ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

Ի՜նչ Նոր Սահմանադրութիւն, Ի՜նչ Ընտրութիւն…

21 Փետրվար 2025

Սարգիս ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Վերջին օրերուն, մասնաւորաբար Ուքրանիոյ շուրջ Արեւելք-Արեւմուտք սակարկութեանց նորագոյն պատկերին դիմաց, ստեղծուած է կացութիւն, որուն անհաշուելի ծալքերը, մէկը միւսը հակասող զարգացումները ի՛սկապէս որ ստեղծած են գլխապտոյտ պատճառող վիճակ: Շատ ուժեղ կը հնչեն մէկ կողմէ՝ Ուքրանիոյ նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու կեցուածքի 180 աստիճանի շրջումը, միւս կողմէ՝ նոյն տագնապին դիմաց Ուաշինկթընի եւ եւրոպացի դաշնակիցներուն միջեւ տարակարծութիւնները (մէկը ձեռքերը կը լուայ Ուքրանիայէն ու մեղադրանքներ կ’արձակէ անոր հասցէին, միւսը ոգի ի բռին կ’ուզէ շարունակել նախորդ երեք տարիներու ընթացքը եւ կը ստանայ… Ուաշինկթընի քաջալերանքը), այլ գիծերու վրայ՝ Թուրքիոյ եւ Չինաստանի նման ուժերու ախորժակը՝ պատրաստուող կարկանդակէն անմասն չմնալու իմաստով (անոնք կը յայտարարեն, որ լուծումին պէտք է մասնակից ըլլան ԲՈԼՈՐ ԿՈՂՄԵՐԸ, այսինքն՝ նաեւ իրենք, որովհետեւ յստակ է, որ յաջորդ փուլին, կայ Ուքրանիոյ բնական հարստութիւնները կողոպտելու ծրագիր), իսկ անդին, Ուքրանիան փաստօրէն լքուած է նստելու ցեխի մէջ, աղօթելու՝ որ յարալէզները վար իջնեն հեռաւոր երկինքներէն եւ դարման բերեն իր բազմատեսակ վէրքերուն:
Ստեղծուած յորձանուտին մէջ, հազար ու մէկ մեկնաբանութիւն կը նետուի հրապարակ: Նոյն ախտով վարակուած է նաեւ Հայաստանի բեմը: Այս բոլորը կը կատարուին ի տես եւ ի լուր օր-աւուր հրապարակ եկող տեղեկութիւններուն, ստեղծելուվ այն տպաւորութիւնը, թէ ո՛ւր որ է, Ուշինկթըն եւ Մոսկուա, մէկդի դրած միւս բոլոր կողմերը՝ բարեկամ թէ հակառակորդ, վաղը-միւս օր պիտի հասնին լուծման տարազի մը եւ զայն պիտի հրեն բոլորին կոկորդէն վար: Երկարաշունչ քայլարշաւի մը եւ նոր անակնկալներու, շրջադարձութիւններու նախատեսութիւնները նուազ ծանր կը կշռեն…
***
Եթէ պահ մը մենք մեզ ձերբազատենք փոթորիկին անմիջական մթնոլորտէն, եւ մեր յիշողութեան տակառը պրպտենք նախընթաց՝ նման վիճակներու ուղղութեամբ, դժուարութիւն պիտի չունենաք տեսնելու, որ գլխապտոյտ պատճառող կամ շփոթ ստեղծող քիչ բան կայ (շփոթեցնող մասնիկներ մի՛շտ ալ եղած են): Խառնաշփոթէն խուսափելու համար, հարկ է դէպքերն ու զարգացումները դիտել կարելի ամէնէն լայն դաշտերուն մէջ, հաշուի առնել մօտ ու հեռու բոլոր իրադարձութիւնները եւ անոր համագումարին հիմամբ կատարել ըստ կարելւոյն՝ ճշգրիտ գնահատականներ, ճշդել ամէնէն հաւանական կարելիութիւնները: Նոյնքան կարեւոր է չսահմանափակուիլ անմիջական եւ առհասարակ մակերեսին վրայ ծփացող տեղեկութիւններով, այլ հարցումներ տալ ու պատասխաններ գտնել, թէ եղածներուն մէջ ինչպիսի՞ յետին նպատակներ ու հաշիւներ կան, չոր իրականութիւններ՝ որոնց մասին գրեթէ բան չ’ըսուիր…:
