Յայտարարութիւն ՀՅԴ Միացեալ Թագաւորութեան Կոմիտէի
15 Հուլիս 2022
Ստորին քայլով մը՝ փաշինեանական ապիկար ռեժիմը Հայաստանէն կը հեռացնէ ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու խորհրդի համանախագահ, ազգային գործիչ եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ ընկեր Մուրատ Փափազյանը եւ զայն կը նկատէ անցանկալի անձ Հայաստանի մէջ, առանց որեւէ հիմնաւորմամբ կամ օրինական պատճառներու հիմքը պարզաբանելով։
Սա ոչ միայն անարգանք է երկար տարիներ Հայաստանի, Արցախի եւ Հայ Դատի նուիրագործման լծուող ընկեր Մուրատին եւ իր կուսակցութեան, այլ բոլոր Սփիւռքահայերուն դէմ ուղղուած թշնամական արարք մըն է, որ լոկ կը բխի Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի շահերու ծառայութեան։
Փաստօրէն, ԼՏՊ-ի գործակալ սանիկը իր ոհմակին հետ միասին կը կրկնէ, հոգեւոր հոր տխրահռչակ արարքները, երբ ան 30 տարի առաջ Հայաստանէն հեռացուց ՀՅԴ Բիւրոյի այն ժամանակուայ ներկայացուցիչ ընկեր Հրայր Մարուխեանին։
Այս փոքրոգի արարքով, փաշինեանը ցուցաբերեց այլամերժութիւն եւ անհանդուրժողականութիւն իր ռեժիմին դէմ խօսող գործիչներուն վերաբերեալ։ Արդարեւ, Հայաստանը դաւաճան ռեժիմի լուծի տակ կը վերածուի բռնապետական եւ ոստիկանապետական երկիր, ուր ժողովրդավարութիւնը կը բռնաբարուի, ազատ խօսքի իրաւունքը կը ոտնահարուի եւ մարդու իրաւունքներու նորմերը կը խախտուին ամէնօրեայ դրութեամբ։
ՀՅԴ Միացեալ Թագաւորութեան Կոմիտէն իր յարակից միութիւններով՝ խստօրէն կը դատապարտեն ընկեր Մուրատին հեռացման որոշումը կայացնող ազգադաւ փաշինեանական աւազակախմբին ստոր վարմունքը։ Միաժամանակ, կը վերահաստատէ շարունակել իր նուիրումը, աննկուն կամքով ծառայելու Հայ Ազգին ու իր Դատին, պաշտպանելու Հայաստանի եւ Արցախի ազգային շահերը, ի հեճուկս փաշինեանական մենատիրութեան դաւադրութիւններուն։
Առանց նիկոլ Հայաստան լինելու է։
ՀՅԴ Միացեալ Թագաւորութեան Կոմիտէ
15 Յուլիս 2022