Միջկուսակցական հանդիպում
30 Հոկտեմբեր 2021
Ուրբաթ, 29 hոկտեմբեր 2021-ին ՍԴՀԿ-ի Նոր Հաճնոյ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու` Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան, Ռամկավար ազատական կուսակցութեան եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Լիբանանի ղեկավար մարմիններու ներկայացուցիչներուն հանդիպումը:
Ժողովը առաջին առիթով անդրադարձաւ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմէն ետք Հայաստանի ու հայութեան դիմագրաւած աննախընթաց մարտահրաւէրներուն եւ սպառնացող վտանգներուն:
Լիբանանահայ համայնքի դիմագրաւած ընկերային-տնտեսական ճգնաժամը եւ այս ծիրին մէջ կատարուող օժանդակութիւնները դարձան առանցք ընդհանուր քննարկումի: ժողովը բարձրօրէն գնահատեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետին լիբանանահայութեան օժանդակութեան նախաձեռնութիւնները, ինչպէս նաեւ՝ ընդհանրապէս հայաշխարհի ցուցաբերած զօրակցութիւնը: Շեշտը դրուեցաւ միացեալ ճիգերով օժանդակութեան աշխատանքները շարունակելու անհրաժեշտութեան վրայ:
ժողովը քննարկեց նաեւ Լիբանանի քաղաքական կացութիւնը եւ այդ ծիրին մէջ գալիք երեսփոխանական ընտրութիւններուն հետ առնչուած հարցեր: Ներքաղաքական կացութեան գծով ժողովականները անհրաժեշտ նկատեցին ներքին բեւեռացումներու բացառումը: Ժողովը քաղաքական ու ապահովական կայունութեան ստեղծումը նախապայման նկատեց երկրի ընկերային-տնտեսական ճգնաժամի յաղթահարման:
Հայ քաղաքական կուսակցութիւնները որոշեցին հերթական հանդիպումներով մնալ կապի մէջ՝ լիբանանահայ համայնքի շահերը դարձնելով ուշադրութեան հիմնական առանցք:
ՍԴՀԿ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԻ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆ
ՌԱԿ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