Ի՛նչ շրջագիծի եւ մակարդակներու վրայ ալ դիտենք զարգացումները, կշիռի դնենք դրական ու անհաճոյ հաւանականութիւնները, կայ այլ յստակ բան մը. եթէ Ուքրանիան պիտի ըլլայ ցարդ երեւութական, քիչ մըն ալ շօշափելի բարեշրջումներէն գլխաւոր ազդուողը, ըսենք՝ զո՛հը, անիկա միայնակ չէ ու պիտի չմնայ իր ճակատագիրին հետ, այլ ստեղծուած նոր կացութիւնները իրենց մեղմ ու ամեհի ազդեցութիւնները պիտի ունենան աշխարհը յուզող բազմաթիւ տագնապներու վրայ, բարեկամներու եւ հակառակորդներու յարաբերութեա՛նց վրայ. այս ըսելով, պէտք է շեշտենք, որ Կովկասի մէջ կիզակէտ մը հանդիսացող մեր հայրենիքին նաւն ալ տատանումներու ենթակայ պիտի ըլլայ ստեղծուած հովերէն, որոնք անպայման այժմու ուղղութեամբ պիտի չշարունակեն փչել ընդմիշտ: Եւ բոլորովին անհիմն չեն այն տեսութիւնները, թէ ստեղծուած պատկերին մէջ կան իրական եւ խաբուսիկ, շուտով վերաշրջելի գիծեր: Եւ ասոր անունը… մեծապետական քաղաքականութիւն է, այսինքն՝ մեծերուն հաշիւներուն վերադասաւորումը, որուն մէջ փոքրերը կրնան նահատակ երթալ, եթէ անոնց մէջ պակսի շրջահայեացութիւնը, հեռատեսութիւնը եւ հաւասարակշիռ ուղղութիւն պահպանելու ունակութիւնը: Մենք միակ փոքրը չենք, կան դրացի եւ հեռաւոր բազմաթիւ փոքրեր, որոնք արդէն մեզմէ աւելի՛ յաջող կերպով կը մտնեն նոր խաղին մէջ:
***
Երեւան որքանո՞վ հաղորդ է այս յորձանուտին:
Քաղաքական շրջանակներ բաւականին իրազեկ են. կը կատարուին իմաստալից վերլուծումներ ու մասնագիտական մօտեցումով քննարկումներ, որոնց դիմաց, սակայն, իշխանական շրջանակը կարծէք թէ շատ ալ տրամադիր չէ հրաժարելու հին(ցած) յանկերգներէ եւ այլապէս՝ տեղական դաշտին մէջ խառնաշփոթ վիճակ ստեղծելու դիտաւորութիւններէն: Իւրաքանչիւր արեւածագի հետ ու օրուան տարբեր ժամերուն, ՔՊ-ական խմբակին պետն ու կողքին քալողները հին… նորութիւն մը կը նետեն հրապարակ, կրկին ու կրկին փաստելով, որ իրենց առաջին ու վերջին մտահոգութիւնն է ժողովուրդին – նաեւ Սփիւռքի հայութեան – ուշադրութիւնը շեղել իսկական հարցերէն ու մարտահրաւէրներէն, քողարկել իրենց կործանարար վարմունքը:
Եթէ անոնց յիշեցում կատարուի էական հարցերու մասին՝ անոնց հակազդեցութիւնը ունի հետեւեալ իմաստը. ի՜նչ Արցախ, Պաքուի մէջ ի՜նչ բանտարկեալներ ու պատանդներ, ի՜նչ սղութիւն ու ապրուստի պայմաններու դժուարացում, ի՜նչ Սիւնիքի եւ այլ սահմանային գօտիներու վտանգում, ի՜նչ Ցեղասպանութիւն, թուրք-ազերիին դէմ միջազգային ի՜նչ հետապնդում-պահանջատիրութիւն (ինչու-ներու շարքը կրնանք երկարել): Իրենց համար, կայ մէկ մտասեւեռում՝ ուղղակի կամ անուղղակի քայլերով պատրաստուիլ յառաջիկայ ընտրութիւններուն, այդ նպատակով ալ հող պատրաստել, սկսելով տեղական ընտրութիւններու կալուածին մէջ:
Իշխանականներուն համար, մինչեւ իսկ երկրորդական են այն իրական փաստարկումները, թէ՝ իրենք բանիւ եւ գործով դարձած են թուրք-ազերիական ծրագիրներու գործակատարը (դարձեալ յիշեցնենք, որ իշխանապետը օր մը յայտարարեց, թէ ինք չի նեղանար, եթէ զինք թուրք որակեն…): Եւ ահա, դարձեալ հրապարակ կու գայ «նոր սահմանադրութիւն պիտի մշակենք»ի յանկերգով ու չնաշխարհի՜կ «տեսութիւններով», որոնց ազերիական թելադրանք ըլլալը փաստուած է կրկին ու կրկին: Այսօրուան օրակարգն է յաջորդ ընտրութիւններուն իրենց յարմար զգեստ մը ձեւաւորել-կարելու գործը: Եւ սա միակ «շեղող զբաղումը» չէ, որ կը նետուի ժողովուրդին գիրկը…
