ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Ռուս-Ազրպէյճանական յարաբերութիւններն ու ուքրանական գործօնը

09 Մարտ 2022

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

22 փետրուարին, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Մոսկուայի մէջ ստորագրեցին դաշնակցային համագործակցութեան մասին հռչակագիր մը։ Ռուսիան այս հռչակագիրը ստորագրելով կը փորձէ հակակշռել 15 յունիս 2021-ին բռնագրաւեալ Շուշիի մէջ Ալիեւի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ ստորագրուած «Շուշիի հռչակագիր»-ը, որովհետեւ Ռուսիան չուզեր, որ թուրք-ազրպէյճանական կապը ամրապնդուի ի վնաս իր շահերուն։

Ռուսիոյ հետ դաշնակցային համագործակցութեան մասին հռչակագիրի ստորագրումը նաեւ կը բխի Ազրպէյճանի շահերէն։ Պաքու միշտ ալ աշխատանք տարած է հեռու մնալ Հայաստանի եւ Վրաստանի օրինակներէն. Մինչ Հայաստան Ռուսիոյ ռազմավարական դաշնակիցն է, իսկ Վրաստան ունի հակառուս դիրքորոշում ու կը ջանայ ՕԹԱՆ-ի եւ Եւրոպական Միութեան անդամակցիլ՝ Ազրպէյճան կը փորձէ աւելի անկախ քաղաքականութիւն մը վարել, եւ այդ պատճառով ալ Մայիս 2011-ին միացաւ Ոչ յանձնառու շարժումին, որուն գերակայ նպատակը զինուորական որեւէ ճամբարի մաս չկազմելն է։

Ալիեւ Փութինի հետ դաշնակցային համագործակութեան մասին հռչակագիրը ստորագրելով նաեւ կը փորձէ Արցախեան Բ. պատերազմին թրքական վճռորոշ աջակցութեան գինը վճարելու հարկադրանքին ու ազրպէյճանական հասարակութեան մէջ նկատառելի աճ արձանագրած փանթուրքական զգացումներու զեղումի քաղաքական ընդհանուր մթնոլորտին մէջ իր ստորագրած «Շուշիի հռչակագիր»-ի կշիռը նուազեցնել։

Ալիեւ իր երկիրը Ռուսիայէն պաշտպանելու համար՝ Էրտողանի հետ «Շուշիի հռչակագիր»-ը ստորագրեց, եւ Ոչ յանձնառու շարժումի անդամ Ազրպէյճանի համար այդքան կարեւոր եղող որեւէ ճամբարի մաս չկազմելու սկզբունքին հիմամբ՝ Էրտողանին ենթակայութեան վտանգն ու ընդհանրապէս Թուրքիոյ ազդեցութիւնը մեղմացնելու համար՝ դաշնակցային համագործակցութեան հռչակագիրը ստորագրեց Փութինի հետ։

Մոսկուան ու Պաքուն երկկողմանի յարաբերութիւնները կարեւոր կը նկատեն նկատի ունենալով երկու երկիրներու միջեւ 284 քիլոմեթր երկարութեամբ ցամաքային սահմանը, ինչպէս նաեւ Կասպից ծովու մէջ ծովային սահմանը։ Երկու երկիրներու յարաբերութիւնները նաեւ մեծ բան կը պարտին անոնց սփիւռքերուն՝ Ռուսիոյ մէջ բնակող ազրպէյճանցիներուն եւ Ազրպէյճանի մէջ բնակող ռուսերուն ու տաղստանցիներուն։

Ազրպէյճան Ռուսիոյ համար նաեւ կարեւոր երկիր է՝ նկատի ունենալով անոր ռազմավարական կարեւոր դիրքը՝ իբրեւ մէկ կողմէ Կովկասի եւ Կասպից ծովու ճամբով Կեդրոնական Ասիոյ միջեւ, եւ միւս կողմէ Կովկասի եւ Իրանի ճամբով Միջին Արեւելքի հետ կապ։ Ազրպէյճան եւս հետաքրքրուած է Ռուսիոյ հետ անդրսահմանեան գործակցութեամբ։ Ռուսիան Ազրպէյճանի կասպից շրջանի առաջին դրացի երկիրն էր, որ սեպտեմբեր 2010-ին՝ 14-ամեայ դժուար բանակցութիւններէ ետք ստորագրեց սահմանազատման ու սահմանագծման համաձայնութիւն մը։

