ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • ՀՅԴ Այլ շրջաններ
  • Լուրեր

ՀՅԴ 131-Ամեակի Հանդիսաւոր Տօնակատարութիւն` Այնճարի Մէջ

13 Դեկտեմբեր 2021

Շաբաթ, 11 դեկտեմբեր 2021-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Այնճարի հայութիւնը արժանաւոր կերպով նշեց ՀՅ Դաշնակցութեան 131-ամեակը` ժողովրդային տօնակատարութեամբ մը, որ տեղի ունեցաւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ` կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական եւ համացանցի յանձնախումբին:

Տօնակատարութեան ներկայ գտնուեցան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ընկերը, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» եւ «Արամ» կոմիտէներու ընկերները, Պեքաայի շրջանի հոգեւոր տեսուչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան, գիւղին հոգեւոր հայրերը, քաղաքապետը, ազգային-կուսակցական մարմիններու ներկայացուցիչներ, ուղեկից միութիւններու պատասխանատուներ եւ մեծ թիւով հայորդիներ:

Տօնակատարութիւնը բացուեցաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական եւ համացանցի յանձնախումբի անդամ Յովնան Քէշիշեան: Ան նախ ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու յիշատակը ՀՅ Դաշնակցութեան նահատակներուն: Ապա, կարճ եւ կուռ խօսքով մը ըսաւ, թէ այսօրուան համախմբումը այս սրահին մէջ թէեւ աւանդական ձեռնարկներու շարքին կը պատկանի, սակայն այս դժուար օրերուն ապացոյցն է մեր միասնականութեան, հաւատքին եւ մեր ծառայելու պատրաստակամութեան:

Դաշնակցութիւնը պարզ հատուած մը չէ մեր կեանքին մէջ, դասակարգի մը կամ ճակատի մը գաղափարախօսութիւնը չէ, այլ համահայկական, համազգային կազմակերպութիւն է իր կազմակերպական կառոյցներով, գաղափարախօսութեամբ եւ բարոյական նկարագիրով:

Ապա ՀՅԴ Լիբանանի «Յառաջ» պատանեկան միութենէն խումբ մը պատանիներ ներկայացուցին Սիամանթոյի «Ասպետին երգը» ասմունքը:

ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի անդամ Շահան Փանոսեան խօսք առնելով ներկաներուն ըսաւ, թէ կեանքի մերօրեայ դժուար պայմանները` թէ՛ հայրենիքի եւ թէ՛ Լիբանանի մէջ, մեզի ոչ մէկ արգելք կը հանդիսանան նշելու Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 131-ամեակը եւ մեր երախտագիտութիւնը յայտնելու այս վեհ կուսակցութեան առաքելութեանց, որոնց կեդրոնացումը հանդիսացած է եւ կը շարունակէ հանդիսանալ հայրենի երկրի եւ հայ ազգի շահերու պաշտպանութիւնը: Բոլորս հաւաքուած ենք այստեղ զօրակցելու եւ մեր վստահութիւնը հաստատելու հայութեան իրաւունքներու պաշտպան կուսակցութեան:

ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէն, իր 15 յանձնախումբերով, ջանք չի խնայեր գիւղացիներուն հայթայթելու նպաստաւոր պայմաններ` շրջանցելու այս օրերուն տիրող տագնապալի կացութիւնը: Մեր բեռը ծանր է, սակայն աշխատելու տրամադրութիւնները բարձր` յանուն մեր ժողովուրդի բարւոք կեանքի ստեղծման: Մեր կուսակցական ծառայութիւնն է, որ կը կատարենք: Փանոսեան իր խօսքը շարունակելով ըսաւ, թէ Այնճարը այն փոքրիկ հայաւանն է, որ իր դիմագիծին ընդմէջէն կ՛ուրուագծէ հայկական ինքնուրոյն պատկեր մը` հանդիսանալով սփիւռքի միակ զուտ հայկականութիւն բուրող գիւղը: «Այս գիւղը դաշնակցական հիմնադրութիւն ունի, դաշնակցական անցեալ, հետեւաբար նաեւ դաշնակցական պատասխանատուութիւն: ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէն եղած է այս աւանին տիրութիւն ընողը անցեալին, այդպէս է նաեւ այսօր եւ այդպէս պիտի ըլլայ նաեւ ապագային: Ոեւէ հայրենակից իրաւունք չունի խաթարելու մեր հաւաքական հայկական կեանքը քանի մը ղրուշով: Արգիլուա՞ծ է օտարներու թափանցումը մեր հողատարածքին մէջ: Այո՛, արգիլուած է: Արգիլուած էր անցեալին, արգիլուած է այսօր եւ արգիլուած է ապագային: Կը գիտակցինք, որ իւրաքանչիւր այնճարցիի գիտակցութեամբ պիտի շարունակենք բարձր պահել մեր գիւղի արժանապատուութիւնը եւ պահպանել անոր հայեցի նկարագիրը», ընդգծեց Շահան Փանոսեան:

