայց նաեւ անվիճելի յաջողութիւն, յարգանք, համակրանք, առատ ծափահարութիւն՝ նոյնիսկ իր դագաղին ետեւէն. իսկ անձնական փառքէն վեր՝ կայ ազգի փրկութեան գործին մէջ շօշափելի ներդրումը, աներեւոյթ՝ բայց իւրաքանչիւր քայլափոխին զգացուող:

Պետութեան մը հիմնական ռազմավարական ոլորտներէն մէկը կրթականն է, անոր առողջութիւնն ու դիմադրողականութեան տեւական բարձրացումը: Երեսուն տարի շարունակ հասարակութիւնը կերակրած ենք աժանաբարոյ դրուագաշարներով, օտարաբոյր երաժշտութեամբ՝ սին ու անիմաստ խօսքերով պարուրուած, սուտերով ու անհեթեթի սահմանները հատող հռետորաբանութեամբ: Իշխանութիւններու աչքին առջեւ հայութիւնը ջլատելու, անոր միասնականութիւնը քանդող քարոզչութեան կատարած աւերները մեր օրերուն տեսանելի են, իսկ անոնց վերացումը կը կարօտի հսկայական ճիգի: Իրարու կը նայինք շուարած՝ առանց յարմար միջոցը գտնելու ստեղծուած վտանգաւոր կացութենէն դուրս գալու համար: Կը խօսինք խաղաղութեան մասին, երբ շրջապատը ակռաները սրած մեզ յօշոտելու կը պատրաստուի:

Այսօր աւելի քան ակնբախ է, որ 1988-ի եւ 2018-ի ապստամբութիւնները կը հետապնդէին հակոտնեայ նպատակներ: Առաջինը կը հետապնդէր ազգային նպատակներ եւ առաջնորդեց յաղթանակի. երկրորդը՝ մերօրեայ անարիւն յեղափոխութիւններու արհեստագիտութեան արհեստավարժ կիրառումով առաջնորդեց հայութեան պարտութեան: 1988-ը յանգեցաւ Արցախի ազատագրումին, 2018-ը ստրկութեան սեմին հասցուց Արցախը՝ միաժամանակ վտանգելով Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնն ու հողային ամբողջականութիւնը: Ասիկա՛ է մերկ աչքով իսկ տեսանելի ակնբախ իրականութիւնը. այս վիճակի պատճառներն ալ՝ անաչառ ու պարկեշտ ուղեղին կողմէ դիւրաւ ըմբռնելի:

Կը մնայ յուսալ, որ ներկայ վիճակը վախճանականը չէ, հայոց արդի պատմութեան վերջին խօսքը չէ: Հայ ժողովուրդը ազգ էր, երբ ուրիշներ աւատապետներու եւ ռամիկներու հասարակութիւն էին միայն: Հիմա անհրաժեշտ է պահպանել ազգայի՛ն հասարակութիւնը՝ մերժելով առաջ քշուող լոկ ստամոքսի եւ գրպանի սպառողական բնորդը: Թէոտորաքիսի «պայքարի մշակոյթ»ը ի գործ պէտք է դրուի, եթէ նախանձախնդիր ենք մեր ազգային անվտանգութեան եւ ազգի ապագայի ապահովման:

Թէ քաղաքականութիւնը հայութեան ի՞նչ կը վերապահէ, ներկայ անորոշ վիճակին մէջ կարելի չէ կռահել: Այսպիսի կացութիւններու մէջ հայը յաճախ ապաւինած է իր աւանդական զէնքին՝ մշակոյթին, որուն մէջ երգը միշտ ալ գրաւած է առանձնաշնորհեալ տեղ: 1988-ին շղթայազերծուած ազատագրական պայքարին ընկերակցեցաւ հարուստ երգացանկ մը՝ գովասանքը հիւսելով հայոց լեռներուն եւ զանոնք ազատագրող լեռնանման հերոսներուն:

Վերջին պատերազմի մեր նահատակները նոյնչափ արժանի են մեր երախտապարտութեան եւ յարգանքին:

Այսօրուայ շնորհահանդէսին՝ մեր շնորհակալութեան խօսքը կ’ուղղուի առաջին հերթին փրոֆեսոր Վարդան Պետրոսեանին իր նախաձեռնութեան համար, փրոֆեսոր Մարգարիտա Սարգսեանին բանաստեղծութեան երգի վերածումին համար, ինչպէս նաեւ պարոն Անդրանիկ Մալխասեանին երգի առաջին կատարումին համար: Կը յուսանք, որ հաւատալով երգի ուժին, ուրիշներ ալ նման ստեղծագործութիւններով նպաստեն ներկայի անյոյս մթնոլորտէն մեզ առաջնորդելու դէպի աւելի խանդավառող ու դրական՝ յաղթանակները կարելի դարձնող հասարակական հոգեվիճակի մը գոյառումի գործին:

