ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

Ան­տոն ­Կա­զէլ (1899-1952).«Ա­զատ Օր»ի վաս­տա­կա­շատ խմբա­գիրն ու դաշ­նակ­ցա­կան պատ­գա­մա­խօ­սը

27 Դեկտեմբեր 2018 Դեկ­տեմ­բեր 24ին, 66 տա­րի ա­ռաջ, մահ­կա­նա­ցու իր կեան­քը կնքեց հայ մա­մու­լի ար­ժա­նա­ւոր խմբա­գիր­նե­րու փա­ղան­գին մէջ իր կա­րե­ւոր տե­ղը ու­նե­ցող, սկզբնա­պէս «­Նոր Օր» եւ հե­տա­գա­յին՝ մին­չեւ այ­սօր «Ա­զատ Օր» ա­նու­նով Ա­թէն­քի մէջ հրա­տա­րա­կո­ւող յու­նա­հա­յոց գլխա­ւոր օ­րա­թեր­թին՝ դաշ­նակ­ցա­կա՛ն պաշ­տօ­նա­թեր­թին վաս­տա­կա­շատ խմբա­գի­րը՝ Ան­տոն ­Կա­զէլ, ո­րուն ծննդեան 120ա­մեա­կը պի­տի նշենք յա­ռա­ջի­կայ տա­րի։

Ան­տոն ­Կա­զէլ ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան դէմ­քե­րէն է հայ­կա­կան հրա­պա­րա­կագ­րու­թեան այն դրօ­շա­կիր­նե­րուն, ո­րոնք գրա­կա­նու­թեան եւ ո­րո­շա­պէս բա­նաս­տեղ­ծու­թեան դռնէն մուտք գոր­ծե­ցին մամ­լոյ աս­պա­րէզ, ան­մի­ջա­պէս ի­րենց հո­գե­հա­րա­զատ ա­ւա­զա­նը գտան խմբագ­րա­կան աշ­խա­տան­քին մէջ եւ, բա­նաս­տե­ղա­կան ի­րենց ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը շա­րու­նա­կե­լով հան­դերձ՝ ամ­բող­ջա­կան նո­ւի­րու­մով ծա­ռա­յե­ցին գա­ղա­փա­րա­կան պատ­գա­մա­խօ­սի ի­րենց կո­չու­մին։

Թէեւ Ան­տոն ­Կա­զէլ «ա­սո­րի էր հօ­րը կող­մէ,- ինչ­պէս որ կը վկա­յէ իր կեն­սա­գիր­նե­րէն Կա­րօ ­Գէոր­գեան,- բայց այն­պէս էր հա­յա­ցած, որ կրթու­թեամբ, զգա­ցում­նե­րով եւ մտա­ծում­նե­րով՝ զտա­րիւն հա­յէ մը ոչ մէկ տար­բե­րու­թիւն ու­նէր»։

Ան­տոն ­Կա­զէլ ծնած է 1899ին, Էօ­տէ­միշ։ ­Զա­ւակն է սու­րիա­ցի կա­թո­լիկ հօր՝ Իս­կէն­տէր Կա­զէ­լի եւ էօ­տէ­միշ­ցի հա­յու­հի մօր՝ ­Վա­սի­լու­հի ­Պո­յա­ճեա­նի։ Շ­նոր­հիւ մօր հա­յե­ցի ջերմ շուն­չին եւ Էօ­տէ­մի­շի հա­յոց նա­խակր­թա­րա­նի դաշ­նակ­ցա­կան ու­սու­ցիչ­նե­րու ստեղ­ծած ազ­գա­յին-գա­ղա­փա­րա­կան մթնո­լոր­տին, Ան­տոն ոչ միայն ամ­բող­ջա­պէս հա­յա­ցաւ, այ­լեւ՝ հա­յոց լե­զո­ւի եւ գրա­կա­նու­թեան հա­րուստ ա­ւի­շով սնա­նե­ցաւ։ Ու­սու­մը շա­րու­նա­կեց ­Գո­նիա­յի «­Ճէ­նա­նեան» վար­ժա­րա­նը, որ­մէ շրջա­նա­ւարտ՝ բարձ­րա­գոյն ուս­ման հե­տե­ւե­ցաւ Զ­միւռ­նիա­յի Ա­մե­րի­կեան ­Գո­լէ­ճին մէջ։

Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տը պատ­ճառ դար­ձաւ, որ Ան­տոն ընդ­հա­տէ ու­սու­մը, ան­դա­մագ­րո­ւի ­Դաշ­նակ­ցու­թեան եւ նե­տո­ւի հրա­պա­րա­կագ­րա­կան աս­պա­րէզ՝ մաս կազ­մե­լով Զ­միւռ­նիա հրա­տա­րա­կո­ւող «­Հո­րի­զոն» եւ «­Գո­յա­մարտ» թեր­թե­րու խմբագ­րու­թեանց։ Այդ շրջա­նին, իբ­րեւ օգ­նա­կան խմբա­գիր, սերտ գոր­ծակ­ցու­թիւն ու­նե­ցաւ ծա­նօթ գրող եւ մտա­ւո­րա­կան գոր­ծիչ ­Սու­րէն ­Պար­թե­ւեա­նի հետ, ո­րուն հրա­պա­րա­կագ­րա­կան եւ հռե­տո­րա­կան ըն­դու­նա­կու­թիւն­նե­րէն մե­ծա­պէս ներշն­չո­ւե­ցաւ եւ օգ­տո­ւե­ցաւ։

1922ի Զ­միւռ­նիոյ ա­ղէ­տէն մա­զա­պուրծ՝ ան­ցաւ ­Փա­րիզ, ուր քա­նի մը ա­միս մնա­լէ ետք տե­ղա­փո­խո­ւե­ցաւ Ա­թէնք եւ վերջ­նա­կա­նա­պէս հաս­տա­տո­ւե­ցաւ ­Յու­նաս­տան։ Այդ շրջա­նին Ա­թէնք հա­սած էին ա­ւե­լի քան հա­րիւր հա­զար հայ գաղ­թա­կան­ներ, ո­րոնց պատս­պա­րե­լու, հո­գա­լու եւ կազ­մա­կեր­պե­լու հսկա­յա­կան աշ­խա­տան­քի դաշտ բա­ցո­ւե­ցաւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան եւ Ան­տոն ­Կա­զէ­լի օ­րի­նա­կով անձ­նուէր դաշ­նակ­ցա­կան­նե­րու առ­ջեւ։

(Ձախէն աջ՝ Գէորգ Կառվարենց, Գաբրիել Լազեան, Ատոն Կազէլ եւ Բենիամին Թաշեան, այս վերջինի Աթէնք այցելութեան առթիւ, 1935ի ամառը)

Դաշ­նակ­ցա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան ա­ռա­ջաց­ման եւ աշ­խու­ժաց­ման աշ­խա­տանք­նե­րու շար­քին, Ան­տոն ­Կա­զէլ հան­դի­սա­ցաւ կրտսեր, բայց աշ­խոյժ հիմ­նա­դիր­նե­րէն մէ­կը դաշ­նակ­ցա­կան «­Նոր Օր» թեր­թի հրա­տա­րա­կու­թեան՝ Ա­րամ ­Շի­րի­նեա­նի, ­Պօ­ղոս Ս­վա­ճեա­նի եւ ­Գաբ­րիէլ ­Լա­զեա­նի հետ։ 25 ­Մարտ 1923ին լոյս տե­սաւ «­Նոր Օր»ի ա­ռա­ջին թի­ւը իբ­րեւ շա­բա­թա­թերթ, որ ­Յու­նո­ւար 1924ին ար­դէն վե­րա­ծո­ւե­ցաւ օ­րա­թեր­թի։

