Ակնարկ Իրանեան Իրողական Զգայնութիւնները Սիւնիքի Ուղղութեամբ
19 Սեպտեմբեր 2024
Տարածաշրջանի ապաշրջափակման հարցերուն նկատմամբ Իրանի զգայնութիւնը կը շարունակուի: Թէ՛ գործադիր եւ թէ՛ օրէնսդիր իշխանութիւններու ներկայացուցիչները ամէն առիթի կը յիշեցնեն Հայաստանի հետ Իրանի սահմանի որեւէ փոփոխութեան մերժելիութիւնը:
Հերթը Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարարին էր հարցը վերարծարծելու. ան յստակ կը դարձնէր իր երկրին սկզբունքային դիրքորոշումը` միջազգային սահմաններու անձեռնմխելիութեան վերաբերեալ:
Այս դիրքորոշումը աւելի շեշտակի արտայայտելու առիթ ունէին խորհրդականները: Անոնք հասցէականութիւն կը ներառէին իրենց մօտեցումներուն մէջ` անընդունելի նկատելով Մոսկուայի պնդումները «Զանգեզուրեան միջանցք»-ի բացման ուղղութեամբ: Արտաքին հարցերու եւ անվտանգութեան խորհրդարանական յանձնախումբի անդամը յիշեցուցած էր, որ իր երկիրը կ՛ամբաստանուի միջազգային ընտանիքին կողմէ Ուքրանիոյ պատերազմին Ռուսիոյ սատարելու յանցանքով, մինչ Մոսկուան Պարսից ծոցի երեք կղզիներու եւ Զանգեզուրի միջանցքի ուղղութեամբ Իրանի շահերուն հակադրուող դիրքորոշումներ կ՛որդեգրէ:
Հետաքրքրական է այս համեմատութիւնը: Դիւանագիտական ըսելաձեւով այնպէս կ՛ընկալուի, որ եթէ Մոսկուան չփոխէ իր մօտեցումները ծոցի կղզիներուն եւ Սիւնիքի ուղղութեամբ, ապա Ուքրանիոյ պատերազմին նկատմամբ Թեհրանը կրնայ փոփոխութեան ենթարկել իր դիրքորոշումները:
Այստեղ չ՛աւարտիր իրանեան զգայնութեան խորհրդարանական մակարդակի դրսեւորումը: Յորդոր կը հնչէ, որ Մոսկուան պէտք է զգուշանայ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի հարցերուն միջամտելէ, ինչ որ Իրանի համար անընդունելի է:
Հարցը ուրեմն միջանցքէն աւելի հեռու կ՛երթայ: Ընդհանրապէս կը մերժուի ռուսական միջամտութիւնը հայ-ազրպէյճանական հակամարտութեան: Ուղերձը այն է, որ Մոսկուան նոյեմբերեան համաձայնութիւնը վերաշխուժացնելու փորձ պէտք չէ կատարէ: Չմոռնանք, որ Մոսկուա- Թեհրան բանավէճը սկսաւ, Փութինի Պաքու այցելութենէն ետք նոյեմբերեան համաձայնութեան վերադառնալու Մոսկուայէն կատարուած յայտարարութիւններուն առիթով:
Իրանի խորհրդարանի նոյն յանձնախումբի մէկ այլ անդամը այս հարցը ընդգծելով կոչ կ՛ընէր արտաքին քաղաքականութեան պատասխանատուներուն դիրքորոշում որդեգրելու եւ անհրաժեշտ զգուշացումները ձեռք առնելու:
Եթէ Մոսկուայի յայտարարութիւնները ուշադիր ընթերցենք, ապա պիտի նկատենք, որ աւելին, քան նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան 9-րդ կէտը չկայ: Ռուսիոյ փոխվարչապետը կ՛ընդգծէր, որ ապաշրջափակումը կարելի է այն պայմանաւորուածութիւններու շրջանակներուն մէջ, որոնք ձեռք բերուած էին երեք երկիրներու ղեկավարներուն կողմէ եւ որոնք կ՛արտացոլան 2020 նոյեմբերի 9-10-ի համատեղ յայտարարութեան մէջ: Աւելցնելով, որ Ռուսիան միշտ պատրաստ է միանալու այդ գործընթացին եւ օգնելու` մեկնելով Հայաստանի գերիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ իրաւազօրութեան սկզբունքէն:
Հետեւաբար պէտք է մտածել, թէ ի՞նչն է այն անհանգստութիւնը, որ Իրան չէր դրսեւորեր այն ժամանակ եւ հիմա սուր կերպով կը հակազդէ:
Անվտանգային կացութեան, քարտէսի եւ ժողովրդագրական պատկերի փոփոխութիւններ արձանագրուած են Իրանի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ: Արցախի պատերազմին պատճառով, Իրանի գլխաւոր սպառնալիք իսրայէլեան յենակէտներ յայտնուած են սահմաններուն, Արցախը ամբողջովին հայաթափուած է, եւ հինգ տարուան ժամկէտը չլրացած ռուս խաղաղապահները հեռացած են Արցախէն:
Թեհրանը կրնայ չբացառել, որ ապաշրջափակման ուղիները վերահսկելու գործառոյթ իրականացնելու կոչուած ռուս սահմանապահ ուժերը կրնան մետասաներորդ պահուն հեռանալ նաեւ Սիւնիքէն` իրենց տեղը զիջելով այլ ուժի:
Հանգամանքները կրնան փոխուիլ: Այս պահու դրութեամբ սակայն, Սիւնիքը Իրանի համար կարմիր գիծ է, եւ զգայնութիւնները, յորդորներն ու զգուշացումները կը թուի, որ զուտ յայտարարողական չեն:
«Ա.»
Ազդակ