Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականը կը մասնակցի Տիգրանակերտ՝ ԺԺԿ-ի (HDP) Երիտասարդականի համաժողովին
28 Դեկտեմբեր 2021
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Երիտասարդական եւ Ուսանողական Միութիւններու պատուիրակութիւնը 26 Դեկտեմբեր 2021-ին, Տիգրանակերտի մէջ, մասնակցեցաւ Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան (HDP) Երիտասարդական կազմակերպութեան երրորդ համաժողովին:
Պատուիրակութիւնը բաղկացած էր Հայաստանի ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալյան» ուսանողական միություն-եան անդամներ՝ Տիգրան Չանտոյեանէ եւ Գէորգ Ղազէլեանէ:
Համաժողովին Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականի խօսքը փոխանցուեցաւ քրտերէնով: Ողջունելէ ետք մասնակիցները Հ.Յ.Դ. պատուիրակութեան ներկայացուցիչը խստիւ քննադատեց Թուրքիոյ ապակայուն եւ յարձակողական քաղաքականութիւնը եւ նշեց, որ «Թուրքիան իր անթաքոյց յարձակողականութեամբ եւ անկէ բխող գործունէութիւններով կը շարունակէ ապակայունացնել տարածաշրջանի խաղաղութեան գործընթացը։ Ասոր վառ ապացոյցը ականատեսը դարձանք 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին»:
Եզրափակելով իր խօսքը ընկերը յաջողութիւն մաղթեց համաժողովի աշխատանքներուն և յոյս յայտնեց, որ հետագային աւելի սերտ համագործակցութիւն ստեղծուի ի նպաստ տարածաշրջանին վերաբերող խնդիրներու կարգաւորման, ազգային իրաւունքներու ու իսկական ժողովրդավարութեան արմատաւորման եւ համամարդկային արժէքներու հաստատման:
Բացման նիստին խօսք առին ԺԺԿ-ի համանախագահ Միտհադ Սանչար եւ Ժողովրդավար Շրջաններու Կուսակցութեան համանախագահ (DBP) Սալիհա Այտեմիզ:
Պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ ժողովին մասնակից երիտասարդական կազմակերպութիւններու և քաղաքական անձնաւորութիւներու հետ, որոնցմէ թրքական խորհրդարանի Մարտին քաղաքի պատգամաւոր Էպրու Կիւնէյ:
Ընկերները հանդիպեցան Տիգրանակերտի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, իրազեկ դարձան համայնքային կեանքին, այցելեցին Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցին եւ ծանօթացան քաղաքի հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան։
Յ.Գ..-Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական կուսակցութիւնը Թուրքիոյ խորհրդարանի մէջ ներկայացուած միակ կուսակցութիւնն է, որ ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Ան հիմնադրուած է 2008-ին եւ դիտորդի կարգավիճակով կ’անդամակցի Ընկերվար-Միջազգայնականին (Socialist-Internatioanal)։