Միւս կողմէ՝ 9 նոյեմբեր 2021-ին, Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն կողմէ ստորագրուած եռակողմ յայտարարութեան 4-րդ կէտին հիմամբ՝ ռուսական խաղաղապահ ուժեր 5 տարուան համար հաստատուեցան Արցախի հանրապետութեան մէջ։ Զարմանալի չէ, որ իր «հողային ամբողջականութեան վերականգնման»` իմա Արցախի ամբողջական բռնագրաւման ձգտող Ազրպէյճանը տակաւին չէ ստորագրած խաղաղապահութեան լիազօրագիրը, որ զինադադարի յայտարարութենէն անջատ իրաւական փաստաթուղթ մըն է։ Ազրպէյճանցի պաշտօնատարները շարունակ կը շեշտեն, թէ ռուսական զօրքերու ներկայութիւնը ժամանակաւոր է, սակայն նկատի ունենալով Աբխազիոյ, Հարաւային Օսեթիոյ եւ Մերձտնեսթրի օրինակները՝ նաեւ կը հասկնան, թէ ռուս խաղաղապահները իրենց հաստատուած տարածքներէն հեռանալու սովորութիւն չունին։

Ազրպէյճանի իշխանութիւնները Արցախի մէջ ռուսական ուժերու ներկայութեան կողքին նաեւ կը դժգոհին անոնց գործունէութենէն։ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ռուս խաղաղապահները, հակառակ ազրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ հաստատուած արգելքին, կ’արտօնեն, որ օտարերկրեայ քաղաքացիները Արցախ մուտք գործեն։ «Որովհետեւ Ղարաբաղը մեր տարածքն է, օտարերկրեայ քաղաքացիներ կամ ինքնաշարժներ չեն կրնար առանց մեր արտօնութեան այդ շրջաններ մուտք գործել» , շեշտեց Ալիեւ։

Մինչ հնգամեայ պայմանաժամի աւարտը հետզհետէ կը մօտենայ, Արցախի մէջ ռուս խաղաղապահներու ներկայութեան հարցը հետզհետէ երկու երկիրներուն միջեւ աւելի լուրջ տարակարծութեան պիտի վերածուի եւ առաւել եւս սրի այդ պայմանաժամի աւարտէն ետք։ Սակայն ատիկա երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող միակ հարցը չէ։

Ազրպէյճան ռազմավարական գործընկերն է Ուքրանիոյ։ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով եւ Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տմիթրօ Քուլեպա 6 փետրուարին երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակի առթիւ նամակներ փոխանակեցին։ Պայրամով իր նամակին մէջ նշեց. «Կառչելով միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու անխախտելիութեան սկզբունքին՝ Ազրպէյճանն ու Ուքրանիան կը զօրակցին իրարու հողային ամբողջականութեան»։ Քուլեպա իր կարգին շեշտեց, որ «անցնող հանգրուանին թէ´Ուքրանիոյ, եւ թէ´Ազրպէյճանի մէջ փոփոխութիւններ տեղի ունեցան» , եւ միայն բարեկամութիւնը, յարգանքն ու, մասնաւորաբար, երկու երկիրներու գերիշխանութեան ու հողային ամբողջականութեան նկատմամբ յարգանքը կը մնան անփոփոխ։ Ուքրանիոյ մէջ վերջ զարգացումները ցոյց տուին, որ այդ իրողութիւնը փոխուած է։

Փետրուար 25-ին, Ազրպէյճան առաջին անգամ ըլլալով անդրադարձաւ Ուքրանիոյ մէջ իրադարձութիւններուն։ Ազրպէյճանի նախագահի արտաքին հարցերով բաժինի ղեկավար Հիքմեթ Հաճիեւ յայտնեց, որ իր երկիրը կը հետեւի Ուքրանիոյ իրադարձութիւններուն։ «Ազրպէյճան միջազգային յարաբերութիւններու մէջ միշտ կ’առաջնորդուի միջազգային իրաւունքներու արժեչափերով եւ սկզբունքներով, այս առումով ես պիտի ուզէի ընդգծել պետութիւններու գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան հարցը» , յայտարարեց ան՝ աւելցնելով, Ուքրանիոյ մէջ դէպքերը «մտահոգիչ հոլովոյթներ են եւ պէտք է լուծուին երկխօսութեան ճամբով»։