Փանոսեան նշեց, որ այսօր մեր մէջ կը գտնուին ՀՅԴ նահատակներու ընտանեկան պարագաներ, հայրենի հողի պաշտպանութեան համար մարտի դաշտ նետուած ընկերներ, մտաւորականներ ու բանուորներ, որոնք բոլորը միանալով կը խորհրդանշեն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան զինանշանը, եւ ռոստոմեան բռունցքով այդ զինանշանը կը մնայ աննկուն ու հաստատ: Մեծ եղեռնէն քանի մը տարի ետք անկախութիւն կերտած կուսակցութեան մը համար ոչինչ կրնայ կասեցնել պայքարելու ոգին, ոչինչ կրնայ խաթարել անոր անշահախնդիր ծրագիրները եւ ոչինչ կրնայ կասեցնել անոր երթը` դէպի ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի տեսլականը: Շ. Փանոսեան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Այսօր պատեհ առիթէն օգտուելով անգամ մը եւս կը վերանորոգենք մեր ուխտը եւ մեր հայեացքները դէպի վեր յառած, մեր ձայները լսելի դարձնելով մեր սուրբ նահատակներուն, կը վստահեցնենք անոնց, թէ երթը պիտի շարունակուի, այնքան ատեն որ կան Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնն ու անոր շուրջ համախմբուած ընկերներն ու համակիրները, կը հաստատենք, որ իրենց արեան գնով տրուած հողերը պիտի վերադառնան մեզի ու իրենց կատարած սխրագործութիւնները պիտի արձանագրուին ՀՅԴ-ի պատմութեան մէջ եւ փոխանցուին գալիք սերունդներուն: Հպարտութեամբ եւ անհատոյց երախտիքով յիշենք բոլոր ինկածները` հերոսաբար հանգածները, յանուն լոյսի եւ մեզի համար»:

Ապա, տեղի ունեցաւ տեսերիզի ցուցադրութիւն` ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղի կողմէ պատրաստուած, 131 տարուան ՀՅԴ պատմութեան եւ հերոսներու սխրագործութիւններուն մասին:

Այնուհետեւ, բեմ հրաւիրուեցաւ ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Հրաչ Վարժապետեան` ուղղելու օրուան պատգամը:

Հրաչ Վարժապետեան դիտել տուաւ, որ Դաշնակցութեան 131-ամեակը կը նշենք մեր ազգին ու հայրենիքին համար ոչ միայն ճակատագրական, այլ նաեւ օրհասական ժամանակաշրջանի մը ընթացքին: Ան նշեց, որ ՀՅԴ-ի օրը հաշուետուութեան օր է կուսակցութեան եւ ժողովուրդին միջեւ, որուն ծառան ու առաջնորդն է Դաշնակցութիւնը` աւելցնելով, որ ժողովուրդին սրտաբուխ նուիրատուութեամբ է, որ կարելի կ՛ըլլայ բազմակողմանի գործունէութիւն ծաւալել: Ըստ անոր, ա՛յս է կուսակցութեան գաղտնիքը` կախեալ ըլլալ ո՛չ ոքէ, ո՛չ մէկ կողմէ եւ հաշուետու ըլլալ միայն ու միայն ժողովուրդին:

