Անորոշութիւններով Լեցուն Եռեակ Յայտարարութիւնը
29 Նոյեմբեր 2021
26 նոյեմբեր 2021-ին Սոչիի մէջ հանդիպեցան Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան ու Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահները: Երեք ժամ տեւած բանակցութիւններէ ետք, երեք ղեկավարները տուին մամլոյ ասուլիս մը եւ հրապարակեցին սեղմ յայտարարութիւն մը: Երեքն ալ գոհունակութիւն յայտնեցին իրենց ունեցած կառուցողական խօսակցութիւններուն մասին:
Հրապարակուած յայտարարութիւնը որեւէ անմիջականօրէն գործադրելի կարգաւորման մասին չի խօսիր: Ո՛չ գերիներու վերադարձի հարցը, ո՛չ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի սահմանին ստեղծուած վիճակին դարմանումը, ո՛չ Արցախի կարգավիճակի հարցը կը շօշափուին: Կը խօսուի «Հարաւային Կովկասի կայունութեան, անվտանգութեան եւ տնտեսական զարգացման» նպաստելու անհրաժեշտութեան մասին, հայ-ազրպէյճանական տագնապը դիտելով իբրեւ Հարաւային Կովկասի խաղաղութեան վերաբերող ընդհանրական հարց մը:
Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան չմոռցաւ յիշեցնելու, որ ինք տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ժամանակաշրջան մը յառաջացնելու համար պատուէր (մանտա) ստացած է Հայաստանի ժողովուրդէն: Անորոշ կը մնայ, թէ խաղաղութիւն յղացքին տակ ի՛նչ կը հասկցուի: Հայաստանը եւ Արցախը իրաւունքներ ունի՞ն: Որո՞նք են, Նիկոլ Փաշինեանի բնորոշմամբ, այդ իրաւունքները: Բանակցութիւններու ընթացքին Հայաստանի վարչապետը ի՞նչ պահանջներ կը ներկայացնէ: Այս հարցերը դժբախտաբար հրապարակային պատասխաններ չունին եւ արդարացիօրէն կասկած կը յարուցեն, որ Նիկոլ Փաշինեան հարկադրուած է բարձր գին վճարելու տենչալի խաղաղութիւնը ձեռք բերելու համար:
Խաղաղութեան տենչանքը համատարած է ու բնական: Ո՞վ չ՛ուզեր խաղաղ պայմաններու տակ զարկ տալ երկրի բազմակողմանի բարգաւաճման: Թշնամիին պարտադրած խաղաղութիւնը սակայն կրնայ խաբուսիկ ըլլալ, ժամանակաւոր, յաջորդ փուլի մը աւելին ստանալով` նոր «խաղաղութիւն» մը պարտադրելու հեռանկարով:
Միակ գործնական որոշումը կը վերաբերի սահմանազատման երկկողմ յանձնախումբի մը ստեղծման: Ժամկէտ չէ ճշդուած: Սահմանազատման յաջորդող սահմանագծումը, կողմերու խնդրանքով պիտի կատարուի Ռուսիոյ Դաշնութեան խորհրդատուական աջակցութեամբ: Ոչ մէկ խօսք միջանկեալ կարգադրութեան մասին: Սահմանազատումը կրնայ շատ երկար ժամանակ պահանջել. հայկական գրաւուած տարածքները, մինչեւ վերջնական որոշում, ի՞նչ կարգավիճակ պիտի ունենան:
Յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին, երեք երկիրներու փոխվարչապետները Մոսկուայի մէջ ժողով պիտի ունենան ու եռակողմ հանդիպման ընթացքին պայմանաւորուած միջոցառումներու մասին գործնական յստակացումներ կատարելէ ետք, պիտի յայտարարեն զանոնք: Մեզի կը մնայ սպասել, յուսալով, որ այդ յստակացումները մեր հարցադրումներէն գէթ ոմանց դրական պատասխան կը բերեն:
Կը մնայ մեծագոյն հարցը. Ազրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ հաղորդակցութիւն ստեղծելու խնդիրը: Իլհամ Ալիեւի փայփայած միջանցք բնորոշումը չէ օգտագործուած: Անորոշ կերպով կ՛ըսուի, որ երեք ղեկավարները ընդգծած են «տարածաշրջանի տնտեսական ներուժը բացայայտելու համար յստակ նախագծերի հնարաւորինս արագ մեկնարկի անհրաժեշտութիւնը»: Չենք գիտեր, թէ որո՞նք են «յստակ նախագծերը», որոնք շուտափոյթ պէտք է գործադրուին:
Անորոշութիւններով հարուստ եռակողմ յայտարարութիւնը Հայաստանի ապագային նկատմամբ վտանգներու տարակուսանք կը յառաջացնէ: Հայաստանի իշխանութիւնները պարտաւոր են յստակ բացատրութիւններով փարատել արդարացի մտահոգութիւնները: Եթէ ի վիճակի չեն, ինչպէս ցարդ ցոյց տուած են, պաշտպանելու Հայաստանի ու հայութեան կենսական շահերը, պէտք է իրենց տեղը զիջին ուրիշներու, որոնք աւելի ատակ են Հայաստանը առաջնորդելու ցանկալի խաղաղութեան նաւահանգիստ:
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
aztagdaily.com