Յայտարարութիւն Հ․Յ․Դ ․ Շուէտի Կոմիտէի
16 Հուլիս 2022
Հ.Յ.Դ. Շուէտիոյ Կոմիտէն խստիւ կը դատապարտէ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ եւ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ, ինչպէս նաեւ Հայ Դատի եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն համար տարիներ շարունակ անձնազոհութեամբ պայգարած ընկեր Մուրատ Փափազեանի Հայաստան մուտքի արգիլումը՝ Նիկոլ Փաշինեանի հրամանով, պատճառաբանելով, թէ ինք կը համարուի «անցանկալի անձ», չկայ այլ լուսաբանութիւն, չկան նաեւ հրապարակային պարզաբանումներ:
Ակնյայտ է, որ այս դէպքը ունի համահայկական տարողութիւն եւ սկիզբ է արկածալից զարգացումներու: Նիկոլ Փաշինեանը արգիլելով սփիւռքի ազգային գործիչներու մուտքը Հայաստան կը փորձէ ճեղք մտցնել Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ, ինչ որ կը սպառնայ հայութիւնը պառակտելու, անոր ներուժը հարուածելու եւ դիմադրողականութեան ուժը թուլացնելու վտանգին: Փաշինեանի սանձազերծած դաշնակցական գործիչներու դէմ բռնատիրական հալածանքները, ինչպէս նաեւ այս տհաճ դէպքը, խիստ զայրոյթ կը պատճառէ մեզ եւ անհամար հայրենակիցներու:
Առ այդ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայի իշխանութիւնը պարտաւոր է անյապաղ պարզաբանել կատարուած անախորժ դէպքը եւ շտապ վերացնէ ընկեր Մուրատ Փափազեանի նկատմամբ «անցանկալի անձ« նկատուող արգելքը։ Ի վերջոյ խստիւ կը պահանջենք դադրեցնել բռնապետական հալածանքները հանդէպ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան գործիչներուն:
ՀՅԴ Շուէտիոյ Կոմիտէութիւն
15 Յուլիս, 2022