Հ. Վարժապետեան յայտնեց, որ ՀՅԴ-ն կ՛առաջնորդուի հայկական ուղղուածութեամբ, այդպէս ալ կը դաստիարակէ դաշնակցական մարդը` զայն զինելով ազգային գաղափարախօսութեամբ, որով ալ ան կը զատորոշուի ազգին պարզած այսօրուան խայտառակ խճանկարին մէջ: Ան դիտել տուաւ, որ Դաշնակցութիւնը, հակառակ իր փառաւոր անցեալին, ներկայ է ու ապագայ, բայց` ապագայ մը, որ շատ տարբեր է Հայաստանի իշխանութիւններուն խոստացած ապագայէն, իրա՛ւ ապագայ, հայավայե՛լ ապագայ, զոր կարելի է կերտել հայրենասէր ու ազգային գաղափարախօսութեամբ լիցքաւորուած տեսակով: Իր խօսքը շարունակելով` Վարժապետեան ըսաւ. «Անցնող տարին մեր ազգին ու հայրենիքին համար խիստ ծանր, դառն ու դժուար ժամանակահատուած մը եղաւ` ճակատագրական եւ անկիւնադարձային: Արցախեան այս վերջին պատերազմէն ետք, ցաւօք, պարտուած` պատերազմին, ուր ունեցանք հողային եւ մարդկային ահաւոր կորուստներ, տակաւին առկայ է մեր պետութեան ազգային անվտանգութեան խոցելի վիճակը, կաթուածահար է երկրին տնտեսութիւնը, կը շարունակուի ժողովրդային խաւերուն միջեւ քաղաքական թէ ընկերային բեւեռացումը, զոր այս իշխանութիւնները գիտակցաբար սերմանեցին առաջին իսկ օրէն: Հիմա դուրս պիտի գանք այլեւս միայն խաւարը անիծելու մեր ընթացքէն եւ գէթ փոքր մոմ մը, յոյսի նշոյլ մը պիտի փորձենք վառել, որպէսզի դուրս գանք այս ահաւոր իրավիճակէն, որ կը տանի միայն դէպի անդունդ: Այո՛, դժուար առաքելութիւն է ազգի բարոյահոգեբանական կենսակերպը վերականգնելը եւ վերակազմակերպելը, բայց ասիկա մեր` Դաշնակցութեան առաջադրանքն է բանիւ եւ գործով», շեշտեց բանախօսը:

Ան լուսարձակի տակ առաւ այն, որ օրհասական պահերուն Դաշնակցութիւնը միշտ լծուած է ազգին ու հայրենիքին ծառայութեան` շեշտելով, որ արցախեան վերջին պատերազմին առաջին օրէն ան իր մարդուժն ու կարողականութիւնը դրաւ ի սպաս հայրենիքին, տուաւ նահատակներ` Հայաստանէն եւ սփիւռքէն: «Թշնամի թուրքին դէմ մահուան գնով հայրենի սահմանները արիաբար, տղամարդավարի պաշտպանած ու մարտնչած այս սրբազան տղոց թափած արիւնը թոյլ չի տար դասալքութիւն, դաւաճանութիւն, հողատուութիւն եւ զիջում: Այս տղաքը եւ իրենց հետ ամբողջ ազգը, նկատի չունիմ դասալիք զանգուածը, որ ստամոքսով կը մտածէ, այլ նկատի ունիմ ազգը` գլխագիր ԱԶԳը, չի ներեր դաւաճանին եւ ներքին ու արտաքին թշնամիին, կը յիշեցնէ դարձեալ, որ հայութիւնը հող չունի յանձնելու, այլ տակաւին հող ունի ազատագրելու, պահանջատէր է եւ կը մնայ պահանջատէր:

