«Վերելք» ծրագրի 3-րդ թողարկումը կ’ամփոփէ դասընթացքային փուլը
26 Սեպտեմբեր 2024
«Վերելք» ծրագրի 3-րդ թողարկման ամփոփիչ միջոցառումը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ 20 Սեպտեմբերին, Երեւանի մէջ:
2024թ Ապրիլին Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակի եւ «Օփթիմայզ» խորհրդատուական ընկերութեան համագործակցութեամբ բռնի տեղահանուած արցախահայութիւնը ՀՀ պահելու եւ արտագաղթի հոսքերուն դէմ դնելու նպատակով սկիզբ առաւ «Վերելք»-ի երրորդ թողարկումը:
Առաջին փուլին ընթացքին, որ տեւեց շուրջ 8 ամիս, արցախցի երիտասարդները հնարաւորութիւն ունեցան մասնակցելու 12 դասընթացներու, ոլորտի լաւագոյն մասնագետներու առաջնորդութեամբ՝ զարգացնելու համար իրենց մասնագիտական կարողութիւններն ու հմտութիւնները, ինչպէս նաեւ ձեռք բերելու նոր գիտելիքներ։
Ծրագրին ընդունուած 87 մասնակիցներէն յաջորդ փուլ անցան 35-ը, յատուկ քննութիւն մը յանձնելէ ետք: Ապա անոնք բաժանուեցան խումբերու, ստացան համապատասխան առաջադրանքներ եւ պատրաստեցին ներկայացումներ ժիւրիի կազմին մատուցելու։
Միջոցառման առաջին կէսին 7 խումբեր ժիւրիին ներկայացուցին իրենց պատրաստած պիզնես ծրագիրները։
Ժիւրիի կազմին անդամներն էին՝ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ եւ Երիտասարդական հարցերու պատասխանատու Յովսէփ Տէր-Գէորգեանը, Yerevan City-ի Գլխաւոր oպերացիոն տնօրէն Վաչէ Տէր-Ղուկասեանը, «Հալեպ» խանութներու ցանցի հիմնադիր Ալին Մսրլեանը և «Օփթիմայզ քոնսալթինգ» ՍՊԸ գործադիր տնօրէն Հրայր Պարսումեանը։
Ժիւրիի կողմէն մասնակիցներուն տրուած անհատական եւ խմբային միաւորներուն գումարուեցաւ մասնակիցներուն կուտակած ներկայութեան եւ քննութեան միաւորները: Եւ ապա որոշուեցան ծրագրի 9 շահառուները, որոնք առաջին 9 ամենաբարձր միաւորներ հաւաքած մասնակիցներն են, իսկ առաջին 3 մասնակիցները ճանչցուեցան որպէս ծրագրի յաղթողներ եւ «Վերելք»-ի կողմէ արժանացան դրամական պարգեւներու։
Վերելքի բոլոր Ա. փուլը յաղթահարած 25 մասնակիցները ստացան հաւաստագրեր։ «Վերելք»-ի կողմէ շնորհակալագրեր յանձնուեցան նաեւ դասընթացավարներուն եւ ժիւրիի անդամներուն։
Միջոցառման երկրորդ կէսին տեղի ունեցաւ ծրագրի ամփոփումն ու նուէրներու յանձնման արարողութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցան ԱՀ Սոցիալական զարգացման եւ միգրացիայի նախարար Վահրամ Առաքէլեանը, ԱՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան անդամները, Հ.Յ.Դ. Արցախի ԿԿ անդամները, Հ.Օ.Մ.-ի Կենտրոնական և Հայաստանի շրջանային վարչության անդամները, Հ.Յ.Դ. Բ.Ե.Գ. պատասխանատուն, «Վերելք»-ի դասընթացավարները։
«Վերելքի» ծրագրի ընտրուած շահառուներն են․
Մերի Ամիրջանան
Անի Յովհաննիսեան
Աննա Յակոբեան
Անգելինա Դանիէլեան
Նարեկ Հայրիեան
Մանուշակ Դանիէլեան
Աննա Աղասեան
Էլինա Գասպարեան
Մարինա Ալեքսանեան
Ծրագրի Բ. Փուլին ընթացքին հետեւեալ երիտասարդները աշխատանքի տեղաւորելու գործընթաց պիտի ծաւալուի, եւ «Վերելք» ծրագրիրը պիտի ապահովէ անոնց մէկ տարուայ աշխատանքային կայութիւն:
Այսօր արդէն երրորդ թողարկման Ա փուլը ամփոփուած է: Հարկ է նշենք, որ 2024թ Ա Փուլի հովանաւորն էր, ՀՅԴ Արեւելեան ԱՄՆ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը, իսկ Բ Փուլի հովանաւորն է Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը: Յիշեցնենք, որ «Վերելք» երիտասարդ ձեռներէցներու պիլոտային ծրագիրը 2021 թուականին Արցախի մէջ յաջողութիւն գտնելով, 2022 թուին Սիւնիքի մէջ կազմակերպեց անոր երկրորդ տարբերակը:
ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակ