ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Լա Հէյի Ատեանի Որոշումը Եւ Երեւանէն Հնչող Ձայներ…

10 Դեկտեմբեր 2021

Հայաստան-Արցախի դիմագրաւած ծանօթ տագնապներուն եւ անոնց դիմագրաւումին ուղղութեամբ առնուած քայլերուն հետեւող հայը պատճառներ ունի շուարումի մատնուելու: Ան մէկ կողմէ որոշ գոհունակութիւն կ’ապրի, իմանալով, որ ի վերջոյ, Ատրպէյճանի թշնամական եւ աղէտալի արարքներուն դէմ Հայաստանի որդեգրած հակաքայլերը սկսած են շօշափելի արդիւնք ցոյց տալ, սակայն միւս կողմէ, Երեւանի իշխանաւորներուն կարգ մը արտայայտութիւնները ի յայտ կը բերեն, որ նոյն այդ իշխանաւորները կ’ապրին տարբեր բեւեռներու մէջ, բանիւ եւ գործով կը հակասեն իրենք զիրենք, եւ բացայայտ ձախաւերութիւններուն համար… իրենցմէ դուրս յանցաւորներ կը փնտռեն:

Փաստօրէն, ինչպէ՞ս կարելի է հաշտեցնել մէկ կողմէ՝ Լա Հէյի (Հոլանտա) Միջազգային Ատեանին (Մ.Ա.Կ.ի միջազգային դատարանը) ուղղութեամբ որդեգրուած քայլերն ու Ատրպէյճանը ամբաստանեալի աթոռին նստեցնելու արդար ճիգերը, իսկ միւս կողմէ, Ատրպէյճանի կողմէ գերի բռնուած հայ զինուորներն ու պատանդները վարկաբեկելու իրականութիւնը…

Անկախ անկէ, թէ որքա՞ն լուրջ եւ գործնական արդիւնք կրնայ տալ, մինչեւ ո՞ւր կրնայ հասնիլ Ատրպէյճանի դէմ Հայաստանի բողոքը՝ կը կարօտի երկար քննարկումի եւ բազմապիսի մեկնաբանութիւններու: Անմիջականօրէն, չենք կրնար անտեսել, որ Հայաստանի ներկայացուցիչներն ու մարդկային իրաւանց յանձնախումբերու ճամբով գործող հայորդիներ հետեւողական ձեւով գործի լծուեցան եւ պատրաստեցին հաստափոր թղթածրար մը, բացատրելու եւ բացայայտելու համար, որ Պաքու որքա՛ն դաժան եւ անմարդկային, մշակութակործան կացութիւն ստեղծած է ռազմաճակատներէն շատ հեռու, մինչեւ իսկ ընկերային, մշակութային եւ կրթական գետիններու վրայ: Բողոքի թղթածրարը ամբողջացուած էր քանի մը ամիս առաջ, պաշտօնապէս մեղադրելով Ալիեւի իշխանութիւնը, ի շարս շատ բաներու՝ ցեղային խտրականութեան վերացման միջազգային համաձայնագիրըչյարգելու եւ չկիրարկելու յանցանքով:

Յաւելեալ մանրամասնութիւններով, Լա Հէյի դատարանին ներկայացուեցան բազմաթիւ փաստարկումներ, ապացոյցեր եւ տեսանիւթեր, որոնք ընկերային ցանցերու վրայ սփռուած ու տարածուած էին նոյնինքն ատրպէյճանցի զինուորներու կողմէ, այսինքն՝ գործուած աւերին ու ոճիրին խոստովանութիւնը եկած էր ազերիներէն:

Արձանագրենք «մանր մանրամասնութիւն» մը: Ատրպէյճանի բանակը, նոյեմբերեան զինադուլէն ետք, Դեկտեմբեր 2020-ին Հին Թաղեր եւ Խծաբերդ գիւղերուն մօտ հայ զինուորներ գերեվարած էր եւ պարզ էր, թէ այդ երկու գիւղերը եւ շրջապատող տարածքը ներառուած չէին այն տարածքներուն մէջ, որոնցմէ հայկական զօրքերը պէտք էր հեռանային:

Սեպտեմբեր 16-ին, Մ.Ա.Կ.-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանին ներկայացուեցաւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան դէմ Հայաստանի այս բողոքը, որուն պատասխանը շատ չուշացաւ եւ եկաւ քանի մը օր առաջ:

Եթէ լրջօրէն գործադրուին Լա Հէյի պարտադրած օրէնքները, յստակ է, թէ արցախեան պատերազմի ընթացքին կամ անոր պատճառով գերութեան մէջ յայտնուած անձերու անվտանգութիւնը պէտք է պաշտպանէ Պաքուն, յարգելով միջազգային օրէնքն կանոնները:

Աւելի քան տարիէ մը ի վեր աղաղակող փաստ է, որ քանդումներ ու սրբապղծումներ կը շարունակուին հայկական բռնագրաւեալ հողերուն վրայ: Եկեղեցիներ քանդուած են կամ այլափոխուած, կոթողներ քարուքանդ եղած են, սակայն միջազգային դատարանը կը բաւականանայ յստակօրէն շեշտելով, թէ Ատրպէյճան պէտք է ձեռնարկէ բոլոր անհրաժեշտ միջոցառումները` կանխելու եւ պատժելու վայրագութեան եւ պղծման բոլոր գործողութիւնները, որոնք կատարուած են հայկական մշակութային ժառանգութեան՝ եկեղեցիներու եւ պաշտամունքի այլ վայրերու, յուշարձաններու, բնութեան վայրերու, գերեզմաններու եւ այլ կոթողներու հանդէպ: Բացայայտ է, որ հողի գրաւման եւ այդ հողին վրայ արձանագրուած մարդկային եւ նիւթական հսկայական կորուստներուն բաժինը առայժմ անտեսուած է: Այսուհանդերձ, պահ մը կարելի է եղածը յառաջդիմութիւն համարել եւ ակնկալել, որ ԲՈՒՆ ՊԱՀԱՆՋՆԵՐն ալ նկատի առնուին, մանաւանդ տեղ մը սկսի անոր իրագործումը:

Պաքուի մէջ պատերազմական աւարի պուրակի մասին յատուկ մատնանշում չկայ: Հայաստանի բողոքին ներկայացումէն ետք, ըսուեցաւ, որ անիկա փակուած է, սակայն Լա Հէյի դատարանը յստակօրէն կոչ կ՛ուղղէ Պաքուի, որ միջոցներ ձեռնարկէ հայերու նկատմամբ ցեղային ատելութեան տարածումը կանխելու, ի հարկին գործի լծելով պետական կառոյցներու ներկայացուցիչներն ու բարձր պաշտօն վարող անձնաւորութիւնները:

Եթէ Լա Հէյի դատարանին որոշումը, մինչեւ իսկ իր մասնակի ( հողի, մարդկային եւ նիւթական կորուստը, պատերազմին ահաբեկիչներու մասնակցութիւնն ու պատերազմական բազմաթիւ ոճիրներ չեն ընդգրկուած) եւ առաւելաբար զգացական երեւոյթ ունեցող արտայայտութեամբ որոշ լաւատեսութիւն կը ներշնչէ, անդին, նոյնինքն Երեւանի մէջ, կառավարութեան ղեկին նստողին ու Հ.Հ. Ազգային Ժողովէն ներս իշխանական խմբակի ներկայացուցիչներուն հրապարակային արտայայտութիւնները առնուազն խոտոր կը համեմատին այս գիծին. մասնաւորաբար գերիներու առնչութեամբ կատարուած անտեղի եւ անյարիր յայտարարութիւնները մտահոգութիւն կը պատճառեն, յատկապէս զայրացնելով գերիներուն ընտանեկան պարագաներն ու առ հասարակ հայորդին: Յերիւրանք կամ զրպարտութիւն չեն այն, որ ազերիական յարձակումներուն դէմ չկրակելու, բազմաթիւ կարեւոր դիրքերէ նահանջելու եւ զանոնք բանաւոր համաձայնութեամբ ազերիներուն յանձնելու հրահանգ տուած եւ նման «հերոսութիւններով» յոխորտացող վարչապետը կը սկսի խօսիլ գերիները դատի կանչելու, դասալիքները պատժելու ոճով: Իսկ խորհրդարանի նախագահը, առանց բառերը ծամծմելու կը յայտարարէ, որ գերիներու հարցը փակուած կը նկատէ, յետոյ ալ կը փորձէ արդարացումներ եւ հիմնաւորումներ փնտռել նման կեցուածքի համար…: Այս իմաստակները չե՞ն անդրադառնար, որ այս մտածողութիւնը կը հակադրուի Լա ՀԷյի մէջ առնուած մանր դրական քայլերուն եւ կը բթացնէ զանոնք:

Նման բաներու գիտակցումը, գիտե՛նք, կը կարօտի քաղաքական հասունութեան, շրջահայեացութեան, բայց մանաւանդ Հայաստանի, Արցախի եւ հայութեան իրաւունքներուն տիրութիւն ընելու ունակութեան: Նման հեռանկարներ կարելի չէ հետապնդել եւ իրականացնել լոկ… «սահմանազատում», «ապաշրջափակում» եւ «փոխընտրանքային ճամբաներ» հետապնդելով:

