Ակնարկ. Անթալիան Եւ Խնդիրներու Փոխկապակցումը
14 Մարտ 2022
Անթալիոյ մէջ կայացած Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումէն ետք Թուրքիոյ արտաքին գերատեսչութեան ղեկավարին կատարած յայտարարութիւնները պարզ կը դարձնեն արցախեան հակամարտութեան լուծման եւ Երեւան-Անգարա յարաբերութիւններու հաստատման գործընթացին փոխկապակցուած ըլլալը:
«Կովկասի մէջ մենք եռակողմ, քառակողմ մեքանիզմներ ունինք: Եթէ յարաբերութիւնները կարգաւորուին, խաղաղութեան համաձայնութիւն ըլլայ, ինչո՞ւ Հայաստանն ալ չներառենք: Եթէ խաղաղութեան եւ կայունութեան մասին կը խօսինք: Սակայն ատոր համար Հայաստանն ալ պէտք է նոյն ըմբռնումը ունենայ: Պատերազմը աւարտած է. Հայաստանն ու Ազրպէյճանը պէտք է նստին ու բանակցին. իմ կարծիքով` խաղաղութեան համաձայնագիրի շուրջ բանակցութիւններուն երրորդ կողմ պէտք չէ ըլլայ: Եթէ անհրաժեշտութիւն ըլլայ եւ մեզ հետաքրքրող հարց ըլլայ, անպայման կ՛աջակցինք»:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը ակնարկած է նաեւ, որ կը սպասեն խաղաղութեան մասին Ազրպէյճանի կատարած առաջարկին Հայաստանի կողմէ ընդառաջման:
Փորձենք մեկնաբանել եւ տեսնել չյայտարարուած, բայց գոյութիւն ունեցող բովանդակային բաժինները:
Այսպէս. եռակողմը կ՛ենթադրուի, որ Թուրքիա-Մոսկուա-Ազրպէյճանն է: իսկ քառակողմը` նոյնը առաւել Իրանը: Այստեղ կը մօտենանք 3+3-ին, ուր նաեւ Երեւանը ներառելու հաւանականութեան մասին կը խօսուի: Այս ձեւաչափը հրատապ նշանակութիւն ունեցաւ յատկապէս Ուքրանիոյ պատերազմին առիթով, երբ Թիֆլիսը մէկ քայլ հեռացաւ Միացեալ Նահանգներէն եւ մէկ քայլ մօտեցաւ Մոսկուային` յայտարարելով, որ չի միանար պատժամիջոցային պաշարումին:
Հայաստանէն կ՛ակնկալուի ըմբռնում եւ քայլ: Քայլը սահմանագծումն ու սահմանազատումն է եւ միջանցքի տրամադրումը: Այս առաջադրանքներուն համար կը պահանջուի խաղաղութեան համաձայնագիրի բանակցութիւններու սկսումը:
Շատ ուշագրաւ է յայտարարութեան վերջին բաժինը` «Բանակցութիւններուն երրորդ կողմ պէտք չէ ըլլայ»-ի տեսութիւնը: Սլաքը ուղղակի Մոսկուային ուղղուած է: Կ՛ակնարկուի ո՛չ միայն հայ-ազրպէյճանական բանակցութիւններուն, այլ նաեւ Երեւան-Անգարա երկխօսութեան գործընթացին: Յիշենք, որ Թուրքիոյ ներկայացուցիչները գոհ չէին երկխօսութեան առաջին արարին Մոսկուայի մէջ կայացումէն եւ քանի մը անգամ շեշտած, որ խօսակցութիւնները պէտք է տեղափոխել կողմերուն քաղաքները:
Այս մօտեցումը բարձրաձայնելով միաժամանակ Անգարան կ՛առաջարկէ իր միջնորդութիւնը հայ- ազրպէյճանական բանակցութիւններուն` ընդգծելով, որ եթէ անհրաժեշտութիւն ծագի, անշուշտ իրենք պատրաստ են աջակցելու: Վաղեմի առաջադրանքը կը վերադառնայ` Անգարան միջնորդ արցախեան հակամարտութեան լուծման, այս պարագային այլեւս հայ-ազրպէյճանական բանակցութիւններուն:
Անտեսուած է, աւելի ճիշդը` խնամքով անուշադրութեան մատնուած եւ շրջանցուած ԵԱՀԿ-ը: Տրուած ըլլալով, որ Ուքրանիոյ պատերազմի այս պայմաններուն մէջ ԵԱՀԿ-ն ու անոր համանախագահական ձեւաչափը հեռու կը թուին վերագործարկման կարելիութենէն, Անգարան նոր միջնորդական ձեւաչափ կ՛առաջարկէ բանակցութիւններուն: Նոյնիսկ Մոսկուան դուրս մղելով:
Անթալիոյ հանդիպման նախօրեակին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտարարեց, որ Երեւանը կը մշակէ դիմում ԵԱՀԿ-ին` վերագործարկելու համանախագահական միջնորդութիւնը: Նմանօրինակ պահանջով հանդէս եկաւ նաեւ Արցախի Ազգային ժողովը` ապաբռնագրաւման օրէնքի որդեգրման որոշումով:
Այն ինչ որ չէ յայտարարած բառացիօրէն Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը, այս յայտարարութեամբ անուղղակի տեղ գտած են իբրեւ Անգարայի պաշտօնական դիրքորոշման հիմնադրոյթներ:
Ա.- Նախ պէտք է կայանայ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանագծումն ու սահմանազատումը:
Բ.- Հայաստանը պէտք է ընդառաջէ Պաքուի` խաղաղութեան գործընթաց սկսելու առաջարկներուն: Այդ կը նշանակէ ընդունիլ Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ:
Գ.- Ո՛չ միայն ԵԱՀԿ-ը, այլ նաեւ Մոսկուան պէտք չէ միջնորդական դեր ստանձնեն խաղաղութեան նոր համաձայնագիրի ստորագրութեան բանակցութիւններուն: Եթէ անհրաժեշտութիւն զգացուի (իսկ ատիկա անպայման կրնայ զգացնել տալ Պաքուն), Թուրքիան պատրաստ է աջակցելու. այսինքն` միջնորդելու:
Կը նկատուի, որ չեն արծարծուիր Թուրքիոյ դասական նախապայմանները, որոնք վերափոխուած են հարցերու փոխկապակցումով: Սահմանագծումը, սահմանազատումը եւ Պաքուի առաջարկներուն ընդառաջելու ակնկալութիւնը ըստ էութեան նախապայմաններու առաջին կէտի ամրագրումն են: Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումի համազօր քայլերու որդեգրման պահանջը:
Հայկական կողմէն հնչելիք արձագանգները անհրաժեշտ է, որ լոյս սփռեն Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան վրայ, որուն համաձայն Անթալիոյ հանդիպումը եղած է «շատ կառուցողական»:
«Ա.»
aztagdaily.com