Ա­ւե­լի քան քա­ռորդ դար Ան­տոն ­Կա­զէլ հան­դի­սա­ցաւ գլխա­ւոր սիւ­նե­րէն մէ­կը յու­նա­հայ մա­մու­լի ար­ժա­նա­ւոր եւ մե­ծա­գոյն այս օր­գա­նին։ Իր խմբագ­րա­կան­ներն ու սիւ­նակ­նե­րը, պարզ ու խո­հա­կան ի­րենց ո­ճով եւ հա­ղոր­դա­կա­նու­թեամբ, գրա­ւե­ցին ըն­թեր­ցող­նե­րու լայն շրջա­նա­կի ու­շադ­րու­թիւ­նը։ Բ­նա­տուր ձիր­քը ու­նէր ի­րեն կա­պե­լու ըն­թեր­ցո­ղը՝ խօ­սե­լով ա­նոր միա­ժա­մա­նակ ե՛ւ մտքին, ե՛ւ սրտին։ ­Բա­նաս­տեղ­ծա­կան շունչ մը միշտ բա­բա­խեց ա­նոր հրա­պա­րա­կագ­րու­թեան մէջ։ ­Նոյ­նը ե­ղաւ նաեւ հրա­պա­րա­կա­յին իր ե­լոյթ­նե­րուն պա­րա­գա­յին՝ Ան­տոն ­Կա­զէ­լին ա­պա­հո­վե­լով փնտռո­ւած հռե­տո­րի եւ ա­տե­նա­խօ­սի ան­վի­ճե­լի հռչակ։

Ու­ղի բա­ցող եւ ուղ­ղու­թիւն հու­նա­ւո­րող հե­ղի­նա­կու­թիւն դար­ձաւ Ան­տոն ­Կա­զէլ դաշ­նակ­ցա­կա­նը, որ եր­կու Աշ­խար­հա­մարտ­նե­րուն մի­ջեւ ­Յու­նաս­տա­նի հա­յու­թեան ապ­րած ծայր աս­տի­ճան լա­րո­ւած երկ­պա­ռա­կու­թեան մթնո­լոր­տին մէջ՝ գիտ­ցաւ ու կրցաւ գա­ղա­փա­րա­կան պայ­քա­րը պա­հել իր սկզբուն­քայ­նու­թեան մա­կար­դա­կին եւ բարձ­րու­թեան վրայ, չներ­քա­շո­ւե­լով ընդ­դի­մա­խօս­նե­րու բա­ցած ա­ժան ցե­խար­ձա­կում­նե­րու եւ քաշքշուկ­նե­րու ո­լո­րապ­տոյ­տին մէջ։ Այդ ճամ­բով ալ Ան­տոն Կա­զէլ մեծ ներդ­րում ու­նե­ցաւ հա­կա­դաշ­նակ­ցա­կան մաղ­ձոտ ար­շաւ­նե­րը դի­մագ­րա­ւե­լու, ընդ­դի­մա­խօս­նե­րը գա­ղա­փա­րա­կա­նօ­րէն զի­նա­թափ ը­նե­լու եւ լու­սանցք մղե­լու գոր­ծին մէջ, ո­րուն հա­մար իր ան­մո­ռա­նա­լի տեղն ու դե­րը նո­ւա­ճեց սե­րունդ­նե­րու յի­շո­ղու­թեան մէջ։

Հա­մաս­փիւռ­քեան ընդգր­կու­մով եւս Ան­տոն ­Կա­զէլ փնտռո­ւած աշ­խա­տա­կից մը ե­ղաւ ժա­մա­նա­կի դաշ­նակ­ցա­կան մա­մու­լի կա­րե­ւո­րա­գոյն բե­մե­րէն ­Պոս­թը­նի «­Հայ­րե­նիք Ամ­սագ­րին», ուր լոյս տե­սան ­Կա­զէ­լի գրա­կան-բա­նաս­տեղ­ծա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը։

Այս բո­լո­րով հան­դերձ՝ Ան­տոն ­Կա­զէլ ապ­րե­ցաւ մե­նա­կեաց. անձ­նա­կան ըն­տա­նիք չկազ­մեց եւ իր ըն­տա­նի­քը դար­ձուց «Ա­զատ Օր»ն­ ու այդ ճամ­բով ­Յու­նաս­տա­նի դաշ­նակ­ցա­կան աշ­խոյժ կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը, ո­րուն միշտ նա­յե­ցաւ հայ­րա­բար — ար­ժա­նա­ւո­րա­պէ՛ս։

