Արթուր Խաչատրեան Եգիպտական Հեռուստալիքէն Ներկայացուց Արցախեան Հակամարտութեան Պատմութիւնը Եւ Լուծման Ուղիները
06 Դեկտեմբեր 2022
«Գահիրէ լրատուական» հեռուստալիքը Նոյեմբերի 29-ի երեկոյեան մօտ 50 րոպէ նուիրած է Արցախի Հանրապետութեան շուրջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հակամարտութեան արմատներուն եւ լուծման հնարաւորութիւններուն, հրաւիրելով Գահիրէէն եւ Սեւաստոպոլէն վերլուծաբաններ՝ լրագրող Իհապ Օմար եւ քաղաքական գիտութիւններու դասախօս դր. Ամմար էլ Գենա, որոնք ներկայացուցած են իրենց նկատողութիւնները՝ տագնապի տարբեր երեսներուն մասին, աշխարհաքաղաքականէն մինչեւ դաւանական։ Իհապ Օմարի տեսակէտով Ռուսիա կարող է հրադադար պարտադրել Թուրքիոյ եւ Իրանի հետ ունեցած սեւծովեան եւ սուրիական յարակցութիւններով, սակայն կայ մտավախութիւն, որ Ատրպէյճան Սիւնիք ներխուժելով կրնայ փոխել հակամարտութեան պատկերը, ներգրաւելով Իրանն իբրեւ հակառակորդ։
Յաջորդ հարցին՝ թէ Արցախը աշխարհաքաղաքական, տնտեսական թէ այլ արժէք կը ներկայացնէ՞, ան օրինակ բերելով պալքանեան թնճուկը, հաստատեց որ հակամարտութեան արմատը ազգային է եւ ոչ թէ դաւանական կամ քաղաքական, որ Կրեմլի ազգային քաղաքականութեան եւ կամայականօրէն սահմաններ որոշելու հետեւանք են ներկայ հակամարտութիւնները, փաստելէ ետք, որ Հայաստան հնագոյն պետութիւններէն մին է, որ ծանօթ է իր աշխարհագրութեամբ եւ անոր հայ բնակչութեամբ։
Յաջորդ հիւրը՝ Ատրպէյճանէն քաղաքական վերլուծաբան Շէյխալի Ալիեւ ներկայացուց իր երկրի դիրքորոշումը, յայտնեց որ խնդրի արմատը հայկական հողային պահանջներն են ու ընդարձակման ձգտումը, որուն հետեւանքով աւելի քան մէկ միլիոն ատրպէյճանցի բռնագաղթի ենթարկուեցան, մինչեւ որ մօտ երկու տարի առաջ ատրպեճանական բանակը «հայկական գրաւումէն ազատագրեց» իր հողերը եւ վերջ տուաւ այս հակամարտութեան, թէ ներկայիս խաղաղ բանակցութիւններ կ’ընթանան։ Յաջորդ հարցին պատասխանելով, ան հաստատեց որ կարգ մը պետութիւններ չեն փափաքիր հակամարտութեան վերջնական լուծումը, որպէսզի մօտիկ թէ հեռաւոր ապագային զայն օգտագործեն Ատրպէյճանին ճնշելու, հետամուտ սեփական շահերուն. այս առիթով ան յականէ անուանէ յիշատակեց Ֆրանսան, Իրանը, որ օգնած են ու կ’օգնեն Հայաստանին վերազինուիլ, փոխելու համար ուժային յարաբերակցութիւնը եւ փոփոխութեան ենթարկելու իրերու արդի դասաւորումը։ Հարցումին, թէ ի՞նչ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Արցախը Ատրպէյճանի համար, երբ Հայաստան զայն իր մասնիկը կը նկատէ, ան յառաջ բերաւ աշխարհագրական, քաղաքական, տնտեսական եւ իրաւական պատճառներ, որ անիկա անբաժանելի մասը կը կազմէ Ատրպէյճանին, ակնյայտօրէն խճճուելով պատմական փաստարկներու մէջ։
Հաղորդավարը այնուհետեւ Երեւանէն հրաւիրեց ՀՀ ԱԺ պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեանին եւ հարց տուաւ, թէ ի՞նչ է հակամարտութեան լուծումը։ ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ-ի նախկին անդամ, ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորը առաջին հերթին շեշտեց, որ լուծման մասին խօսելու համար հարկ է անոր պատճառին մասին խօսիլ։
