Յայտարարութիւն ՀՅ Դաշնակցութեան Կիպրոսի Կոմիտէի
15 Հուլիս 2022
Հ.Յ.Դաշնակցութեան Կիպրոսի Կոմիտէն խստօրէն կը դատապարտէ ընկեր Մուրատ Փափազեանի Հայաստան մուտքի արգիլումը, որ կը նկատէ հայրենիքի մէջ հետզհետէ զարգացող հակաժողովրդական երեւոյթներու շարունակութիւնը:
Ապազգային քաղաքական ծրագիրներ իրականացնող այսօրուայ իշխանութիւններու վերաբերմունքը, ամբողջ կեանք մը Հայաստանի, Արցախի ու Հայ Դատի նուիրած զինուորի մը հանդէպ, վերջին շրջանին հալածանքներուն եւ բռնաճնշումներուն շարունակութիւն է:
Այս առնուած տխրահռչակ քայլը, քաղաքականօրէն մոլորուած իշխանութիւններուն փորձն է, տապալելու սփիւռքի պահանջատիրական օրակարգը, առանց նախապայմաններու սկիզբ առած Հայաստան-Թուրքիայ յարաբերութիւններուն, ի գին մարդկային իրաւունքներու ոտնակոխման եւ Ցեղասպանութեան ճանաչման ՄԵՐ օրակարգին:
Կոչ կ՚ուղենք ՀՀ իշխանութիւնններուն, որ անյապաղ բեկանեն ընկեր Մուրատ Փափազեանի նկատմամբ կեղծ ու ապակողմնորոշող տուեալներու վրայ առնուած որոշումը, ինչպէս նաեւ դադարեցնել Դաշնակցական գործիչներու դէմ հալածանքները եւ ժողովուրդը պառակտելու փորձերը:
ՀՅ Դաշնակցութեան Կիպրոսի Կոմիտէ
15 Յուլիս 2022
Նիկոսիա – Կիպրոս