Ռոստոմ. Հայ Ժողովրդի ամբողջական ազատագրության առաքյալը
19 Հունվար 2019 «Եթէ Քրիստափորը եղաւ Հ.Յ.Դաշնացութեան միտքն ու կամքը, եւ Զաւարեանը՝ նրա սիրտն ու խիղճը, Ռոստոմը ե՛ւ միտք էր,ե՛ւ կամք ու խիղճ՝ Դաշնակցութիւնն ինքը իր բովանդակ էութեամբ»
Սիմոն Վրացան
Յունուար 19ի կը լրանայ մահուան հարիւրամեակը մեր ժողովուրդի բացառիկ ծնունդներու համաստեղութեան մէջ անմահացած հայ մեծ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆին՝ ՌՈՍՏՈՄի, որ իր պայծառ ու խրոխտ ճակատով եւ խոհականութեամբ ու խստապահանջութեամբ կիտուած յօնքերով՝ հունաւորեց ուղին հայութեան ազգային ազատագրութեան արիւնոտ, այլեւ անձնուէր պայքարին՝ մեր սերունդներուն կտակելով Ազգի եւ Հայրենիքի ամբողջական ու լիարժէք ազատութեան մեծագոյն տեսլականը, անոր ձեռքբերման համար գերագոյն զոհաբերութեան պատրաստ գտնուելու իր կենդանի եւ առաջնորդող օրինակը վարակիչ դարձնելով։
Աւազանի անունով Ստեփան Զօրեան՝ Ռոստոմ կրտսերագոյնն էր Հ.Յ.Դ. հիմնադիր երրորդութեան։ Թէեւ ներկայ ալ չէր եղած 1890ի ամրան կայացած Հ.Յ.Դ. հիմնադիր ժողովին՝ Մոսկուայի մէջ ուսանողական բողոքի ցոյցերուն իր գործուն մասնակցութեան համար Ցարական իշխանութեանց կողմէ իր ծննդավայրը աքսորուած ըլլալով, այսուհանդերձ՝ Ռոստոմի շեշտակի դրոշմին կը հանդիպինք ոչ միայն Դաշնակցութեան կազմութիւնը նախապատրաստող խմորումներուն, այլեւ՝ Հ.Յ.Դ. պատմութեան առաջին երեսնամեակի գլխաւոր բոլոր էջերուն վրայ։
Ռոստոմի ձեռագրով էր, որ 1890ին հիմնուած Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութիւնը 1892ին վերածուեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան։
Ռոստոմի գրիչով էր, որ նորաստեղծ Դաշնակցութեան անդրանիկ Ծրագիրը իր աւարտուն տարազումը ստացաւ՝ Քրիստափորի եւ Զաւարեանի միասնական ստորագրութեամբ ճամբայ հանուած ծրագրային «Այբուբեն»ը ամբողջացնելով իբրեւ «Ընդհանուր Տեսութիւն» ու Հ.Յ.Դ. Ծրագիր։
Նոյնպէս Ռոստոմի ձեռքն է, որ կ’երեւի Դաշնակցութեան Զինանշանի լուսապատկերին վրայ՝ ամրօրէն բռնելով ու միաձուլելով հայ մշակին, մտաւորականին եւ ռազմիկին ազգային ու յեղափոխական միասնութիւնը խորհրդանշող բահը, սուրն ու փետրագրիչը։
Ռոստոմի նախաձեռնութեան կամ ղեկավարման կը պարտինք, յաջորդաբար եւ թւումի կարգով՝
1) Դաշնակցութեան առաջին զինագործարանին հզօրացումը Սալմաստի մէջ։
2) Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ի անխափան հրատարակութեան ապահովումն, իբրեւ մարտակոչ մամուլի կանոնաւորումը եւ գաղափարական կենսունակութիւնը։
3) 1890ականներու երկրորդ կիսուն Երկրի տարածքին դպրոցական ցանցի ընդարձակումն ու ուժեղացումը։
