Խմբագրական. Յղումին Պահպանումը Եւ Ազգային Պետականութեան Վերակայացումը
16 Ապրիլ 2025
Հայաստանի վարչապետի դիրքորոշումը Սահմանադրութեան փոփոխութեան, աւելի ճիշդը Անկախութեան հռչակագիր-Սահմանադրութիւն իրաւական կապի ջնջումին մասին, պաշտօնապէս յայտարարուած է: Յստակ էր, որ Սահմանադրութիւնը փոփոխութեան պիտի ենթարկուի: Այստեղ հիմնաւորումը այն է, որ իշխանութիւնները կը ձեռնարկեն Սահմանադրութեան փոփոխութեան ոչ թէ Ազրպէյճանի պահանջին ընդառաջելով, այլ անոնք վաղուց իրենց ղեկավարին ճամբով յայտնած էին նոր Սահմանադրութիւն ունենալու իրենց համոզումին մասին:
Սահմանադրութիւն-ժողովուրդ խզումի մասին վարչապետին տուած բացատրութիւնները համոզիչ չեն: Չէ եղած ժողովրդային բողոքի որեւէ դրսեւորում սահմանադրական կարգերու դէմ կամ ընդհանրապէս իրաւական քննարկում, բողոքարկում եւ այլն: Այս պահանջարկին ժողովրդային հիմք տալը տարակուսելի է:
Ըստ վարչապետ Փաշինեանի, «չեմ կարող ասել, որ նոր սահմանադրութեան բնագրում պէտք է լինի յղում Անկախութեան հռչակագրին: Ընդհակառակն, իմ կարծիքով` նոր սահմանադրութեան մեջ յղում չպէտք է լինի անկախութեան հռչակագրին, բայց որոշողը ժողովուրդն է, ի հարկէ` կողմ եւ դէմ փաստարկներ բերողը քաղաքական ուժերն են, քաղաքական առաջնորդները: Դա իմ քաղաքական դիրքորոշումն է»:
Առ այժմ իբրեւ անհատական ներկայացուող տեսակէտը շուտով կը դառնայ Քաղաքացիական պայմանագիրինը կամ գործող մեծամասնութեանը, որ կը ձեռնարկէ սահմանադրութեան փոփոխութեան կամ ինչպէս իրենք կ՛ուզեն ձեւակերպել` նոր Սահմանադրութեան ընդունման հանրաքուէին:
Աւելորդ չ՛ըլլար յիշելը, որ Սահմանադրութեան նախաբանի յղումը Անկախութեան հռչակագիրին ինչո՞ւ կ՛ուզեն վերացնել իշխանութիւնները: Այնտեղ կան իրաւադրոյթներ, որոնք «կը խանգարեն» հարեւաններու հետ յարաբերութիւններու հաստատման գործընթացը: Փաշինեանի պատկերացումով Հայաստանի Հանրապետութիւնը չի կրնար կայանալ, եթէ պահպանուին այդ դրոյթները: Այսպէս.
«… Գիտակցելով իր պատասխանատուութիւնը հայ ժողովրդի ճակատագրի առջեւ համայն հայութեան իղձերի իրականացման եւ պատմական արդարութեան վերականգնման գործում
… կենսագործելով ազգերի ազատ ինքնորոշման իրաւունքը, հիմնուելով 1989 թուականի դեկտեմբերի 1-ի «Հայկական ԽՍՀ-ի եւ Լեռնային Ղարաբաղի վերամիաւորման մասին» Հայկական ԽՍՀ Գերագոյն խորհրդի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային խորհրդի համատեղ որոշման վրայ,
… Հայաստանի Հանրապետութիւնը սատար է կանգնում 1915 թուականին Օսմանեան Թուրքիայում եւ Արեւմտեան Հայաստանում Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործին»:
Թրքական դասական նախապայմաններու ընդառաջումով կը բացատրուի այդ յղումին դուրս գալը: Իրաւակարգային ջնջումը պետական քաղաքականութենէն դուրս բերում է թէ՛ պատմական արդարութեան վերականգնումը, թէ՛ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի իրացումը եւ թէ՛ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը:
Ազգի բաժանարարութեան վտանգաւոր գիծի սեմին կը դրուինք այսպիսով: Այս մէկը այն բաժանարար գիծն է, որ ազգը կրնայ բաժնել երկուքի: Մէկ կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը, միացեալ Հայաստանը առաջադրողներն ու Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի հետեւողները, միւս կողմէ այսպէս կոչուած «իրական Հայաստան»-ի կողմնակիցները:
Այս բաժանարարութիւնը Փաշինեանի յայտարարած իրական եւ պատմական Հայաստաններու տարանջատումի փորձն է: Աւելի ճիշդը` այդ տարանջատումի իրաւական ամրագրումը:
Այս մօտեցումի առարկայացման պարագային բաժանարարութիւնը ոչ միայն հայրենիք-սփիւռք յարաբերակցութեամբ տեղի կ՛ունենայ, այլ նաեւ ներհայաստանեան:
Այլ հայեցակէտ կայ սակայն այս բոլորին մէջ: Եթէ «իրական Հայաստան»-ի գաղափարախօսութիւնը ժողովուրդը տապալէ հանրաքուէով, այլ խօսքով` եթէ մերժէ հրաժարիլ պատմական արդարութեան վերականգնումէն եւ հայ ժողովուրդին պարտադրուած ծանրագոյն հետեւանքները յաղթահարելէն, ապա այդ կ՛ենթադրէ անմիջականօրէն, որ հանրապետութիւնը պէտք է ստանձնեն նոր ուժեր: Ազգային ուժեր, որոնք պիտի պահպանեն Սահմանադրութիւն-Անկախութեան հռչակագիր յղումը եւ ատով իսկ իրաւական ուժը պահեն Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի իրացման, պատմական արդարութեան վերականգնման, համայն հայութեան իղձերու կենսագործման եւ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման առաջադրանքներուն: Պահպանելով հռչակագրային այդ հիմնադրոյթներու սահմանադրականութիւնը: Եւ այդ պարագային` վերակերտելով ազգային պետութիւնը:
«Ազդակ»