Բանավիճային Մշակոյթի Էական Բաժինը
07 Դեկտեմբեր 2018Աւարտած է արդէն Հայաստանի Հանրապետութեան արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու նախընտրական քարոզարշաւը։ Հայաստանի հանրապետութեան քաղաքացին պիտի ուղղուի դէպի ընտրատեղամաս եւ դէպի քուէատուփ կատարելու համար իր քաղաքացիական իրաւունքն ու պարտաւորութիւնը՝ ընտրելու համար զինք ներկայացնող խորհրդարանը։
Շուտով ձեւաւորուելիք խորհրդարանի բաղադրութեան, բաղադրատարրերու իւրայատկութեան եւ ընդհանրապէս զայն բաղկացնող ուժերու դաւանած աշխարհահայեացքին, գաղափարաբանութեան եւ քաղաքական դիրքորոշումներուն մասին այժմէն կանխատեսումնային պատկերացումներ փոխանցելը ճիշդ չէ։ Որքան ալ վիճակագրական տուեալներ ընդհանուր պատկերացումներ փոխանցեն, որքան ալ քաղաքական սթափ գնահատականը որոշակի պատկերացում տայ յստականալիք խորհրդարանի ձեւաւորման մասին, այսուհանդերձ կանխորոշման գործօնի բացարձակութեամբ պէտք չէ առաջնորդուիլ։ Ժողովրդավարական երկիրներու յարիր չեն բացարձակ կանխորոշումները ։ Ընտրութեան արդիւնքները ժողովրդավարական հասկացողութեամբ իսկ պէտք է ունենան որոշակիօրէն եւ իրենց չափով՝ յանկարծակիութեան գործօնի հնարաւորութիւնը։
Տրուած ըլլալով սակայն, որ աւարտած է նախընտրական քարոզարշաւը, կարգ մը դիտարկումնային արձանագրումներ կարելի է նշել։
Նախ անշուշտ պէտք չէ ժխտել, որ բանավիճային մշակոյթը թէկուզ ոչ ակնկալուած տարողութեամբ, այսուհանդերձ համարձակ քայլերով ինքզինք զգալի դարձուց հանրապետութեան մէջ։ Յատկապէս հեռուստաբանավիճային հաղորդումները նպաստեցին քաղաքացիի տեղեկացուածութեան աստիճանաչափի բարձրացման։ Հեռատեսիլի կայաններէն ետ չմնացին նաեւ ելեկտրոնային այն կայքերը ,որոնք համացանցային հեռատեսիլի դրոյթներ հաստատած էին որոշ ժամանակ առաջ եւ աշխուժօրէն քայլ պահեցին ընտրական մշակոյթի նորարար ոճի առարկայացման ընթացքին։
Բնականաբար թէ ՛ հեռատեսիլի եւ թէ՛ կայքերու այս արտադրանքներու հասանելիութիւնները բազմապատկուեցան ընկերային ցանցերու միջոցով՝ ոչ միայն առաջին անգամ հետեւելու կարելիութեան ընձեռումով այլ վերադիտումներու առիթ տալով։ Այստեղ արդէն քաղաքացին կամ օգտատէրը կրաւորական հետեւողէն անցում կատարեց դէպի քննարկողի, տեսակէտ յայտնողի կարգավիճակ։
Լեզուակռիւը, հռետորական փոխհրաձգութիւնը շատ մը պարագաներու տիրական երեւոյթի վերածուեցաւ այս քննարկումներուն ընթացքին. Գաղափարականութիւնն ու ծրագրայնութիւնը յաճախ զիջեցան առաջին երեւոյթին։ Այսուհանդերձ նկատելի պարագաներու ինչպէս ներքին, ներհայաստանեան հարցերու այնպէս նաեւ համահայկական գործընթացներու մասին բոլոր ուժերը հնարաւորութիւն ունեցան պարզաբանելու իրենց նախընտրական ծրագիրներուն մէջ ներառուած հիմնադրոյթները։
Եկամտահարկէն մինչեւ հարկելու կամ չհարկելու համար աշխատավարձերու կամ շահոյթներու շեմերու ճշդումի պահանջներ, ներդրումային դաշտի կայացման համար տարբեր պատկերացումներ, կրթակարգի վերաբերող խնդիրներ, առողջապահութեան, թոշակի եւ քաղաքացիի իրաւունքներու պաշտպանութեան համար անհրաժեշտ միջոցառումներ՝ կազմեցին ներհայաստանեան խնդիրներու արծարծման առանցքները։ Մինչ արցախեան հակամարտութեան, պաշտպանութեան խնդիրներու ՀԱՊԿ-ի ՆԱԹՕ-ի եւ ԵՄ-ի, ինչպէս նաեւ ՌԴ-ի, Իրանի եւ ԱՄՆ-ի հետ յարաբերութիւններու ելեւէջները արտաքին քաղաքականութեան այն գերակայ ուղղութիւններն էին, որոնց շուրջ ընթացան թէժ բանավէճերը։
Ժողովրդավարական կարգերու աւանդութիւն կերտած երկիրներու պարագային բանավէճերուն առընթեր, անմիջականօրէն, գրեթէ ժամանակի իմաստով առընթեր տեղի կ՛ունենան մասնակցող ուժերու վարկանիշերու նոր գրանցումներ։ Այնտեղ տատանումները ակներեւ են եւ իւրաքանչիւր բանավէճ նկատելի ազդեցութիւն կ՛ունենայ տուեալ ուժի վարկանիշի բարձրացման կամ անկման վրայ։
Այստեղ է, որ քաղաքացիական տեղեկացուածութիւնն ու դատողութիւնը իբրեւ նախընտրական մշակոյթի կարեւոր բաղադրիչ անհրաժեշտ է, որ աշխատի նպատակային։ Եթէ զգալի ըլլայ մասնակցողի մը գաղափարաքաղաքական գերակայութիւնը իր մրցակիցին հանդէպ կամ յաւելեալ տեղեկացուածութիւնն ու պատրաստուածութիւնը, եւ երբ իբրեւ արդիւնք վարկանշային աստիճանաչափերու կտրուկ տատանումներ տեղի չեն ունենար, այդ կը նշանակէ կանխորոշման կարծրատիպի ամուր նստուածք։
Պարզ է միաժամանակ, որ ամէն ինչ հանգրուանային ու փուլային է. նաեւ՝ այս պարագային։ Բանավէճերը կ՛իմաստաւորուին եթէ յաջողին քանդել կարծրատիպերը, փոխուի ամէն գնով ընդդէմի համոզուածութեամբ դիրքորոշուելու մօտեցումը եւ հետզհետէ սկսին զանգուածայնանալ բանավէճերու առընթեր վարկանիշերու եւ քարացած իրավիճակի փոփոխութեան միտումները։ Իսկ այդ վարկանիշերու բարձրացումն ու անկումը ժողովրդավարական հասկացողութեամբ եւ 21-րդ դարու տեղեկացուած քաղաքացիական հասարակարգի համարժէք՝ անմիջականօրէն առնչութիւն ունին կուսակցութիւններու, քաղաքական ուժերու ներկայացուցած հայեցակարգերու գաղափարակայնութեամբ եւ ծրագրայնութեամբ ելեւէջող նշաձողերուն հետ։
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