Պիտի Վերականգնինք Մեր Կամաւորներու Բանակով
30 Մայիս 2024
ՅԱԿՈԲ ԽԱՉԵՐԵԱՆ
Հաւաքուած ենք դարձեալ մայիս ամսու վերջին կիրակին, ըստ շուրջ հարիւրամեայ մեր աւանդութեան, տօնախմբելու հայոց պատմութեան ամէնէն պայծառ սխրագործութեան` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 106-ամեակը:
Հոս ենք` բարձր գնահատելու 600 տարի ռայա հայը ազատատենչ յեղափոխական փաղանգի զինուորագրուողի հոգեփոխող Քրիստափոր Միքայէլեանի, Մկրտիչ Փորթուգալեանի, Աւետիս Նազարբէկեանի եւ անոնց կուսակից ընկերներու անզուգական իրագործումը:
Հոս ենք մեր ողնաշարը շտկելու եւ մեր ճակատը աւելի բարձր պահելու` յիշելով ԱՐԱՄ-ը եւ բոլոր-բոլոր միւս «խենթ»-երը, որոնք, երբ չէր մնացած ելք ու ճար, գտան հայոց պատմութիւնը ոսկի տառերով գրելու հնարքը:
Հոս ենք` յարգելու յիշատակը ողջմիտ ու պայծառատես մարդոց, որոնք հիմը դրին հայոց պետականութեան, ընտրեցին «Հայաստանի խորհուրդ», կազմեցին կառավարութիւն, հիմնեցին ազգային դրամի համակարգ, կարգաւորեցին դատական կառոյց, որդեգրեցին զինանշան, եւ կապելով
Արիւնից ծորած երիզ մի ԿԱՐՄԻՐ
Երկնքից պոկուած կտոր մի ԿԱՊՈՅՏ
Հասուն հասկերի շող ՆԱՐՆՋԱԳՈՅՆ,
Եւ վեց դարերի խաւարի վրայ` բարձրացուցին ԴՐՕՇ ԵՌԱԳՈՅՆ
Մեծապետական դաւերու պատճառով կարճ եղաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կեանքը, բայց բաւարար` վերընձիւղելու ՀԱՅԿԻ ցեղը եւ իւրաքանչիւր հայու մտքին ու հոգիին մէջ դրոշմելու ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի յաւերժական գաղափարը:
Հոս ենք այսօր նշելու նաեւ ՀՄԸՄ-ի ամենաբեղուն գործունէութիւն ծաւալած, սերունդներ դաստիարակած եւ միութեան փարոս նկատուող Լիբանանի շրջանի հիմնադրութեան 100-ամեակը:
Մէկ դարու կազմակերպական, դաստիարակչական, սկաուտական եւ մարզական անհամար յաջողութիւններով հարուստ այս շրջանի իրագործումներու պատմաերիզը լաւագոյնս կրնանք միասին ուրուագծել` վերյիշելով ՀՄԸՄ-ին իրենց երկարամեայ ծառայութիւնը մատուցանած եւ մեզմէ առյաւէտ բաժնուած քոյր-եղբայրներու անուններ.
Ազնաւուրեան Սարգիս
Ալթունեան Լեւոն
Աճեմեան Սարգիս
Ապաճեան Ժան
Արեւեան Ճոնի
Արզումանեան Մինաս
Արզումանեան Միսակ
Գազանճեան Կարօ
Գազանճեան Յարութիւն
Գապագեան Ատուր
Գասապեան Աբօ
Գատեան Յակոբ
Գարապոյաճեան Գէորգ
Գէորգեան Վարուժան
Էսքիպաշեան Վարդգէս
Թապագեան Հրայր
Թապագեան Ֆլորա
Թերճանեան Սիմոն
Թիւթէլեան Ցոլակ
Թիւթիւնճեան Կարօ
Թիւսիւզեան Նշան
Թորիկեան Բիւզանդ
Խաչատուրեան Ժիրայր
Ծատուրեան Վարդգէս
Ծատուրեան Յովհաննէս
Կիւլպէնկեան Պատրիկ
Համամճեան Յակոբ
Հայրապետեան Վարդգէս
Մանուկեան Եղիշէ
Մկրտիչեան Սամուէլ
Մկրտիչեան Գառնիկ
Մղձաւետիքեան Կրեկուար
Մուրատեան Սուրէն
Մուրատեան Վարուժան
Մուրատեան Հրանդ
Մուրատեան Յասմիկ
Յակոբեան Ալպեր
Յովհաննէսեան Նազիկ
Յովհաննէսեան Պօղոս
Յովհաննէսեան Վահագն
Նալպանտեան ժոզեֆ
Նէնէճեան Աբօ
Շահինեան Յովհաննէս
Շէմմէսեան Պետրոս
Շիմշիրեան Միհրան
Շիրինեան Պարգեւ
Ոսկունի Տիգրան
Ուրֆալեան Անդրանիկ
Չորպաճեան Զաքար
Չոքկարեան Վահէ
Պայթարեան Յովհաննէս
Պոսնոյեան Զոհրապ
Պոյաճեան Ժագ
Սարգիսեան Ժիրայր
Սնտրեան Մուշեղ
Վէքիլեան Պետրոս
Տեմիրճեան Երուանդ
Տէր Կարապետեան Վարդգէս
Տէր Յարութիւնեան Յովհաննէս
Տօնիկեան Անի
Սեպտեմբեր 1920-ին Վահան Չերազ Ալեքսանդրապոլէն ՀՄԸՄ-ի կեդրոն առաքած իր նամակին մէջ միութեան տանելիք աշխատանքներու մասին կը տեղեկացնէ.