Ան­տոն ­Կա­զէլ 53 տա­րե­կան էր, երբ 1952ի ­Դեկ­տեմ­բեր 24ին, ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 5ին, Ա­թէն­քի հա­յաբ­նակ ­Ֆիքս թա­ղա­մա­սի իր հա­մես­տա­գոյն բնա­կա­րա­նին մէջ, յան­կար­ծա­մահ գտնուե­ցաւ եւ վա­ղա­ժամ հե­ռա­ցաւ մեր աշ­խար­հէն։

Ինչ­պէս իր մե­նա­կեաց կեան­քին ծալ­քե­րը, նոյն­պէս եւ վա­ղա­ժամ իր մա­հը ա­ռեղ­ծո­ւա­ծա­յին շղար­շի մը տակ կը մնան եւ միայն ժա­մա­նա­կա­կից­նե­րու ու մեր­ձա­ւոր­նե­րու վկա­յու­թեամբ, այդ ալ մաս­նա­կիօ­րէն, լու­սա­բա­նո­ւած են հե­տա­գայ սե­րունդ­նե­րուն հա­մար։

Օ­րի­նակ՝ վա­ղա­ժամ իր մա­հո­ւան պատ­ճա­ռը ար­դեօք ա­նընդ­հատ ծխող ըլ­լա՞լն էր. հա­րա­զա­տի մը վկա­յու­թեամբ՝ մէկ լուց­կիով ամ­բողջ օ­րը սի­կա­րը վառ պա­հող ծխո­ղի տե­սակն էր Ան­տոն ­Կա­զէլ… Այ­սու­հան­դերձ՝ ա­ռող­ջա­կան իր վի­ճա­կէն գան­գա­տե­լու պատ­ճառ­ներ չու­նէր եւ իր մտե­րիմ­նե­րուն կամ ա­մէ­նօ­րեայ գոր­ծա­կից­նե­րուն հա­մար իսկ անս­պա­սե­լի հա­րուած մը ե­ղաւ սրտե­րա­կի խցման հե­տե­ւան­քով ա­նոր ան­ժա­մա­նակ մա­հը։

Լ­րիւ բա­ցատ­րո­ւած չեն նաեւ այն պա­րա­գա­նե­րը, ո­րոնց բեր­մամբ դաշ­նակ­ցա­կան ակ­նա­ռու գոր­ծի­չը՝ Ան­տոն ­Կա­զէլ կարճ ժա­մա­նա­կի հա­մար հե­ռա­ցո­ւե­ցաւ Դաշ­նակ­ցու­թե­նէն՝ ազ­գա­յին-կու­սակ­ցա­կան իր բե­ղուն գոր­ծու­նէու­թեան վեր­ջա­լոյ­սին։ Ան­վի­ճե­լի փաստ­ է, որ Ան­տոն ­Կա­զէլ հիմ­նա­կան ներդ­րում ու­նե­ցած էր Հ.Յ.Դ. Յու­նաս­տա­նի կազ­մա­կեր­պու­թեան ստեղծ­ման ու ծաղկ­ման մէջ, կազ­մա­կեր­պա­կան այլ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեանց կող­քին՝ քա­ռորդ դար ան­սա­կարկ նո­ւի­րո­ւե­լով Հ.Յ.Դ. պաշ­տօ­նա­թերթ «­Նոր Օր»ի եւ ա­նոր շա­րու­նա­կու­թիւ­նը հան­դի­սա­ցող «Ա­զատ Օր»ի հիմ­նու­մին, ան­խա­փան հրա­տա­րա­կու­թեան եւ ճա­ռա­գայ­թու­մին։

