Կարմիր սահմանագիծը
28 Մարտ 2000Հայաստանի ու հայութեան համար ներքին արիւնահոսութիւնը արդէն շատ անդին անցած է վտանգաւորութեան սահմանէն։ Ուղղակի արիւնաքամութեան եւ մահուան եզրին հասցուցած է հայ քաղաքական ողջ մարմինը։
Հայաստանի Հանրապետութեան ներքաղաքական կայունութիւնը ծանրօրէն հարուածող Հոկտեմբեր 27ի ահաւոր ոճրագործութենէն ետք, ահա՛ փորձմը եւս կը կատարուի ներքին արիւնահոսութեան մատնելու նաեւ ու նոյնինքն Արցախը, որուն ազատագրական պայքարն ու արդարագոյն դատը կը շարունակեն մնալ կիզակէտը հայ ժողովուրդի հաւաքական ոգորումին։
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահին դէմ կատարուած անարգ մահափորձը եւ անոր հետեւած համատարած կասկածի ու անվստահութեան մթնոլորտը, բայց մանաւանդ առիթէն օգտուելով հին թէ նոր հաշիւներ մաքրելու փութկոտութիւնը, վերջին հաշուով, աւելիով կը թունաւորեն եւ ջլատել կը փորձեն արդէն իսկ խորապէս խոցուած հայութեան միասնականութիւնը։
Լ.Ղ.Հ. նախագահին դէմ գործուած մահափորձին պատասխանատուները, անկասկած, արժանի են խստագոյն արդարադատութեան։ Ազգային մեր միասնականութեան եւ հայկական զոյգ պետականութեանց ներ¬քաղաքական կայունութեան սպառնացող դոյզն սադրանքն իսկ պարտինք խեղդել իր սաղմին մէջ։ Ի վերջոյ իրաւունք չունինք մտահան ընելու, որ մեր ժողովուրդին չափ եւ որոշ իմաստով նաեւ մեզմէ աւելի ¬ Հայ Դատին դէմ չարակամօրէն դիրքորոշուած ուժերը կ’անդրադառնան, որ մեր հաւաքական ուժին մէջ կը գտնուի Հայաստանի ու հայութեան փրկարար ուղին։
Նոյն այդ մեկնակէտով ալ, Դաշնակցութիւնը ինչպէս Հոկտեմբեր 27էն ետք, նաեւ այսօր անընդունելի կը գտնէ, որ պղտոր ջուրի մէջ ձուկ որսալու պատեհապաշտութեան ծառայեցուին համազգային մեր ողբերգութիւնները։
Իսկ այդ պատեհապաշտութիւնը կը շարունակէ իր թոյնով վարակել ու ջլատել Ազգի, Հայրենիքի եւ Հայոց Պետական Տան հիմնական շահերը ամէն բանէ վեր դաւանելու ազգային միասնականութեան։
Ամէնէն արդար ընդվզումներն իսկ, նման թունաւոր մթնոլորտի մէջ, կամայ թէ ակամայ կը ծառայեցուին պառակտում, անհանդուրժողութիւն եւ հակադրութիւն հրահրելու նենգ հաշիւներուն։
Տարբեր պատճառ ու բացատրութիւն կարելի չէ տալ այն փոխադարձ ամբաստանութեանց եւ հակադրութեանց, որոնք հնչեցին Հայաստանի ու Արցախի քաղաքական որոշ շրջանակներուն միջեւ։ Երբ պահը կը պարտադրէր ի մի գալ եւ կատարուած ոճիրը դատապարտել ու նման քայլերով հետապնդուած դաւադրութիւնները արագօրէն վիժեցնել, փաստօրէն ականջալուր դարձանք փոխադարձ մեղադրանքներու…