4) Քսաներորդ դարասկիզբի առաջին տարիներուն, Պալքաններու մէջ եւ ընդհանրապէս Օսմանեան Կայսրութեան տարածքին, յանուն ազգային ազատագրութեան, ժողովրդավարութեան եւ ընկերային արդարութեան հաստատման պայքարող շարժումներու հետ Հ.Յ.Դ. ռազմավարական գործակցութեան առաջացումը։
5) 1903ին հայ եկեղեցապատկան կալուածներու բռնագրաւման եւ ընդհանրապէս ռուսացման հետամուտ ցարական քաղաքականութեան դէմ համաժողովրդային շարժման շղթայազերծումը եւ, այդ նպատակով, Խրիմեան Հայրիկին ուժ եւ նեցուկ տալով՝ համազգային ծառացման կազմակերպումը։ Ազգային ըմբոստացման այդ շարժումին շուտով պիտի հետեւէր Դաշնակցութեան կողմէ որդեգրումը «Կովկասեան Նախագիծ»ին, որուն դարբինը եղաւ Ռոստոմ, Արեւմտահայութեան ազգային-ազատագրումի Դատին զուգահեռ յառաջ մղելով նաեւ Արեւելահայութեան ընկերային ազատագրումի դատը՝ առաջքը առնելու համար «Առանց հայու Հայաստան» ունենալու ցարական կործանարար քաղաքականութեան։
6) 1905ին ցարական իշխանութեան հրահրած հայ-թաթարական ընդհարումներու ընթացքին, հայ ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան գործին ընդհանուր ղեկավարումը։
7) 1907ի Հ.Յ.Դ. Չորրորդ Ընդհանուր Ժողովին Դաշնակցութեան ներքին միասնութեան պահպանումն ու աւելիով ուժեղացած վերականգնումը՝ աջէն թէ ձախէն Դաշնակցութեան եւ ընդհանրապէս հայ ազատագրական շարժման սպառնացող պառակտումի փորձերուն եւ սադրանքներուն դէմ։
8) 1908ին Դաշնակցութեան յարումը Ընկերվար Միջազգայնականին եւ, զուգահեռաբար, համագործակցութեան քաղաքական դաշինքի ստորագրութիւնը Օսմանեան Կայսրութեան տարածքին գործող այլազգի յեղափոխական եւ ընդդիմադիր շարժումներուն հետ՝ Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակման նախօրէին։ Նաեւ՝ Պուլկարիոյ մէջ Դաշնակցութեան Զինուորական Դպրոցի հիմնումին։
9) Նոյն շրջանին բռնկած Պարսկական Սահմանադրական շարժման եւ յեղափոխութեան Դաշնակցութեան գործօն մասնակցութիւնը՝ Ռոստոմի քաղաքական առաջնորդութեամբ եւ Եփրեմի ու Նիկոլ-Դումանի մարտական հրամանատարութեամբ։
10) Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակման հետեւած համեմատական խաղաղութեան ամբողջ շրջանին, Կարինը կեդրոն ընտրելով, Երկրի տարածքին կրթական եւ հասարակական-մշակութային կեանքի յաղթաքայլ աշխուժացումին՝ «ոջիլի յաղթահարման քաղաքականութեան» արմատաւորումով։
11) 1913ի Պալքանեան պատերազմի ընթացքին, Դաշնակցութեան որոշումով, հայ կամաւորականներու նշանակալից մասնակցութիւնը՝ Ռոստոմի նախաձեռնութեամբ եւ անոր քով-քովի բերած Անդրանիկի ու Նժդեհի հրամանատարութեամբ։