«Երբ ստեղծուեցաւ Խորհրդային Միութիւնը, ստալինեան «ազգային քաղաքականութիւնը» ԽՍՀՄ հանրապետութիւնները կը կապէր հանգոյցներով, որոնք հեշտութեամբ չէին կրնար քակուիլ։
Տարբեր ցեղային մեծամասնութեամբ ամբողջ շրջաններ Կովկասի և Կեդրոնական Ասիոյ մէջ «փոխանցուեցան» այլ «ազգային» մեծամասնութիւն ունեցող հանրապետութեան։ Ահա թէ ինչպէս Լեռնային Ղարաբաղը (նոյն ինքը՝ Արցախը) պատմական հայկական շրջանը մօտ 90%-ով Հայ բնակչութեամբ տրուած է Ատրպէյճանին»։
«Սակայն Ղարաբաղի ժողովուրդը երբեք չկորսնցուց Հայաստանի միանալու յոյսը։ Այսպիսով, 80-ականներու վերջին, երբ Կորպաչեւի գլխաւորութեամբ այսպէս կոչուած «Փերեսթրոյկայի» բարեփոխումները հռչակուեցան, Ղարաբաղի ժողովուրդը որոշեց իրացնել ինքնորոշման իր իրաւունքը և խնդրել Խորհրդային Միութենէն, Հայաստանի և Ատրպէյճանի Խորհրդային Հանրապետութիւններէն համաձայնիլ Ղարաբաղի իրաւասութիւնը Ատրպէյճանէն Հայաստանի փոխանցել։ Հետեւաբար «Ղարաբաղեան հակամարտութիւն»ը Ղարաբաղի և Ատրպէյճանի միջև է՝ Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին շուրջ, ըստ ՄԱԿ-ի սկզբունքներուն և կանոնադրութեան, ինչպէս նաև Եւրոպայի անվտանգութեան և համագործակցութեան համաժողովի Հելսինկեան եզրափակիչ որոշման (1975-էն Համաժողովը վերածուեցաւ մշտական գործող կազմակերպութիւն՝ Եւրոպայի Անվտանգութեան և համագործակցութեան կազմակերպութիւն): Այսպիսով, Հայաստանի Հանրապետութիւնը հակամարտութեան «լիարժէք» կողմ չէ, այլ հակամարտութեան միջամտեց իբրեւ Ղարաբաղի ժողովուրդի ապահովութեան և իրաւունքներու երաշխաւոր և փաստացի կը ներկայացնէր Լեռնային Ղարաբաղը միջազգային միջնորդաւորուած բանակցութիւններուն։
Միջազգային միջնորդական ջանքերը սկսած են 1991-էն՝ ԽՍՀՄ-ի փլուզումից անմիջապէս առաջ. 2006-2007 տարիներուն ձևակերպուած են հակամարտութեան լուծման հիմնարար սկզբունքներն ու տարրերը
երեք միջնորդ երկիրներու՝ այսպէս կոչուած ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները՝ Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու և Ֆրանսայի կողմէ։ Լուծումը պէտք է հիմնուած ըլլար Հելսինկեան Եզրափակիչ որոշման երեք սկզբունքներուն՝ ժողովուրդներու հաւասար իրաւունքներու և ինքնորոշման, ուժի սպառնալիքէն կամ կիրառումէն հրաժարիլ, և պետութիւններու հողային ամբողջականութեան վրայ։ Համապարփակ խաղաղութեան պայմանագիրը պէտք է ստորագրուէր Լեռնային Ղարաբաղի, Հայաստանի և Ատրպէյճանի կողմէ, որ պիտի սահմանէր Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակը, որ կ’ենթադրուէր պէտք է որոշուի կամարտայայտութեան օրինական պարտադիր հանրաքուէի միջոցով, կազմակերպուած ՄԱԿ-ի կամ ԵԱՀԿ-ի կողմէ։
