Վերջ Պարսաւանքին Եւ Խարխափումին
13 Դեկտեմբեր 2021
Կիրքերը չեն հանդարտիր Հայաստանի մէջ: Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները իրենց երկու փուլերով ցոյց տուին, որ կառավարող մեծամասնութեան դիրքերը զգալիօրէն կը նահանջեն: Կառավարական շրջանակները կեղծ գոհունակութեամբ կը յայտարարեն, որ իրենք յաջողած են ապահովել ժողովրդական ազատ կարծիքի գերակայութիւնը: Սակայն իրենց արարքները ցոյց կու տան, որ ցնցուած են ու մտահոգ:
Ժողովրդականութիւնը վերադարձնելու միջոցը անցեալին յարատեւօրէն կիրարկուած ցեխարձակումն է նախկիններու հասցէին: Պատերազմի հետեւանքներու վերացման համար բանակցութիւններու ձախող ընթացքը լաւ առիթ է ձախողութիւնը վերագրելու… «նախկիններուն», այսինքն` խորհրդարանական ընդդիմութեան:
Առաւօտ մը, մղձաւանջային անհանգիստ գիշերէ մը ետք արթննալով, Նիկոլ Փաշինեան ընդդիմութիւնը հարուածելու նոր գիւտ մը ըրած է: Ըստ Հայաստանի վարչապետին, ընդդիմութիւնը արտաքին կողմերու հետ, հասկնալ Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ ռուսական դաշնութեան հետ, պատերազմի նախօրեակին համաձայնած է բանակը մղել դասալքութեան եւ պարտութեան: Իբրեւ հետեւանք այս դաւաճանութեան, արտաքին կողմը կը ստանայ հողային տարածքներ, իսկ ընդդիմութիւնը` իշխանութիւն: Փառք Նիկոլ Փաշինեանին… դաւադրութիւնը միայն կիսով չափ յաջողած է, հողերը իւրացուած են Ազրպէյճանի կողմէ (մասամբ ալ` Ռուսիոյ), բայց ընդդիմութիւնը չէ կրցած տիրանալ իշխանութեան:
Սպիտակ դերձանով կարուած այս սեւ զգեստը հագցնել փորձելով ընդդիմութեան, Նիկոլ Փաշինեան կը յուսայ «նախկիններու» նկատմամբ մաշած մեղադրանքները վերանորոգել եւ սովորաբար իրեն վերագրուող դաւաճանի պիտակը իբրեւ խարան անցընել անոր վզին:
Վստահաբար հաւատացողներ պիտի ըլլան: Կողմնակիցներու սակաւացող խումբ մը թութակաբար պիտի կրկնէ նոյն մեղադրանքները եւ ընդդիմութիւնը պիտի հրաւիրէ… արդարանալու: Պէտք է յուսալ, որ ընդդիմութիւնը իմաստութիւնը պիտի ունենայ արհամարհելու նման զզուանք պատճառող ճամարտակութիւնը եւ չիյնալու փաշինեանական գռեհիկ ծուղակին մէջ:
Նիկոլ Փաշինեանի համոզումի զինանոցը շատ աղքատ է: Երեքուկէս տարի, բացի «նախկիններու» քննադատումէն, աւելի ճիշդ` դատափետումէն, ծրագրային գրեթէ ոչինչ տեսանք իրմէ: Բոլոր ձախողումները, եւ անոնք շատ են ու ծանրակշիռ, վերագրելով «նախկիններուն», Փաշինեան յաճախ կ՛իյնայ հակասութիւններու գիրկը: Սուտերը այնքան առատ են, որ դժուար է յիշել բոլորը, եւ նոր հնարուած սուտ մը կրնայ հակասել արդէն մոռցուած այլ սուտի մը: Ոչինչ, մթնոլորտը, քաղաքական դաշտը շիկացած պէտք է պահել, որովհետեւ ատիկա միակ գրաւականն է իշխանութեան յարատեւման:
Ցաւալի է եւ վհատեցնող Հայաստանի քաղաքական դաշտին պարզած պատկերը: Երկիրը կը գտնուի ծանրագոյն մարտահրաւէրներու յանդիման, վտանգները բազմաթիւ են ու բազմազան: Նման պայմաններու պարտադրանքով, ազգային միութիւնը եւ բոլոր ուժերու լարումը երկրի պաշտպանութեան ի խնդիր հրամայական անհրաժեշտութիւն է: Իշխանութեան պատասխանատուութիւնը կը կայանայ բոլորը համախմբելու, բոլորին տեսակէտները լսելու, նաեւ տեղեկացնելու ու աշխատանքի բաժանում կատարելու մէջ: Նման վարքագիծ չի նշանակեր զիջում իշխանութենէ. ժողովրդավարական ճշմարիտ հասարակութեան մը մէջ, իշխանութիւնը կը տեղեկացնէ, կը լսէ, ապա կ՛որոշէ: Որոշողը միշտ ինքն է, սակայն նման գործելաձեւ որոշումը կը դարձնէ կայացած թէ՛ մեծամասնութեան եւ թէ՛ փոքրամասնութեան մասնակցութեամբ:
Ջատագովուած ժողովրդավարութիւնը չ՛ենթադրեր ժողովուրդը շփոթել պարագայական մեծամասնութեան հետ, որ օր մը կրնայ փոխուիլ: Ով ալ տիրանայ իշխանութեան, պարտաւոր է ապահովել կենսական ընտրանքներու շարունակականութիւնը, ազգային ռազմավարութեան մը առկայութեան պայմաններուն տակ ու փոփոխութիւնները սահմանափակել մարտավարութեան մակարդակին:
Ո՛չ ազգային ռազմավարութիւն ունինք, ո՛չ ալ կենսական ընտրանք: Իշխանութիւնը կը յառաջանայ խարխափելով, ձգելով այն տպաւորութիւնը, որ խարխափումն է իր քաղաքական ուղեգիծը:
Ժամանակն է, որ դադրինք պարսաւելէ, դադրինք խարխափելէ ու լծուինք հայրենիքի փրկութեան ստեղծագործ աշխատանքին:
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
aztagdaily.com