Հեռաւոր Արեւմուտքէն Դէպի՝ Մօտակայ Հարաւ
08 Հոկտեմբեր 2021
«Արտաքին քաղաքականութեան նպատակը յոյսի կամ ցասումի մեր սեփական զգացումներու համար ելք ապահովելը չէ. այլ ան պէտք է ձեւաւորէ իրական իրադարձությունները՝ իրական աշխարհին մէջ»:
Ճոն Քեննետի (1917-1963)
Կրկին յապաղած ենք: Ուշ ենք…մի՛շտ ուշ:
Շատոնց պէտք է, որ հայրենի ղեկավարութիւնը (այս պարագային դիւանագիտութիւնը) այս ուղին բռնէր:
Քաղաքականութիւն կոչեցեալ բնագաւառին մէջ, ճիշդ դիրքորոշում չառնելու երբեմն նոյնիսկ քանի մը ժամուան կամ նոյնիսկ ակնթարթային ուշացումն ու թերացումը պատճառ կը դառնայ տեղին գործածուած «շատոնց»-ին, որ իր ժամանակագրական իմաստով կրնայ նոյնիսկ ներկայ նկատուիլ եւ դեռ…ապառնիին հետ ալ շփոթուիլ:
Արագօրէն ընթացող փոփոխութիւններուն հետ քայլ պահելով, վաղուց պէտք էր, որ հայրենի դիւանագիտութիւնը, փոխանակ հեռաւոր արեւմտեան մայրաքաղաքները դեգերիլու, ուղղուէր մօտակայ, չըսելու համար «իր գիթին տակ» գտնուող հարաւի սահմանակից դրացի՝ Իրան: Եւ այդ մէկը նոյնիսկ նախքան, որ Թեհրան ահազանգ հնչեցնէր, յատկապէս Գորիս-Կապան միջպետական ճամբու Որոտան բնակավայրին մօտ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող Որոտանի շրջանի հատուածին մէջ, երբ ազերի ոստիկանութիւնը հետզհետէ աւելի դժուարութիւններ ստեղծեց, ստուգելով իրանեան բեռնատարներու վարորդներուն փաստաթուղթերը:
Այս տուգանքային դէպքերը երկրորդական էին, համեմատած միեւնոյն օրերուն կատարուած թուրք-ատրպէյճանական ռազմափորձերուն եւ հետզհետէ աւելի շեշտակիօրէն նկատուող Իսրայէլեան ներկայութեան, որոնց արդիւնք Կովկասեան այս ահազանգային թնճուկին մէջ, մուտք գործեց Թեհրանը իր կարգին կատարելով ռազմափորձեր, քանի մը շաբաթ առաջ թուրք-ազերիներու կատարած Բերձորի շրջանէն ոչ շատ հեռու: Այս լայնածաւալ փորձերուն կողքին, Թեհրան պաշտօնապէս տեղեակ պահած է Պաքուին, որ ցնոր տնօրինութիւն, այս վերջինին դրօշը կրող պատերազմական օդանաւերու Իրանի օդային տարածքով թռիչքները արգիլուած են:
Ի վերջոյ, այս դէպքերու լոյսին տակ հայրենի դիւանագիտութիւնը փոխանակ արեւմուտք մեկնելու, ուղուեցաւ հարաւ եւ Թեհրանի մէջ երկու երկիրներուն արտաքին գործոց նախարարութիւններու միջեւ տեղի ունեցաւ հանդիպում եւ մամլոյ ասուլիս:
Յստակ էր, թէ Իրան մտահոգ էր Ատրպէյճանը Նախիջեւանին կապող Մեղրիի միջանցքով եւ վստահաբար շատ աւելի որքան Երեւան: Արեւելքէն արեւմուտք ընթացող այս միջանցքին փոխարէն, Թեհրանի համար հարաւէն հիւսիս՝ Պարսից ծոցէն Սեւ ծով միջազգային երթեւեկի միջանցք ստեղծելն է կարեւորը: Վստահաբար այդ ուղղահայեաց անցքին մէկ մասնիկն է Գորիս-Կապան ճամբու այլընտրանք հանդիսացող ուղիի կառուցումը:
…Եւ այսպէս Հեռաւոր արեւմտեան երազներէն հեռու, ինչեր կարելի էր իրագործել մօտակայ հարաւ մեկնելով: Եթէ հայրենի դիւանագիտութիւնը անաչառօրէն եւ ամէնայն հմտութեամբ գործած ըլլար այս դժնդակ կացութիւնը ստեղծուած չէր ըլլար: Նոյնիսկ պատերազմը այս ահաւոր պարտութիւնով աւարտած կրնար չըլլար:
Հուսկ, Քենետիին վերոյիշեալ հաստատումը պէտք է շարունակ ի մտի ունենալ, միշտ ալ գերադասելով իրական իրադարձությունները՝ սեփական զգացումներէն:
ՀԱՅՐԵՆԻՔ – Պոսթըն
Խմբագրական
hairenikweekly.com