12) Առաջին Աշխարհամարտի բռնկումին հետ Հայ Կամաւորական Շարժման կազմակերպումին, հակառակ անոր որ Ռոստոմ ինք դէմ էր քաղաքական այդ քայլին։ Ռոստոմ կը նախընտրէր հակացարական պայքարի լծուած յեղափոխական ուժերուն հետ Դաշնակցութեան գործակցութիւնը խորացնել ու ամրապնդել։ Բայց իր իսկ քարոզած ազգային պատասխանատուութեան սկզբունքին տէր կանգնելով՝ ամբողջապէս նուիրուեցաւ Կամաւորական Շարժման հզօրացման գործին եւ պատգամեց.-
Մեր կուսակցութիւնն իր վրայ ունի այնպիսի՛ պարտաւորութիւններ, որոնցից ազատ են ուրիշ կուսակցութիւնները։ Մենք ունինք ազգովին վտանգուելու հոգսը, եւ չենք կարող անտես առնել այդ հանգամանքը։ Ամէն անգամ, որ Դաշնակցութիւնը ստիպուած է եղել դուրս գալ ազգովին գործելու, նրան մեղադրել են, թէ նա բուրժուական է, կղերական… Ես կը կամենայի, որ Դաշնակցութիւնը ապագային էլ նոյնը լինէր եւ պէտք եղած ժամանակ պաշտպանէր ազգի շահը։
13) Ռուսական մեծ յեղափոխութեան ամբողջ շրջանին, հայ ժողովուրդին ազգային իրաւունքներն ու պահանջները ներկայացնելու եւ պաշտպանելու, մանաւանդ Արեւմտահայաստանի ազատագրութեան դատը սահմանադրականօրէն ամրագրելու գործին մէջ, անփոխարինելի եղաւ Ռոստոմի ներդրումը, որ պսակուեցաւ Պաքուի Հերոսամարտին իր ղեկավար մասնակցութեամբ ու պոլշեւիկներու ղեկավար Ստեփան Շահումեանի հետ զինակցութեան կնքումով՝ ընդդէմ թուրքեւթաթար ջարդարար ներխուժման։
Ահա՛ սոսկ թուարկումը այն ներդրումներուն, զորս Ռոստոմի դրոշմով Դաշնակցութիւնը ունեցաւ հայ ժողովուրդի վերածնունդին յաղթաքայլ նուաճումին մէջ, 1890էն մինչեւ 1919 թուականի Յունուար 19ի Ռոստոմի բծաւոր տիֆի եւ անբուժելի թոքատապի հետեւանքով մահը երկարող երեսնամեակին։
Ներդրումներ՝ որոնք Ռոստոմին դափնեպսակը կազմեցին եւ անմահութեան արժանացուցին Ստեփան Զօրեան անուն-ազգանունով հայ ժողովուրդի արժանաւոր մեծ զաւակը։
Դաշնակցութեան աւագ հիմնադրին՝ Քրիստափորի նման, Ռոստոմ եւս հայոց պատմական Գողթն գաւառէն է. ծնած է Ցղնա գիւղը 18 Յունուար 1867ին։ Նահապետական ու բարեկեցիկ ընտանիքի զաւակ էր եւ, անձնապէս, կեանքէն դառնանալու պատճառներ ունեցած չէր։ Բայց զգայուն հոգի ունէր եւ անսահման պաշտամունքի հասնող մարդասիրութեամբ ու այլասիրութեամբ լեցուած էր։ Անանձնական այդ հոգեկերտուածքը ծայր աստիճան հոգածու դարձուց Ռոստոմին նախ իր շրջապատին եւ, ապա, աւելի լայն ընդգրկումով, ամբողջ հայ ժողովուրդին բաժին հանուած դառն ճակատագրին նկատմամբ. ծանր տարաւ եւ բնաւ չհանդուրժեց հայութեան բաժին հանուած երեւութապէս ընկերային-հասարակական, իսկ խորքով ազգային անարդարութիւնները՝ արեւելեան թէ արեւմտեան Հայաստանի տարածքին, Ցարական թէ Օսմանեան բռնատիրութեանց կողմէ, թրքական թէ ռուսական, վրացական թէ թաթար-ազերիական այլամերժ ազգայնամոլութեան հետեւանքով։