Երեւան, 24 Սեպտեմբեր 2021 թ.

https://youtu.be/KU520icpDQA

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
YouTube-ում հրապարակված երկու սենսացիո

YouTube-ում ես հանդիպեցի երկու հնարովի տեսանյութերի, որոնք աղավաղում են Հայաստ

20 Մայիս 2025
Հաղորդագրութիւն ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնակա

Պէյրութի եւ Պեքայի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները տեղի ունեցան 18

20 Մայիս 2025
Շվեյցարացի խորհրդարանականները մեկնարկո

2025 թվականի մայիսի 26-ին Շվեյցարիայի մայրաքաղաք Բեռնում իր աշխատանքներն է մեկ

20 Մայիս 2025
Բագրատունի. «Պէյրութը Համախոհութեան Եւ

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի

20 Մայիս 2025
Վիեննայի Մէջ Կատարուեցաւ Համազգայինի Ե

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպած Եւրոպայի ուսանողական հաւաքը տեղ

20 Մայիս 2025
Շուէտի Վեսթերոս քաղաքին մէջ տեղի ունեց

Շաբաթ 17 Մայիս 2025 թուականին Շուէտի Վեսթերոս քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ «Հ.Մ.Ը.

20 Մայիս 2025
Պէյրութի Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական

Կիրակի, 18 մայիս 2025-ին տեղի ունեցան Պէյրութի եւ Պեքայի քաղաքապետական եւ թաղա

20 Մայիս 2025
ՔՊ-ական մեծամասնություն ունեցող ԱԺ-ում

Oragir.News-ի «Օրակարգ» հաղորդաշարի հյուրն է ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, Ազգային ժող

19 Մայիս 2025
Պալապանեան. «ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան երէկ ՀՅԴ Լիբանա

19 Մայիս 2025
Ցեղասպանութեան Ընկերներ. Գերմանիան Ողջ

Կազայի մէջ 19 ամիս է Իսրայէլի կողմէ շարունակուող ցեղասպանութիւնը Պերլինի յայտ

19 Մայիս 2025
Ամբողջ շրջանը կ՛երթայ դէպի Իսրայէլի հե

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի

18 Մայիս 2025
Գրքի շնորհանդես` նվիրված Հովհաննես Քաջ

Համազգային հայ կրթական և մշակութային միության Երևանի գրասենյակի նախաձեռնությամ

17 Մայիս 2025
«Հայուն վերջին խելքը»… Պիտի մնա՞

Ծանօթ խօսք է. մէկ լուսանկար յաճախ հազար բառ կ'արժէ: Միայն հպանցիկ ակնարկ մը

17 Մայիս 2025
Առաջնորդ Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան ըն

15 Մայիս 2025-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Ա

17 Մայիս 2025
ՀՅԴ ներկայացուցիչներն այցելել են Երևան

Մայիսի 16-ին ՀՅԴ անդամ, Հայաստանի Հանրապետության Ազգային Ժողովի պատգամավոր Արթ

16 Մայիս 2025
Արցախի հիմնահարցը քաղաքական օրակարգի վ

«Հորիզոն»ի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեանի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, ՀՅԴ

16 Մայիս 2025
Առայժմ չկա գործիքը, որն իմպիչմենտը կհա

Իմպիչմենտ սկսենք, կկանգնենք կոտրած տաշտակի առաջ, չսկսելու պատճառը ծիծաղի առարկ

16 Մայիս 2025
Աղքատ… Մեծահարուստը, Կամ Վիթխարի ՄԵԾը՝

«Իմ սեփական պարտէզիս մէջ, այլեւս ատելութեան սերմերը չեմ ցաներ: Կեանքը դաժան դա

16 Մայիս 2025
Երկխոսության բացակայությունը իշխանությ

Մայիսի 15-ին Հրապարակ TV-ի Հինգշաբթի հաղորդաշարի հյուրն էր ՀՅԴ անդամ, ՀՀ ԱԺ «Հ

16 Մայիս 2025
Ակնարկ. Աբրահամեան Համաձայնագիրին Երկր

Սէուտական Արաբիայէն եւ այնտեղ կայացած հանդիպումներուն առիթով այս օրերուն բազմա

16 Մայիս 2025
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company