Այ­սու­հան­դերձ՝ Ան­տոն ­Կա­զէլ փաս­տօ­րէն հե­ռա­ցո­ւե­ցաւ իր պաշ­տած կու­սակ­ցու­թե­նէն, Երկ­րորդ Աշ­խար­հա­մար­տի վեր­ջին տա­րի­նե­րուն — եւ գեր­մա­նա­ցի­նե­րու կող­մէ Յու­նաս­տա­նի գրաւ­ման շրջա­նին — նա­ցի­նե­րուն հետ գոր­ծակ­ցած ու ան­կար­գա­պահ ըն­թաց­քի մէջ գտնո­ւած ըլ­լա­լու մե­ղադ­րան­քով։

Ինչ­պէս որ Ան­տոն ­Կա­զէ­լի մա­հո­ւան քա­ռա­սուն­քին ա­ռի­թով ա­նոր նո­ւի­րուած «Ա­զատ Օր»ի յա­տուկ հա­մա­րին (8 ­Փետ­րո­ւար 1953) խմբագ­րա­կան ա­ռաջ­նոր­դող յօ­դո­ւա­ծը կը նշէ, Երկ­րորդ Աշ­խար­հա­մար­տի «խառ­նափն­թոր ժա­մա­նակ­նե­րուն տար­բեր հո­վեր կը փչէին։ ­Դաշ­նակ­ցա­կան հայ­րե­նա­սէր­ներ մի­ջոց­ներ ձեռք կ­’առ­նէին հա­յու­թեան ֆի­զի­քա­կան գո­յու­թեան պահ­պա­նու­մին հա­մար։ Ա­նոնց տեն­դա­հար հո­գի­նե­րը նոր կա­րե­լիու­թիւն­ներ կ’ո­րո­նէին ի խնդիր գե­րե­վա­րուած հայ­րե­նի­քի ա­զա­տագ­րու­թեան»։ Այդ «տեն­դա­հար հո­գի­ներ»ու դրօ­շա­կիր­նե­րէն ու յա­ռա­ջա­պահ­նե­րէն ե­ղաւ Ան­տոն ­Կա­զէլ դաշ­նակ­ցա­կան ղե­կա­վար գոր­ծի­չը, որ Աշ­խար­հա­մար­տի ու գեր­մա­նա­կան գրաւ­ման ա­ւար­տէն ետք յոյն պե­տա­կան դա­տա­րա­նի առ­ջեւ հա­նո­ւե­ցաւ նա­ցի­նե­րու հետ գոր­ծակ­ցած ըլ­լա­լու միեւ­նոյն մե­ղադ­րան­քով, բայց ամ­բող­ջա­պէս ան­պարտ ար­ձա­կո­ւե­ցաւ դա­տա­րա­նին կող­մէ, ո­րով­հե­տեւ գա­ղա­փա­րա­կան խոր­քէ եւ ի­րա­կան հիմ­քէ զուրկ ամ­բաս­տա­նու­թիւն էր ե­ղա­ծը։

«­Սա­կայն կու­սակ­ցու­թեան դա­տա­րա­նը,- ինչ­պէս որ կը շեշ­տէ «Ա­զատ Օր»ի նոյն խմբագ­րա­կա­նը,- ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ա­ւան­դու­թեան հե­տե­ւե­լով, չխնա­յեց Ան­տո­նին — ինչ­պէս չէ խնա­յած ոչ ո­քի — եւ պատ­ժեց զինք՝ իբ­րեւ ան­կար­գա­պահ ըն­կե­րոջ։ Ան­տոն ըն­դու­նեց իր պա­տի­ժը ա­նո­խա­կալ ժպի­տով մը։ Չ­կարծ­րա­ցաւ հո­գին վրէժխնդ­րու­թեամբ։ Ան ինք­նամ­փո­փու­մով եւ համ­բե­րու­թեամբ հա­ւա­տաց ժա­մա­նա­կի բու­ժիչ կա­րո­ղու­թեան։ Եւ սխա­լած չէր»։