Ուսման անյագ ծարաւ ունէր եւ իր պատանեկան ու երիտասարդական կեանքը անխոնջ վազք մը եղաւ դէպի աղբիւրը լոյսին՝ ծննդավայր գիւղի ծխական դպրոցէն մինչեւ Թիֆլիսի «Բէգլարեան» մասնաւոր դպրոցն ու պետական Ռէալական վարժարանը եւ, այնուհետեւ, Վարշաւայի մերձակայ Նովօ-Աղեքսանդրեան Գիւղատնտեսական Ճեմարանէն մինչեւ Մոսկուայի Պետրովսկայա Գիւղատնտեսական Ճեմարանը։
Թէեւ բնագիտական եւ ուսողական գիտութիւններու մէջ փայլուն արդիւնքի կը հասնէր, այսուհանդերձ՝ հայերէնի, հայոց պատմութեան եւ հայ մշակոյթի անյագ ծարաւը բաւարարելու ոչ մէկ պատեհութիւն փախցուց։ Այդ առումով ալ, մտաւորական իր կազմաւորումով եւ աշխարհայեացքով, Դաշնակցութեան հիմնադիր սերունդին ամէնէն մարքսիստ դէմքը ըլլալով հանդերձ՝ Ռոստոմ միաժամանակ եւ անվիճելիօրէն եղաւ հայ ժողովուրդի ազգային հոգեմտաւոր ժառանգութեան ամէնէն աւելի քաջածանօթ եւ հաղորդ ներկայացուցիչը Դաշնակցութեան հիմնադիր սերունդին մէջ։
Աւելի՛ն. ուսանողական շրջանէն սկսեալ, իր մարմնական յաղթանդամ կազմուածքին համար ընկերներուն կողմէ «քոթոթ» անուանուած Ռոստոմը, խաղերու եւ զուարճանքի վրայ ժամանակ կորսնցնելու փոխարէն՝ միշտ հետամուտ եղաւ ինքնազարգացման. ինչպէս Վրացեան կը վկայէ, Ռոստոմ թէեւ շատ կարդացող չէր, բայց իր կարդացածը առաւելագոյնս մարսող ու իւրացնողը եղաւ։ Ժամանցն ու զուարճանքը, Ռոստոմի համար, երգն ու ասմունքն էին՝ հայ թէ օտար ժողովրդական երգերէն ու ասքերէն յատկապէս յեղափոխական շունչով գործերու մեկնաբանութեամբ. կենսագիրները կը վկայեն, օրինակ, որ անգիր գիտէր ու կ’ասմունքէր ռուսական դիւցազներգութեան դասականներէն «Թարաս Պուլպա»ն։
Պատահական չէր, հետեւաբար, որ ինչպէս Յովսէփ Տէր-Դաւթեան կը յիշատակէ Ռոստոմի նուիրուած իր յուշերուն մէջ, մահուան սնարին մէջ «պառկելուց երկու օր յետոյ, նա յիշեց Եկմալեանի «Հայր Մեր»ը եւ շարունակ երգում էր՝ պնդելով, որ «Հայր Մեր»ը ամենագեղեցիկ ներդաշնակութիւնն է։ Խնդրեց, որ գտնենք այդ հազուագիւտ հրատարակութիւնը եւ իր կողմից նուէր ուղարկենք Ընկերվարական Միջազգային Բիւրոյի քարտուղար Հիւսմանսին, որը շատ գնահատում էր հայկական եկեղեցական երգերը»։
Ռոստոմի մահուան հարիւրամեակին նուիրուած ոգեկոչման այսօրուան էջը կը կեդրոնացնենք ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի հետ Ռոստոմի ունեցած մտերմութեան վրայ, որ դէպի հայկական յեղափոխութիւն առաջնորդեց ոչ միայն մեծն Թումանեանի ազգային-քաղաքական գործունէութիւնը, այլեւ՝ նոյնինքն Հանճարեղ Լոռեցիի գրական-ստեղծագործական յուզաշխարհը։