Տարբեր չէր եղած ներքին արիւնահոսութեան այն մթնոլորտը, որ հետեւեցաւ անհամեմատօրէն աւելի ծանր ու ողբերգական տարողութիւն զգեցած Հոկտեմբեր 27ի դաւադրութեան։ Իշխանութեանց այսպէս կոչուած «Արցախեան» եւ «Հայաստանեան» թեւերուն միջեւ պատեհապաշտօրէն հրահրուեցաւ, շահագործուեցաւ եւ խորացումի առաջնորդուեցաւ անվստահութեան ու հակադրութեան խրամատ մը, որ մինչեւ այսօր կը շարունակէ դժուարացնել մեր ժողովուրդին պետական¬քաղաքական կամքը միասնականօրէն արտայայտելու եւ ուժեղացնելու ճիգերը։
Ահա թէ ինչո՛ւ կը շեշտենք, որ ներքաղաքական ուժերու դասաւորումն ու հաւասարակշռութիւնը ֆիզիքական հաշուեյարդարներու քմայքին յանձնելու տրամաբանութիւնը պարզապէս անյարիր է մեր ժողովուրդի իրականութեան։ Ըստ ամենայնի չարակամ ուժերու հրահրումով ու դաւերով կը սնանի եւ ի վերջոյ ազգովին ու պետականօրէն մեզ գերի կը դարձնէ ներքին արիւնահոսութեան։
Արցախեան Շարժման եւ Հայաստանի անկախութեան վերականգնման պայքարի առաջին իսկ օրէն, քաղաքական հաշուեյարդարներով սեփական ուղին հարթելու այդ շիլ տրամաբանութեան դէմ մենք ահազանգ հնչեցուցինք եւ հետեւողականօրէն ծառացանք։ Ազգն ու Հայրենիքը մասերու բաժնելու, իւրաքանչիւր մասի առանձնայատկութեան մէջ պառակտումի եւ հակադրութեան սերմեր տեսնելու եւ զանոնք շեշտաւորելու այդ վարքագիծը, փաստօրէն, արտաքին ուժերու կողմէ պատուիրուած եւ երբեմնի ՀՀՇական վարչակարգին կողմէ մշակուած դառն ժառանգ է Հայաստանի ու հայութեան համար։
Ազգային գաղափարախօսութիւնն ու ազգային միասնականութիւնը կեղծ կատեգորիա հռչակելու աստիճան այլասերումի գացած այդ վարքագիծն է ահա, որ Փետրուար 1998ի իշխանափոխութենէն ի վեր ամէն քայլափոխի իր թոյնը կը սրսկէ աջ ու ձախ։ Կը թունաւորէ յատկապէս այն միասնականութիւնը, որ Արցախեան պայքարով նուաճուեցաւ մեր ժողովուրդին կողմէ։ Կը փորձէ պառակտել ու ջլատել Արցախեան Հարցի մէջ անձնատուր դառնալու որեւէ փորձութիւն կտրականապէս մերժող հայութեան հաւաքական կամքն ու միասնական ճակատը։
Այս առումով՝ Լ.Ղ.Հ. նախագահին դէմ գործուած վատոգի մահափորձը ներքին արիւնահոսութեան չարիքին վերջին դրսեւորումն է, որ դարձեալ կը շեշտէ ազգային մեր հիմնահարցերուն պաշտպանութեան ճակատին վրայ Կարմիր Սահմանագիծ ճշդելու հրամայականը։
Ի վերջոյ Ազգը, Հայրենիքը եւ Հայոց Պետական Տունը ունին կարմիր սահմանագիծ գիծ մը, որուն հսկելու առաջնահերթ առաքելութեան կոչուած եւ զինուորագրուած են ազգային բոլոր ուժերը։
Որպէսզի ազգովին կարենանք ձախողութեան մատնել մեր ժողովուրդին կողմէ վճռական մերժումի դատապարտուած, բայց Արցախեան Հարցի մէջ հայութեան զիջումներ պարտադրելու արտաքին ուժերու սադրանքներուն «հաւատարմագրուած» վնասակար տարրերը։
Ն. Պէրպէրեան
Հ.Յ.Դ. Մամլոյ Դիւան
28 Մարտ 2000