Ան­տոն ­Կա­զէլ դաշ­նակ­ցա­կա­նօ­րէն տա­րաւ ի­րեն տրո­ւած պա­տի­ժը եւ վե­րա­կանգ­նե­ցաւ։ Վե­րա­կանգ­նե­ցաւ նախ իբ­րեւ դաշ­նակ­ցա­կան մտա­ւո­րա­կան գոր­ծիչ, ո­րով­հե­տեւ վերս­տին առ­նո­ւե­ցաւ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի պաշ­տօ­նա­թեր­թին խմբագ­րա­կան կազ­մին մէջ՝ ստանձ­նե­լով «Ա­զատ Օր»ի խմբագ­րա­կան­ներն ու ա­ռաջ­նոր­դող յօ­դո­ւած­նե­րը գրե­լու պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը։ Եւ ե­թէ վա­ղա­հաս մա­հը չպա­տա­հէր, վստա­հա­բար նաեւ կազ­մա­կեր­պա­կան կար­գա­վի­ճա­կով կը վե­րա­կանգ­նէր դաշ­նակ­ցա­կան պա­տաս­խա­նա­տո­ւի ա­նոր հան­գա­ման­քը ­Յու­նաս­տա­նի Հ.Յ.Դ. կա­ռոյ­ցին մէջ։

Այս­պի­սի՛ տա­րո­ղու­թեամբ ար­ժա­նա­ւոր հե­ղի­նա­կու­թիւն է Ան­տոն ­Կա­զէլ, ո­րուն գրա­կան-հրա­պա­րա­կագ­րա­կան հա­րուստ վաս­տա­կը կա՛մ մա­մու­լի է­ջե­րուն ցրո­ւած է, կա՛մ ձե­ռա­գիր վի­ճա­կով ան­տիպ կը մնայ։ Այդ շար­քին են «­Սի­րոյ եւ վիշ­տի մե­ղե­դի­ներ» քեր­թո­ւած­նե­րու հա­ւա­քա­ծոն, «­Խա­չի ճամ­բան» ար­ձակ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րը, «Ու­րո­ւա­գիծ յու­նա­հայ գա­ղու­թի պատ­մու­թեան» ստո­ւար աշ­խա­տա­սի­րու­թիւ­նը, «­Պօ­ղոս Ա­ռա­քեա­լի հետ­քե­րուն վրայ» վէ­պը եւ ըն­դար­ձակ օ­րագ­րու­թիւն մը։

Իր մա­հո­ւան վաթ­սու­նա­մեա­կին ա­ռի­թով՝ յի­շենք Ան­տոն ­Կա­զէ­լի այն խօս­քը,, թէ «­Թեր­թը պէտք է ըլ­լայ հա­րա­զատ հա­յե­լին ա­ռօ­րեայ կեան­քին, ա­նոր ծուռ ու շի­տակ կող­մե­րով»։

Հա­ւատ­քով ու պատ­գա­մով գոր­ծեց Ան­տոն ­Կա­զէլ, որ իր գրչով ու խօս­քով հիմ­նա­րար դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­ցաւ յու­նա­հայ գա­ղու­թի կազ­մա­ւոր­ման ու ինք­նա­կազ­մա­կերպ­ման մէջ, 1922ի Զ­միւռ­նիա­յի Ա­ղէ­տէն ետք Ա­թէնք տա­րագ­րո­ւած հա­րիւր հա­զա­րա­ւոր հա­յու­թեան ա­ռօ­րեան ջեր­մաց­նող հայ թերթ խմբագ­րե­լով, ինչ­պէս եւ՝ դաշ­նակ­ցա­կան պաշ­տօ­նա­թեր­թի խմբագ­րու­մով՝ ան­սա­կարկ նո­ւի­րո­ւե­լով նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րու հա­յե­ցի դի­մագ­ծի գա­ղա­փա­րա­կան պայ­ծա­ռա­կերպ­ման ու հա­յա­պահ­պա­նու­մին։

Ն.