Սակայն Ատրպէյճան ուժի սպառնալիքէն կամ ուժի կիրառումէն հրաժարելու սկզբունքը կոպօրէն խախտեց 2020-ի Սեպտեմբերի 27-ին, երբ աշխարհ զբաղուած էր մահաբեր COVID-19 ժահրին դէմ պայքարով, գործեց չհրահրուած յարձակում Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դէմ՝ սպաննելով հազարաւոր մարդոց և բռնագրաւելով Լեռնային Ղարաբաղի տարածքի մեծ մասը։ Իսկ 2021-ի Մայիսին Ատրպէյճան ներխուժեց Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխան տարածք։ Այդ ժամանակէն Հայաստանի դէմ նախայարձակ գործողութիւնները կը շարունակուին։
Վերջին ներխուժումը Հայաստան կատարուեցաւ 2022-ի Սեպտեմբերի 12-ին։ Ատրպէյճան սպաննած է մօտ 250 հայ զինուորական եւ գրաւած Հայաստանի շուրջ 150 քառ․ քլմ․ տարածք։
Ատրպէյճան յարձակած է Հայաստանի վրայ երկու պատճառով՝ Հայաստանի վրայով ինքնիշխան միջանցք ստանալու իր արտատարածք Նախիջևանի հետ և ճնշում բանեցնելու Հայաստանի վրայ որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղը ճանչնայ Ատրպէյճանի մաս։
Հայաստան պատրաստ է սահմանազատման և սահմանագծման Ատրպէյճանի հետ և խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու անոր հետ։ Սակայն Հայաստան երբեք պիտի չստորագրէ Ատրպէյճանի և Նախիջևանի միջև հաղորդակցային միջանցք տրամադրելու համաձայնագիր, որ ենթակայ չէ Հայաստանի իրաւասութեան։ Կառավարութիւնը կը պահանջէ նաև Լեռնային Ղարաբաղի հայերի ապահովութեան երաշխիքներ։
Մինչդեռ մենք՝ ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութիւնը համակարծիք ենք, որ Հայաստանի վրայով գերիշխան միջանցք չտրամադրուի Ատրպէյճանի, ուղևորներու և բեռներու տարանցում կատարուի ըստ ՀՀ օրէնսդրութեան, քանի որ ճամբան կը գտնուի Հայաստանի հողին վրայ, մինչդեռիշխանութեան հետ հիմնական տարակարծութիւն ունինք Ղարաբաղի հարցին շուրջ։ Մենք կը հաւատանք, որ Ղարաբաղի հայերը, որոնց ապահովութիւնը ներկայիս երաշխաւորուած է սահմանափակ ժամանակով լիազօրութիւն ունեցող ռուս խաղաղապահներու կողմէ, ստիպուած պիտի ըլլան հեռանալ իրենց պատմական հայրենիքէն, եթէ ատրպեճանական իրաւասութիւնը հաստատուի։
Հետեւաբար, Ղարաբաղի մէջ առկայ է գոյութեան և նոր ցեղասպանութեան սպառնալիք: Մենք համաձայն ենք, որ շրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատուի։ Այնուամենայնիւ, որպէսզի խաղաղութիւնը տեւական ըլլայ, պէտք է հիմնուած ըլլայ արդարութեան վրայ: Հակառակ պարագային, խաղաղութեան փոխարէն կ’ունենանք ժամանակաւոր հրադադար, իսկ վատթարագոյն պարագային՝ հայոց ցեղային մաքրագործում իրենց պատմական հայրենիքէն։
Մենք համոզուած ենք, որ տեւական խաղաղութիւն չի կրնար հաստատուիլ, եթէ ղարաբաղեան հիմնախնդիրն արդար լուծում չստանայ՝ հիմնուած հակամարտ կողմերու փոխզիջման վրայ։ Այսպիսով, միւս դիրքորոշումը հետեւեալն է. այս շրջանին մէջ տեւական խաղաղութեան համար ղարաբաղեան հիմնախնդրի համապարփակ լուծումը պէտք է հիմնուած ըլլայ երեք հիմնական սկզբունքներու վրայ՝ ժողովուրդներու հաւասար իրաւունքներու և ինքնորոշման, ուժի սպառնալիքէն կամ կիրառումէն հրաժարման, և պետութիւններու հողային ամբողջականութեան վրայ»։
«Յուսաբեր» օրաթերթ