Խմբագրական. Ընդդէմ Շարունակուող Ցեղասպանութիւններուն
15 Ապրիլ 2025
Լիբանանահայ համայնքը յարանուանական եւ կուսակցական մակարդակներու վրայ կատարուող համակարգումներով կը նախապատրաստուի նշել Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակը: Պայմանները ոչ միայն համահայկական, հայաստանեան եւ սփիւռքեան առումներով քաջալերական չեն թուիր, այլ նաեւ համայնքային-տեղական:
Խախտուող հրադադար, թշնամիի ոտնձգութեան փորձերու շարունակում, քաղաքական անորոշութիւն եւ տնտեսական տագնապի յամեցում: Ճգնաժամային այս պայմաններուն մէջ հերթական հետեւողականութեամբ շարունակուեցան միջկուսակցական հանդիպումներն ու յարանուանական պետերու միջեւ խորհրդակցութիւնները: Համեմատական խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման առընթեր շատ արագ վերաշխուժացաւ համայնքային կազմակերպ կեանքը` հոգեւոր, կրթական, միութենական, մշակութային եւ մարզական երեսներով:
110-ամեակի հիմնական ձեռնարկը որոշուած է կայացնել Նահատակաց հրապարակին վրայ: Բնականաբար վայրը խորհրդանշական է քանի մը առումներով: Նախ ենթադրել կու տայ, որ Ցեղասպանութեան ոգեկոչման այս առիթը լիբանանցի եւ ընդհանրապէս օտար հանրային կարծիքին ուղղուած է եւ թիրախային ուղերձներ ներառած է: Ուղերձներու առանցքը շարունակուող ցեղասպանութիւններն են: Հիմնականին մէջ անշուշտ Թուրքիոյ օժանդակութեամբ իրականացուած Արցախի ցեղային զտումն է, անոր ամբողջական հայաթափումը: Հերթական անգամ ըսել կ՛ուզուի, որ երբ ցեղասպանը հաշիւ չի տար միջազգային դատաստանին առջեւ իր գործադրած արարքներուն համար, հետեւաբար կը շարունակէ օժանդակել, հովանաւորել եւ աջակցիլ, որպէսզի այլ ցեղասպանութիւններ կատարուին: Նոյնիսկ իր մասնակցութեամբ: Բնականաբար շարունակուող ցեղասպանութիւններու շարքին են Կազայի ժողովուրդին դէմ կատարուած զանգուածային բռնութիւնները, տեղահանութիւնները, այս անգամ Իսրայէլի կողմէ: Ահա այստեղ է, որ Իսրայէլ-Ազրպէյճան խորացող համագործակցութիւնը լոյսին կու գայ եւ տեսանելի կը դառնայ իսրայէլեան ուժերու մասնակցութիւնը Արցախի դէմ յայտարարուած պատերազմին, հետեւաբար նաեւ մասնակցութիւնը` Արցախի ցեղասպանութեան:
Նահատակաց հրապարակը անշուշտ այլ խորհուրդ ունի: Անիկա լիբանանցի նահատակներուն նուիրուած հրապարակ է եւ յուշակոթող: Այն նահատակներուն, որոնք լիբանանեան տարբեր համայնքներու կը պատկանէին եւ որոնք զոհ գացին Օսմանեան կայսրութեան կողմէ գործադրուած զանգուածային բռնարարքներուն: Լիբանանեան պետութիւնն ու հասարակութիւնը հաւաքական յիշողութիւնը ամուր պէտք է պահեն պատմական այս իրադարձութիւնները չմոռնալու եւ Նահատակաց հրապարակին եւ Նահատակաց յուշարձանին էութիւնը իր իմաստէն չպարպելու: Հաւաքավայրը նաեւ այս թելադրանքները կը յուշէ ուրեմն: Մտաբերել տալով, որ Լիբանանի խորհրդարանին մէջ դրսեւորուած էին փորձեր` ապրիլ 24-ը Հայոց եւ լիբանանցիներու ցեղասպանութեան զոհերու օր հռչակելու: Խօսքը կանխամտածուած սովամահութեան մասին է, որուն զոհ գացին հարիւր հազարաւորներ:
Այս հանգամանքներով ալ Նահատակաց հրապարակը կը համատեղէ ապրիլ 24-ի եւ մայիս 6-ի խորհուրդները:
Պիքֆայայի յուշարձանին առջեւ տեղի պիտի ունենայ համաերիտասարդական հսկում-հաւաք: Պահանջատիրական այս համախմբումը, իբրեւ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու երիտասարդական-ուսանողական միութիւններու նախաձեռնութիւն, ներառած է համայնքին մէջ գործող յարանուանութիւններու ուսանողական եւ երիտասարդական միաւորները, հաւաքին տալով համաերիտասարդական տարողութիւն: Պիքֆայայի յուշարձանը սփիւռքի Ծիծեռնակաբերդն է, եւ այդ առումով վերստին աւանդական կարգ պէտք է ստանայ այնտեղէն պահանջատիրութեան վերանորոգումը: 110-ամեակը կը վերամեկնարկէ այդ խորհրդանշումը:
Առընթեր անշուշտ պիտի իրականանան զանազան ձեռնարկներ տարբեր բնոյթի` բոլորը ոգեկոչող նահատակները եւ մանաւանդ պահանջատիրութիւնը վերաիմաստաւորող, ընդգծող Արցախի ժողովուրդին տրուելիք հատուցումը` հաւաքական վերադարձի թէ ինքնորոշման իրաւունքներու իրացումի պահանջներով:
Ուշագրաւ է այս բոլորին մէջ Համազգայինի կազմակերպութեամբ «Նեմեսիս» թեմայի գեղարուեստականացումը: «Նեմեսիս»-ը մեր հաւաքական արժանապատուութեան վերականգնումն է: Խորհուրդ ունի այժմէական առումներով: Ազրպէյճանը ռազմական յանցագործութիւններու ստուար թղթածրարի տէր ահաբեկչական պետութիւն է: Նկատառելի փաստահաւաք գոյութիւն ունի: Հայկական կողմին պարտականութիւնն է իբրեւ պետութիւն եւ իբրեւ հասարակական կազմակերպութիւններ այդ թղթածրարը հասցնել միջազգային արդարադատութիւն եւ դատել տալ յանցագործ պետութիւնը եւ պարտաւորեցնել հատուցել Արցախի ժողովուրդին: «Նեմեսիս»-ը յանցագործը անպատիժ չձգելու ուղերձը ունի: Որպէսզի չշարունակուին ցեղասպանութիւնները:
Քաղաքական թէ յարանուանական կեդրոններու կողմէ կազմակերպուած այս բոլորը կ՛ամփոփուին ապրիլ 24-ի օրը սրբադասուած նահատակներու աճիւններուն առջեւ հաւաքական ուխտի վերանորոգումով եւ վեհափառ հայրապետին կողմէ նոր ուղենիշներ փոխանցող պատգամով:
Կասեցնելու համար ցեղասպանութիւնները պէտք է նախ ընդունիլ ու ճանչնալ եղածները եւ այդ ճամբով կասեցնել շարունակուող ցեղասպանութիւնները: Պահանջելով, որ միջազգային արդարադատութիւնը պատժէ ցեղասպանները:
«Ազդակ»