Երբ սփիւռքի նախարարութիւնը
27 Դեկտեմբեր 2018
ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ
Քաղաքական, վարքագծային ու ազգային առումներով տակաւին անբացատրելի, աւելի՛ն՝ անըմբռնելի կը մնայ Սփիւռքի նախարարութիւնը լուծարելու Հայաստանի նոր իշխանաւորներու անհեռատես որոշումը։ Զուգահեռաբար, մտահոգիչ է հայրենի քաղաքական շրջանակներուն, մտաւորականութեան եւ ժողովուրդին լռութիւնը՝ ի տես այս որոշումին։ Ի վերջոյ նման որոշումէ բխող վտանգները կը սպառնան նոյնքան հայրենիքին՝ որքան Սփիւռքին։
Սփիւռքը կը գոյատեւէ ու կը գործէ քառեակ առաքելութեամբ.
– 1) կազմակերպ հաւաքականութեան կայացում, 2) ինքնութեան պահպանում,
3) իրաւազրկման վերացում, եւ
4) հայրենիքի աջակցութիւն։ Հետեւաբար, ինչպէս Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը կը շեշտէ, «Սփիւռքի ամրապնդումն ու հզօրացումը ռազմավարական կարեւոր խնդիր է եւ հայրենիքի անվտանգութեան ու առաջընթացի հիմնական երաշխիքներից մէկը:»
Հայրենի կառավարութեան վիճակուած է ըլլալու պահապանը այս ռազմավարական հզօրանքին։ Սովետական շրջանին հայրենի խորհրդային իշխանութիւնը փորձեց այդ պաշտօնը կատարել մշակութային սահմաններու մէջ։ Սակայն վերանկախացած հայրենիքի պարտաւորութիւնն էր ամբողջական ռազմավարութիւն որդեգրելու Սփիւռքի նկատմամբ, ուր Սփիւռքի նախարարութիւնը անոր գործադրման յառաջապահը պիտի ըլլար։
Սկզբունքային այս առաջադրանքով՝ նպատակային, հեռանկարային ու աշխատանքային ոլորտներու վրայ հիմնուած համապարփակ հայեցակարգով Դաշնակցութիւնը տարիներ հետամուտ եղաւ Սփիւռքի նախարարութեան մը ստեղծումին։ Շնորհիւ այս ջանքերուն, Հոկտեմբեր 2008ին հաստատուեցաւ հայրենի կառավարութեան Սփիւռքի նախարարութիւնը։
Նախորդ իշխանութիւններու օրով նախարարութեան գործունէութիւնը անբաւարար էր։ Յաճախ Սփիւռքի հետ յարաբերութեան մէջ տիրապետեց ձեւականութիւն՝ խորքայինի ու արժէքայինի փոխարէն։ Դաշնակցութիւնը կառավարական նիստերուն, հրապարակաւ թէ մամուլով ընդգծեց նախարարութեան աշխատանքի բացթողումներն ու անտեսումները։ Սակայն չպահանջեց, որ նախարարութիւնը վերացուի, այլ՝ փորձեց նախարարութիւնը պահել իր առաքելութեան կիզակէտին վրայ։
Ներկայ իշխանաւորներու օրով նախարարութիւնը մի քանի շաբթուայ մէջ վերածուեցաւ ուղեկորոյս գործառնութեան, ուր բացակայ էին նախարարութեան առաքելութեան գիտակցութիւնը եւ պահանջուած գործը առաջ տանելու ատակութիւնը։ Փորձառութեան, կարողութեան ու առաքելութեան գիտակցութեան բացը ծածկելու համար նախարարութեան պատասխանատուները լծուեցան համատարած ձեւականութեան։
Աւելին, եղան պարագաներ, ուր նախարարութեան իրաւասութեան սահմանները շփոթելով, ձեռնամուխ եղան Սփիւռքը վտանգող քայլերու։ Այսպէս, նախարար Մխիթար Հայրապետեան ու իր տեղակալները՝ Արամայիս Գրիգորեան, Բաբգէն Տէր Գրիգորեան եւ Դաւիթ Սարգսեան Օգոստոս 9ին հանդիպում ունեցան Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հետ։ Ըստ այս վերջինի հրապարակային գրառումին, «Հանդիպման ընթացքում քննարկուեցին ՀՀ անվտանգութեան համակարգում Սփիւռքի հնարաւոր դերակատարումներին առընչուող մի շարք հարցեր:»
Կարելի չէ նման հանդիպում պատկերացնել, ուր հարց կը դրուի «ՀՀ անվտանգութեան համակարգում Սփիւռքի հնարաւոր» դերակատարութիւնը։ Այսպիսի հարց պետական անպատասխանատուութիւն է։ Սփիւռքահայը իր բնակած երկրի քաղաքացին է։ Ան պիտի ծառայէ Հայաստանին իր քաղաքացիութեան օրինական սահմաններուն մէջ։ Սակայն «ՀՀ անվտանգութեան» ծիրէն ներս անոր դերակատարութիւնը լաւագոյն պարագային օրինազանցում է եւ ենթակայ՝ քրէական պատիժի։
Հակառակ այս բոլորին, Սփիւռքահայ մարդուն համար Սփիւռքի նախարարութիւնը կը մնայ հայրենի կառավարութեան մէկ կարեւոր օղակը, որ թէ՛ կը խորհրդանշէ եւ թէ կը յուսադրէ հայրենիք-սփիւռք անքակտելի կապը։ Դժբախտաբար, նախարարութիւնը վերացնելու նոր իշխանաւորներու որոշումը այդ կենսական կապը քակտելու հարուածին համազօր է։
Հետեւաբար, Սփիւռքի տարածքին այս որոշումի դէմ բարձրացուող մտահոգութիւններու ալիքը բնական է։ Անոնք հարազատօրէն կը բխին հայրենիքի հետ կապերը ամրապնդելու Սփիւռքահայու յոյսէն, հաւատքէն եւ ակնկալութենէն։
Բայց հայրենիքի մէջ կը գտնուին մարդիկ, որոնք այս անկեղծ մտահոգութիւնները կը ներկայացնեն իբրեւ հայրենիքի դէմ դառնալու գործընթաց։ Վերջին անգամ որ այսպիսի զրպարտութիւն կատարուեցաւ Սփիւռքի դէմ, համայնավարութեան եւ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի օրերուն էր։ Այսպիսի մարդիկ անցեալին չէին հասկցած եւ այսօր եւս չեն հասկնար, որ Սփիւռքը երբեք չէ դիրքաւորուած եւ չի դիրքաւորուիր հայրենիքի դէմ։ Ցաւալի է, չեն հասկնար։ Աւելի ցաւալի է, չեն ուզեր հասկնալ։
Հասկնալի է նախարարութեան մը յաւելեալ արդիւնաւորման եւ տնտեսաւորման մտահոգութեամբ անձնակազմի վերադասաւորումները եւ աշխատանքի որոշ մարզերու կրճատումները։ Սակայն, կարելի չէ Սփիւռքի նախարարութեան նման խիստ կարեւոր նախարարական համակարգի մը վերացումը։ Երբ նախարարն ու իր անձնակազմը ձախողած են իրենց գործին մէջ, լուծումը անձնակազմի ազատ արձակումն է, ոչ թէ նախարարութեան փակումը։
Անցնող տասը տարիներուն, հակառակ իր բացթողումներուն, Սփիւռքի նախարարութիւնը Սփիւռքահայուն համար հանդիսացաւ Հայկական Սփիւռքի պետական ճանաչման խորհրդանիշը եւ գաղթօճախները հայրենիքին կամրջող հոգեկան կապը։ Այս առումով, առանց Սփիւռքի հետ խորհրդակցելու նման որոշումի կայացումը կ՚առաջացնէ հոգեկան ու գիտակցական վիհ մը, որուն դարմանումի հրամայականը անյետաձգելի է։ Ուստի, արդար ակնկալութիւն է, որ հայրենի իշխանութիւնը դիմակալէ այս հրամայականը, որպէսզի ազգովին շարունակենք աւելի ամրապնդել Սփիւռքը եւ աւելիով նպաստաւորել հայրենիքը Սփիւռքի ռազմավարական հզօրանքով։
Մինչ այդ, Սփիւռքը պիտի շարունակէ իր ինքնութեան պահպանման, ազգային պահանջատիրութեան եւ հայրենիքի ծառայութեան առաքելութիւնը՝ Սփիւռքի նախարարութեամբ կամ առանց անոր։ Անշուշտ, լաւն ու ճիշդը պիտի ըլլար շարունակել Սփիւռքի նախարարութեան հետ միատեղ, ուս ուսի։
Դեկտեմբեր 27, 2018
Լոս Անճելըս