Պաքուի մէջ Ուքրանիոյ դեսպան Վլատիսլաւ Քանեսքի Փետրուար 25-ին «Պի.Պի.Սի.»-ի ազրպէյճանական ծառայութեան յայտնեց, որ Քիեւ տակաւին Ազրպէյճանի դիրքորոշման կը սպասէ։ «Կը ծրագրեմ շարք մը հանդիպումներ ունենալ իմանալու համար ներկայ կացութեան վերաբերեալ ազրպէյճանական պաշտօնական դիրքորոշումը։ Այդ նպատակով պաշտօնական մարմիններուն դիմում մը յղեցինք» , ըսաւ ան։ Սակայն պարզ էր, որ Պաքուն կը դժկամի վերահաստատել Ուքրանիոյ գերիշխաութեան ու հողային ամբողջականութեան վերաբերեալ իր «անփոփոխ» կեցուածքը՝ չզայրացնելու համար Մոսկուան, որուն հետ ռուս-ուքրանական պատերազմէն երկու օր առաջ ստորագրած էր կարեւոր փաստաթուղթ մը՝ դաշնակցային համագործակցութեան մասին հռչակագիրը։

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով 2 Մարտին ՄԱԿ-ի Մարդկային Իրաւանց Խորհուրդի նիստի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ՝ վերահաստատելով Հաճիեւի կողմէ արտայայտուած կեցուածքը նշեց, որ իր երկիրը Մոսկուայի եւ Քիեւի երկխօսութեան կոչ կ’ուղղէ։ Այդպիսով ան հաստատեց, թէ Ազրպէյճանի մինչեւ 6 փետրուար՝ Ազրպէյճանի եւ Ուքրանիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու 30-ամեակը վերահաստատուած ու շեփորուած Ուքրանիոյ գերիշխանութեան ու հողային ամբողջականութեան նկատմամբ զօրակցութեան կեցուածքը փոխուած է, եւ այժմ Ազրպէյճանի պաշտօնական կեցուածքը այլ է. 27 սեպտեմբեր 2021-ին Արցախի հիմնախնդիրը ուժի կիրարկմամբ լուծելու դիմած երկիրը այժմ կը զօրակցի հարցերու երկխօսութեան ճամբով լուծման, թէեւ Քիեւը 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին զօրակցած էր եւ գործնական գետնի վրայ ալ աջակցած էր Պաքուի։

Ազրպէյճան Ուքրանիոյ պատերազմին մէջ անկողմնակալ կեցուածք կ’որդեգրէ ոչ թէ ոչ յանձնառութեան սկզբունքէն մղուած, այլ՝ Ուքրանիոյ զօրակցելուն պարագային Ռուսիոյ զայրոյթէն, իսկ Ռուսիոյ զօրակցելուն պարագային Միացեալ Նահանգներու զայրոյթէն ու այդ զայրոյթներուն հետեւանքներէն վախնալով։ Այդ պատճառով ալ 3 մարտին չմասնակցեցաւ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ընթացքին Ռուսիոյ Ուքրանիոյ վրայ յարձակումը դատապարտող բանաձեւի քուէարկութեան։ Պաքու արդէն նոյն մարտավարութիւնը կիրարկած էր Ռուսիոյ Եւրոպական խորհուրդին անդամակցութիւնը դադրեցնելու շուրջ քուէարկութենա ընթացքին։ Օրին 47 անդամներէն 42-ը թեր քուէարկած էին, եւ Ազրպէյճան այն երկու երկիրներէն մէկն էր, որ քուէարկութեան չէին մասնակցած։

Ազրպէյճանի այս կեցուածքը ոչ յանձնառութեան սկզբունքի արդիւնք չէ, այլ՝ վախի հետեւանք, եւ հիմնուած է այն սկզբունքին վրայ, թէ քաղաքականութեան մէջ չկան մնայուն բարեկամներ ու թշնամիներ, այլ՝ միայն մնայուն շահեր։

horizonweekly.ca

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Մայիսի 9-ի խորհուրդը և նշանակությունը

