Ակնարկ. Նախապայմանային Արձագանգումներ
27 Դեկտեմբեր 2018
Արցախեան հակամարտութեան հանգուցալուծման ուղղութեամբ յաջորդական յայտարարութիւններ տեղի կը կատարուին Պաքուի եւ Անգարայի կողմէ։ Ըստ էութեան, նոյն յանկերգի վերաբարձրաձայնումն է, որ կ՛արձանագրուի պարզապէս այն թիւր տպաւորութիւնը ձգելու, որ բանակցային նոր մեկնարկի ազդանշան տրուած է։
Առաջին անգամը չէ, որ Պաքուն եւ Անգարան խաբուսիկ (իմիթացիոն) քարոզչաքաղաքական գործողութիւն կը կազմակերպեն յատկապէս արցախեան հակամարտութեան լուծման առումով ապատեղեկատուութիւն տարածելու կամ թիւր տպաւորութիւն ստեղծելու միտումով։
Ներկայ պահուն նման գործողութեան դիմելը եւ անոնց յարակից ենթահող պատրաստելու համար այլ նախաբաններ հրամցնելը պարզապէս ընդհանուր այդ վարքագիծի վերջին դրսեւորումն է։
Հայկական կողմի արձագանգումները արագ են, սակայն հիմնականին մէջ՝ հակազդողի դերով։ Մամետեարով-Չաւուշօղլու համընթաց յայտարարութիւնները միեւնոյն նախապայմանային քաղաքականութեան վերաբանաձեւումն են։ Այս անգամ հայկական կողմէն արձագանգած են փոխվարչապետն ու արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբերը։ Ընդ որում, փոխվարչապետը ընկերային ցանցի գրառումով։ Հակազդեցութեան մակարդակը այս պարագային նշանակութիւն ունի։ Երկու արտաքին գործոց նախարարներու կ՛արձագանգէ ոչ թէ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարը, այլ մամլոյ բանբերը եւ փոխվարչապետը, վերջինս՝ ընկերային ցանցի միջոցով. մինչ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբերը ոչ թէ յատուկ յայտարարութիւն կը կատարէ այդ մասին, այլ պարզապէս կը պատասխանէ լրագրողի հարցումին։ Եւ ընդհանուր հաշուով, եթէ թուրքեւազրպէյճանական միացեալ նախապայմանային քաղաքականութեան մէջ չկայ որեւէ երանգաին փոփոխութիւն, նոյնպէս հայկական դիրքորոշումները կը վերահաստատեն մինչ այժմ որդեգրուած մօտեցումը։ Թէ՛ փոխվարչապետը եւ թէ՛ մամլոյ բանբերը հանգուցալուծումը կը պայմանաւորեն արցախահայութեան որոշումով, անոր համաձայնութեամբ։ Եւ եթէ ընկերային ցանցի վրայ փոխվարչապետը ամփոփոխ գրառումով յաւելեալ հիմնաւորումներու կարիքը չէ զգացած, ապա նախարարութեան մամլոյ բանբերը գերակայած է կարգավիճակն ու անվտանգութիւնը։ Փոխլրացնելով հայ պաշտօնեաներու հրապարակածները, կարելի է ըսել, ինչպէս ակնկալելի է, վերաբանաձեւուած է հայկական պաշտօնական դիրքորոշումը։
Թուրքեւազրպէյճանական նախապայմանային քաղաքականութեան եւ արցախահայութեան բարձրագոյն ինքնավարութիւն շնորհելու Մամետեարովի հրապարակումին տարբեր շեշտադրումով հակազդած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբերը, որ Մամետեարովի յայտարարութիւնները գնահատած է ոչ այլ կերպ, քան Պաքուի ապակառուցողական դիրքորոշման հերթական դրսեւորում: Բովանդակային բանակցութիւններու սկսելու համար Ազրպէյճանի իշխանութիւնները պէտք է փոխեն իրենց հռետորաբանութիւնն ու մօտեցումները՝ պաշտօնական Ստեփանակերտի հետ ուղիղ բանակցութիւներու ձեռնարկելով։
Ահա այստեղ արդէն փոխլրացում կարելի է նկատել հայկական կողմի եռակողմ յայտարարութիւնները համադրելով։ Հայաստանեան մօտեցումը արցախահայութեան մասնակցութեան եւ որոշումի իրաւունքի գերադասումն է, իսկ Արցախի պաշտօնական բանբերը որեւէ բովանդակային բանակցութեան վերսկսում կը պայմանաւորէ պաշտօնական Ստեփանակերտի բանակցային գործընթացին ներգրաւումով։
Այս բոլոր երեւոյթներուն զուգահեռ բնականաբար պէտք է վերլուծել քաղաքական պահի ընտրութեան շարժառիթները՝ նման առաջարկներ վերստին հրապարակելու կամ անոնցմէ առաջ հայկական կողմին հետ փոխըմռնումի յանգելու ծխածածկութաւոր յայտարարութիւններուն մէջ։
Նախապայմանները նախապայմանային արձագանգներ կ՛ունենան։ Այս պարագային որեւէ բովանդակային բանակցութիւն սկսելու համար պէտք է ներգրաւել պաշտօնական Ստեփանակերտը։ Մինչ այդ, պէտք է յարգել Վիեննայի, Փեթերսպուրկի եւ Ժընեւի մէջ կայացած համաձայնութիւնները։
«Ա.»
aztagdaily.com