Խմբագրական. Խաղաղութեան Երաշխաւորման Համար
17 Մարտ 2025
Պաքուի դիւանագիտութեան ղեկավարը մեղմ ըսելաձեւով խանդավառ չէ Երեւանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրի բովանդակութեան շուրջ կայացած համաձայնութենէն: Այն տպաւորութիւնը կը ձգուի, որ Ազրպէյճան կա՛մ ճնշումի տակ կայացուցած է նախագիծին շուրջ համաձայնութիւնը, կա՛մ ալ պատրուակներ առաջ կը քշէ, վիժեցնելու համար անոր ստորագրութիւնը: Մինչ այդ առաւելագոյնը ստանալու համար դիմացի կողմէն, թէ՛ Թուրքիան եւ թէ՛ Ազրպէյճանը կը բարձրացնեն պահանջներու նշաձօղը: Անգարան պարզ դարձուց, որ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման նախադրեալներ չկան` միշտ փոխկապակցելով Թուրքիոյ ուղղութեամբ յարաբերութիւններու հաստատումը Հայաստան-Ազրպէյճան խաղաղութեան պայմանագիրի կնքումին հետ:
Մինչ, միջազգային ընտանիքի անդամները կը համալրեն համաձայնութիւնը ողջունող երկիրներու ցանկը, Պաքուն նոր նախապայմաններով, նոր պատրուակներով կը հեռացնէ խաղաղութեան պայմանագիրը: Անտեղի են Երեւանի դրական պահուածքը եւ ընդգծումը, որ համաձայնութեան կէտերը նկատի առած են հայկական կողմի շահերը:
Ի՞նչ են վերաբանաձեւուած կէտերը, որոնք ըստ Պաքուի կը խոչընդոտեն համաձայնութիւնը:
Ամէնէն հիմնականը` Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունեցող վրէժխնդրական մօտեցումներն են: Կան տարածքային պահանջներ Հայաստանի կողմէ Ազրպէյճանի նկատմամբ, որոնք առկայ են Սահմանադրութեան եւ իրաւական այլ փաստադրոյթներու մէջ: Երեւանը այդ բոլորը փոխելու կամք չի դրսեւորեր եւ արտաքին ուժերու աշխուժ աջակցութեամբ արագընթաց կը սպառազինուի: Այս բոլորը, միշտ ըստ պաշտօնական Պաքուի, կը շարունակեն խոչընդոտել յարաբերութիւններու կարգաւորումը: Տակաւին կայ, ըստ Պայրամովի, 300.000 ազրպէյճանցի տեղահանուածներու վերադարձի իրաւունքի իրականացման առաջադրանքը:
Վրէժխնդրական մօտեցում ձեւակերպումը այնքան առաձգական է, որ իւրաքանչիւր յայտարարութիւն, կեցուածք, դիրքորոշում կրնայ ընկալուիլ եւ մեկնաբանուիլ վրէժխնդրութեամբ եւ պատրուակ ծառայել, որ հայկական կողմը կը խոչընդոտէ յարաբերութիւններու բնականոնացումը:
Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը ժամանակի կարօտող խնդիր է: Տակաւին պարզ չէ հանրաքուէի արդիւնքը: Հետեւաբար այս խոչընդոտը եւս շուտով վերանալի չէ եւ ըստ Պաքուի արգելք է համաձայնութեան իրաւականացումին:
Սպառազինումի կէտը ամէնէն հիմնականն է: Հայաստանը պէտք է դադրեցնէ բանակին սպառազինումը: Այլ խօսքով, ձեռքերը վեր, սպիտակ դրօշով ինքզինք յանձնէ թուրքեւազրպէյճանական դաշինքին: Այստեղ սակայն միայն Հայաստանին չէ ուղղուած Պաքուի ուղերձը: Յստակ ակնկալութիւն կայ միջազգային ընտանիքէն, որ եթէ կ՛ուզեն տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն, ապա պէտք է դադրեցնեն Հայաստանին տրուող զինական օժանդակութիւնները:
Վրէժխնդրական մօտեցումներէ հրաժարումէն մինչեւ սպառազինումի դադրեցում, անցնելով Սահմանադրութեան փոփոխութեան պահանջէն, Ազրպէյճանը անկախ համաձայնական կէտերէն, կ՛աւելցնէ նոր նախապայմաններ:
Արժանապատիւ խաղաղութեան համար հայկական կողմը սկզբունքով պիտի առաջադրէր`
Ա.- Հայաստանեան գերիշխան տարածքներէ ազրպէյճանական զօրքերու հեռացում, իբրեւ առաջին իրականանալի կէտ, նախքան որեւէ համաձայնութիւն:
Բ.- Արցախի ժողովուրդի հաւաքական վերադարձի իրաւունք, միջազգային անվտանգութեան երաշխիքներու գործիքակազմերու առկայութեամբ:
Գ.- Բոլոր գերիներու, ռազմագերիներու եւ պահուող անձերու անմիջական ազատում:
Դ.- Քննարկելի չնկատել Սահմանադրութեան եւ օրէնսդրութեան փոփոխութեան պահանջները:
Պատահական չէ, որ համաձայնութեան յայտարարութեան առընթեր Պաքուն մեղադրեց հայկական կողմը հրադադարը խախտելու եւ սահմանային գործողութիւններ իրականացնելու յանցանքով: Եւրոպական Միութեան դէտերը հերքեցին Պաքուի յայտարարութիւնները: Այս ապատեղեկատուութիւնը կը տեղաւորուի Պաքուի յայտարարած վրէժխնդրական մօտեցումներու պատրուակներու շարքին, իբրեւ խոչընդոտ խաղաղութեան հասնելուն:
Բուն խնդիրը սակայն ուժերու հաւասարակշռութեան վերականգնումն է: Առանց անոր, խաղաղութեան փաստաթուղթը միայն թուղթ կրնայ ըլլալ եւ որեւէ կերպ չի կրնար երաշխաւորել խաղաղութեան պահպանումը: Պաքուն փաստեց, որ անվերջ նոր պահանջներ, նոր պատրուակներ, նոր նախապայմաններ պիտի դնէ հայկական կողմին դիմաց: Բանակի վերազինումին, վերականգնումին ու սահմաններու պաշտպանողականութեան մէջ կը կայանայ խաղաղութեան հաստատման գաղտնիքը: Հզօր բանակն է, որ կը յաջողի ետ բերել գերիները, դուրս շպրտել ազրպէյճանական զօրքերը, պահպանել Անկախութեան հռչակագիր-Սահմանադրութիւն կապը: Այս պայմաններուն մէջ ազգ-բանակ յղացքի վերարծարծումն ու առարկայացումը պիտի զուգորդուին ազգային պետութեան վերակերտումին հետ:
«Ազդակ»