***
Իշխանաւորներուն դիտաւորութիւնները – սահմանադրութիւն «հնարելու» թէ այլ ճամբաներով – արեւու լոյսին չափ յստակ են: Յստակ չէ – եւ ահա հոն է մտահոգիչ գլխապտոյտը-, թէ ժողովուրդը ինչո՞ւ կը մերժէ տեսնել վնասարար ընթացքն ու զայն յամառօրէն շարունակելու, վերարտադրուելու իշխանաւորներուն ջլախտաւոր վազքը: Կ’ուզեն վերարտադրուիլ՝ որպէսզի ի՞նչ. Արցախը նուիրեցին, սահմանամերձ հողամասեր նուիրեցին, ազերիներուն գրաւած (իրենց իսկ խոստովանութեամբ) տարածքներուն վերատիրանալու նպատակով որեւէ բան չընելու «վարպետի քաղաքականութիւնը» բաւարար չե՞ն, պէտք է անպայման ընդդիմադիրներուն զգուշացումները՝ Սիւնիքն ու այլ տարածքներ կորսնցնելու, աւելի, եւս կղզիանալու-կրճատուելու եւ ապրուստի պայմաններու նոր նահանջ իմաստով՝ իրականութի՞ւն դառնան, բանակէն մնացա՞ծն ալ «ասֆալթին փռուի», որպէսզի վաղն ալ օրօրեն այն քարոզչութեամբ, թէ այդ բոլորը նախկինները ըրած են, ա՛յն նախկինները՝ որոնց իշխանութեան ղեկէն հեռացումը շուտով եօթներորդ տարին պիտի բոլորէ…
Իշխանաւորներուն անատակութի՛ւնն ալ, թշնամիին լծակից ըլլա՛լն ալ յստակ է: Կան անյստակ այլ գիծեր: Այդ ինչպէ՞ս կ’ըլլայ, որ ընդդիմադիրները, որոնց հայրենապաշտպանութեան յանձնառութիւնը վեր է ամէն կասկածէ, չեն կրնար մէկդի դնել քողարկեալ – եւ ո՛չ հրատապ – տարակարծութիւնները, համախմբուիլ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՕՐԱԿԱՐԳի մը շուրջ, որպէսզի վերջ դնեն իրերայաջորդ անկումներու եւ կորուստներու շարանին: Ինչո՞ւ հրապարակ չի գար հայրենիքի փրկութեան լիարժէք ծրագիր մը, որ թօթափէ աշխարհը յուզող եւ գլխապտոյտ պատճառող ազդեցութիւնները, Հայաստանը վերադարձնէ մօտիկ եւ հեռաւոր գօտիներու մէջ ի յայտ եկող նորութիւններուն համընթաց նաւարկումի:
Կրկնենք. իշխանաւորները անատակ, չկամ եւ շատ ուրիշ բան են նման առաջադրանք իրականացնելու առումով, իրենք զիրենք հասցուցած են այնպիսի՛ կէտի մը, ուրկէ անկարող են ետդարձ ընելու, այնքա՛ն որ ամուր պատանդուած են դրսեցիներուն իրենց խոստացած յանձնառութիւններուն չուաններով: Հետեւաբար, դարձեալ կրկնենք. պատխասանատուութեան ծանրութիւնը կ’իյնայ ընդդիմադիր ճակատին ուսերուն:
Գաղտնիք չէ, որ Հայաստանի մէջ թէ Սփիւռքի՝ կան մասնագէտներ, կարող ու ատակ մարդիկ, կազմակերպութիւններ ու հայրենիքի իրաւունքներուն հետամուտ ցանցեր, որոնց կարողականութեանց մէկտեղումը աւելի քան հրամայական է այսօր. փոխընտրանքը պիտի ըլլայ դուրս չգալ հանդիսատեսի կօշիկներէն, իսկ հետեւանքը պիտի ըլլայ այն, որ իշխանաւորները շարունակեն իրենց էշերը յառաջ քշել ա՛յն «ճամբու քարտէս»ին հիմամբ, որ իրենց ձեռքը տրուած է Հայաստանը վերջնական զոհասեղանին վրայ դնել փորձողներու կողմէ:
Հայաստան – եւ ամբողջ հայութիւնը – կոչուած են կասեցնելու կորստաբեր ընթացքը, ընդդիմադիրներուն առաքելութեան մաս կը կազմէ բանալ ցարդ կոյր մնալ ուխտածներուն աչքերը եւ իշխանաւորներուն գործնապէս պատասխանել. ի՜նչ նոր սահմանադրութիւն, ի՜նչ ընտրութիւն, թուրք-ազերիական բազմայարկ պահանջներու ի՜նչ գոհացում…: Այդ բոլորին դիմաց, այսօր կայ ՀԱՅՐԵՆՔԻ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ եւ ԲՈԼՈՐ ՎՆԱՍՆԵՐԷՆ ԵՏԴԱՐՁԻ անյետաձգելի հրամայականը:

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Մայիսի 9-ի խորհուրդը և նշանակությունը

«Մեր ժողվուրդը տեսավ 2020 թվականի 44-օրյա ճակատարամարտի հետևանքները, Արցախի

09 Մայիս 2025
Խրոխտ Շուշիի Ազատագրման Յիշատակին

«Շուշին եւ ազատագրուած տարածքը կը ներկայանան իբրեւ հայ ազգային ռազմավարութեան

09 Մայիս 2025
Շուշին ազգային վերազարթոնքի խորհրդանիշ

Արցախում Եռատոն է, հպարտության եւ հաղթանակի տոն։ 1992-ին Շուշիի հաղթական ազատա

09 Մայիս 2025
Միջոցառում՝ «Շուշի. վերադարձ լինելու է

Մայիսի 8-ին «Անի Պլազա» հյուրանոցի «Անի» սրահում տեղի ունեցավ Շուշիի ազատագրմա

09 Մայիս 2025
33 Տարի Առաջ` Այսօր. Հերոսական Սխրանքն

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Մայիս 9-ը եռատօն է, նուիրուած` համաշխարհային երկրորդ պատերա

09 Մայիս 2025
Խմբագրական. Եռատօնի Վերաիմաստաւորման Հ

Եռատօնը խորհրդանշող օրուան նշումը նորագոյն հանգամանքներով բոլորովին նոր խորհրդ

08 Մայիս 2025
Շուշին հանդիսանում է հայ ժողովրդի քաղա

ՀՀ ԳԱԱ Պատմության ինստիտուտի Արցախի պատմամշակութային ժառանգության և արդի քաղաք

08 Մայիս 2025
Դիվանագետների համահայկական խորհրդի հայ

Մայիսյան եռատոնը հայ ժողովրդի նորագույն պատմության պանծալի էջերից է, հայկական

08 Մայիս 2025
Այն ինչ այսօր կատարվում է ժամանակավոր

«Շատ բարդ է ինձ համար այսօր խոսելը։ Մի քանի բան ուզում եմ փոխանցել ՝մեկը պատմա

08 Մայիս 2025
Ամեն ինչ անելու ենք, որ, այո՛, այդ վեր

«Շատ կարևոր է այսօր վերաիմաստավորել, արժևորել Շուշիի ազատագրման օրը և խորհուրդ

08 Մայիս 2025
Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սատ Շրջանի Քաղաքապետակ

Երեքշաբթի, 6 մայիսին «Շաղզոյեան» կեդրոն այցելեցին Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սատ շրջանի ք

08 Մայիս 2025
Պատասխան ես տալու ամեն բառիդ, ամեն քայ

Փորձեմ առանց էմոցիայի Հերթական անգամ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավորները

08 Մայիս 2025
Ուաշինկթընի Քաղաքային Խորհուրդը Ընդուն

Մայիս 6-ին, Ուաշինկթընի քաղաքային խորհուրդը միաձայնութեամբ ընդունեց >բանաձեւ մ

08 Մայիս 2025
Մեր համազգային պահանջատիրութեան յետքայ

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 110-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ԱՌԻԹՈՎ Եթէ պէտք է իրերն իրենց անւամբ կ

08 Մայիս 2025
Ցաւակցագիր

ՀՅԴ Բիւրօն խոր վիշտով իմացաւ ընկ. Նազարէթ Սապունճեանի մահուան գոյժը։ Այս տխ

07 Մայիս 2025
ԱՄՆ-Իրան բանակցութիւններու դժուար ընթա

Օմանի միջնորդութեամբ տեղի ունեցող բանակցութիւնները ԱՄՆ-ի և Իրանի միջև այժմ կը

07 Մայիս 2025
էժան միջոցներով չեն կարող մեզ շեղել

Այն ենթադրությունը, թե պետք է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանին անվստահություն հայտ

07 Մայիս 2025
Կառավարությունից պահանջում ենք միջոցնե

Արցախցիների իրավունքների պաշտպանության խորհուրդը Արցախի մշակութային ժառանգությ

07 Մայիս 2025
Օգտակար խորհուրդ Հայաստանի Հանրապետութ

Վերջերս Հայաստանի Հանրապետությունն անսովոր որոշում կայացրեց՝ վարձելով ամերիկյա

06 Մայիս 2025
Համիլթընի մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղաս

Կազմակերպութեամբ Համիլթընի Ս. Մարիամ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ եւ ՀՅԴ

06 Մայիս 2025
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company