1969ին, Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան հարիւրամեակին առիթով, հայրենի վաստակաշատ ակադեմական Արամ Ինճիկեան լոյս ընծայեց մեծարժէք մենագրութիւն մը՝ «Յովհաննէս Թումանեան» խորագրով։ Թէեւ յետ-ստալինեան ձիւնհալը շատոնց սկսած էր, այսուհանդերձ՝ տակաւին խորհրդային կաշկանդումները առկայ էին եւ, փաստօրէն, հակադաշնակցական պաշտօնական քարոզարշաւի սեղմումներուն ենթակայ ըլլալով հանդերձ՝ փրոֆ. Արամ Ինճիկեան հակիրճ բաժին մը նուիրած էր Թումանեանի վրայ Ռոստոմի ունեցած բարեբեր ազդեցութեան։
Նոյնինքն Թումանեանի յուշերուն վրայ հիմնուելով՝ Արամ Ինճիկեան կը վկայէ, որ Ամենայն Հայոց Բանաստեղծին համար գրական-գեղարուեստական եւ ազգային-գաղափարական կազմաւորման «միջավայր» մը եղան «Բաղդի-քեռին՝ իր ֆանտաստիկ պատմութիւններով եւ նրա քենեկալի եղբօրորդին՝ Ստեփանը, որ սովորում էր Թիֆլիսի ռէալական դպրոցում։ Ինչպէս Թումանեանն է բնութագրել իր յուշերում, Ստեփանն աչքի էր ընկնում մտաւոր զարգացմամբ, մանաւանդ լաւ գիտէր ռուս գրականութիւնը, «սիրում էր առանձնապէս Գոգոլին, անգիր գիտէր «Տարաս Բուլբան»։
«…Տարբեր միջավայրերից եկած, տարբեր դպրոցներում սովորող երկու պատանիներ, հանդիպելով Բաղդի-քեռու տանը, զրուցում են միմեանց հետ, կարծիքներ փոխանակում եւ աւելի շատ վիճում։ Զրոյցների եւ վէճերի նիւթը գլխաւորապէս գրականութիւնն ու պատմութիւնն էին։ Մրցում էին իրենց իմացածով եւ դէմ դիմաց հանում՝ Թումանեանը հայկականը, Զօրեանը՝ ռուսականը։ «Եւ մի քանի տարուց յետոյ մեր վէճերը շատ էին փոխուել,- գրում է Թումանեանը։ — Քանի ես հակւում էի դէպի օտար գրականութիւններն ու ցրւում դէպի հեռուները՝ նա ուժեղ թափով կենտրոնանում էր հայութեան վրայ»։
«Առհասարակ Զօրեանը բարենպաստ ազդեցութիւն է ունեցել պատանի Թումանեանի գրական ճաշակի զարգացման վրայ, մասնաւորապէս սէր ու հետաքրքրութիւն առաջացնելով դէպի ռուս գրականութիւնը։
«Նրանց հանդիպումներն ու զրոյցները շարունակուել են հետագայում եւս, երբ Թումանեանը վաղուց հեռացել էր Բաղդի-քեռու տնից։ Բանաստեղծը պատմում է, որ «Հին կռիւը» պոէմը գրելու դրդումը ստացել է Զօրեանից. «Հետագայում էլ մի քանի պատմութիւններ արաւ ու առաջարկեց, որ բանաստեղծութեան նիւթ առնեմ։ Ես նրա պատմածներից միայն մէկից, որ պատմեց 1890 թուականին, մի տէրտէրի ու իր աղջկայ պատմութիւնից օգտուեցի ու նիւթ առայ մի պոէմի։ Պոէմը թէեւ գրելիս բոլորովին փոխուեց եւ ուրիշ բան դուրս եկաւ, բայց նուիրեցի Ստեփանին։ Բաւական տարիներ առաջ ռուս ժանդարմաները խուզարկեցին, տարան կորցրին էդ պոէմը եւ միայն մի երկու կտոր գտայ պատահմունքով, որ տպուեցին «Տանը», «Երկրում» եւ «Հայոց լեռներում» վերնագրերով»։
Ստորեւ արտատպուած Յովհաննէս Թումանեանի հռչակաւոր ու սիրուած «Հայոց լեռներում» բանաստեղծութիւնը, փաստօրէն, ներշնչման աղբիւր ունեցած է մեր լեռնաշխարհին տոկունութեան, դիմադրականութեան եւ ամեհի վեհութեան ամէնէն առինքնող մարմնաւորումներէն հանդիսացող անզուգական Ռոստոմը.
ՀԱՅՈՑ ԼԵՌՆԵՐՈՒՄ
Մեր ճամփէն խաւար, մեր ճամփէն գիշեր,
Ու մենք անհատնում
էն անլոյս մըթնում
Երկա՜ր դարերով գընում ենք դէպ վեր
Հայոց լեռներում,
Դըժար լեռներում։
Տանում ենք հընուց մեր գանձերն անգին,
Մեր գանձերը ծով,
Ինչ որ դարերով
Երկնել է, ծընել մեր խորունկ հոգին
Հայոց լեռներում,
Բարձըր լեռներում։
Բայց քանի անգամ շէկ անապատի
Օրդուները սեւ
Իրարու ետեւ
Եկա՜ն զարկեցին մեր քարվանն ազնիւ
Հայոց լեռներում,
Արնոտ լեռներում։
Ու մեր քարվանը շըփոթ, սոսկահար,
Թալանուած, ջարդուած
Ու հատուած-հատուած
Տանում է իրեն վէրքերն անհամար
Հայոց լեռներում,
Սուգի լեռներում։
Ու մեր աչքերը նայում են կարօտ՝
Հեռու աստղերին,
Երկընքի ծէրին,
Թէ ե՞րբ կը բացուի պայծառ առաւօտ՝
Հայոց լեռներում,
Կանաչ լեռներում։
1902
Այս առումով է, ահա՛, որ հայոց լեռներէն Ռոստոմ առաւ եւ իր կեանքով, գործով, անձնազոհութեամբ եւ մարտունակութեամբ խտացեալ ուժանակի վերածեց հայ ժողովուրդին Անսասան Կամքը։
Ռոստոմի ոգեկոչման նուիրուած իւրաքանչիւր անդրադարձ, այդ առումով, կը վերածուի ոգեւորման առիթի՝ լուսարձակի տակ առնելով հայ ազգային-ազատագրական շարժման դժուարին, այլեւ արիւնալի՛ ուղին հունաւորող եւ դէպի վերջնական յաղթանակ առաջնորդող Հ.Յ.Դ. ԱՒԱՆԴը, Հայաստանի եւ հայութեան ազգային-քաղաքական վերածնունդի բոլո՜ր ուղղութիւններով։
Ռոստոմի գաղափարական կտակին հիմնական ուղղութիւններէն մէկը կը հանդիսանայ անոր հետեւողական պայքարը՝ ընդդէմ հայ ազգային-ազատագրական շարժումը խանգարող, խաթարող եւ կրծող ներքին ցեցերուն։
Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ի էջերուն, «Վնասակար տարրեր» խորագրին տակ, 1890ականներուն Ռոստոմի հնչեցուցած ահազանգը, մինչեւ այսօր, այժմէականութեամբ բաբախուն պատգամ է ի խնդիր ազգային-քաղաքական մեր վերածնունդը ամէն կարգի մակաբոյծներու չարիքին դէմ պաշտպանելու հրամայականին։
Ժամանակները, պայմանները եւ մարտահրաւէրները բնականաբար կը փոխուին, բայց Հայաստանի եւ հայութեան ամբողջական ու լիիրաւ ազատագրումին համար շարունակուող պայքարը փաստօրէն, այսօր ալ, տակաւին կը դիմագրաւէ ազգային ինքնամաքրման միեւնոյն անհրաժեշտութիւնն ու մարտահրաւէրը.-