«Չորս հոգի ենք եւ պիտի մարմնակրթենք Հայաստանը: Պիտի կազմենք սկաուտական խումբեր, պիտի հայացնենք լեզուն, հրամանները, խառնուածքները, ոգին: Պիտի մտնենք որբանոցները, ուր հազարներու զանգուած մը կայ` անանուն, անգոյն, անժպիտ, եւ սակայն` անգին»:
60 վերոյիշեալները, եւ այսօր հոս գտնուող անոնց սերնդակիցները նաեւ, եղան Վահան Չերազի նմանները, որոնք ՀՄԸՄ-ի ակումբն ու դաշտը համարեցին իրենց երկրորդ տունը, ՀՄԸՄ-ականները` իրենց հարազատները, եւ որոնք ՀՄԸՄ-ի մէջ տարած իրենց աշխատանքով կեանք մաշեցուցին որպէս ազգի ծառաներ:
Փա՛ռք ու պատիւ բոլորին:
Իր հիմնադրութենէն ցայսօր` հարիւր եւ վեց տարիներ, շրջանցելով կամ խորտակելով ամէն խոչընդոտ, անկոտրում կամքով ՀՄԸՄ շարունակեց պատուով կատարել ազգանուէր ու հայրենանուէր իր առաքելութիւնը հոն, ուր հայ շունչ կար ու կայ:
Հիմնեց` միաւորներ, մասնաճիւղեր, մեկուսի շրջաններ, շրջաններ, եւ եղաւ համագաղութային միութիւն:
Հայաստան, Արցախ, Վրաստան, Ռուսիա, Լիբանան, Սուրիա, Յորդանան, Պաղեստին, Եգիպտոս, Իրաք, Քուէյթ, Կիպրոս, Յունաստան, Անգլիա, Աւստրիա, Ֆրանսա, Հոլանտա, Գերմանիա, Շուէտ, Պուլկարիա, Քանատա, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ, Արեւելեան Մ. Նահանգներ, Հարաւային Ամերիկա, Աւստրալիա:
Կազմեց նահատակ ցեղի անմահներէ կամաւոր բանակներ, որոնք անսասան ու անդեդեւ, եռագոյնը բարձր պահած` անցան յառաջ դէպի յաղթանակ:
Տողանցեցին կարգապահ շարքերով ու հաստատ քայլերով իւրաքանչիւր հայու կամքը լարելով:
Տողանցեցին սփիւռքի բոլոր հայկական գաղութներու ցուրտ ու օտար փողոցներէն շուրջ 70 տարիներ` քաջ գիտնալով ու վստահեցնելով «դուրս»-ի եւ «ներս»-ի հայոց, որ կայ վերադարձ: Կայ վերադարձ մայիսեան յաղթանակներու ժամանակաշրջան:
Եւ … հաւատարիմ իրենց խոստումին` մեր կամաւորներու բանակները վերադարձան ու տողանցեցին Երեւան-Հանրապետութեան հրապարակ 1994-ին եւ աւելի ուշ` 2019-ին, Ստեփանակերտ-Վերածնունդի հրապարակ:
Իր 106 տարիներու բեղուն գործունէութեամբ ՀՄԸՄ միշտ մնաց ազգային արմատներու կառչած եւ ազգային աւանդներու պահակ: Օտարացումի եւ ձուլումի մահացու բուքին դէմ ապահով ու տաք պատսպարան:
Ամէնէն մարդաշատ, ամէնէն տարածուած, ամէնէն ժողովրդական մեր միութիւնը վաստակեցաւ բոլորին սէրն ու յարգանքը եւ արժանաւորապէս եղաւ համայն հայութեան կազմակերպութիւնը:
106 տարի` յաջողութիւններ, նուաճումներ, յաղթանակներ …
Սակայն նաեւ` 2020 սեպտեմբեր 27-էն նոյեմբեր 9 …
Անհաւասար պատերազմ, 5000 ու աւելի վասն հայրենիքի նահատակ-հերոսներ, հայրենի հողերու կորուստէն մինչեւ հողատարածքներու դաւաճանական յանձնում, խունթայական հալածանքներ մայր հայրենիքի մէջ, ազգային արժեհամակարգերու ոտնահարում ու ջնջում …
Այսօր`
Մեր ճաշակած հացը լեղի է եւ` արիւնոտ թթխմորով շաղուած,
Մեր խնդուքը վերածուած դեղին ժպիտի,
Մեր արժանապատուութիւնը` արատաւորուած,
Մեր վէրքերը` խոր ու սպիները անջնջելի,
Բայց մեր կամքը` անխորտակելի…
Պիտի վերականգնինք:
Զօրաշարժի պիտի ենթարկենք մեր կամաւորներու բանակները ու քալենք յառաջ, անսասան ու անդեդեւ, ու իրականացնենք մեր ուխտը Արարատին.-
«Հաւատա՛, կրանիթեայ ո՛վ աստուած` Սրբազան լեռ, հաւատա՛,
որ կը հասնի՛նք, մենք կը հասնի՛նք կատարիդ…»:
* ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան խօսք` 26 մայիս 2024-ին, ՀՄԸՄ-ի Մայիսեան փառատօնին արտասանուած: