Յայտարարութիւն ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի 83-րդ Շրջանային Ժողովի
03 Հոկտեմբեր 2022
Անցնող շաբաթավերջին, Փարիզի մէջ գումարուեցաւ ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի (Ֆրանսա, Պելճիքա, Հոլանտա) 83-րդ Շրջանային Ժողովը, մասնակցութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի, ընթացաւարտ ԿԿ-ի, Ալֆորվիլի, Առնուվիլի, Իսի Լէ Մուլինոյի, Փարիզի, Լիոնի, Վալանսի, Մարսէյի, Պրիւքսէլի, Ալմելոյի կազմակերպական շրջաններու պատգամաւորներուն, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Նոր Սերունդի, ՀՅԴ Հայ Դատի, Պատանեկան Միութեան, Ֆրանս Արմենի-ի, Այբ Էֆ Էմ-ի, Ջաւախքի յանձնախումբի, Կապոյտ Խաչի, Համազգայինի, ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչներուն եւ յատուկ հրաւիրեալներու:
Երեք օրերու վրայ երկարող նիստերու ընթացքին, Ժողովի հիմնական օրակարգը հանդիսացաւ Հայրենիքի ճգնաժամը:
Բնականաբար ժողովի քննարկման ենթարկուեցան նաեւ Հայ Դատի, կազմակերպական, քաղաքական, քարոզչական, տնտեսական, երիտասարդութեան եւ ներհամայնքային հարցեր եւ անոնց լուծման ի խնդիր տրուեցան համապատասխան որոշումներ:
Շրջանային ժողովը, ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի կառոյցի անվերապահ ու ամբողջական զօրակցութիւնը վերահաստատեց ՀՅԴ Հայաստանեան կառոյցին, ինչպէս նաեւ՝ ՀՀ գործող իշխանութեանց պարտուողական-անձնատուողական քաղաքական վարքագիծին հակադրուած ընդդիմութեան: Ժողովը ընդգծեց, որ հողային զիջումներու հակամէտ, ապազգային ու թրքամէտ քաղաքականութեան հոմանիշ ՔՊ-ական դաւադիր քլանի հեռացումը նախապայման է Ազգի ու Հայրենիքի փրկութեան համար:
Հաստատելով Արցախի տարածքային ամբողջականութեան վերականգնման, պետականութեան պահպանման, բանակի վերակազմաւորման եւ պատմական իրաւունքներու վերատիրացման գծով իր յանձնառութիւնը, ժողովը էական նկատեց Հայրենիքի փրկութեանգործընթացին մէջ Սփիւռքի լիիրաւ մասնակցութիւնը, համահաւասար իրաւունքներով ու պարտաւորութիւններով:
Ժողովի աւարտին ընտրուեցաւ Կեդրոնական Կոմիտէի նոր կազմ, յառաջիկայ երկու տարիներուն համար. Հրաչ Վարժապետեան (ներկայացուցիչ), Նուպար Վարդանեան, Մուրատ Արսլանեան, Յարութ Մարտիրոսեան, Թալին Թաշճեան-Ցուկունեան, Պերճ Քերթէշեան, Տիգրան Շահմիրեան:
ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի 83-րդ Շրջանային ժողով
3 հոկտեմբեր 2022, Փարիզ