«Ամէն անգամ, երբ յեղափոխական փոքրամասնութեան անձնազոհ, տոկուն եւ անվհատ գործունէութեան շնորհիւ յեղափոխական կազմակերպութիւնը ձեռք է բերում ուժ եւ ազդեցութիւն, կեանքի մէջ ստեղծւում է հաւատ դէպի գործի յաջողութիւնը եւ հարթւում է որոշ աստիճանով յեղափոխական ուղին, ամէն անգամ էլ հասարակութեան տարբեր խաւերի մէջ իրարանցում է ընկնում։ Բայց ընդհանրութեան յեղափոխական ոգու բարձրանալուն հետ միատեղ, ամէն մի տեղից վերկացող բախտախնդիր, ամէն մի վաշխառու, կեղեքիչ, մինչեւ իսկ մատնիչներ, դաւաճաններ, մի խօսքով՝ ամէն տեսակ սողուններ, որոնք գիտեն հիանալի կերպով յարմարուել հանգամանքներին եւ ամէն տեսակ ջրերում ձուկ որսալ, ասպարէզ են դուրս գալիս իբրեւ «յեղափոխականներ» կամ յեղափոխութեան համակրող բարեկամներ։
«Վնասակար են այդ սողունները այդպիսի րոպէներում, երբ փքուն խօսքեր փչելով ու փարիսեցիական ձեւեր բանեցնելով՝ շահագործում են ամբոխի դիւրահաւատութիւնը ու տգիտութիւնը։
«Իսկ անտանելի են, ցաւ ու պատուհաս են դրանք յեղափոխական շարժման համար այն ժամանակ, երբ յեղափոխութիւնը կրում է ժամանակաւոր անյաջողութիւն եւ սկսում են տիրել աւելի վատթար պայմաններ յեղափոխական գործիչների համար։ Այդ ժամանակ այդ զազրալի արարածները սուս ու փուս քաշւում են իրենց բները, եւ արդէն «խոհեմութիւն», «հեռատեսութիւն», «ժողովրդավարութիւն», «միութիւն» եւ այլ դիմակների տակ դարձեալ շարունակում են խաղալ ժողովրդի հետ՝ աշխատելով մի կերպ քողարկել իրենց իսկական գոյնը։ Շարունակելով կրել «յեղափոխական», «ազգասէր» տիտղոսները, դրանք դառնում են իսկական յեղափոխական գործի ամենավնասակար խոչընդոտներ։
«Այդ արարածները աղբեր են, որոնք մեծ ու փոքր կոյտերով, տեսակ-տեսակ բուրմունքներով եւ գոյներով թափուած յեղափոխական ճանապարհի վրայ՝ ապականում են յեղափոխական միջավայրը։
«Ամէն մի յեղափոխական գործիչ ստիպուած է ժամանակ առ ժամանակ թողնել իր բուն գործը եւ զբաղուել այդ աղբերով, որոնք ընկնում են ոտքերի տակ եւ խանգարում իր կանոնաւոր ընթացքը։
«Ժամանակ առ ժամանակ, կամայ-ակամայ նա իւր վրայ պէտք է առնի այդ զզուելի աշխատանքը՝ իմանալով հանդերձ, որ իւր ցախաւելի հէնց առաջին հարուածից այդ կոյտերը միանգամից կը բացուեն եւ կը լցնեն օդը իրենց գարշահոտութիւններով։
«Արձակուած բամբասանքների, զրպարտութիւնների, ինտրիգաների մթնոլորտի միջով պէտք է դիմի յեղափոխական իսկական գործիչը դէպի իւր բուն նպատակը»։
Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