Նախադրեալը
24 Դեկտեմբեր 2018
ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ
Ընտրութիւնները աւարտեցան։ Հայրենիքը ունի նոր Ազգային Ժողով։ Շուտով կ՚ունենայ նաեւ նոր կառավարութիւն։ Հետեւաբար, ազգային մարտահրաւէրը կառավարման այն նոր վարքագիծն ու նորաթափ աշխատանքն է, որոնք պիտի սատարեն երկիր վերելքին, պետութեան ամրակայման, տնտեսութեան բարգաւաճման եւ արտաքին վտանգներու յաղթահարման։
Սակայն, տակաւին շրջագայութեան մէջ է մարդոց այն տեսակը – եւ պատմական մեր բախտէն այս տեսակը միշտ ալ շրջանառութեան մէջ եղած է, որ բանտարկուած է ընտրութիւններու եւ անոնց արդիւնքներու ոլորապտոյտին մէջ։ Արգելափակուած մտային ու հոգեկան այդ բանտի ճաղերու ետին, այս տեսակը աջ ու ահեակ զարնուելով կ՚երգէ նոյն հնամաշ յանկերգը, թէ եթէ եզը կաթ տայ կով կ՚ըլլայ։
Ազգովին կը դիմագրաւենք հիմնական դժուարութիւններ։ Բայց կրնանք ազգովին յաղթահարել զանոնք՝ օրէնսդրական ճիշդ որոշումներով եւ կառավարման ճիշդ ուղղութեամբ։ Այս ճշմարտութեան դէմ յանդիման կը գտնուին Ազգային ժողովն ու կազմուելիք նոր կառավարութիւնը։
Ինչ ալ ըլլան մեր զօրակցութեան կամ վերապահութեան մօտեցումները, պէտք է մաղթենք, նաեւ աշխատինք որ Ազգային ժողովը յանգի այդ որոշումներուն եւ նոր կառավարութիւնը հարթէ պահանջուած ուղղութիւնը։
Այսուհանդերձ, այս բոլորի իրականացման համար կայ նախադրեալ մը, որ երկրի բարելաւման դէմ տեւաբար եղած է արգելակող ու խափանող։
Այսպէս, քաղաքական գետնի վրայ գոյութիւն ունի յամեցող իրականութիւն մը, որ ինքզինք պիտի պարտադրէ այնքան ատեն որ չէ քանդուած։ Այդ իրականութիւնը մենաշնորհային ուժերու ճիրաններն են, որոնք հակակշիռ ունին տնտեսական բնագաւառէն մինչեւ ընտրութեանց քուէները։
Մենաշնորհային համակարգի այս ուժերը՝ իրենց գիւղապետերով եւ թաղապետերով ահի ու սարսափի կը մատնեն ժողովուրդը, որ հարկադրաբար կ՚ենթարկուի այդ ուժերու պարտադրանքին։ Այս կացութիւնը իր պոլշեւիկեան ոճով կը գործէր խորհրդային շրջանին։ Նոյն ձեւով գործեց վերանկախացումէն ետք՝ իշխանութեան ղեկին վրայ դնելով Լեւոն Տէր Պետրոսեանը, Րոպերթ Քոչարեանը, Սերժ Սարգսեանը, եւ հիմա՝ Նիկոլ Փաշինեանը։
Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը տեղ չունի, չի կրնար ունենալ եւ չ՚ուզեր տեղ ունենալ մենաշնորհային այս ուժերու հաշիւին մէջ։
Արդ, ամէն անգամ որ օրուան իշխանաւորը սեփական ընտրութեան համար կ՚ապաւինի մենաշնորհային համակարգի շրջանակին, պարտական կը դառնայ այդ ուժերուն։ Օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւնները պէտք է ունենան անկախութիւնն ու խիզախութիւնը՝ պատռելու այդ պարտամուրհակը եւ հետեւելու պետական վարքագծային այն ճանապարհին, որ պիտի սատարէ մեր հայրենիքի ու ժողովուրդի վերելքին՝ ի հեճուկս մենաշնորհային համակարգի շահերուն։
Այդ ճանապարհի առաջին քայլը պէտք է ըլլայ քանդել այդ նախադրեալը՝ նշեալ մենաշնորհային համակարգը եւ փշրել անոր ուժային ճիրանները։
Եւ այդ ճանապարհին Դաշնակցութիւնը իր բոլոր կարողականութիւններով պիտի ըլլայ մեր պատգամաւորներուն եւ կառավարութեան անդամներուն հետ ու կողքին։
Լոս Անճելըս
Դեկտեմբեր 23, 2018