Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ
20 Հոկտեմբեր 2021
Խորհրդարանի երէկուան նիստի ընթացքին տեղի ունեցան խորհրդարանի դիւանի եւ յանձնախումբերու ընտրութիւններ:
Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի վերընտրուեցաւ խորհրդարանի դիւանի անդամ, ինչպէս նաեւ արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի քարտուղար եւ կրթութեան յանձնախումբի անդամ:
Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ Յակոբ Թերզեան ընտրուեցաւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջութեան եւ երկրագործութեան յանձնախումբի անդամ:
Իսկ երեսփոխան Ալեքսանտր Մաթոսեան ընտրուեցաւ առողջապահութեան եւ տնտեսութեան ու ճարտարարուեստի յանձնախումբերու անդամ:
aztagdaily.com