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Մայիսի 9-ի խորհուրդը և նշանակությունը

«Մեր ժողվուրդը տեսավ 2020 թվականի 44-օրյա ճակատարամարտի հետևանքները, Արցախի

09 Մայիս 2025
Խրոխտ Շուշիի Ազատագրման Յիշատակին

«Շուշին եւ ազատագրուած տարածքը կը ներկայանան իբրեւ հայ ազգային ռազմավարութեան

09 Մայիս 2025
Շուշին ազգային վերազարթոնքի խորհրդանիշ

Արցախում Եռատոն է, հպարտության եւ հաղթանակի տոն։ 1992-ին Շուշիի հաղթական ազատա

09 Մայիս 2025
Միջոցառում՝ «Շուշի. վերադարձ լինելու է

Մայիսի 8-ին «Անի Պլազա» հյուրանոցի «Անի» սրահում տեղի ունեցավ Շուշիի ազատագրմա

09 Մայիս 2025
33 Տարի Առաջ` Այսօր. Հերոսական Սխրանքն

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Մայիս 9-ը եռատօն է, նուիրուած` համաշխարհային երկրորդ պատերա

09 Մայիս 2025
Խմբագրական. Եռատօնի Վերաիմաստաւորման Հ

Եռատօնը խորհրդանշող օրուան նշումը նորագոյն հանգամանքներով բոլորովին նոր խորհրդ

08 Մայիս 2025
Շուշին հանդիսանում է հայ ժողովրդի քաղա

ՀՀ ԳԱԱ Պատմության ինստիտուտի Արցախի պատմամշակութային ժառանգության և արդի քաղաք

08 Մայիս 2025
Դիվանագետների համահայկական խորհրդի հայ

Մայիսյան եռատոնը հայ ժողովրդի նորագույն պատմության պանծալի էջերից է, հայկական

08 Մայիս 2025
Այն ինչ այսօր կատարվում է ժամանակավոր

«Շատ բարդ է ինձ համար այսօր խոսելը։ Մի քանի բան ուզում եմ փոխանցել ՝մեկը պատմա

08 Մայիս 2025
Ամեն ինչ անելու ենք, որ, այո՛, այդ վեր

«Շատ կարևոր է այսօր վերաիմաստավորել, արժևորել Շուշիի ազատագրման օրը և խորհուրդ

08 Մայիս 2025
Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սատ Շրջանի Քաղաքապետակ

Երեքշաբթի, 6 մայիսին «Շաղզոյեան» կեդրոն այցելեցին Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սատ շրջանի ք

08 Մայիս 2025
Պատասխան ես տալու ամեն բառիդ, ամեն քայ

Փորձեմ առանց էմոցիայի Հերթական անգամ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավորները

08 Մայիս 2025
Ուաշինկթընի Քաղաքային Խորհուրդը Ընդուն

Մայիս 6-ին, Ուաշինկթընի քաղաքային խորհուրդը միաձայնութեամբ ընդունեց >բանաձեւ մ

08 Մայիս 2025
Մեր համազգային պահանջատիրութեան յետքայ

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 110-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ԱՌԻԹՈՎ Եթէ պէտք է իրերն իրենց անւամբ կ

08 Մայիս 2025
Ցաւակցագիր

ՀՅԴ Բիւրօն խոր վիշտով իմացաւ ընկ. Նազարէթ Սապունճեանի մահուան գոյժը։ Այս տխ

07 Մայիս 2025
ԱՄՆ-Իրան բանակցութիւններու դժուար ընթա

Օմանի միջնորդութեամբ տեղի ունեցող բանակցութիւնները ԱՄՆ-ի և Իրանի միջև այժմ կը

07 Մայիս 2025
էժան միջոցներով չեն կարող մեզ շեղել

Այն ենթադրությունը, թե պետք է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանին անվստահություն հայտ

07 Մայիս 2025
Կառավարությունից պահանջում ենք միջոցնե

Արցախցիների իրավունքների պաշտպանության խորհուրդը Արցախի մշակութային ժառանգությ

07 Մայիս 2025
Օգտակար խորհուրդ Հայաստանի Հանրապետութ

Վերջերս Հայաստանի Հանրապետությունն անսովոր որոշում կայացրեց՝ վարձելով ամերիկյա

06 Մայիս 2025
Համիլթընի մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղաս

Կազմակերպութեամբ Համիլթընի Ս. Մարիամ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ եւ ՀՅԴ

06 Մայիս 2025
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company