«Պատմութեան ճակատագրական այս պահուն կուսակցութեան համար Արցախի հիմնահարցը կը նկատուի հայրենի պետականութեան անվտանգութեան հիմնաքարը, նոյնիսկ եթէ ազգը պարտութեան առաջնորդած ներկայ դաւադիր իշխանութիւնը շարունակէ հակառակ ուղղութեամբ գործել: Դաշնակցութիւնը կը պահանջէ իշխանութեան վրայ եղող այս ազգակործան խմբակին հեռացումը, որովհետեւ այլապէս կարելի չէ վերականգնիլ:

«Հայ դատի պայքարը սրբազան պայքար է եւ յանուն այդ առաքելութեան` մենք կը շարունակենք յարաբերական, քաղաքական ու հասարակական մեր աշխուժ գործունէութիւնը, նոյնիսկ եթէ այդ կռիւը անհաւասար է: Այնքան ատեն որ արդար պատերազմ է, վերջին հաշուով արդարութիւնը կը յաղթանակէ, որովհետեւ մեր դատը արդար է ու ազնիւ: Եւ այս բոլոր պայքարներուն մէջ, այս յարատեւ պայքարին մէջ մենք կարիքը ունինք մեր ժողովուրդին զօրակցութեան եւ աջակցութեան` բարոյական, ֆիզիքական թէ նիւթական առումով», հաստատեց Հրաչ Վարժապետեան:

Իր անձնական կարծիքը արտայայտելով պատգամախօսը ըսաւ. «Մուսալեռցի չեմ, բայց մանկութեանս եւ պատանեկութեանս տարիներու ամրան ամիսները անցուցած եմ Այնճար, որ այնքան հարազատ է ինծի համար: Այս գիւղին հայաշունչ, հարիւր տոկոս հայատրոփ ոգեղէն անսպառ ուժը կայ տեղ մը մէջս, հոգիիս մէջ, մտքիս մէջ: Այո՛, մենք պարտաւոր ենք այսօր ազգովին հասնելու Լիբանանին, Այնճարին, Պուրճ Համուտին, որոնք իրենք իրենց կարգին միշտ հասած են բոլորին»:

Անդրադառնալով, Հայ դատի ճամբուն վրայ նահատակուած մուսալեռցի-այնճարցի ընկեր Գէորգ Հաճեանին` ան ըսաւ. «Սիրելի՛ ընկերս Գէորգ, այո՛, այս անգամ յաւերժացար եւ հակառակ դաւաճաններու կողմէ նախապէս ծրագրուած ու պայմանաւորուած պատերազմի պարտութեան, դուն եւ դաշնակցական գումարտակի ընկերները յաղթեցիք թուրքին, ազատագրեցիք ձեզի վստահուած Վարնկաթաղ գիւղը եւ զայն չյանձնեցիք, չզիջեցաք թշնամիին: Հանգչի՛ր հայրենիքի հողին մէջ, ընկեր, շարունակէ անդենականէն կորով ու կամք ներշնչել մեզի, որովհետեւ պէտք ունինք անոր, որովհետեւ պաշտած կուսակցութիւնդ, պաշտած հայրենիքդ ու ազգդ դեռ անաւարտ գործ ունին կատարելու, աւելի ճիշդ, գործդ շարունակելու»:

Իր խօսքի աւարտին Հ. Վարժապետեան ըսաւ, թէ կռիւը պիտի աւարտի մեր վերջնական յաղթանակով միայն այն ատեն, երբ մեր սրբազան աճիւնները հանգիստ պիտի ննջեն ու պիտի գտնեն իրենց վերջնական հանգիստը, ամբողջական Հայաստանի խնկաբոյր հողին մէջ:

131-ամեակի տօնախմբութիւնը վերջ գտաւ ՀՅ Դաշնակցութեան քայլերգի երգեցողութեամբ` Դաշնակցութեան «Թեւ-թիկունք» կանգնելու հաստատ համոզումով եւ յանձնառութեամբ:



aztagdaily.com

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Գրքի շնորհանդես` նվիրված Հովհաննես Քաջ

