Կիրօ Մանոյեան հանդիպում ունեցաւ Գամիշլիի միութեանական մարմիններուն հետ
26 Նոյեմբեր 2022
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան Գամիշլի իր այցելութեան շրջագիծէն ներս Հինգշաբթի, 24 Նոյեմբեր 2022- ին Համազգայինի «Ահարոնեան» կեդրոնին մէջ հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ-ի ուղղեկից միութիւններու` ՍԵՄ-ի, ՍՊՄ-ի, Համազգայինի, ՀՄԸՄ-ի , ՍՕԽ-ի Գամիշլիի մէջ գործող պատասխանատու կազմերուն հետ, ինչպէս նաեւ Գամիշլիի Հայ Դատի Յանձնախումբի, Ռատիոյ Երազի եւ «Գանձասար»-ի Գամիշլիի թղթակիցներուն հետ։
Հանդիպումին իւրաքանչիւր միութիւն իր զեկոյցը ընթերցեց, որուն մէջ ներկայացուց միութեան թուապատկերը, գործունէութիւնները, ապագայ ծրագիրները, եւ դիմագրաւած դժուարութիւներն ու մարտահրաւէրները ։
Մանոյեան գնահատեց միութիւններուն տարած աշխատանքը եւ գաղութի հայապահպանման ի նպաստ բոլոր ճիգերը, շեշտելով որ ՀՅԴ երիտասարդական գրասենեակը բոլոր կարելիութիւնները ի սպաս կը դնէ զօրավիգ կանգնելու երիտասարդութեան։
Մանոյեան նորանոր վերելք եւ յաջողութիւն մաղթեց բոլոր միութիւններուն, որոնց անսակարկ նուիրումով եւ անկոտրում կամքով կարելի կը դառնայ յաղթահարել տարբեր դժուարութիւններ։
Բժշկհ. Մարի Մելքոն
Kantsasar