ՀԱՅՐԵՆԻՔ – Պոսթըն
Խմբագրական

hairenikweekly.com

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Գրքի շնորհանդես` նվիրված Հովհաննես Քաջ

Համազգային հայ կրթական և մշակութային միության Երևանի գրասենյակի նախաձեռնությամ

17 Մայիս 2025
«Հայուն վերջին խելքը»… Պիտի մնա՞

Ծանօթ խօսք է. մէկ լուսանկար յաճախ հազար բառ կ'արժէ: Միայն հպանցիկ ակնարկ մը

17 Մայիս 2025
Առաջնորդ Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան ըն

15 Մայիս 2025-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Ա

17 Մայիս 2025
ՀՅԴ ներկայացուցիչներն այցելել են Երևան

Մայիսի 16-ին ՀՅԴ անդամ, Հայաստանի Հանրապետության Ազգային Ժողովի պատգամավոր Արթ

16 Մայիս 2025
Արցախի հիմնահարցը քաղաքական օրակարգի վ

«Հորիզոն»ի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեանի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, ՀՅԴ

16 Մայիս 2025
Առայժմ չկա գործիքը, որն իմպիչմենտը կհա

Իմպիչմենտ սկսենք, կկանգնենք կոտրած տաշտակի առաջ, չսկսելու պատճառը ծիծաղի առարկ

16 Մայիս 2025
Աղքատ… Մեծահարուստը, Կամ Վիթխարի ՄԵԾը՝

«Իմ սեփական պարտէզիս մէջ, այլեւս ատելութեան սերմերը չեմ ցաներ: Կեանքը դաժան դա

16 Մայիս 2025
Երկխոսության բացակայությունը իշխանությ

Մայիսի 15-ին Հրապարակ TV-ի Հինգշաբթի հաղորդաշարի հյուրն էր ՀՅԴ անդամ, ՀՀ ԱԺ «Հ

16 Մայիս 2025
Ակնարկ. Աբրահամեան Համաձայնագիրին Երկր

Սէուտական Արաբիայէն եւ այնտեղ կայացած հանդիպումներուն առիթով այս օրերուն բազմա

16 Մայիս 2025
Բագրատունի Այցելեց Արտաքին Գործոց Նախա

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այցելեց Լիբանանի արտաքին գործոց

16 Մայիս 2025
Որքան էլ ունենանք տարաձայնություններ,

Արտաքին և ներքին մարտահրավերները կառավարելն այս իշխանության ուժերից վեր են, ին

15 Մայիս 2025
Պարտությունը պարտության հետևից բերում

Քաղաքական մեծամասնությունն ունի գիծ, որից բխում են նրա բոլոր որոշումները: Մեզ

15 Մայիս 2025
Ակնարկ. Ի՞նչ ազդանշաններ սպասել Ստամբ

Ստամբուլում, այսօր՝ մայիսի 15-ին Ռուսաստանի եւ Ուկրաինայի պատւիրակութիւնների մ

15 Մայիս 2025
Իշխանությունները չեն հասկանում իրենց պ

Ամեն ինչ տեսել եմ, բայց այս աստիճանի այլանդակություն, ուրիշ բառ չեմ կարողանում

15 Մայիս 2025
Իրանի բեկումնային պատգամը

Մայիսի 12-ի իմ յօդուածի հարցադրութեանց շրջագծին մէջ, ԱՄՆ-Իրան բանակցային գործը

15 Մայիս 2025
Ատրպատականի հայութեան ինքնապաշտպանական

Դիլմանի եւ Ուրմիայի վճռորոշ հերոսամարտերը 1914 թ. օգոստոսին, Առաջին համա

15 Մայիս 2025
Հաղորդագրութիւն ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնակա

Պեքայի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններու ծիրին մէջ կիրակի, 18 մայիս

14 Մայիս 2025
Յիշելով Օլիվըր Նորթը եւ «խունթա»ները

Երեւանի ՔՊ-ական իշխանութիւնը հնարամի՜տ է. բազմաթիւ հնարքներ ունի ուսապարկին մէ

14 Մայիս 2025
Փանթուրքիզմը Եւ Հայոց Ցեղասպանութիւն(ն

1915ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցուած է քաղաքակիրթ աշխարհին կողմէ, հակառակ Թու

14 Մայիս 2025
«Հայհոյութիւնը Փաստի Սով Է»

Սրտցաւ ընկերներէս մէկը հարց կու տար, թէ ի՞նչ կը կատարուի Հայաստանի մէջ: Խորհրդ

14 Մայիս 2025
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company