«Մեր ժողվուրդը տեսավ 2020 թվականի 44-օրյա ճակատարամարտի հետևանքները, Արցախի

09 Մայիս 2025
Խրոխտ Շուշիի Ազատագրման Յիշատակին

«Շուշին եւ ազատագրուած տարածքը կը ներկայանան իբրեւ հայ ազգային ռազմավարութեան

09 Մայիս 2025
Շուշին ազգային վերազարթոնքի խորհրդանիշ

Արցախում Եռատոն է, հպարտության եւ հաղթանակի տոն։ 1992-ին Շուշիի հաղթական ազատա

09 Մայիս 2025
Միջոցառում՝ «Շուշի. վերադարձ լինելու է

Մայիսի 8-ին «Անի Պլազա» հյուրանոցի «Անի» սրահում տեղի ունեցավ Շուշիի ազատագրմա

09 Մայիս 2025
33 Տարի Առաջ` Այսօր. Հերոսական Սխրանքն

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Մայիս 9-ը եռատօն է, նուիրուած` համաշխարհային երկրորդ պատերա

09 Մայիս 2025
Խմբագրական. Եռատօնի Վերաիմաստաւորման Հ

Եռատօնը խորհրդանշող օրուան նշումը նորագոյն հանգամանքներով բոլորովին նոր խորհրդ

08 Մայիս 2025
Շուշին հանդիսանում է հայ ժողովրդի քաղա

ՀՀ ԳԱԱ Պատմության ինստիտուտի Արցախի պատմամշակութային ժառանգության և արդի քաղաք

08 Մայիս 2025
Դիվանագետների համահայկական խորհրդի հայ

Մայիսյան եռատոնը հայ ժողովրդի նորագույն պատմության պանծալի էջերից է, հայկական

08 Մայիս 2025
Այն ինչ այսօր կատարվում է ժամանակավոր

«Շատ բարդ է ինձ համար այսօր խոսելը։ Մի քանի բան ուզում եմ փոխանցել ՝մեկը պատմա

08 Մայիս 2025
Ամեն ինչ անելու ենք, որ, այո՛, այդ վեր

«Շատ կարևոր է այսօր վերաիմաստավորել, արժևորել Շուշիի ազատագրման օրը և խորհուրդ

08 Մայիս 2025
Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սատ Շրջանի Քաղաքապետակ

Երեքշաբթի, 6 մայիսին «Շաղզոյեան» կեդրոն այցելեցին Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սատ շրջանի ք

08 Մայիս 2025
Պատասխան ես տալու ամեն բառիդ, ամեն քայ

Փորձեմ առանց էմոցիայի Հերթական անգամ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավորները

08 Մայիս 2025
Ուաշինկթընի Քաղաքային Խորհուրդը Ընդուն

Մայիս 6-ին, Ուաշինկթընի քաղաքային խորհուրդը միաձայնութեամբ ընդունեց >բանաձեւ մ

08 Մայիս 2025
Մեր համազգային պահանջատիրութեան յետքայ

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 110-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ԱՌԻԹՈՎ Եթէ պէտք է իրերն իրենց անւամբ կ

08 Մայիս 2025
Ցաւակցագիր

ՀՅԴ Բիւրօն խոր վիշտով իմացաւ ընկ. Նազարէթ Սապունճեանի մահուան գոյժը։ Այս տխ

07 Մայիս 2025
ԱՄՆ-Իրան բանակցութիւններու դժուար ընթա

Օմանի միջնորդութեամբ տեղի ունեցող բանակցութիւնները ԱՄՆ-ի և Իրանի միջև այժմ կը

07 Մայիս 2025
էժան միջոցներով չեն կարող մեզ շեղել

Այն ենթադրությունը, թե պետք է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանին անվստահություն հայտ

07 Մայիս 2025
Կառավարությունից պահանջում ենք միջոցնե

Արցախցիների իրավունքների պաշտպանության խորհուրդը Արցախի մշակութային ժառանգությ

07 Մայիս 2025
Օգտակար խորհուրդ Հայաստանի Հանրապետութ

Վերջերս Հայաստանի Հանրապետությունն անսովոր որոշում կայացրեց՝ վարձելով ամերիկյա

06 Մայիս 2025
Համիլթընի մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղաս

Կազմակերպութեամբ Համիլթընի Ս. Մարիամ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ եւ ՀՅԴ

06 Մայիս 2025
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company