Համազգային հայ կրթական և մշակութային միության Երևանի գրասենյակի նախաձեռնությամ

17 Մայիս 2025
«Հայուն վերջին խելքը»… Պիտի մնա՞

Ծանօթ խօսք է. մէկ լուսանկար յաճախ հազար բառ կ'արժէ: Միայն հպանցիկ ակնարկ մը

17 Մայիս 2025
Առաջնորդ Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան ըն

15 Մայիս 2025-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Ա

17 Մայիս 2025
ՀՅԴ ներկայացուցիչներն այցելել են Երևան

Մայիսի 16-ին ՀՅԴ անդամ, Հայաստանի Հանրապետության Ազգային Ժողովի պատգամավոր Արթ

16 Մայիս 2025
Արցախի հիմնահարցը քաղաքական օրակարգի վ

«Հորիզոն»ի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեանի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, ՀՅԴ

16 Մայիս 2025
Առայժմ չկա գործիքը, որն իմպիչմենտը կհա

Իմպիչմենտ սկսենք, կկանգնենք կոտրած տաշտակի առաջ, չսկսելու պատճառը ծիծաղի առարկ

16 Մայիս 2025
Աղքատ… Մեծահարուստը, Կամ Վիթխարի ՄԵԾը՝

«Իմ սեփական պարտէզիս մէջ, այլեւս ատելութեան սերմերը չեմ ցաներ: Կեանքը դաժան դա

16 Մայիս 2025
Երկխոսության բացակայությունը իշխանությ

Մայիսի 15-ին Հրապարակ TV-ի Հինգշաբթի հաղորդաշարի հյուրն էր ՀՅԴ անդամ, ՀՀ ԱԺ «Հ

16 Մայիս 2025
Ակնարկ. Աբրահամեան Համաձայնագիրին Երկր

Սէուտական Արաբիայէն եւ այնտեղ կայացած հանդիպումներուն առիթով այս օրերուն բազմա

16 Մայիս 2025
Բագրատունի Այցելեց Արտաքին Գործոց Նախա

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այցելեց Լիբանանի արտաքին գործոց

16 Մայիս 2025
Որքան էլ ունենանք տարաձայնություններ,

Արտաքին և ներքին մարտահրավերները կառավարելն այս իշխանության ուժերից վեր են, ին

15 Մայիս 2025
Պարտությունը պարտության հետևից բերում

Քաղաքական մեծամասնությունն ունի գիծ, որից բխում են նրա բոլոր որոշումները: Մեզ

15 Մայիս 2025
Ակնարկ. Ի՞նչ ազդանշաններ սպասել Ստամբ

Ստամբուլում, այսօր՝ մայիսի 15-ին Ռուսաստանի եւ Ուկրաինայի պատւիրակութիւնների մ

15 Մայիս 2025
Իշխանությունները չեն հասկանում իրենց պ

Ամեն ինչ տեսել եմ, բայց այս աստիճանի այլանդակություն, ուրիշ բառ չեմ կարողանում

15 Մայիս 2025
Իրանի բեկումնային պատգամը

Մայիսի 12-ի իմ յօդուածի հարցադրութեանց շրջագծին մէջ, ԱՄՆ-Իրան բանակցային գործը

15 Մայիս 2025
Ատրպատականի հայութեան ինքնապաշտպանական

Դիլմանի եւ Ուրմիայի վճռորոշ հերոսամարտերը 1914 թ. օգոստոսին, Առաջին համա

15 Մայիս 2025
Հաղորդագրութիւն ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնակա

Պեքայի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններու ծիրին մէջ կիրակի, 18 մայիս

14 Մայիս 2025
Յիշելով Օլիվըր Նորթը եւ «խունթա»ները

Երեւանի ՔՊ-ական իշխանութիւնը հնարամի՜տ է. բազմաթիւ հնարքներ ունի ուսապարկին մէ

14 Մայիս 2025
Փանթուրքիզմը Եւ Հայոց Ցեղասպանութիւն(ն

1915ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցուած է քաղաքակիրթ աշխարհին կողմէ, հակառակ Թու

14 Մայիս 2025
«Հայհոյութիւնը Փաստի Սով Է»

Սրտցաւ ընկերներէս մէկը հարց կու տար, թէ ի՞նչ կը կատարուի Հայաստանի մէջ: Խորհրդ

14 Մայիս 2025
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company